Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուածաշունչին պատասխանները

Աստուածաշունչին պատասխանները

Հրեշտակները կրնա՞ն մեզի օգնել։

Ինչպէս որ անցեալին հրեշտակները Աստուծոյ հաւատարիմ ծառային՝ Դանիէլին օգնեցին, ներկայիս անոնք մարդոց կ’օգնեն որ բարի լուրէն օգտուին

Աստուած մարդ արարածը ստեղծելէն շատ առաջ միլիոնաւոր հրեշտակներ ստեղծեց (Յոբ 38։4, 7)։ Այս զօրեղ հոգեղէն արարածները Աստուծոյ կը ծառայեն, երբեմն իր կողմէ ուղարկուելով երկիր, որպէսզի իր ծառաները առաջնորդեն եւ պաշտպանեն (Սաղմոս 91։10, 11)։ Ներկայիս, հրեշտակները մարդոց կ’օգնեն որ օգտուին այն բարի լուրէն, կամ աւետիսէն, որ Յիսուսի հետեւորդները կը քարոզեն (կարդա՛ Յայտնութիւն 14։6, 7

Օգնութեան համար հրեշտակներուն պէ՞տք է աղօթենք։ Ո՛չ։ Աղօթելը պաշտամունքի արարք է, եւ պաշտամունքը միայն Աստուծոյ կը մատուցուի (Յայտնութիւն 19։10)։ Որովհետեւ հրեշտակները Աստուծոյ ծառաներն են, անոնք իրմէ՛ եկած ուղղութիւններուն կ’ընդառաջեն, եւ ոչ թէ մարդոցմէ եկած ուղղութիւններուն։ Ուստի, պէտք է միշտ մեր աղօթքները միայն Աստուծոյ ուղղենք, Յիսուսի միջոցաւ (կարդա՛ Սաղմոս 103։20, 21. Մատթէոս 26։53

Ըմբոստ հրեշտակներ կա՞ն։

Մարդոց նման, հրեշտակները ազատ կամք ունին եւ կրնան ընտրել ընել ճիշդը կամ սխալը։ Ցաւօք սրտի, հրեշտակներէն շատեր Աստուծոյ դէմ ըմբոստացան (Բ. Պետրոս 2։4)։ Առաջինն էր Սատանան. ուրիշներ իրեն հետեւեցան եւ դեւեր դարձան։ Արդի ժամանակներուն, Սատանան ու իր դեւերը երկինքէն դէպի երկիր վռնտուեցան (կարդա՛ Յայտնութիւն 12։7-9

1914–էն ի վեր ամբարշտութեան ու բռնութեան աչքառու յաւելումը նշան մըն է, թէ Աստուած շուտով Սատանան ու դեւերը անգործունեայ վիճակի պիտի մատնէ։ Ապա, Աստուած երկրագունդը իր սկզբնական վիճակին պիտի դարձնէ (կարդա՛ Յայտնութիւն 12։12. 21։3, 4