Աստուած մեզ կը պատժէ՞
Աստուած մեզ կը պատժէ՞
Մարտ 2011–ին, 9,0 ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը եւ ցունամի մը Ճափոնը հարուածելէ ետք, ճափոնցի գլխաւոր քաղաքագէտ մը ըսաւ. «Թէեւ կը ցաւիմ աղէտեալներուն համար, սակայն կը խորհիմ թէ ատիկա թեմպադսու (աստուածային պատիժ) է»։
Յունուար 2010–ին, երբ երկրաշարժ մը Հայիթին հարուածելով՝ աւելի քան 220,000 մարդիկ սպաննեց, հեռատեսիլի կարկառուն քարոզիչ մը դաւանեցաւ, թէ անոնք «Բանսարկուին հետ դաշինք կնքած էին», եւ հարկ կար որ «Աստուծոյ դառնային»։
Երբ Ֆիլիփիններու Մանիլա քաղաքին մէջ, 79 անհատներ խուճապային փախուստի մը ընթացքին մահացան, կաթողիկէ վարդապետ մը ըսաւ. «Աստուած կ’ուզէ մեր մեռած եւ անտարբեր խղճմտանքը արթնցնել»։ Իսկ տեղական օրաթերթ մը տեղեկագրեց, թէ «Չափահասներէն 21 տոկոսը կը հաւատայ, թէ Աստուած իր բարկութիւնը կ’արձակէ հողավէժներու, փոթորիկներու եւ այլ աղէտներու միջոցաւ», որոնք յաճախ Ֆիլիփինները կը հարուածեն։
ԱՅՆ համոզումը, թէ Աստուած աղէտներ կը բերէ չար մարդիկը պատժելու համար, նոր չէ։ 1755–ին, Փորթուգալի Լիզպոն քաղաքին մէջ շուրջ 60,000 մարդիկ երկրաշարժով, կրակով եւ ցունամիով բնաջնջուելէ ետք, հանրածանօթ փիլիսոփայ Վոլթէր հարց տուաւ. «Ուրեմն, նուաստացած Լիզպոնին մէջ աւելի՞ արատ գտնուեցաւ քան՝ հեշտասիրական հաճոյքներով լի Փարիզին մէջ»։ Արդարեւ, միլիոնաւորներ հարց տուած են, թէ արդեօք Աստուած բնական աղէտներ կը գործածէ՛ մարդիկը պատժելու համար։ Իրականութեան մէջ, բազմաթիւ երկիրներու մէջ այսպիսի աղէտներ կը կոչուին Աստուծոյ գործը։
Այս բոլոր բաներուն ի տես, պէտք է հարց տանք. Աստուած իրապէս բնական աղէտներ գործածա՞ծ է մարդիկը պատժելու համար։ Վերջերս պատահած իրարայաջորդ աղէտալի իրադարձութիւնները, Աստուծոյ կողմէ պատի՞ժ են։
Աճապարանօք Աստուած մեղադրելով՝ ոմանք կը նշեն Աստուածաշունչի արձանագրութիւններ, ուր Աստուած բնական տարրերով կործանում բերաւ (Ծննդոց 7։17-22. 18։20. 19։24, 25. Թուոց 16։31-35)։ Սակայն, այս արձանագրութիւնները քննելը ցոյց կու տայ, թէ իւրաքանչիւր պարագային երեք գլխաւոր զատորոշիչ ազդակներ կան։ Առաջին, նախապէս ազդարարութիւն տրուեցաւ։ Երկրորդ, ի հակապատկեր այսօրուան բնական աղէտներուն, որոնք թէ՛ բարի մարդիկը եւ թէ չար մարդիկը կը սպաննեն, Աստուծոյ բերած կործանումը ընտրողական էր։ Միա՛յն անսրբագրելի չարերը կամ ազդարարութիւնները մերժողները բնաջնջուեցան։ Երրորդ, Աստուած անմեղ մարդոց համար փախչելու միջոց հայթայթեց (Ծննդոց 7։1, 23. 19։15-17. Թուոց 16։23-27)։
Ներկայիս, միլիոնաւոր մարդոց նեղութիւն պատճառող անհամար աղէտներուն մէջ ապացոյց չկայ, թէ ատոնց ետին Աստուած էր։ Լաւ, այսպիսի աղէտներու ակնյայտ յաւելումը ի՞նչ բանի արդիւնքն է։ Ինչպէ՞ս կրնանք ատոնց հետ գլուխ ելլել։ Եւ պիտի ըլլա՞յ ժամանակ մը՝ երբ այլեւս աղէտներ պիտի չըլլան։ Այս հարցումներուն պատասխանները յաջորդ յօդուածներուն մէջ պիտի գտնես։