Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ
Օր մը օրանց, իսկական արդարութիւն պիտի ըլլա՞յ երկրին վրայ։
Ի՞նչ կ’ըսես
Այո
Ոչ
Թերեւս
Աստուածաշունչը կ’ըսէ
«Գիտեմ թէ Տէրը խեղճին դատաստանը պիտի տեսնէ ու իրաւունք պիտի ընէ աղքատներուն» (Սաղմոս 140։12)։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը իսկական արդարութիւն պիտի բերէ երկրին վրայ։
Աստուածաշունչէն այլ կէտեր
Աստուած հիմակուան անարդարութիւնները կը տեսնէ եւ զանոնք մէջտեղէն պիտի վերցնէ (Ժողովող 5։8)։
Աստուած իր արդարութեամբ խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն պիտի բերէ երկրին վրայ (Եսայի 32։16-18)։
Աստուած զատողութիւն կը դնէ՞ ազգերու միջեւ։
Ոմանք կը հաւատան թէ Աստուած որոշ ազգեր օրհնած է, իսկ ուրիշ ազգեր անիծած է, մինչ ուրիշներ համոզուած են որ Աստուած բոլորին հետ հաւասարապէս կը վարուի։ Դո՛ւն ի՞նչ կը կարծես։
Աստուածաշունչը կ’ըսէ
«Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ։ Ոեւէ ազգէ, ոեւէ մարդ որ անկէ կը վախնայ ու արդարութիւն կը գործէ, իրեն ընդունելի է» (Գործք 10։34, 35)։ Աստուծոյ աչքին՝ բոլոր ազգերը հաւասար են։
Աստուածաշունչէն այլ կէտեր
Սուրբ Գիրքը բարի լուր կու տայ «բոլոր ազգերուն ու ցեղերուն եւ լեզուներուն ու ժողովուրդներուն» (Յայտնութիւն 14։6)։