Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ո՞վ էր Աբրահամ

Ո՞վ էր Աբրահամ

Ո՞վ էր Աբրահամ

ՔԻՉ թիւով տղամարդիկ աշխարհի կրօնքներուն վրայ աւելի մեծ ազդեցութիւն ունեցած են քան Աբրահամը։ * Հրեաներուն, իսլամներուն ե՛ւ քրիստոնեաներուն կողմէ մեծարուած ըլլալով, ան նկարագրուած է որպէս «Սուրբ Գրութիւններուն մէջ հսկայ մը» եւ «հաւատքի վեհ օրինակ մը»։ Աստուածաշունչը զինք կը կոչէ՝ ‘բոլոր հաւատացողներուն հայրը’ (Հռովմայեցիս 4։11

Աբրահամ ինչո՞ւ մեծապէս յարգուած է։ Պատճառներէն մէկն այն է, թէ Աբրահամ միակ անձն է, որուն Աստուածաշունչը ուղղակի կ’ակնարկէ որպէս Աստուծոյ բարեկամը (Յակոբոս 2։23

Սակայն, ուրիշ բաներու մէջ, Աբրահամ մեզի պէս սովորական մարդ մըն էր։ Ան դիմագրաւեց մեր դիմագրաւած մաքառումներէն շատերը,– եւ անոնց հետ գլուխ ելաւ։ Կ’ուզե՞ս գիտնալ թէ ան ինչպէ՛ս կրցաւ այդպէս ընել։ Նկատի առ թէ Աստուածաշունչը այս առանձնայատուկ մարդուն մասին ի՛նչ կը յայտնէ։

Անոր ենթահողը

Աբրահամ մ.թ.ա. 2018–ին ծնաւ եւ Ուր քաղաքին մէջ մեծցաւ (Ծննդոց 11։27-31)։ Ուր մեծ եւ բարգաւաճ քաղաք մըն էր։ Ատիկա նաեւ կռապաշտութեան մէջ մխրճուած էր։ Աբրահամի հայրը՝ Թարա, թերեւս զանազան կուռքեր պաշտող մըն էր (Յեսու 24։2)։ Այսուհանդերձ, Աբրահամ ընտրեց չաստուածներու անկենդան կուռքերը պաշտելու փոխարէն միայն Եհովան * պաշտել։

Ի՞նչ բան մղեց Աբրահամը որ այդ որոշումը առնէ։ Աբրահամ, Նոյի որդիին՝ Սէմի մահէն 150 տարի առաջ ծնաւ։ Եթէ ան այս տարեց մարդուն հետ ընկերակցած էր, ինչպէ՞ս ազդուած ըլլալու էր։ Աբրահամ ուղղակի Սէմէն կրնար իմացած ըլլալ համաշխարհային Ջրհեղեղէն վերապրելու անոր փորձառութիւնը։ Ան նաեւ գիտցած պիտի ըլլար Եհովան պաշտելու կարեւորութիւնը,– այն Աստուածը որ Սէմն ու իր ընտանիքը Ջրհեղեղին ընթացքին պահպանած էր։

Սէմին միջոցաւ կամ այլ կերպերով ճշմարիտ Աստուծոյ մասին իր սորված բաներուն Աբրահամ ընդառաջեց։ Երբ Եհովա՝ «սրտերը փորձողը»՝ Աբրահամը նկատեց, անոր մէջ լաւ բան մը տեսաւ,– եւ օգնեց որ այդ լաւ բանը աճի (Առակաց 17։3. Բ. Մնացորդաց 16։9

Անոր կեանքը

Աբրահամ ճոխ եւ հետաքրքրական կեանք մը ապրեցաւ. կեանք մը՝ որ թէեւ յաճախ մարտահրաւէրներու առջեւ կը դնէր զինք, սակայն բնա՛ւ անիմաստ չէր։ Նկատի առ անոր դիմագրաւած կարգ մը բաները։

Մինչ Աբրահամ Ուրի մէջ կ’ապրէր, Աստուած անոր ըսաւ որ իր ծննդավայրը ձգէ եւ երթայ երկիր մը, որ իրեն ցոյց պիտի տար։ Թէեւ Աբրահամ եւ Սառա բոլոր մանրամասնութիւնները չէին գիտեր,– ո՛ւր կ’երթային կամ ինչո՛ւ Աստուած իրենցմէ խնդրեց Ուր քաղաքը ձգել,– սակայն անոնք հնազանդեցան։ Ի վերջոյ, Աբրահամ եւ Սառա իրենց կեանքի մնացեալ տեւողութեան որպէս պանդուխտներ վրաններու տակ ապրեցան Քանանի երկրին մէջ (Գործք 7։2, 3. Եբրայեցիս 11։8, 9, 13

Մինչ Աբրահամ եւ Սառա տակաւին անզաւակ էին, Եհովա խոստացաւ որ Աբրահամէն մեծ ազգ պիտի ընէր։ Ան աւելցուց թէ երկրագունդի բոլոր ազգերը Աբրահամով պիտի օրհնուէին (Ծննդոց 11։30. 12։1-3Յետագային, Եհովա այդ խոստումը հաստատեց։ Ան Աբրահամի ըսաւ թէ անոր սերունդը երկնքի աստղերու նման անհամար պիտի ըլլար (Ծննդոց 15։5, 6

Երբ Աբրահամ 99 տարեկան էր եւ Սառա՝ մօտաւորապէս 90 տարեկան, Եհովա խոստացաւ թէ անոնք մանչ մը պիտի ունենային։ Մարդկային տեսանկիւնէն ատիկա անկարելի բան կը թուէր, բայց Աբրահամ եւ Սառա շուտով սորվեցան, թէ ‘Տէրոջը առջեւ դժուարին բան չկայ’ (Ծննդոց 18։14)։ Մէկ տարի ետք, Աբրահամ 100 տարեկանին մանչ մը ունեցաւ, որուն անունը Իսահակ դրաւ (Ծննդոց 17։21. 21։1-5)։ Աստուած յատկապէս խոստացաւ, թէ Իսահակի միջոցաւ մարդկութեան մեծ օրհնութիւններ պիտի գային։

Տարիներ ետք, Եհովա Աբրահամի արտակարգ խնդրանք մը ըրաւ. ան Աբրահամէն խնդրեց որ իր սիրելի որդին՝ Իսահակը զոհ մատուցանէր, թէեւ այս երիտասարդը ամուրի եւ անզաւակ էր։ Թէպէտ իր որդին կորսնցնելու կարելիութիւնը իրեն ցաւ պատճառած ըլլալու էր, սակայն Աբրահամ պատրաստուեցաւ հնազանդելու։ Աբրահամ հաստատօրէն հաւատաց որ, եթէ հարկ ըլլար, Աստուած զօրութիւն ունէր Իսահակին յարութիւն տալու՝ Իր խոստումները կատարելու համար (Եբրայեցիս 11։19)։ Այդ վճռական պահուն, երբ Աբրահամ Իսահակը զոհելու վրայ էր, Աստուած միջամտեց՝ Իսահակին խնայելով։ Ան Աբրահամը գովեց՝ իր ուշագրաւ հնազանդութեան համար եւ նախկին խոստումները կրկնեց (Ծննդոց 22։1-18

175 տարի ապրելէ ետք, Աբրահամ ննջեց։ Ան «աղէկ ծերութեամբ ծերացած ու իր օրերը լեցուած» մեռաւ, կ’ըսէ Աստուածաշունչը (Ծննդոց 25։7, 8)։ Այսպէս, Աբրահամ Աստուծոյ մէկ այլ խոստումին կատարումը տեսաւ,– թէ խաղաղութեամբ մեռնելէ առաջ, ան երկա՜ր կեանք պիտի վայելէր (Ծննդոց 15։15

Անոր ժառանգը

Աբրահամ հեռու անցեալի կրօնական կամ պատմական մէկ անձնաւորութիւնը ըլլալէն աւելի՛ն է։ Մինչեւ օրս իր պատմութիւնը կ’ապրի, բոլորիս ընտիր օրինակ հանդիսանալով (Եբրայեցիս 11։8-10, 17-19)։ Նկատի առնենք անոր ցուցաբերած լաւ յատկութիւններէն չորսը։ Պիտի սկսինք իր հանրածանօթ յատկութեամբ,– հաւատք։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 2 Սկիզբը Աբրահամ ճանչցուած էր որպէս Աբրամ, իսկ իր կինը՝ որպէս Սարա։ Յետագային, Աստուած Աբրամի անունը փոխեց Աբրահամի, որ կը նշանակէ «հայր բազմութեան», եւ Սարայի անունը՝ Սառայի, որ կը նշանակէ «իշխանուհի» (Ծննդոց 17։5, 15)։ Դիւրացնելու համար, այս յօդուածաշարքին մէջ անոնց պիտի ակնարկենք որպէս Աբրահամ եւ Սառա։

^ պարբ. 6 Ինչպէս որ Աստուածաշունչը կը յայտնէ, Աստուծոյ անունը Եհովա է։

[Շրջանակ՝ էջ 4]

Շատ կարեւոր անձնաւորութիւն մը Աստուածաշունչի պատմութեան մէջ

Աստուածաշունչի Ծննդոց գրքին առաջին տասը գլուխները, հաւատքի տէր մարդոց կենսագրութիւնները կը պատմեն, ներառեալ՝ Աբէլի, Ենովքի եւ Նոյի։ Սակայն, յաջորդ 15 գլուխներուն մեծամասնութիւնը մէկ մարդու կեանքին մասին կը խօսի,– Աբրահամ։

Ասկէ զատ, Աստուածաշունչը իր ամէնէն կարեւոր կարգ մը գաղափարները առաջին անգամ կը նշէ երբ կը խօսի Աբրահամի մասին։ Զոր օրինակ, Աբրահամի կենսագրութեան մէջ կը նկատենք.

▪ առաջին ակնարկութիւնը Աստուծոյ որպէս իր ծառաներուն Վահանը կամ Պաշտպանը (Ծննդոց 15։1. տե՛ս Բ. Օրինաց 33։29. Սաղմոս 115։9. Առակաց 30։5

Աստուծոյ հաւատալու նկատմամբ առաջին ակնարկութիւնը (Ծննդոց 15։6

մարգարէ բառին առաջին գործածութիւնը (Ծննդոց 20։7

▪ ծնողական սիրոյն առաջին ակնարկութիւնը (Ծննդոց 22։2