ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | Ի՞նչ Է ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ
Աստուած մարդկութեան փրկութիւնը կը կարգադրէ
Աստուած հաւատարիմ Աբրահամին խոստացաւ, թէ կանխագուշակուած «սերունդ»ը իր զարմէն պիտի ըլլար։ Անոր միջոցաւ «բոլոր ազգեր»էն մարդիկ պիտի օրհնուէին (Ծննդոց 22։18)։ Աբրահամի թոռնիկը Յակոբ յետագային փոխադրուեցաւ Եգիպտոս, ուր իր ընտանիքը բազմանալով դարձաւ վաղեմի իսրայէլ ազգը։
Յետագային, Եգիպտոսի մէջ, բռնապետ փարաւոնը իսրայէլացիները ստրկացուց մինչեւ որ Աստուած ղրկեց Մովսէս մարգարէն։ Ան ազգը Եգիպտոսէն դուրս առաջնորդեց՝ հրաշալիօրէն Կարմիր ծովուն ջուրերը բաժնելով։ Անկէ ետք, Աստուած իսրայէլին տուաւ օրէնքներ,– ներառեալ՝ Տասը պատուիրանները,– զիրենք առաջնորդելու եւ պաշտպանելու համար։ Այդ օրէնքները կը պարփակէին մեղքերու քաւութեան համար զոհեր մատուցանել։ Աստուծմէ ներշնչուած՝ Մովսէս իսրայէլացիներուն ըսաւ թէ Աստուած ուրիշ մարգարէ մը պիտի ղրկէր։ Այդ մարգարէն խոստացեալ «սերունդ»ը պիտի ըլլար։
Աւելի քան 400 տարի ետք, Աստուած Դաւիթ թագաւորին նշեց թէ Եդեմի մէջ խոստացուած «սերունդ»ը պիտի ըլլար յաւիտենական թագաւորութեան մը Թագաւորը։ Անիկա պիտի ըլլար Մեսիան, Աստուծոյ կողմէ նշանակուած Ազատարարը, որ մարդկութիւնը պիտի փրկէր եւ երկրագունդի վրայ Դրախտը պիտի վերահաստատէր։
Դաւիթի եւ ա՛յլ մարգարէներու միջոցաւ, Աստուած աստիճանաբար Մեսիային մասին աւելի՛ն յայտնեց։ Անոնք կանխագուշակեցին, թէ Մեսիան խոնարհ ու ազնիւ պիտի ըլլար եւ իր իշխանութեան ներքեւ անօթութիւնը, անարդարութիւնը եւ պատերազմը վերջ պիտի գտնէին։ Մարդոց եւ մարդոց ու անասուններուն միջեւ խաղաղութիւն պիտի ըլլար։ Հիւանդութիւնը, տառապանքը եւ մահը,– որոնք արդէն Աստուծոյ սկզբնական նպատակին մաս չէին կազմեր,– պիտի անհետանային. իսկ մեռելները ետ կեանքի պիտի բերուէին երկրի վրայ։
Աստուած Միքիա մարգարէին միջոցաւ կանխագուշակեց, թէ Մեսիան Բեթլեհէմի մէջ պիտի ծնէր, իսկ Դանիէլ մարգարէին միջոցաւ կանխագուշակեց, թէ ան պիտի սպաննուէր։ Բայց Աստուած Մեսիան մեռելներէն պիտի յարուցանէր եւ երկնքի մէջ Թագաւոր պիտի նշանակէր։ Դանիէլ նաեւ մարգարէացաւ, թէ Մեսիային Թագաւորութիւնը ի վերջոյ մնայուն կերպով պիտի փոխարինէր միւս բոլոր կառավարութիւնները։ Արդեօք Մեսիան իրապէս եկա՞ւ։
(Աղբիւր՝ Ծննդոց, գլուխ 22-50. Ելից, Բ. Օրինաց, Բ. Թագաւորաց, Սաղմոս, Եսայի, Դանիէլ, Միքիա, Զաքարիա 9։9)