Եհովայի վկաներուն ժողովները
Մեր ժողովներուն մասին գիտցիր։ Քեզի ամէնէն մօտ ժողովի վայրը գտիր։
Մեր ժողովներուն մասին տեղեկութիւններ
Եհովայի վկաները շաբաթը երկու անգամ ժողովներ կ’ունենան (Եբրայեցիս 10։24, 25)։ Ամէն մարդ կրնայ ներկայ ըլլալ այդ ժողովներուն, որոնց ընթացքին Աստուածաշունչի խօսքերը կը սերտենք եւ կը սորվինք ատոնք մեր կեանքին մէջ գործադրել։
Ժողովի ժամանակ, ներկաները կրնան քննարկութիւններուն մասնակցիլ, ճիշդ ինչպէս որ դասարանի մը մէջ աշակերտները կը մասնակցին քննարկութիւններուն։ Ամէն մարդ ինք կ’որոշէ քննարկութիւններուն մասնակցիլ կամ ոչ։ Ժողովները կը սկսին ու վերջ կը գտնեն երգով եւ աղօթքով։
Մեր ժողովներուն ներկայ գտնուելու համար պայման չէ որ Եհովայի վկայ մը ըլլաս։ Մենք բոլոր մարդիկը կը հրաւիրենք մեր ժողովներուն։ Մուտքը ձրի է եւ հանգանակութիւն չի կատարուիր։