Աբրահամ. խոնարհ մարդ
Աբրահամ. խոնարհ մարդ
Աբրահամ իր վրանին մէջ նստած՝ անոր շուքը կը վայելէ օրուան անտանելի տաք ատենը։ Մինչ դէպի հորիզոն կը նայի, ան կը նշմարէ երեք մարդիկ՝ որոնք շրջանը կ’այցելեն։ * Առանց տատամսելու, ան կը վազէ այցելուները դիմաւորելու, եւ զիրենք կը յորդորէ որ քիչ մը հանգստանան ու իր հիւրասիրութիւնը վայելեն։ Ան կ’առաջարկէ անոնց «պատառ մը հաց» տալ, բայց կը կարգադրէ փարթամ ճաշ մը,– նոր եփուած հաց, կարագ, կաթ եւ թարմ միս։ Իր այցելուներուն այս ճաշը հրամցնելով՝ Աբրահամ ոչ միայն ուշագրաւ հիւրասիրութիւն կը ցուցաբերէ, այլ նաեւ, ինչպէս որ պիտի տեսնենք, հարազատ խոնարհութիւն (Ծննդոց 18։1-8)։
Ի՞ՆՉ Է ԽՈՆԱՐՀՈՒԹԻՒՆԸ։ Խոնարհութիւնը հպարտութեան կամ յոխորտանքի հակառակն է։ Խոնարհ անձը կ’ընդունի, թէ ամէն անհատ զինք կերպով մը կը գերազանցէ (Փիլիպպեցիս 2։3)։ Ան ուրիշներուն թելադրութիւններուն մտիկ կ’ընէ, եւ պատրաստ է անոնց ի նպաստ աննշան պարտականութիւններ ընելու։
ԱԲՐԱՀԱՄ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԽՈՆԱՐՀՈՒԹԻՒՆ ՑՈՒՑԱԲԵՐԵՑ։ Աբրահամ ուրախութեամբ ուրիշներուն ծառայեց։ Ինչպէս որ բացումին մէջ նշուեցաւ, երբ Աբրահամ երեք մարդիկը նշմարեց, անմիջապէս սկսաւ անոնց կարիքները հոգալ։ Իր կինը՝ Սառա, արագօրէն սկսաւ ճաշ պատրաստել։ Բայց նկատի առ, թէ ո՛վ նաեւ գործին մեծ մասը կ’ընէր. Աբրահամ վազեց այցելուները դիմաւորելու, ի՛նք առաջարկեց ուտելիք հրամցնել, ի՛նք դէպի արջառները վազեց ու մորթուելու կենդանի մը ընտրեց, եւ ի՛նք պատրաստուած ճաշը այցելուներուն առջեւ դրաւ։ Փոխանակ ամէն ինչ իր ծառաներէն խնդրելու, այս խոնարհ մարդը անհրաժեշտ բաները ըրաւ։ Ան ուրիշներուն ծառայելը նուաստացուցիչ բան մը չնկատեց։
Աբրահամ իր հեղինակութեան տակ եղող անհատներու առաջարկներուն ականջ տուաւ։ Աստուածաշունչը միայն քիչ բան կը նշէ Աբրահամի ու Սառայի խօսակցութիւններուն մասին։ Այսուհանդերձ, երկու անգամ կը կարդանք թէ Աբրահամ Սառայի գաղափարներուն մտիկ Ծննդոց 16։2. 21։8-14)։ Այդ առիթներէն մէկուն մէջ, Սառային առաջարկը սկիզբը «Աբրահամին շատ դժուար երեւցաւ»։ Սակայն, երբ Եհովա Աբրահամի խօսեցաւ, արժեւորելով Սառայի առաջարկը որպէս լաւ գաղափար, Աբրահամ խոնարհաբար զիջեցաւ եւ առաջարկը ի գործ դրաւ։
ըրաւ եւ ատոնց համաձայն գործեց (Ի՞ՆՉ ԴԱՍԵՐ ԿԸ ՔԱՂԵՆՔ։ Եթէ իսկապէս խոնարհ ենք, ուրիշներուն ծառայելով ուրախ պիտի ըլլանք։ Ուրախութիւն պիտի գտնենք մեր ձեռքէն եկածը ընելով՝ ուրիշներուն կեանքը աւելի հանգստաւէտ դարձնելու համար։
Կրնանք նաեւ խոնարհութիւն ցուցաբերել, ուրիշներուն առաջարկներուն մեր ընդառաջելու կերպով։ Փոխանակ մերժելու գաղափար մը, պարզ այն պատճառով որ մեր մտքէն չանցաւ, կրնանք իմաստութեամբ ուրիշներուն առաջարկները ընդունիլ (Առակաց 15։22)։ Այսպիսի լայնախոհ կեցուածք մը, մասնաւորաբար որոշ չափով հեղինակութիւն ունեցողներուն կ’օգտէ։ Ճոն անունով փորձառու վերակացու մը կ’ըսէ. «Նկատած եմ թէ լաւ վերահսկիչ մը այնպիսի մթնոլորտ կը ստեղծէ, ուր անհատները արտայայտուելու ազատ կը զգան»։ Ան կ’աւելցնէ. «Խոնարհութիւն կը պահանջէ զատորոշելու որ վերակացութեանդ ներքեւ եղող անհատ մը կրնայ աւելի լաւ մեթոտներ ունենալ։ Սակայն դարձեալ, ո՛չ ոք,– ո՛չ իսկ տեսուչ մը,– լաւ գաղափարներու մենաշնորհեալ է»։
Երբ Աբրահամը կ’ընդօրինակենք՝ ուրիշներուն առաջարկներուն մտիկ ընելով եւ անոնց ի նպաստ աննշան պարտականութիւններ ընելով, Եհովայի հաճութիւնը կը շահինք։ Արդարեւ, «Աստուած ամբարտաւաններուն հակառակ կը կենայ, բայց խոնարհներուն շնորհք կու տայ» (Ա. Պետրոս 5։5)։
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 2 Թէեւ Աբրահամ սկիզբը չգիտակցեցաւ, այս այցելուները Աստուծոյ հրեշտակային պատգամաւորներ էին (Եբրայեցիս 13։2)։