Մեռելներուն յոյսը՝ յարութիւն
Կը հաւատա՞ս Աստուածաշունչի խոստումին, թէ յարութիւն պիտի ըլլայ *։ Սիրելի ննջեցեալ մը դարձեալ տեսնելու հեռանկարը առնուազն հրապուրիչ կը թուի։ Բայց ասիկա իրապա՞շտ յոյս է։ Պատասխանելու համար, լաւ կ’ըլլայ որ նկատի առնենք Յիսուս Քրիստոսի առաքեալներուն օրինակը։
Առաքեալները մեռելներու յարութեան հաստատ կերպով հաւատացին։ Ինչո՞ւ։ Առնուազն երկու պատճառներու համար։ Առաջին, անոնց յոյսը գլխաւորաբար հիմնուած էր այն իրողութեան վրայ, թէ Յիսուս ինք մեռելներէն յարութիւն առած էր։ Առաքեալները եւ «հինգ հարիւրէ աւելի եղբայրներ» միաժամանակ յարուցեալ Յիսուսը տեսան (Ա. Կորնթացիս 15։6)։ Ասկէ զատ, Յիսուսի յարութիւնը մեծապէս վկայուած եւ ընդունուած էր, ինչպէս որ չորս Աւետարանները ցոյց կու տան (Մատթէոս 27։62–28։20. Մարկոս 16։1-8. Ղուկաս 24։1-53. Յովհաննէս 20։1–21։25)։
Երկրորդ, առաքեալները ներկայ էին, երբ Յիսուս առնուազն երեք յարութիւններ կատարեց. առաջինը Նայինի մէջ, ապա՝ Կափառնայումի մէջ եւ ի վերջոյ Բեթանիայի մէջ (Ղուկաս 7։11-17. 8։49-56. Յովհաննէս 11։1-44)։ Մօտէն քննենք Բեթանիայի մէջ տեղի ունեցած յարութիւնը, որ Յիսուսի սիրելի եղող ընտանիքի մը հետ կապ ունէր։
«ԵՍ ԵՄ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ»
«Քու եղբայրդ յարութիւն պիտի առնէ», ըսաւ Յիսուս Մարթային, որուն եղբայրը՝ Ղազարոս, չորս օրէ մեռած էր։ Մարթան սկիզբը չհասկնալով Յիսուսի խօսքերուն իմաստը՝ պատասխանեց. ‘Գիտեմ թէ յարութիւն պիտի առնէ’,– ապագային։ Բայց Յիսուս ըսաւ. «Ես եմ յարութիւնն ու կեանքը», եւ ապա յարուցանեց Ղազարոսը։ Երեւակայէ՛ Մարթայի զարմանքը (Յովհաննէս 11։23-25)։
Իր մահուան այդ չորս օրերուն ընթացքին, Ղազարոս ո՞ւր էր։ Ան բանի մը ակնարկութիւն չըրաւ, ցոյց տալու համար թէ այլուր ողջ էր։ Ղազարոս չունէր անմահ հոգի մը, որ երկինք ելած էր։ Ուրեմն, Յիսուս երբ Ղազարոսը յարուցանեց, զինք երկնքէն,– Աստուծոյ քով, երկնային երջանիկ վայրէն,– դէպի երկիր չքաշքշեց։ Ուստի, այդ չորս օրերուն ընթացքին, Ղազարոս ո՞ւր էր։ Իրականութեան մէջ, ան գերեզմանին մէջ կը ննջէր (Ժողովող 9։5, 10)։
Յիշէ, որ Յիսուս մահը համեմատեց քունի հետ, որմէ մէկը յարութեամբ կ’արթննայ։ Արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «‘Ղազարոս՝ մեր բարեկամը՝ քնացած է, երթամ, որպէս զի զանիկա արթնցնեմ’։ Իր աշակերտները ըսին. ‘Տէ՛ր, եթէ քնացած է, պիտի արթննայ’։ Յիսուս անոր մեռնելուն համար կ’ըսէր, բայց անոնք կը կարծէին թէ քնանալուն Յովհաննէս 11։11-14)։ Ղազարոսը յարուցանելով, Յիսուս անոր ետ իր կեանքը տուաւ եւ զինք իր ընտանիքին հետ միացուց։ Յիսուս ի՜նչ գեղեցիկ նուէր մը տուաւ այդ ընտանիքին։
մասին կը խօսի։ Այն ատեն Յիսուս յայտնապէս ըսաւ անոնց. ‘Ղազարոս մեռաւ’» (Երկրի վրայ Յիսուսի կատարած յարութիւնները նախանմոյշն էին այն բաներուն, որոնք ապագային պիտի ընէ որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը *։ Իր իշխանութեան ընթացքին, երկնաւոր Յիսուս ետ կեանքի պիտի բերէ անոնք որոնք գերեզմանին մէջ քնացած են։ Անոր համար է որ ան ըսաւ. «Ես եմ յարութիւնը»։ Երեւակայէ որքա՜ն ուրախ պիտի ըլլաս, երբ սիրելիներդ դարձեալ տեսնես։ Մտածէ նաեւ թէ յարուցեալները որքա՜ն ուրախ պիտի ըլլան (Ղուկաս 8։56)։
Երեւակայէ որքա՜ն ուրախ պիտի ըլլաս, երբ սիրելիներդ դարձեալ տեսնես
ՀԱՒԱՏՔ՝ ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻ ՀԱՄԱՐ
Յիսուս Մարթային ըսաւ. «Ան որ ինծի կը հաւատայ, թէեւ մեռնի՝ պիտի ապրի. եւ ան որ կենդանի է ու ինծի կը հաւատայ, յաւիտեան պիտի չմեռնի» (Յովհաննէս 11։25, 26)։ Հազարամեայ իշխանութեան ընթացքին Յիսուսի յարուցանած անհատները յաւիտեան ապրելու հեռանկարը պիտի ունենան,– ա՛յնքան ատեն որ իրեն իսկապէս կը հաւատան։
«Ան որ ինծի կը հաւատայ, թէեւ մեռնի՝ պիտի ապրի» (Յովհաննէս 11։25)։
Յարութեան մասին այդ աչքառու արտայայտութիւնները ընելէ ետք, Յիսուս սրտին խորը թափանցող հարցում մը ուղղեց Մարթային, ըսելով. «‘Դուն կը հաւատա՞ս ասոր’։ Ըսաւ անոր. ‘Այո՛, Տէ՛ր, ես հաւատացեր եմ, որ դուն ես Քրիստոսը՝ Աստուծոյ Որդին’» (Յովհաննէս 11։26, 27)։ Ի՞նչ կարելի է ըսել քու մասիդ։ Դուն ալ կը փափաքի՞ս Մարթային նման յարութեան յոյսին հաւատալ։ Առաջին քայլն է՝ մարդկութեան նկատմամբ Աստուծոյ նպատակին մասին գիտութիւն ստանալ (Յովհաննէս 17։3. Ա. Տիմոթէոս 2։4)։ Այսպիսի գիտութիւն կրնայ քեզ մղել, որ հաւատք կերտես։ Ինչո՞ւ չհարցնես Եհովայի վկայի մը, որ քեզի ցոյց տայ թէ Աստուածաշունչը այս նիւթին շուրջ ի՛նչ կը սորվեցնէ։ Ան ուրախ պիտի ըլլայ քեզի հետ քննարկելու յարութեան հոյակապ յոյսը։
^ պարբ. 2 Տե՛ս այս թիւին էջ 6–ի յօդուածը՝ «Մահը ամէն բանի վերջ չի՛ դներ»։
^ պարբ. 9 Յարութեան խոստումին մասին աւելի՛ն գիտնալու համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 7–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։