‘Որդին կ’ուզէ Հայրը յայտնել’
‘Որդին կ’ուզէ Հայրը յայտնել’
«Մէ՛կը չի գիտեր թէ ո՞վ է. . . Հայրը, բայց միայն Որդին եւ ան՝ որուն Որդին կ’ուզէ յայտնել» (ՂՈՒԿ. 10։22)։
ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՍ
Ինչո՞ւ Յիսուս մասնաւորաբար որակեալ էր իր Հայրը յայտնելու։
Յիսուս ինչպէ՞ս Հայրը յայտնեց ուրիշներուն։
Հայրը յայտնելուն մէջ, ի՞նչ կերպերով կրնաս Յիսուսը ընդօրինակել։
1, 2. Ո՞ր հարցումը շատերը շփոթեցուցած է եւ ինչո՞ւ։
‘ԱՍՏՈՒԱԾ ո՞վ է’։ Այս հարցումը շատերը կը շփոթեցնէ։ Օրինակ, թէեւ դաւանեալ քրիստոնեաներուն մեծամասնութիւնը կը հաւատայ, թէ Աստուած Երրորդութիւն է, սակայն շատեր պիտի խոստովանին թէ այս վարդապետութիւնը հասկնալը անկարելի է։ Հեղինակ մը, որ նաեւ կղերական է, ընդունեց. «Այս վարդապետութիւնը մարդուն սահմանափակ մտքին ծիրէն անդին կ’երթայ։ Ատիկա բնական կամ մարդկային պատճառաբանութեան ծիրէն դուրս կ’իյնայ»։ Միւս կողմէ, բարեշրջութեան տեսութիւնը ընդունողներուն մեծամասնութիւնը կը հաւատայ թէ Աստուած գոյութիւն չունի։ Անոնք ստեղծագործութեան բոլոր սքանչելիքները կոյր դիպուածի կը վերագրեն։ Ասով հանդերձ, փոխանակ Աստուծոյ գոյութիւնը մերժելու, Չարլզ Տարուին ըսաւ. «Ինծի համար ամէնէն ապահով եզրակացութիւնը կը թուի, թէ [Աստուծոյ գոյութեան] ամբողջ նիւթը մարդուն խելքէն գերիվեր բան մըն է»։
2 Մարդոց մեծամասնութիւնը,– ի՛նչ ալ ըլլան անոնց հաւատալիքները,– Աստուծոյ գոյութեան մասին հարցումներ ունեցած է։ Այսուհանդերձ, երբ գոհացուցիչ եզրակացութեան չյանգեցան, շատեր ի վերջոյ Աստուած փնտռելէ դադրեցան։ Արդարեւ, Սատանան ‘անհաւատներուն մտքերը կուրցուցած է’ (Բ. Կոր. 4։4)։ Ուստի, զարմանալի չէ որ մարդկութեան մեծամասնութիւնը, Հօր՝ տիեզերքի Ստեղծիչին՝ ճշմարտութեան նկատմամբ, տգիտութեան ե՛ւ շփոթութեան մատնուած է (Եսա. 45։18)։
3. ա) Ո՞վ Ստեղծիչը մեզի յայտնած է։ բ) Ո՞ր հարցումները նկատի պիտի առնենք։
3 Սակայն, կենսական է որ մարդիկ Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը սորվին, քանի որ միայն անոնք՝ որոնք ‘Տէրոջը անունը կը կանչեն պիտի փրկուին’ (Հռով. 10։13)։ Աստուծոյ անունը կանչելը կը պարփակէ Եհովայի ծանօթանալ որպէս Անձ։ Յիսուս Քրիստոս իր աշակերտներուն այս կենսական գիտութիւնը հաղորդեց։ Ան Հայրը յայտնեց անոնց (կարդա՛ Ղուկաս 10։22)։ Յիսուս ինչո՞ւ կարող էր ոեւէ մէկէ աւելի Հայրը յայտնել։ Ան ինչպէ՞ս Հայրը յայտնեց։ Եւ այս մարզին մէջ ինչպէ՞ս կրնանք Յիսուսը ընդօրինակել։ Նկատի առնենք այս հարցումները։
ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍ՝ ՄԱՍՆԱՒՈՐԱԲԱՐ ՈՐԱԿԵԱԼ
4, 5. Յիսուս ինչո՞ւ մեծապէս ի վիճակի էր Հայրը յայտնելու։
4 Յիսուս յատկապէս որակեալ էր իր Հայրը յայտնելու, քանի որ կեանքի բոլոր այլ տեսակները ստեղծուելէն առաջ, հոգեղէն արարածը՝ որ յետագային Յիսուս մարդը եղաւ, արդէն երկնքի մէջ գոյութիւն ունէր որպէս «Աստուծոյ միածին Որդին» (Յովհ. 1։14. 3։18)։ Ի՜նչ յատուկ դիրք։ Երբ դեռ ուրիշ արարած գոյութիւն չունէր, Որդին իր Հօր ջերմ ուշադրութեան արժանացաւ եւ Անոր ու անոր յատկութիւններուն մասին սորվեցաւ։ Անհամար դարեր, Հայրն ու Որդին շատ հաղորդակցած ըլլալու էին եւ իրարու հանդէպ խոր խանդաղատանք զարգացուցած էին (Յովհ. 5։20. 14։31)։ Որդին ի՜նչ խոր հասկացողութիւն ձեռք ձգած էր իր Հօր անձնաւորութեան մասին (կարդա՛ Կողոսացիս 1։15-17)։
5 Հայրը Որդին նշանակեց որպէս իր խօսնակը՝ «Բանն Աստուծոյ» (Յայտ. 19։13)։ Հետեւաբար, Յիսուս մեծապէս ի վիճակի էր Հայրը ուրիշներուն յայտնելու։ Պատշաճ կերպով, Յովհաննէս աւետարանագիր կ’ըսէ թէ Յիսուս՝ «Բանը»՝ «Հօրը ծոցն է» (Յովհ. 1։1, 18)։ Այդ արտայայտութեամբ, Յովհաննէս կ’ակնարկէ իր օրերուն ճաշի ժամանակ եղած սովորութեան մը։ Հիւր մը ուրիշ հիւրի մը մօտ կը նստեցնէին, որպէսզի երկուքը կարենային դիւրութեամբ խօսակցիլ։ Ուստի, Որդին «Հօրը ծոցը» ըլլալով, Անոր հետ մտերիմ խօսակցութիւններ ունէր։
6, 7. Հօր եւ Որդիին փոխյարաբերութիւնը ինչպէ՞ս շարունակեց զարգանալ։
6 Հօր եւ Որդիին միջեւ եղած փոխյարաբերութիւնը շարունակեց զարգանալ։ Որդին ‘ամէն օր Աստուծոյ զուարճութիւնն էր’ (կարդա՛ Առակաց 8։22, 23, 30, 31)։ Ուստի, տրամաբանական է որ երկուքին միջեւ եղած կապը զօրացաւ, մինչ իրարու հետ աշխատեցան եւ Որդին սորվեցաւ իր Հօր յատկութիւնները ընդօրինակել։ Ուրիշ մտացի արարածներուն ստեղծագործութեամբ, Որդին տեսաւ թէ Եհովա ինչպէ՛ս իւրաքանչիւրին հետ վարուեցաւ, եւ Աստուծոյ անձնաւորութեան հանդէպ իր գնահատութիւնը վստահաբար խորացաւ։
7 Յետագային նոյնիսկ Սատանային ասպարէզ կարդալը Եհովայի գերիշխանութեան իրաւացի ըլլալուն դէմ, Որդիին պատեհութիւն տուաւ որ սորվի թէ դժուար կացութիւն մը դիմագրաւելով՝ Եհովան ինչպէ՛ս սէր, արդարութիւն, իմաստութիւն եւ զօրութիւն ի գործ պիտի դնէր։ Ասիկա իր կարգին, անկասկած Յիսուսը պատրաստեց, որ գլուխ ելլէ ա՛յն դժուարութիւններուն հետ, որոնք յետագային իր երկրային ծառայութեան ընթացքին դիմագրաւեց (Յովհ. 5։19)։
8. Աւետարաններուն արձանագրութիւնները ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնեն, որ Հօր յատկութիւններուն մասին շատ բան սորվինք։
8 Եհովայի հետ իր սերտ յարաբերութեան շնորհիւ, Որդին իր Հայրը ոեւէ մէկէ աւելի մանրամասնօրէն բացատրեց։ Հայրը ճանչնալու լաւագոյն կերպն է՝ իր միածին Որդիին ուսուցումներն ու արարքները նկատի առնել։ Լուսաբանելու համար, պահ մը խորհէ՛ թէ որքա՜ն դժուար պիտի ըլլար լիովի՛ն հասկնալ «սէր» բառին իմաստը՝ պարզապէս բառարանէ մը կարդալով անոր սահմանումը։ Մինչդեռ երբ կը խոկանք աւետարանագիրներուն վառ արձանագրութիւններուն վրայ, որոնք կը նկարագրեն Յիսուսի ծառայութիւնը ե՛ւ ուրիշներուն հոգ տանելու կերպը, կրնանք «Աստուած սէր է» արտայայտութիւնը աւելի լաւ կերպով ըմբռնել (Ա. Յովհ. 4։8, 16)։ Նոյնն է պարագան Աստուծոյ միւս յատկութիւններուն, որոնք Յիսուս իր աշակերտներուն յայտնեց, երբ երկրի վրայ էր։
ՅԻՍՈՒՍ ԻՆՉՊԷ՛Ս ՅԱՅՏՆԵՑ ՀԱՅՐԸ
9. ա) Ի՞նչ երկու հիմնական կերպերով Յիսուս իր Հայրը յայտնեց։ բ) Օրինակ մը տուր, որ ցոյց կու տայ թէ Յիսուս ինչպէ՛ս իր ուսուցումով Հայրը յայտնեց։
9 Յիսուս ինչպէ՞ս յայտնեց Հայրը իր աշակերտներուն, եւ անոնց՝ որոնք յետագային իր հետեւորդները եղան։ Երկու հիմնական կերպերով. իր ուսուցումներով եւ վարքով։ Նախ՝ նկատի առնենք Յիսուսի ուսուցումները։ Իր հետեւորդներուն սորվեցուցած Յիսուսի ուսուցումները արտացոլացուցին իր Հօր մտածումներուն, զգացումներուն եւ ճամբաներուն նկատմամբ իր խոր հասկացողութիւնը։ Օրինակ, Յիսուս Հայրը նմանցուց հոգածու հովիւի մը, որ իր մէկ մոլորած ոչխարը փնտռելու կ’երթայ։ Յիսուս ըսաւ, թէ երբ հովիւը զայն գտնէ, «աւելի ուրախ կ’ըլլայ անոր վրայ, քան թէ իննսունիննին՝ որոնք մոլորած չէին»։ Լուսաբանութեան Մատ. 18։12-14)։ Այս լուսաբանութենէն ի՞նչ կրնաս սորվիլ Եհովայի մասին։ Նոյնիսկ երբ ատեններ զգաս թէ անարժէք եւ մոռցուած ես, երկնաւոր Հայրդ քեզմով հետաքրքրուած է եւ քեզ կը հոգայ։ Իր աչքին, դուն «այս պզտիկներէն մէկն» ես։
կիրարկումը տալով՝ Յիսուս նշեց. «Այսպէս, ձեր երկնաւոր Հայրը չի հաճիր որ այս պզտիկներէն մէկը կորսուի» (10. Իր վարքով, Յիսուս ինչպէ՞ս Հայրը յայտնեց։
10 Իր վարքը երկրորդ կերպ մըն է՝ որով Յիսուս իր աշակերտներուն յայտնեց Հայրը։ Ուստի, երբ Փիլիպպոս առաքեալ իրեն ըսաւ. «Հայրը մեզի ցուցուր», Յիսուս իրաւացիօրէն կրցաւ ըսել. «Ան որ զիս տեսաւ՝ Հայրը տեսաւ» (Յովհ. 14։8, 9)։ Նկատի առ կարգ մը օրինակներ, թէ Յիսուս իր Հօր յատկութիւնները ինչպէ՛ս ցուցաբերեց։ Երբ բորոտ մը Յիսուսին աղաչեց որ զինք բժշկէ, ան «բորոտութիւնով լեցուն» մարդուն դպչելով՝ ըսաւ. «Կ’ուզե՛մ, մաքրուէ՛»։ Երբ բժշկուեցաւ, ան անկասկած Յիսուսի ըրածին մէջ Եհովայի ձեռքը տեսաւ (Ղուկ. 5։12, 13)։ Նաեւ, երբ Ղազարոս մահացաւ, աշակերտները Հօր կարեկցութիւնը զգացած ըլլալու էին, երբ Յիսուս «իր հոգիին մէջ հառաչեց ու խռովեցաւ» եւ «լացաւ»։ Թէեւ Յիսուս գիտէր, թէ Ղազարոսը պիտի յարուցանէր, սակայն անոր ընտանիքին եւ բարեկամներուն բացայայտ ցաւը զգաց (Յովհ. 11։32-35, 40-43)։ Անկասկած նախասիրած հատուածներ ունիս, որոնք քեզ կարող կը դարձնեն որ Յիսուսի արարքներուն ընդմէջէն գթած Հայրը տեսնես։
11. ա) Տաճարը մաքրելով՝ Յիսուս իր Հօր մասին ի՞նչ յայտնեց։ բ) Տաճարին մաքրուելուն արձանագրութիւնը ինչո՞ւ հաւաստիացուցիչ է մեզի համար։
11 Երբ կը կարդաս թէ Յիսուս ինչպէ՛ս տաճարը մաքրեց, ի՞նչ եզրակացութեան կը յանգիս։ Մտապատկերէ՛ տեսարանը. Յիսուս չուանէ խարազան մը կը շինէ եւ արջառներ ու ոչխարներ ծախողները դուրս կը հանէ։ Ան ստակ փոխողներուն պղինձները կը թափէ ու սեղանները կը տապալէ (Յովհ. 2։13-17)։ Այս ուժեղ արարքը աշակերտներուն յիշեցուց Դաւիթ թագաւորին մարգարէական խօսքերը. «Տանդ նախանձը զիս կերաւ» (Սաղ. 69։9)։ Հաստատ քայլ առնելով, Յիսուս ճշմարիտ պաշտամունքը պաշտպանելու զօրաւոր փափաք ցուցաբերեց։ Այս արձանագրութեան մէջ Հօր անձնաւորութիւնը կը տեսնե՞ս։ Ատիկա մեզի կը յիշեցնէ թէ Աստուած ոչ միայն երկրագունդին երեսէն ամբարիշտները բնաջնջելու անսահման կարողութիւն ունի, այլ նաեւ՝ ատիկա ընելու սրտագին փափաք։ Յանցագործութեան նկատմամբ Յիսուսի զօրեղ հակազդեցութեան այս նկարագրութիւնը կը յայտնէ, թէ Հայրը ինչպէ՛ս կը զգայ երբ ներկայիս երկրագունդին վրայ համատարած ամբարշտութիւնը կը տեսնէ։ Ասիկա որքա՜ն հաւաստիացուցիչ է մեզի համար, երբ անարդարութիւններ կը դիմագրաւենք։
12, 13. Իր աշակերտներուն հետ Յիսուսի վարուած կերպէն Եհովայի մասին ի՞նչ կը սորվիս։
12 Նկատի առնենք ուրիշ օրինակ մը,– Յիսուսի վարուելու կերպը իր աշակերտներուն հետ։ Անոնք շարունակ վիճաբանեցան, թէ ո՛վ աւելի մեծ է (Մար. 9։32-34. 10։43. Ղուկ. 9։46)։ Հօր հետ ունեցած իր երկար փորձառութենէն, Յիսուս գիտէր թէ Եհովա այսպիսի հպարտ հակումներու հանդէպ ինչպէ՛ս կը զգայ (Բ. Թագ. 22։28. Սաղ. 138։6)։ Ասկէ զատ, Յիսուս Բանսարկու Սատանային հպարտ կեցուածքն ալ տեսած էր։ Այդ ինքնահաւան անձը մեծապէս հետաքրքրուած էր երեւելիութեամբ եւ դիրքով։ Ուստի, որքա՜ն վշտացած ըլլալու էր Յիսուս, տեսնելով փառատենչ կեցուածք մը իր մարզած աշակերտներուն մէջ։ Նոյնիսկ իր ընտրած առաքեալները այս կեցուածքը ունէին։ Անոնք այս փառասէր կեցուածքը ցուցաբերեցին մինչեւ Յիսուսի երկրային կեանքին վերջին օրը (Ղուկ. 22։24-27)։ Սակայն, Յիսուս շարունակեց զանոնք ազնուութեամբ սրբագրել, բնաւ իր յոյսը չկտրելով՝ որ անոնք ի վերջոյ պիտի սորվէին իր խոնարհ մտածելակերպը ընդօրինակել (Փլպ. 2։5-8)։
13 Իր աշակերտներուն սխալ հակումները համբերութեամբ շտկելու Յիսուսի կերպին մէջ, Հօր ձեռքը կը տեսնե՞ս։ Յիսուսի արարքներուն եւ խօսքերուն մէջ կը տեսնե՞ս Հայրը, որ իր ժողովուրդը երեսի վրայ չի ձգեր հակառակ անոնց կրկնակի ձախողութիւններուն։ Երբ Աստուծոյ յատկութիւններուն մասին այդ գիտութիւնը ունինք, չե՞նք մղուիր իրեն մօտենալու եւ մեր զղջումը յայտնելու երբ սխալներ գործենք։
ՈՐԴԻՆ ՈՒԶԵԼՈՎ ԻՐ ՀԱՅՐԸ ՅԱՅՏՆԵՑ
14. Յիսուս ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ, թէ կ’ուզէր Հայրը յայտնել։
14 Բազմաթիւ բռնապետներ կը ջանան ժողովուրդը Մատթէոս 11։27)։ Ասկէ զատ, Յիսուս իր աշակերտներուն ‘կարողութիւն տուաւ որպէս զի ճանչնան ճշմարիտը’, Եհովա Աստուած (Ա. Յովհ. 5։20)։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ Յիսուս իր հետեւորդներուն միտքը բացաւ, որպէսզի կարենան Հօր մասին իր ուսուցումները հասկնալ։ Ան իր Հայրը խորհուրդով չպատեց, սորվեցնելով որ Ան անըմբռնելի Երրորդութեան մը մէկ մասն էր։
հակակշռի տակ առնել եւ տգիտութեան մէջ պահել, անոնցմէ տեղեկութիւններ ետ պահելով։ Առ ի հակապատկեր, Յիսուս կ’ուզէ՛ր Հօր մասին իր ունեցած տեղեկութիւնները հաղորդել, զինք լիովին ուրիշներուն յայտնելով (կարդա՛15. Յիսուս իր Հօր մասին կարգ մը տեղեկութիւններ ինչո՞ւ ետ պահեց։
15 Արդեօք Յիսուս իր Հօր մասին ամէ՞ն բան յայտնեց։ Ո՛չ, ան իմաստութեամբ բազմաթիւ բաներ հաղորդելէ ետ կեցաւ (կարդա՛ Յովհաննէս 16։12)։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ այդ ժամանակ իր աշակերտները այսպիսի գիտութիւն ‘չէին կրնար տանիլ’։ Սակայն, ինչպէս որ Յիսուս բացատրեց, շատ գիտութիւն պիտի յայտնուէր, երբ «Մխիթարիչ»ը՝ սուրբ հոգին՝ ղրկուէր, որ զիրենք «ամէն ճշմարտութեան» պիտի առաջնորդէր (Յովհ. 16։7, 13)։ Ինչպէս որ իմաստուն ծնողներ իրենց զաւակներէն ետ կը պահեն կարգ մը տեղեկութիւններ, մինչեւ որ անոնց տարիքը ներէ որ ըմբռնեն, նմանապէս Յիսուս սպասեց մինչեւ որ իր աշակերտները հասունցան եւ կարող դարձան Հօր մասին որոշ իրողութիւններ հասկնալ։ Յիսուս ազնուութեամբ անոնց սահմանափակումները նկատի առաւ։
ՅԻՍՈՒՍԸ ԸՆԴՕՐԻՆԱԿԷ՝ ՕԳՆԵԼՈՎ ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒՆ ՈՐ ԵՀՈՎԱՆ ՃԱՆՉՆԱՆ
16, 17. Ինչո՞ւ ի վիճակի ես Հայրը ուրիշներուն յայտնելու։
16 Երբ անհատ մը լաւ կերպով ճանչնաս եւ իր սիրալիր անձնաւորութիւնը գնահատես, չե՞ս մղուիր անոր մասին ուրիշներուն պատմելու։ Երբ երկրի վրայ էր, Յիսուս իր Հօր մասին խօսեցաւ (Յովհ. 17։25, 26)։ Եհովան ուրիշներուն յայտնելու մէջ, կրնա՞նք Յիսուսը ընդօրինակել։
17 Ինչպէս որ նկատի առինք, Յիսուս ոեւէ մէկէ աւելի իր Հօր մասին շատ խոր գիտութիւն ունէր։ Սակայն, ան կ’ուզէր իր գիտցած կարգ մը բաները հաղորդել, նոյնիսկ իր հետեւորդներուն կարողութիւն տալով, որ Աստուծոյ անձնաւորութեան խոր երեսակները ըմբռնեն։ Յիսուս մեզի օգնած է որ Հայրը ճանչնանք կերպով մը, որ ներկայիս մարդոց մեծամասնութիւնը չի ճանչնար։ Որքա՜ն երախտապարտ ենք, որ Յիսուս կամովին իր ուսուցումներով եւ վարքով Հայրը մեզի յայտնեց։ Իրականութեան մէջ, Հայրը ճանչնալուն համար կրնանք պատշաճ կերպով պարծենալ (Եր. 9։24. Ա. Կոր. 1։31)։ Մինչ ջանացած ենք Եհովայի մօտենալ, ան մեզի մօտեցած է (Յակ. 4։8)։ Հետեւաբար, մենք հիմա ի վիճակի ենք մեր գիտութիւնը ուրիշներուն հաղորդելու։ Ասիկա ինչպէ՞ս կրնանք ընել։
18, 19. Ի՞նչ կերպերով կրնաս Հայրը ուրիշներուն յայտնել. բացատրէ՛։
18 Պէտք է Յիսուսը ընդօրինակենք՝ Հայրը յայտնելով մեր խօսքերով ու գործերով։ Ի մտի ունեցիր թէ շատեր, որոնց դաշտի ծառայութեան մէջ կը հանդիպինք, չեն գիտեր թէ Աստուած ո՛վ է։ Անոնք թերեւս Աստուծոյ մասին սխալ գաղափարներ ունին, քանի որ սուտ ուսուցումներ սորված են։ Մարդոց կրնանք հաղորդել ինչ որ գիտենք,– Աստուծոյ անունը, մարդոց նկատմամբ Իր նպատակը եւ Իր անձնաւորութիւնը, ինչպէս որ Աստուածաշունչին մէջ յայտնուած են։ Ասկէ զատ, կրնանք հաւատակիցներու հետ քննարկել կարգ մը աստուածաշնչական հատուածներ, որոնք Աստուծոյ անձնաւորութիւնը այնպէս մը կը յայտնեն, որ առաջ չէինք նկատած, որպէսզի անոնք ալ օգտուին։
19 Մինչ կը ջանաս Յիսուսը ընդօրինակել, ի՞նչ կարելի է ըսել վարքովդ Հայրը յայտնելուն մասին։ Երբ մարդիկ մեր արարքներուն մէջ Քրիստոսի սէրը տեսնեն, անոնք պիտի մօտենան Հօր, ինչպէս նաեւ՝ Յիսուսին (Եփ. 5։1, 2)։ Պօղոս առաքեալ մեզ քաջալերեց, որ ‘իրեն նմանինք, ինչպէս ինք՝ Քրիստոսին’ (Ա. Կոր. 11։1)։ Ի՜նչ հոյակապ առանձնաշնորհում ունինք որ ուրիշներուն օգնենք Եհովան մեր վարքով տեսնելու։ Արդարեւ, թող որ բոլորս շարունակենք Յիսուսը ընդօրինակել՝ Հայրը ուրիշներուն յայտնելով։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]