ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԱՂՕԹԵԼԸ ՕԳՈՒՏ ՄԸ ՈՒՆԻ՞
Աղօթքը քեզի ի՞նչ օգուտ ունի
Թերեւս առաջ որ բան մը ընես, դուն քեզի հարցնես. «Ինծի ի՞նչ օգուտ ունի»։ Սակայն աղօթքին մասին այս մէկը հարցնելը անձնասիրութիւն ցոյց կու տա՞յ։ Պայման չէ։ Բնական է որ ուզենք գիտնալ, թէ աղօթքը որեւէ օգուտ ունի կամ ոչ։
Նախորդ յօդուածներուն մէջ նկատի առինք, թէ աղօթքը կրօնական սովորութենէ մը կամ մտային դարմանումէ մը աւելին է։ Ճշմարիտ Աստուածը ի՛րապէս մտիկ կ’ընէ աղօթքները։ Եթէ ճիշդ կերպով եւ յարմար բաներուն համար աղօթենք, ան ականջ պիտի տայ։ Ան մեզմէ կը խնդրէ որ իրեն մօտենանք (Յակոբոս 4։8)։ Ուստի եթէ աղօթքը մեր կեանքին մէկ մասը դարձնենք, ի՞նչ կրնանք ակնկալել։ Նկատի առնենք կարգ մը օգուտներ։
Մտքի խաղաղութիւն։
Երբ կեանքիդ մէջ խնդիրներ եւ դժուարութիւններ ծագին, վերջին ծայր կը մտահոգուի՞ս։ Այսպիսի ժամանակներուն, Աստուածաշունչը մեզ կը քաջալերէ որ «անդադար աղօթք [ընենք]» եւ մեր «խնդրանքը Աստուծոյ յայտնի [ընենք]» (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։17. Փիլիպպեցիս 4։6)։ Սուրբ Գիրքը մեզի կը վստահեցնէ, որ եթէ Աստուծոյ աղօթենք, «Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է, [մեր] սրտերը ու մտքերը. . . պիտի պահպանէ» (Փիլիպպեցիս 4։7)։ Մեր մտահոգութիւնները մեր երկնաւոր Հօր առջեւ թափելով, որոշ չափով հանգստութիւն պիտի վայելենք։ Ան մեզ կը քաջալերէ որ այս մէկը ընենք. «Քու հոգդ Տէրոջը վրայ ձգէ՛ ու ան քեզ պիտի խնամէ» (Սաղմոս 55։22)։
«Քու հոգդ Տէրոջը վրայ ձգէ՛ ու ան քեզ պիտի խնամէ» (Սաղմոս 55։22)
Աշխարհի շուրջ բազմաթիւ մարդիկ այս խաղաղութիւնը վայելած են։ Հարաւային Քորէայէն Հի Ռան անունով կին մը կ’ըսէ. «Հակառակ որ լուրջ խնդիրներ ունիմ, մէյ մը որ անոնց մասին աղօթեմ, կը զգամ որ բեռը վրայէս կ’ելլէ եւ դիմանալու զօրութիւն
կ’ունենամ»։ Ֆիլիփիններու մէջ Սեսիլիա կ’ըսէ. «Մայր ըլլալով, շատ կը մտահոգուիմ աղջիկներուս եւ մամայիս վրայ, որ այլեւս չի կրնար զիս ճանչնալ։ Բայց աղօթքը կ’օգնէ որ առօրեայ կեանքս աւելի քիչ հոգերով շարունակեմ։ Գիտեմ որ Եհովան ինծի պիտի օգնէ որ իրենց հոգ տանիմ»։Փորձութիւններու ատեն՝ մխիթարութիւն եւ զօրութիւն։
Չափազանց ճնշումի տա՞կ ես, կամ նոյնիսկ կեանքդ վտանգի տակ դնող պարագաներու դիմա՞ց ես։ «Ամէն մխիթարութեան [Աստուծոյ]» աղօթելը շատ մեծ հանգստութիւն կրնայ բերել։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ, թէ ան «մեզ կը մխիթարէ մեր բոլոր նեղութիւններուն մէջ» (Բ. Կորնթացիս 1։3, 4)։ Օրինակ՝ առիթով մը երբ Յիսուս սաստիկ նեղութեան մէջ էր, «ծունկի վրայ գալով աղօթք [ըրաւ]»։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ «Երկնքէն հրեշտակ մը երեւցաւ անոր եւ զօրացուց զանիկա» (Ղուկաս 22։41, 43)։ Ուրիշ հաւատարիմ մարդ մը՝ Նէեմիան, դժուար պարագայի մէջ էր, քանի որ չար մարդիկ իր կեանքին կը սպառնային եւ կը ջանային արգելք ըլլալ Աստուծոյ գործը կատարելու։ Ան աղօթեց. «Ո՛վ Տէր, իմ ձեռքերս ուժովցուր»։ Ատկէ ետք ինչ որ պատահեցաւ ցոյց կու տայ, որ Աստուած իրապէս ալ իրեն օգնեց որ իր վախերուն յաղթէ եւ իր գործին մէջ յաջողի (Նէեմիա 6։9-16)։ Կանայի մէջ Ռեճինըլտ կը բացատրէ. «Երբ աղօթեմ, մանաւանդ գլուխէս վեր դժուարութիւններու ատեն, կը զգամ որ խնդիրս պատմեցի անձի մը, որ կրնա՛յ ինծի օգնել եւ ինծի կը վստահեցնէ որ տակնուվրայ ըլլալու պէտք չկայ»։ Իրապէս ալ Աստուած կրնա՛յ մեզ մխիթարել երբ իրեն աղօթենք։
Աստուծմէ իմաստութիւն։
Մեր առած կարգ մը որոշումները մնայուն կերպով կրնան ազդել մեզի եւ մեր սիրելիներուն։ Ինչպէ՞ս կրնանք իմաստուն որոշումներ առնել։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Եթէ ձեզմէ մէկը իմաստութենէ պակսած ըլլայ [մանաւանդ երբ փորձութիւններու դիմաց է], թող խնդրէ՛ Աստուծմէ՝ որ ամենուն առատապէս կու տայ ու չի նախատեր՝ եւ անոր պիտի տրուի» (Յակոբոս 1։5)։ Եթէ աղօթքով իմաստութիւն խնդրենք, Աստուած կրնայ իր սուրբ հոգիով առաջնորդել մեզ որ իմաստուն որոշումներ առնենք։ Նաեւ կրնանք ուղղակի սուրբ հոգին խնդրել, քանի որ Յիսուս մեզի կը վստահեցնէ որ «Հայրը երկնքէն Սուրբ Հոգին պիտի տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն» (Ղուկաս 11։13)։
Նոյնիսկ Յիսուս պէտք զգաց որ իր Հօրմէն օգնութիւն խնդրէ, երբ կարեւոր որոշումներ կ’առնէր։ Սուրբ Գիրքը մեզի կ’ըսէ որ երբ ուզեց իր 12 առաքեալները զատել, «բոլոր գիշերը Աստուծոյ աղօթք ընելով անցուց» (Ղուկաս 6։12)։
Ներկայիս շատեր Աստուծմէ խնդրած են որ իրենց օգնէ իմաստուն որոշումներ առնելու, եւ երբ Աստուած պատասխանած է, Յիսուսին պէս օգուտը տեսած են։ Ֆիլիփիններու մէջ Ռեճինա կը պատմէ թէ զանազան խնդիրներէ անցած է, ինչպէս՝ իր ամուսինին մահէն ետք իր ընտանիքին նիւթապէս հոգ տանիլ, անգործ մնալ եւ պզտիկ մեծցնելու մէջ դժուարութիւններ քաշել։ Ի՞նչ բան իրեն օգնած է որ իմաստուն որոշումներ առնէ։ Ան կ’ըսէ. «Աղօթքի միջոցաւ Եհովայի օգնութեան կը վստահիմ»։ Կանայի մէջ Քուապենա կը պատմէ թէ անգամ մը ինչո՛ւ Աստուծոյ օգնութիւնը խնդրեց. «Շինարարութեան մէջ լաւ վճարուած գործս կորսնցուցի»։ Ան իր առջեւ եղած ընտրութիւններուն համար կ’ըսէ. «Շարունակ Եհովային աղօթեցի որ զիս առաջնորդէ ճիշդ որոշումը առնելու»։ Ան կ’աւելցնէ. «Համոզուած եմ որ Եհովան ինծի օգնեց զատելու գործ մը, որ ինծի թոյլ կու տայ հոգեւոր եւ ֆիզիքական պէտքերս հոգալու»։ Դո՛ւն ալ կրնաս Աստուծոյ առաջնորդութիւնը զգալ, երբ աղօթես բաներու մասին, որոնք իրեն հետ քու փոխյարաբերութեանդ կրնան ազդել։
Մինչեւ հիմա նշեցինք աղօթքին միայն քանի մը օգուտները (աւելի օրինակներ տեսնելու համար, նայէ՛ « Աղօթքին օգուտները» շրջանակը)։ Բայց որպէսզի այս օգուտները քաղես, պէտք է նախ ճանչնաս Աստուած եւ իր կամքը։ Եթէ կ’ուզես այս մէկը, քեզ կը քաջալերենք որ Եհովայի վկաներէն խնդրես որ քեզի օգնեն Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու *։ Ասիկա կրնայ առաջին քայլդ ըլլալ որ «աղօթքի լսող»ին մօտենաս (Սաղմոս 65։2)։
^ պարբ. 14 Աւելի տեղեկութիւններ առնելու համար, կրնաս Եհովայի վկաներուն հետ կապ պահել կամ www.isa4310.com/hy-latn կայքը այցելել։