Անցնիլ բովանդակութեան

Գաղաադի դպրոցին 70 տարիները

Գաղաադի դպրոցին 70 տարիները

Մասնայատուկ դպրոց մը իր դռները բացաւ 1 փետրուար 1943–ին՝ Նիւ Եորքի հիւսիսը։ Այդ դպրոցը, որ այժմ ճանչցուած է որպէս Գաղաադի աստուածաշնչական դպրոց, իւրայատուկ մարզում տուած է աշխարհի չորս ծագերէն եկած աւելի քան 8000 տղամարդոց եւ կիներու։

Վերի նկարը. Գաղաադի դպրոցին գլխաւոր մուտքը, Սաութ Լէնսինկ, Նիւ Եորք։ Վարի նկարը. Գաղաադի ուսուցիչներէն մէկը ամփիթատրոնին մէջ իր խօսքը կ’ուղղէ 31–րդ դասարանին

Ճոնաթան, որ վերջերս աւարտած է Գաղաադի դպրոցը, կ’ըսէ. «Մեր ստացած կրթութիւնը, որ հիմնուած է Աստուծոյ Խօսքին վրայ, մեզի պիտի օգնէ, որ որեւէ թաղամասի կամ մշակոյթի մէջ աւելի՛ ազդու ըլլանք»։ Իր կինը՝ Մարնին, կ’աւելցնէ. «Որեւէ ժամանակէ աւելի կը փափաքիմ մարդոց օգնելու, որ տեսնեն թէ իրենց համար Ստեղծիչին նպատակադրած կենցաղը լաւագո՛յն կենցաղն է։ Համոզուած եմ որ երբ ուրիշներուն օգնեմ որ Եհովան ճանչնան, անոնք աւելի լաւ կեանք մը պիտի վարեն»։

Գաղաադի դպրոցին մէջ հինգ ամիս տեւող անվճար դասընթացքներ տեղի կ’ունենան։ Գլխաւորաբար շեշտ կը դրուի Աստուածաշունչին եւ քարոզելու կարեւորութեան վրայ։ Դասընթացքներուն նպատակն է որ շրջանաւարտները Աստուծոյ միւս ծառաները քաջալերեն եւ շինեն։ Դպրոցը նաեւ շրջանաւարտներուն կ’օգնէ մշակելու հոգեւոր յատկութիւններ, որոնց պէտք ունին՝ իրենց դիմագրաւած դժուարութիւններուն հետ գլուխ ելլելու համար։ Դասընթացքներուն ժամանակ, աշակերտները կը քննարկեն աստուածաշնչական սկզբունքներ, որոնք իրենց կ’օգնեն Եհովա Աստուծոյ հետ իրենց փոխյարաբերութիւնը ամրացնելու։

Վերի նկարը. Ալպերթ Շրոտըրը Գաղաադի աշակերտներուն կ’ուսուցանէ, գործածելով խորանին նմոյշը (1958)։ Վարի նկարը. Եուլիսիզ Կլաս Գաղաադի 46–րդ դասարանին կ’ուսուցանէ (1968)

Գաղաադի դպրոցը յաճախող ամուսնացած զոյգերը լիաժամ ծառայողներ են։ Երբ դպրոցը աւարտեն, անոնք թերեւս վերադառնան իրենց նշանակումին կամ ուրիշ երկրի մը մէջ նշանակում ստանան։ Ոմանք կը նշանակուին աշխատելու Եհովայի վկաներուն աւելի քան 90 մասնաճիւղերէն մէկուն մէջ։ Շրջանաւարտներուն մեծամասնութիւնը կը նշանակուի ծառայելու մարդոցմով խճողուած շրջաններու մէջ, ուր կրնան քարոզչութիւնը մեծապէս յառաջ տանիլ։

Գաղաադի դպրոցը նախ կը գործէր «Թագաւորութեան ագարակ»ին մէջ գտնուող մէկ կառոյցին մէջ, Սաութ Լէնսինկ, Նիւ Եորք։ 1961–ին, դպրոցը տեղափոխուեցաւ Եհովայի վկաներուն գլխաւոր կեդրոնատեղին, Պրուքլին, Նիւ Եորք։ 1988–1995, դպրոցը կը գործէր «Դիտարանի ագարակներ»ուն մէջ գտնուող մէկ կառոյցին մէջ, Ուոլգիլ, Նիւ Եորք։ Ապա, 1995–ին դպրոցը տեղափոխուեցաւ իր ներկայ վայրը՝ Դիտարանի կրթական կեդրոն, Փէթըրսըն, Նիւ Եորք։ Մարտ 2013–ին, 134–րդ դասարանը աւարտեց։

Վերի նկարը. 116–րդ դասարանի աշակերտները դասընթացքի մը ժամանակ (2003)։ Վարի նկարը. Աշակերտները կ’ուսումնասիրեն Գաղաադի գրադարանին մէջ (2011)

70 տարիներու ընթացքին, Գաղաադի աստուածաշնչական դպրոցի շրջանաւարտները Եհովային հաւատարմօրէն ծառայելու մէջ հոյակապ օրինակ հանդիսացած են։