Եհովայի վկաներուն հետ աշխատիլ Ուորուիքի մէջ
Շատեր ապշած են տեսնելով Ուորուիքի շինարարական ծրագրին մէջ աշխատողներուն կամաւոր հոգին։ Վերելակներ տեղադրող ընկերութեան մը տնօրէնը աշխատաւորի մը ըսաւ. «Ձեր խումբը շատ հոյակապ բան մը կ’իրագործէ։ Ներկայիս մարդոց մեծամասնութիւնը իր ժամանակը կամաւորաբար չի տրամադրեր»։
Երբ ինք եւ ուրիշներ լսեցին, որ Ուորուիքի մէջ (Նիւ Եորք) Եհովայի վկաներու կեդրոնատեղին գլխաւորաբար կամաւորներու միջոցաւ կը կառուցուի, կարծեցին որ տեղացի Վկաները միայն կ’աշխատին շաբաթավերջերուն։ Անոնք զարմացան երբ ծանօթացան մարդոց, որոնք իրենց գործերը ձգած էին եւ ԱՄՆ–ի տարբեր մասերէն եկած էին ծրագրին մէջ աշխատելու՝ ամիսներ, նոյնիսկ տարիներ։
Մինչեւ 2015–ի վերջաւորութեան, շուրջ 23,000 Վկայ կամաւորներ աշխատած էին Ուորուիքի մէջ, Միացեալ Նահանգներու Բեթէլի ընտանիքին հետ մէկտեղ։ Ասկէ զատ, շուրջ 750 ոչ–Վկայ շինարարներ օգնեցին որ գործը ընթանայ ինչպէս որ ծրագրուած էր։ Եհովայի վկաներուն հետ մօտէն աշխատիլը անոնցմէ շատերուն վրայ լաւ տպաւորութիւն ձգեց։
Թարմացուցիչ միջավայր
Պատուհաններու եւ պատերու արտադրութեամբ զբաղող ընկերութեան մը տնօրէնը, գրեց. «Մեր ընկերութեան մէջ ամէն ով որ այս ծրագրին կը մասնակցի կը հիանայ տեսնելով հոն աշխատողներուն վարքը։ Ճիշդ այդ պատճառով, մեզմէ շատեր կ’ուզեն այս ծրագրին մէջ աշխատիլ»։
Ուրիշ ընկերութիւն մը աշխատաւորներ տրամադրեց, որ բնակելի շէնքերուն հիմերէն վեր գտնուող մասերը շինեն։ Երբ ընկերութեան հետ կնքուած պայմանագրին ժամկէտը լրացաւ, աշխատաւորներէն երեքը որոշեցին Ուորուիք մնալ։ Անոնք իրենց գործը ձգեցին եւ միացան ուրիշ ընկերութեան մը, որ դեռ շինարարութեան վայրին մէջ կ’աշխատէր։
Կարգ մը աշխատաւորներ լաւ տպաւորուեցան Եհովայի վկաներուն քրիստոնէական յատկութիւններով։ Մարդ մը կ’աշխատէր ընկերութեան մը մէջ, որ շէնքերու հիմեր դնելով կը զբաղի։ Քանի մը ամիս Ուորուիքի մէջ աշխատելէ ետք, անոր կինը նկատեց թէ անոր վարքը եւ խօսելակերպը շա՛տ փոխուած էին։ Ուրախանալով, ան ըսաւ. «Ան այնքա՛ն փոխուած է, որ կարծես թէ ուրիշ մէկը դարձած է»։
«Վկայ կիները գործի պիտի գան»
Շինարարական վայրին մէջ աշխատող Վկաներէն շատերը կիներ էին։ Անոնք ո՛չ միայն պասեր կը քշէին, սենեակներ կը մաքրէին եւ քարտուղարութիւն կ’ընէին, այլ նաեւ երթեւեկութեան վրայ կը հսկէին, ծանր մեքենաներ կ’աշխատցնէին, պողպատէ պարաններ կը հիւսէին, խողովակներ կը մեկուսացնէին՝ ելեկտրականութեան, տաքութեան կամ ձայնի փոխանցումը արգիլելու համար, գաճաքարէ պատեր (gypsum board) կը տեղադրէին, կապարագործութիւն (plumbing) կ’ընէին եւ թանձրաշաղախ կը թափէին։ Անոնք ծանր կ’աշխատէին։
Ոչ–Վկայ մը, որ տանիքներու վրայ կ’աշխատէր, նկատեց թէ կարգ մը զոյգեր պասէն դուրս ելած ատեն իրար ձեռք բռնած գործի կ’ուղղուէին։ Ասիկա իրեն ազդեց։ Եւ ան նաեւ տեսաւ որ այդ կիները ժրաջանօրէն կ’աշխատէին։ «Սկիզբը այնպէս մը կը տպաւորուիս որ կիները միայն իրենց ամուսիններուն կ’ընկերակցին», ըսաւ ան։ «Բայց երբ կարգը գործին գայ, անոնք իրենց տրուած գործը կը լրացնեն։ Ես Նիւ Եորք քաղաքին ամբողջ տարածքին մէջ աշխատած եմ, բայց ասանկ բան կեանքի՛ս մէջ չեմ տեսած»։
2014-2015–ի ձմեռը սովորականէն աւելի ցուրտ էր, եւ հրապուրիչ էր տունը մնալ, քան թէ ամբողջ օրը ցուրտ օդին դուրսը աշխատիլ։ Ճերեմին՝ Վկայ մը, որ շինարարական գործին վրայ վերահսկողներէն մէկն էր, կը յիշէ. «Մանաւանդ երբ օդը պաղ ըլլար, շէնքերու հիմեր դնելով զբաղող ընկերութեան մը մէկ վերակացուն երբեմն ինծի կը հարցնէր. ‘Վաղը ձեր կիները պիտի աշխատի՞ն’։
«‘Այո՛’։
«‘Նոյնիսկ երթեւեկը կարգի դնողնե՞րը’։
«‘Այո՛’։
«Ետքը, ան ըսաւ որ իր աշխատաւորներուն ըսաւ որ պէտք է գործի գան, քանի որ նոյնիսկ Վկայ կինե՛րը գործի պիտի գան»։
Պասի վարիչները իրենց գործը կը սիրէին
Աւելի քան 35 պասի վարիչներ վարձուած էին Ուորուիքի մէջ աշխատող կամաւորները իրենց բնակած տեղերէն տանիլ–բերելու համար։
Օր մը, ճամբայ ելլելէ առաջ, վարիչ մը ոտքի կայնեցաւ եւ Վկաներուն ըսաւ. «Ես ձեզի տանիլ–բերելը սիրեցի», ըսաւ ան։ «Հաճիք տնօրէնիս ե–նամակ ուղարկեցէք եւ իրեն ըսէք որ երթուղիս չփոխէ։ Ես ձեզմէ շա՛տ բան սորվեցայ Աստուածաշունչին մասին։ Ձեզի ծանօթանալէս առաջ, Աստուծոյ անունը չէի գիտեր, ո՛չ ալ գիտէի որ երկրի վրայ դրախտ պիտի ըլլայ։ Հիմա ա՛լ մահէն չեմ վախնար։ Ասիկա ինծի համար հոյակապ փորձառութիւն մըն էր։ Յաջորդ արձակուրդիս օրը դուք զիս պիտի տեսնէք Թագաւորութեան սրահը»։
Ուորուիքի մէջ աշխատող Տամիանա անունով Վկայ մը, ըսաւ. «Օր մը, պասին մէջ նստելէ ետք, վարիչը ըսաւ որ մեզի քանի մը խօսք ունի։ Ան ըսաւ որ 4000 Վկաներ տարած–բերած էր Նիւ Եորքի զանազան վայրերէն։ ‘Ամէն մարդ ունի իր անձնաւորութիւնը’, ըսաւ ան, ‘բայց դուք ձեր միջեւ եղած տարբերութիւնները կ’անտեսէք եւ ձեռք–ձեռքի կ’աշխատիք։ Ասիկա շատ աղուոր բան մըն է’։ Ան նաեւ ըսաւ որ կը սիրէր մեզի հետ խօսիլ։
«Իր խօսքը լրացնելէն ետք, պասին մէջ եղող Վկաներէն մէկը իրեն հարցուց. ‘Կը սիրե՞ս երբ կ’երգենք’։
«Ան ամբողջ սրտով խնդալով ըսաւ. ‘Այո՛. երգ 134–ով սկսի՞նք’» *։
^ պարբ. 22 Եհովային գովերգենք գիրքին 134–րդ երգին բնաբանն է՝ «Կեանքդ պատկերացուր նոր աշխարհին մէջ»։ Անիկա կը նկարագրէ այն ուրախութիւնը որ պիտի զգան անոնք՝ որոնք Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ պիտի ապրին։