Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՅ ՆՇԱՆԱԿԵԼ ՔԵԶԻ ՀԱՄԱՐ

Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՛նչ կը նշանակէ Յիսուսի համար

Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՛նչ կը նշանակէ Յիսուսի համար

Յիսուս իր երկրային ծառայութեան ընթացքին, բազմաթիւ նիւթերու մասին խօսեցաւ։ Օրինակ, ան իր հետեւորդներուն սորվեցուց ինչպէ՛ս աղօթել, ինչպէ՛ս Աստուած հաճեցնել եւ ինչպէ՛ս իսկական երջանկութիւն գտնել (Մատթէոս 6։5-13. Մարկոս 12։17. Ղուկաս 11։28)։ Բայց այն նիւթը, որուն մասին Յիսուս միւս բոլոր նիւթերէն աւելի խօսեցաւ,– իր սրտին ամէնէն մօտիկ նիւթը,– Աստուծոյ Թագաւորութիւնն էր (Ղուկաս 6։45

Ինչպէս նախորդ յօդուածին մէջ նշուեցաւ, Յիսուս իր կեանքը կեդրոնացուց ‘քարոզելու եւ Աստուծոյ թագաւորութիւնը աւետարանելու’ վրայ (Ղուկաս 8։1)։ Ան Իսրայէլի մէջ հարիւրաւոր մղոններ քալեց, մարդոց սորվեցնելու համար Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին։ Յիսուսի ծառայութիւնը արձանագրուեցաւ չորս Աւետարաններուն մէջ, որոնք Թագաւորութեան մասին աւելի քան 100 նշում կը բովանդակեն։ Այս նշումներուն մեծամասնութիւնը կը գտնենք Յիսուսի խօսքերուն մէջ, եւ վստահաբար անոնք Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին իր բոլոր ըսածներուն չնչին մէկ մասն են (Յովհաննէս 21։25

Երբ երկրի վրայ էր, Յիսուսի համար ինչո՞ւ Թագաւորութիւնը այսքան նշանակալից էր։ Առաջին հերթին, Յիսուս գիտէր թէ Աստուած զինք նշանակած էր որպէս այդ Թագաւորութեան Իշխանը (Եսայի 9։6. Ղուկաս 22։28-30)։ Բայց ան չտենչաց հեղինակութիւն կամ փառք ձեռք ձգել (Մատթէոս 11։29. Մարկոս 10։17, 18)։ Ան բնաւ անձնական շահերու պատճառաւ չէ որ Թագաւորութիւնը ջատագովեց։ Յիսուս Աստուծոյ Թագաւորութեամբ մինչեւ օրս հետաքրքրուած է *, գլխաւորաբար քանի որ գիտէ թէ անիկա ի՛նչ պիտի ընէ իր սիրելիներուն համար,– իր երկնաւոր Հայրը եւ իր հաւատարիմ հետեւորդները։

ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ՅԻՍՈՒՍԻ ՀՕՐ ՀԱՄԱՐ Ի՛ՆՉ ՊԻՏԻ ԸՆԷ

Յիսուս իր Հօր հանդէպ խոր խանդաղատանք ունի (Առակաց 8։30. Յովհաննէս 14։31)։ Ան կը գնահատէ իր Հօր գեղեցիկ յատկութիւնները, ինչպէս՝ սէրը, կարեկցութիւնը եւ արդարութիւնը (Բ. Օրինաց 32։4. Եսայի 49։15. Ա. Յովհաննէս 4։8)։ Ուստի, վստահաբար Յիսուս կ’ատէ լսել այն սուտերը, որոնք իր Հօր մասին տարածուած են. ինչպէս՝ Աստուած մարդուն տառապանքին նկատմամբ անտարբեր է, եւ թէ Աստուած կ’ուզէ որ տառապինք։ Ասիկա պատճառ մըն է թէ Յիսուս ինչո՛ւ «արքայութեան աւետարանը» անձկագին կը ծանուցանէր. ան գիտէր թէ Թագաւորութիւնը ժամանակի ընթացքին իր Հօր լաւ համբաւը պիտի վերահաստատէր (Մատթէոս 4։23. 6։9, 10)։ Անիկա այս մէկը ինչպէ՞ս պիտի ընէ։

Եհովան Թագաւորութեան միջոցաւ մարդկային ընտանիքին ի նպաստ արմատական եւ դրական քայլեր պիտի առնէ։ Ան հաւատարիմ մարդոց «աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ»։ Ան այդ արցունքներուն պատճառները պիտի ոչնչացնէ, վստահ ըլլալով որ «ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ» (Յայտնութիւն 21։3, 4)։ Թագաւորութեան միջոցով, Աստուած մարդուն ամէն տառապանքը պիտի չքացնէ *։

Զարմանալի չէ որ Յիսուս կը տենչար մարդոց խօսիլ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին։ Ան գիտէր թէ անիկա պիտի յայտնէր թէ իր Հայրը իսկապէս որքա՜ն զօրեղ ու բազմագութ է (Յակոբոս 5։11)։ Յիսուս նաեւ գիտէր թէ Թագաւորութիւնը պիտի օգտէր իրեն սիրելի եղողներուն,– հաւատարիմ մարդիկը։

ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՄԱՐԴՈՑ ՀԱՄԱՐ Ի՛ՆՉ ՊԻՏԻ ԸՆԷ

Երկիր գալէն շատ առաջ, Յիսուս երկինքի մէջ իր Հօր հետ կ’ապրէր։ Հայրը Որդին գործածեց ամէն բան գոյացնելու համար,– անհամար աստղախումբերով երկինքէն մինչեւ մեր գեղեցիկ մոլորակը եւ անոր մէջ ապրող էակները (Կողոսացիս 1։15, 16)։ Սակայն, այս բոլորին մէջէն, Յիսուս մասնաւորաբար մարդկութեամբ ‘կը զուարճանար’ (Առակաց 8։31

Յիսուսի ծառայութիւնը յատկանշուեցաւ մարդոց հանդէպ սիրով։ Սկիզբէն իսկ ան յստակ դարձուց թէ աշխարհ եկած էր «աղքատներուն աւետարան քարոզելու» (Ղուկաս 4։18, 19)։ Բայց Յիսուս պարզապէս մարդոց օգնելու մասին խօսելէն աւելին ըրաւ։ Ան կրկին անգամ մարդոց հանդէպ իր սէրը ցոյց տուաւ։ Օրինակ, երբ մեծ բազմութիւն մը հաւաքուեցաւ իրեն մտիկ ընելու, Յիսուս «խղճաց անոնց վրայ ու անոնց հիւանդները բժշկեց» (Մատթէոս 14։14)։ Երբ ցաւագին հիւանդութիւն ունեցող մարդ մը իր հաւատքը արտայայտեց, թէ Յիսուս՝ եթէ իսկապէս ուզէր՝ կրնար զինք բժշկել, ան սէրէ մղուած զինք բժշկեց։ Ան այս մէկը ըրաւ՝ կարեկցութեամբ մարդուն ըսելով. «Կ’ուզե՛մ, մաքրուէ՛» (Ղուկաս 5։12, 13)։ Երբ Յիսուս տեսաւ թէ Մարիամ իր եղբօր՝ Ղազարոսին վրայ կ’ողբար, ան «իր հոգիին մէջ հառաչեց», «խռովեցաւ» ու «լացաւ» (Յովհաննէս 11։32-36)։ Ապա ան աներեւակայելի բան մը ըրաւ. Ղազարոսը ետ կեանքի բերաւ, թէեւ ան չորս օրուընէ ի վեր մահացած էր (Յովհաննէս 11։38-44

Յիսուս անշուշտ գիտէր թէ այդ ատեն իր տուած հանգստութիւնը ժամանակաւոր էր։ Ան գիտակցեցաւ որ ուշ թէ կանուխ, բոլոր անոնք որոնք բուժեց, դարձեալ պիտի հիւանդանային եւ բոլոր անոնք որոնց յարութիւն տուաւ, դարձեալ պիտի մեռնէին։ Սակայն ան նաեւ գիտէր թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը այսպիսի խնդիրներու մնայուն կերպով վերջ պիտի դնէր։ Անոր համար է որ ան ոչ միայն հրաշքներ կատարեց, այլեւ նախանձախնդրօրէն ծանուցանեց «արքայութեան աւետարանը» (Մատթէոս 9։35)։ Իր հրաշքները փոքր տարողութեամբ ցոյց տուին, թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը շուտով ամբողջ երկրագունդին վրայ ի՛նչ պիտի իրագործէ։ Նկատի առ թէ Աստուածաշունչը այդ ժամանակին առնչութեամբ ի՛նչ կը խոստանայ։

  • Այլեւս առողջապահական խնդիրներ պիտի չըլլան։

    «Այն ատեն կոյրերուն աչքերը պիտի բացուին ու խուլերուն ականջները պիտի բացուին։ Այն ատեն կաղը եղջերուի պէս պիտի ցատկռտէ ու համրին լեզուն օրհնութիւն պիտի երգէ»։ Ասկէ զատ, «հոն բնակողը պիտի չըսէ. ‘Հիւանդ եմ’» (Եսայի 33։24. 35։5, 6

  • Այլեւս մահ պիտի չըլլայ։

    «Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին» (Սաղմոս 37։29

    «Մահը յաւիտեան բնաջինջ պիտի ընէ ու Տէր Եհովան ամէն աչքէ արցունքը պիտի սրբէ» (Եսայի 25։8

  • Ննջեցեալները ետ կեանքի պիտի բերուին։

    «Բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները անոր ձայնը պիտի լսեն, ու դուրս պիտի գան» (Յովհաննէս 5։28, 29

    «Մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ» (Գործք 24։15

  • Այլեւս անտնութիւն կամ անգործութիւն պիտի չըլլայ։

    «Տուներ պիտի շինեն ու պիտի բնակին, այգիներ պիտի տնկեն ու անոնց պտուղը պիտի ուտեն։ Անոնք պիտի չշինեն, որպէս զի ուրիշները բնակին, անոնք պիտի չտնկեն, որպէս զի ուրիշները ուտեն. . . իմ ընտրածներս իրենց ձեռքերուն գործերը պիտի հինցնեն» (Եսայի 65։21, 22

  • Այլեւս պատերազմ պիտի չըլլայ։

    «Պատերազմները կը դադարեցնէ մինչեւ երկրի ծայրը» (Սաղմոս 46։9

    «Ազգ ազգի վրայ սուր պիտի չվերցնէ եւ ա՛լ պատերազմ պիտի չսորվին» (Եսայի 2։4

  • Այլեւս ուտելիքի պակասութիւն պիտի չըլլայ։

    «Երկիր իր պտուղը պիտի տայ. ու Աստուած, մեր Աստուածը, մեզ պիտի օրհնէ» (Սաղմոս 67։6

    «Ցորենի յորդառատութիւն պիտի ըլլայ երկրին մէջ՝ լեռներուն գագաթը» (Սաղմոս 72։16, ԱԾ

  • Այլեւս աղքատութիւն պիտի չըլլայ։

    «Արդարեւ աղքատը ընդմիշտ պիտի չմոռցուի» (Սաղմոս 9։18, ԱԾ

    «[Ան] աղքատը պիտի փրկէ աղաղակելու ատենը, խեղճն ալ ու զանիկա ալ, որ օգնական չունի։ Պիտի խղճայ աղքատին ու տնանկին եւ տնանկներուն անձերը պիտի ազատէ» (Սաղմոս 72։12, 13

Աստուծոյ Թագաւորութեան նկատմամբ այս խոստումները նկատի առնելով, կրնաս տեսնել թէ Թագաւորութիւնը Յիսուսի համար ինչո՛ւ այսքան կարեւորութիւն ունի։ Մինչ երկրի վրայ էր, ան Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին եռանդով կը խօսէր ոեւէ անհատի որ պատրաստ էր մտիկ ընելու, քանի որ գիտէր թէ Թագաւորութիւնը վերջ պիտի դնէր մարդկութեան բոլոր նեղացուցիչ խնդիրներուն։

Թագաւորութեան վերաբերեալ Աստուածաշունչի խոստումները սրտիդ կը խօսի՞ն։ Եթէ այո՛, ինչպէ՞ս կրնաս այս Թագաւորութեան մասին աւելին գիտնալ։ Եւ ի՞նչ կրնաս ընել, վստահ ըլլալու համար որ անոր բերելիք օրհնութիւններէն պիտի օգտուիս։ Յաջորդ յօդուածը այս հարցումներուն պիտի պատասխանէ։

^ պարբ. 5 Այս յօդուածը ներկայ եղանակը գործածելով Յիսուսի զգացումներուն կ’ակնարկէ, քանի որ ան այժմ երկինքի մէջ է եւ հոն վերադառնալէն ի վեր, Թագաւորութիւնը անկասկած իր սրտին մօտիկ մնացած է (Ղուկաս 24։51

^ պարբ. 8 Տեղեկութեանց համար թէ Աստուած ինչո՛ւ թոյլատրած է մարդկային տառապանքը, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 11–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։