ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ
Ո՞վ կրնայ ապագան գիտնալ
Բոլորս ապագային մասին կը մտածենք։ Կ’ուզենք գիտնալ թէ մեր եւ մեր սիրելիներուն կեանքը ինչպէ՛ս պիտի ըլլայ։ Հետեւեալին նման հարցումներ կ’ուղղենք. ‘Զաւակներս աւելի լաւ պայմաններու մէջ պիտի ապրի՞ն։ Երկրագունդը աղէտով մը պիտի կործանուի՞։ Աւելի լաւ ապագայ մը վայելելու համար, հիմա ի՞նչ փոփոխութիւններ պէտք է ընեմ’։ Այս հետաքրքրասիրութիւնը մեր անձնաւորութեան մէկ մասն է. մենք բնականաբար կը փափաքինք մէկը մեզ վստահեցնէ, թէ ստոյգ, կայուն ու կարգապահ ապագայ մը պիտի ունենանք։ Եթէ կարենաս ապագան ստոյգ գիտնալ, կրնաս անոր նախապատրաստուիլ թէ՛ ֆիզիքապէս եւ թէ զգացականօրէն։
Ուստի ապագան ի՞նչ կը պահէ քեզի համար։ Կա՞յ մէկը որ գիտէ։ Մասնագէտներ փորձած են ապագան գուշակել, բայց նաեւ անոնց գուշակութիւններուն մեծ մասը սխալ ելած է։ Միւս կողմէ, կ’ըսուի թէ Աստուած կրնա՛յ ճշգրտօրէն գալիք դէպքերը մարգարէանալ։ Իր Խօսքը կ’ըսէ. «Վերջինը՝ սկիզբէն ու դեռ չեղածը առաջուընէ պատմեցի» (Եսայի 46։10)։ Իր մարգարէութիւնները ո՞րքանով ճիշդ ելած են։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՃՇԳՐՏՈՒԹԻՒՆԸ
Ինչո՞ւ հետաքրքրուիս Աստուծոյ վաղեմի մարգարէութիւններու ճշգրտութեամբ։ Օրինակով մը բացատրենք։ Եթէ օդերեւութաբան մը երկար ատենէ ի վեր ամէն օր ճշգրտօրէն օդին վիճակը կը ներկայացնէ, կը տպաւորուիս եւ հաւանաբար իրեն կը դիմես յաջորդ օրուան օդին վիճակը գիտնալու։ Համանման կերպով, եթէ գիտնաս թէ անցեալին Աստուծոյ տուած մարգարէութիւնները ճշգրտօրէն կատարուած են, վստահաբար կը հետաքրքրուիս ապագայիդ մասին իր տուած մարգարէութիւններով։
ՀՍԿԱՅ ՔԱՂԱՔԻ ՄԸ ԿՈՐԾԱՆՈՒՄԸ։
Իրապէս քաջագործութիւն է ճշգրտօրէն մարգարէանալ, որ դարերէ ի վեր հզօր եւ հսկայ քաղաք մը շուտով պիտի տապալէր։ Իր ծառաներէն մէկուն միջոցով, Աստուած ճիշդ այդպիսի բան մը նախատեսեց,– Նինուէի ամայացումը (Սոփոնիա 2։13-15, ԱԾ)։ Պատմագէտներ արձանագրած են թէ Ք.Ա. 7–րդ դարուն, Աստուծոյ մարգարէանալէն հաւանաբար շուրջ 15 տարի ետք, բաբելոնացիներն ու մարերը յարձակեցան եւ տապալեցին Նինուէ քաղաքը։ Աւելին, Աստուած առաջուընէ ըսաւ թէ Նինուէն «ամայութեան պիտի [վերածուէր], անապատի պէս անջրդի երկրի»։ Արդեօք այս կանխատեսուած մանրամասնութիւնը ճշգրիտ ելա՞ւ։ Այո՛։ Թէեւ քաղաքին ու անոր արուարձաններուն տարածութիւնը թերեւս շուրջ 518 քառ. քմ. էր, բայց նուաճողները ակնկալուածին պէս քաղաքը չօգտագործեցին, հապա զայն կործանեցին։ Քաղաքական վերլուծող մը կրնա՞ր այդ դէպքերը ա՛յսքան ճշգրտօրէն գուշակել։
ՄԱՐԴՈՑ ՈՍԿՈՐՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ԱՅՐԻՆ։
Ո՞վ պիտի համարձակէր 300 տարի առաջ յայտարարել մարդու մը ճշգրիտ անունն ու շառաւիղը, որ մարդոց ոսկորները պիտի այրէր զոհասեղանի մը վրայ, ե՛ւ նշել այն քաղաքին անունը՝ ուր զոհասեղանը պիտի գտնուէր։ Եթէ այդպիսի արտասովոր մարգարէութիւն մը իրականանար, վստահաբար նախատեսող անձը հռչակաւոր պիտի դառնար։ Աստուծոյ խօսնակը յայտարարեց. «Դաւիթին տանը որդի մը պիտի ծնանի Յովսիա անունով եւ. . . մարդոց ոսկորները պիտի [այրէ]» Բեթէլ քաղաքին մէջ գտնուող զոհասեղանի մը վրայ (Գ. Թագաւորաց 13։1, 2)։ Գրեթէ երեք դար ետք, Դաւիթի շառաւիղէն ծնաւ որդի մը որ յետագային Յուդայի թագաւորը դարձաւ։ Անոր անունը Յովսիա էր,– անուն մը որ շատ չէ նշուած Աստուածաշունչին մէջ։ Ճիշդ ինչպէս որ մարգարէացուած էր, Յովսիա «գերեզմաններուն մէջի ոսկորները առաւ ու սեղանին վրայ այրելով ջնջեց»՝ Բեթէլի մէջ (Դ. Թագաւորաց 23։14-16)։ Մէկը ինչպէ՞ս կրնայ այսպիսի մանրամասնուած մարգարէութիւն ընել, եթէ իր ետին գերմարդկային ոյժ մը չըլլայ։
ԿԱՅՍՐՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՎԱԽՃԱՆԸ։
Զարմանալի պիտի ըլլար, եթէ անձ մը կարենար ճշգրիտ կերպով մարգարէանալ մարդու մը անունը,– անոր ծնունդէն շա՜տ առաջ,– որ պիտի ծրագրէր հսկայ աշխարհակալ ոյժ մը տապալել, նոյնիսկ նշելով անոր արտասովոր ռազմավարութիւնը։ Աստուած ծանուցանեց, թէ Կիւրոս անունով մարդ մը ազգի մը դէմ արշաւ պիտի կազմակերպէր։ Այս Կիւրոսը նաեւ հրեայ գերիներ ազատ պիտի արձակէր եւ անոնց սուրբ տաճարին վերակառուցման թիկունք պիտի կանգնէր։ Աւելին, Աստուած նախատեսեց թէ Կիւրոսի ռազմավարութիւնը պիտի պարփակէր գետեր ցամքեցնել, եւ նշեց թէ պարիսպի դռները պիտի չգոցուէին՝ նուաճումը դիւրացնելով (Եսայի 44։27–45։2)։ Աստուծոյ մարգարէութեան այս մանրամասնութիւնները ճշգրտօրէն կատարուեցա՞ն։ Պատմաբաններ կը համաձայնին, թէ Կիւրոսի առաջնորդութեամբ այս նուաճումը իրապէս տեղի ունեցաւ։ Կիւրոսի բանակը ճարտարագիտական հմտութեամբ, Բաբելոնի ջրուղիներէն մէկուն հոսանքը շեղեց եւ այսպիսով գետեր ցամքեցուց։ Ասկէ զատ, բանակը կրցաւ քաղաքը մտնել, քանի որ պարիսպին դռները բաց ձգուած էին։ Յետագային, Կիւրոս հրեաները ազատ արձակեց եւ յայտարարեց, թէ անոնք կրնային Երուսաղէմի մէջ իրենց տաճարը վերակառուցանել։ Ասիկա անսովոր բան մըն էր, քանի որ ան հրեաներուն Աստուածը չէր պաշտեր (Եզրաս 1։1-3)։ Աստուծմէ զատ ո՞վ կրնար այս պատմական դէպքերուն մանրամասնութիւնները կանխաւ նշել։
Նկատի առինք երեք օրինակներ, որոնք ցոյց տուին թէ Աստուած ինչպէ՛ս ճշգրտօրէն գալիք դէպքերը մարգարէացաւ. եւ ասոնք միակ մարգարէացուած դէպքերը չեն։ Վաղեմի հրեայ առաջնորդ՝ Յեսուն, նշեց իրողութիւն մը որ իրեն ունկնդրող բազմութեան ծանօթ էր. «Դուք ձեր բոլոր սրտովն ու բոլոր հոգիովը գիտէք թէ ձեր Տէր Աստուածը ձեզի համար որչափ բարիք որ խոստացաւ, անոնցմէ բան մը չպակսեցաւ. անոնց ամէնքն ալ կատարուեցան։ Անոնցմէ բնաւ խօսք մը գետին չինկաւ» (Յեսու 23։1, 2, 14)։ Յեսուի ժողովուրդը չէր կրնար ուրանալ որ Աստուծոյ խոստումներն ու մարգարէութիւնները միշտ կատարուած են։ Բայց ինչպէ՞ս կ’ըլլայ որ Աստուծոյ մարգարէութիւնները մի՛շտ կը կատարուին։ Աստուծոյ եւ մարդոց միջեւ հսկայ տարբերութիւն կայ։ Կարեւոր է որ ասիկա գիտնաս, քանի որ Աստուած մօտալուտ ապագային մասին կարգ մը զարմանալի բաներ ըսած է, որոնք վստահաբար քեզի պիտի ազդեն։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԸՆԴԴԷՄ ՄԱՐԴՈՑ ԳՈՒՇԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ
Մարդոց գուշակութիւնները յաճախ հիմնուած կ’ըլլան գիտական պրպտումներու, իրողութիւններու եւ ընդհանուր ուղղութիւններու վերլուծումներուն, նոյնիսկ շինծու գիտելիքներու վրայ։ Գուշակութիւններ ընելէ ետք, մարդիկ ընդհանրապէս ձեռքերնին ծալլած կը նստին ու կը սպասեն թէ ի՛նչ տեղի պիտի ունենայ (Առակաց 27։1)։
Առ ի հակապատկեր մարդոց, Աստուած բոլոր իրողութիւններուն քաջածանօթ է։ Ան լիովին կը հասկնայ մեր բնոյթն ու հակումները։ Հետեւաբար Աստուած, եթէ ուզէ, կրնայ ճշգրտօրէն նախատեսել թէ անհատներ ե՛ւ ազգեր ինչպէս պիտի վարուին։ Բայց ան կրնայ ասկէ աւելին ընել։ Ան կրնայ նոյնիսկ պարագաներն ու ընդհանուր ուղղութիւնները ղեկավարել կամ փոխել, որպէսզի ի վերջոյ իր կամքը կատարուի։ Ան կ’ըսէ. ‘Իմ բերնէս ելած խօսքը ինծի պարապ պիտի չդառնայ, հապա յաջողութեամբ պիտի գործադրէ այն բանը, որուն համար զանիկա ղրկեցի’ (Եսայի 55։11)։ Ուստի առումով մը, Աստուծոյ կարգ մը մարգարէութիւնները կը նմանին յայտարարութիւններու։ Ան միշտ վստահ կ’ըլլայ որ ատոնք ճշգրտօրէն կատարուին։
ՔՈՒ ԱՊԱԳԱԴ
Վստահելի աղբիւր մը կա՞յ, որ կ’ըսէ թէ քու եւ սիրելիներուդ ապագան ի՛նչ պիտի ըլլայ։ Եթէ կանխաւ գիտնայիր թէ ոլորամրրիկ մը պիտի ելլէր, պիտի կարենայիր փրկարար քայլեր առնել։ Աստուածաշունչի մարգարէութիւններուն ալ կրնաս նոյն կերպով ընդառաջել։ Աստուած ըսած է թէ շուտով համաշխարհային հսկայ փոփոխութիւններ տեղի պիտի ունենան (տե՛ս « Աստուած ի՛նչ յայտնած է ապագային մասին» շրջանակը)։ Այս ապագան բոլորովին տարբեր է «մասնագէտ»ներու գուշակութիւններէն։
Թերեւս այս կերպով մտածես. աշխարհի պատմութիւնը կարծես թատերախաղ մը ըլլայ, որ արդէն շարադրուած է եւ դուն կրնաս անոր աւարտին վրայ կանխաւ ակնարկ մը նետել։ Աստուած կ’ըսէ. «Վերջինը՝ սկիզբէն. . . պատմեցի ու կ’ըսեմ թէ ‘Իմ խորհուրդս պիտի հաստատուի եւ իմ ամէն կամքս պիտի կատարուի’» (Եսայի 46։10)։ Դուն եւ ընտանիքդ կրնաք հիանալի՛ ապագայ մը ունենալ։ Եհովայի վկաներուն հարցուր, թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ գալիք դէպքերուն մասին։ Վկաները ո՛չ ոգեհարցներ են, ոչ ալ կը դաւանին թէ հոգեղէն ձայներ լսած են, կամ նախագուշակելու յատուկ ոյժ ունին։ Անոնք պարզապէս Աստուածաշունչը կը սերտեն եւ կրնան քեզի ցոյց տալ, թէ Աստուած ի՛նչ լաւ բաներ կը պատրաստէ ապագայիդ համար։