Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Գիտէի՞ր

Գիտէի՞ր

Հռոմէական քաղաքացիութիւնը ի՞նչ առաւելութիւններ ունէր Պօղոս առաքեալին համար։

Պօղոս ըսաւ. «Կայսրին կը բողոքեմ»

Հռոմէական քաղաքացիութիւնը անհատին որոշ իրաւունքներ եւ առանձնաշնորհումներ կու տար ամբողջ կայսրութեան մէջ։ Հռոմի քաղաքացին հռոմէակա՛ն օրէնքին ենթակայ էր եւ ոչ թէ նահանգային քաղաքներու օրէնքներուն։ Երբ ամբաստանուէր, ան կրնար ընդունիլ տեղական օրէնքին համաձայն դատուիլ, բայց եւ այնպէս տակաւին իրաւունք ունէր հռոմէական դատարանի դիմելու։ Իսկ եթէ հարցը մահապատիժի պիտի առաջնորդէր, քաղաքացին իրաւունք ունէր կայսրին բողոքելու։

Այս պատճառով է որ Ք.Ա. առաջին դարու հռոմայեցի դիւանագէտ Կիկերոն ըսաւ. «Հռոմի քաղաքացի մը կապելը յանցագործութիւն է, զինք մտրակելը՝ չարագործութիւն, իսկ սպաննելը՝ գրեթէ ծնողասպանութիւն»։

Պօղոս առաքեալ Հռոմէական կայսրութեան մէջ հսկայածաւալ քարոզչութիւն կատարեց։ Երեք արձանագրուած առիթներով, ան իր հռոմէական քաղաքացիութիւնը օգտագործեց։ 1) Փիլիպպեցի զօրագլուխներուն իմացուց որ իր իրաւունքները ոտնակոխած էին զինք ծեծելով։ 2) Երուսաղէմի մէջ իր հռոմայեցի ըլլալը յայտնեց, որպէսզի չմտրակուի։ 3) Հռոմի կայսրին դիմեց, որպէսզի իր դատը ուղղակի անոր առջեւ ներկայացնէ (Գործք 16։37-39. 22։25-28. 25։10-12

Աստուածաշունչի ժամանակներուն, հովիւները ինչպէ՞ս կը վարձատրուէին։

Ոչխարներ եւ այծեր գնելու սեպագիր պայմանագիր մը, շուրջ Ք.Ա. 2050

Յակոբ նահապետ 20 տարի իր քեռիին՝ Լաբանին հօտերը հովուեց։ Ան առաջին 14 տարիները աշխատեցաւ, որպէսզի Լաբանին երկու աղջիկները որպէս կին առնէր, իսկ մնացած 6 տարիներուն համար, անասուններով վարձատրուեցաւ (Ծննդոց 30։25-33)։ Պարբերաթերթ մը կ’ըսէ. «Հովուական համաձայնութիւնները, ինչպէս որ էր պարագան Լաբանին եւ Յակոբին միջեւ, հանրածանօթ ըլլալու էին Սուրբ Գրութիւնները գրի առնող կամ կարդացող վաղեմի մարդոց կողմէ» (Biblical Archaeology Review

Այսպիսի համաձայնութիւններ նկարագրուած են այն վաղեմի պայմանագիրներուն մէջ, որոնք պեղուեցան այժմու Իրաքի՝ Լարսա, Նուզի եւ ա՛յլ շրջաններու մէջ։ Սովորական պայմանագիր մը տարեկան ասրակտուրէն մինչեւ յաջորդը ի զօրու կ’ըլլար։ Հովիւները պատասխանատուութիւնը կը ստանձնէին խնամելու այն անասունները, որոնց քանակը, տարիքը եւ սեռը նշուած կ’ըլլային համաձայնութեան մէջ։ Մէկ տարի ետք, սեփականատէրը համաձայնուած նուազագոյն քանակով բուրդ, կաթնեղէն, մատղաշ անասուններ եւ այլ բաներ կը ստանար, իսկ աւելցածը հովիւին կ’երթար։

Հօտի մը բարգաւաճութիւնը հովիւին յանձնուած էգ ոչխարներու քանակէն կախեալ էր։ Ընդհանուր առմամբ, կ’ակնկալուէր որ 100 էգ ոչխարներ 80 առողջ գառներ ծնանէին։ Եթէ արդիւնքը պակաս ըլլար կամ անասուն մը կորսուէր, հովիւը փոխարէնը պէտք էր հատուցանէր։ Ուստի ան մեծ դրդապատճառ ունէր իրեն վստահուած անասուններուն հոգ տանելու։