ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄՕՏԵՑԻՐ
‘Ան է կենդանիներուն Աստուածը’
Արդեօք մահը Աստուծմէ զօրաւո՞ր է։ Վստահաբար ո՛չ։ Ինչպէ՞ս կ’ըլլայ որ մահը,– կամ որեւէ ա՛յլ «թշնամի»,– «Ամենակարող Աստուծ[մէն]» աւելի՛ զօրաւոր ըլլայ (Ա. Կորնթացիս 15։26. Ելից 6։3)։ Աստուած զօրութիւն ունի յարութեան միջոցով մահը անհետացնելու, եւ կը խոստանայ որ նոր աշխարհին մէջ այս մէկը պիտի ընէ *։ Այս խոստումը որքանո՞վ ստոյգ է։ Աստուծոյ Որդւոյն՝ Յիսուսի խօսքերը մեր սիրտը յոյսով կը լեցնեն (կարդա՛ Մատթէոս 22։31, 32)։
Իր խօսքը ուղղելով սադուկեցիներուն, որոնք յարութեան չէին հաւատար, Յիսուս ըսաւ. «Բայց մեռելներուն յարութիւն առնելուն համար՝ չէ՞ք կարդացեր Աստուծմէ ձեզի ըսուած խօսքը. ‘Ես եմ Աբրահամին Աստուածը եւ Իսահակին Աստուածը ու Յակոբին Աստուածը’։ Աստուած մեռելներուն Աստուածը չէ, հապա կենդանիներուն»։ Հոս, Յիսուս կ’ակնարկէր այն խօսակցութեան, որ տեղի ունեցաւ Աստուծոյ եւ Մովսէսի միջեւ, այրող մորենիին քով, շուրջ Ք.Ա. 1514–ին (Ելից 3։1-6)։ Ըստ Յիսուսին, Մովսէսին ուղղուած Եհովայի սա խօսքը,– «Ես եմ. . . Աբրահամին Աստուածը, Իսահակին Աստուածը ու Յակոբին Աստուածը»,– ցոյց կու տայ, թէ յարութեան խոստումը ստուգապէս պիտի կատարուի։ Ինչպէ՞ս։
Նա՛խ բովանդակութիւնը նկատի առ։ Երբ Եհովան Մովսէսին հետ կը խօսէր, Աբրահամ, Իսահակ եւ Յակոբ նահապետները արդէն շատոնց մեռած էին,– Աբրահամ՝ 329 տարի առաջ, Իսահակ՝ 224 տարի առաջ եւ Յակոբ՝ 197 տարի առաջ։ Այսուհանդերձ, Եհովան ըսաւ «Ես. . . եմ»,– ո՛չ թէ «Ես. . . էի»,– անոնց Աստուածը։ Եհովան այդ երեք նահապետներուն մասին այնպէս մը խօսեցաւ, կարծես թէ տակաւին ողջ ըլլային։ Ինչո՞ւ։
Յիսուս բացատրեց. «Աստուած [Եհովան] մեռելներուն Աստուածը չէ, հապա կենդանիներուն»։ Պահ մը մտածէ այս խօսքերուն մասին։ Եթէ յարութիւն չըլլար, ուրեմն Աբրահամ, Իսահակ եւ Յակոբ յաւիտեանս յաւիտենից մահուան ճիրաններուն մէջ պիտի մնային։ Եթէ այսպէս ըլլար պարագան, Եհովան դիակներո՛ւն Աստուածը եղած պիտի ըլլար։ Իր կարգին, ասիկա պիտի նշանակէր թէ մահը Եհովայէն աւելի՛ զօրաւոր է,– կարծես թէ Աստուած այդքան ոյժ չունի իր հաւատարիմ ծառաները մահուընէ ազատագրելու։
Ուրեմն ի՞նչ եզրակացութեան կրնանք յանգիլ Աբրահամի, Իսահակի, Յակոբի եւ Եհովայի բոլոր հաւատարիմ ծառաներուն մասին, որոնք մահացած են։ Յիսուս ազդու իրողութիւն մը յայտնեց. «Ամէնքը անոր կենդանի են» (Ղուկաս 20։38)։ Արդարեւ, իր հաւատարիմ ծառաները յարուցանելու Եհովայի խոստումին կատարուիլը այնքա՛ն վստահելի է, որ Աստուած զանոնք ողջ կը սեպէ (Հռովմայեցիս 4։16, 17)։ Եհովան այս բոլոր անհատները իր անսահման յիշողութեան մէջ պիտի պահէ, մինչեւ որ ժամանակը գայ զանոնք ետ կեանքի բերելու։
Եհովան անսահմանօրէն աւելի՛ զօրաւոր է քան մահը
Մահացած սիրելի մը դարձեալ տեսնելու հեռանկարը քեզ կը գրաւէ՞։ Եթէ այո՛, ուրեմն յիշէ որ Եհովան անսահմանօրէն աւելի՛ զօրաւոր է քան մահը։ Բա՛ն մը չկայ որ կրնայ իրեն արգելք ըլլալ՝ մեռելներուն յարութիւն տալու իր խոստումը կատարելու։ Ինչո՞ւ աւելին չգիտնաս յարութեան խոստումին եւ այն Աստուծոյն մասին, որ զայն պիտի կատարէ։ Այսպէս ընելը վստահաբար քեզ աւելի պիտի մօտեցնէ Եհովային՝ ‘կենդանիներուն Աստուծոյն’։
Փետրուար ամսուան համար թելադրուած Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն.
^ պարբ. 1 Արդար նոր աշխարհի մը մէջ, յարութիւն առնելու առնչութեամբ Աստուծոյ խոստումին մասին աւելին գիտնալու համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքին 7–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։