Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ամուրիութեան եւ ամուսնութեան վերաբերեալ իմաստուն խրատներ

Ամուրիութեան եւ ամուսնութեան վերաբերեալ իմաստուն խրատներ

Ամուրիութեան եւ ամուսնութեան վերաբերեալ իմաստուն խրատներ

«Այս բանը ձեր օգտին համար կ’ըսեմ. . . պարկեշտութեան համար ու առանց զբաղումի Տէրոջը ծառայելու համար» (Ա. ԿՈՐ. 7։35

1, 2. Ամուրիութեան եւ ամուսնութեան վերաբերեալ աստուածաշնչական խրատներ փնտռելը ինչո՞ւ անհրաժեշտ է։

ՀԱԿԱՌԱԿ սեռի հետ գործակցիլը կեանքի երեսակներէն մէկն է, որ կը պատճառէ հրճուանք, յուսախաբութիւն կամ մտահոգութիւն։ Այսպիսի զգացումներու հետ ազդուօրէն վարուելու կարիքը բաւարար պատճառ կու տայ՝ աստուածային ուղղութիւն փնտռելու, բայց ուրիշ շարժառիթներ ալ կան։ Իր ամուրի վիճակէն գոհ եղող քրիստոնեայ մը թերեւս զգայ, թէ իր ընտանիքը կամ բարեկամները իր վրայ ճնշում կը բանեցնեն որ ամուսնանայ։ Իսկ ամուսնանալ փափաքող քրիստոնեայ մը թերեւս տակաւին յարմար կողակից մը չէ գտած։ Ոմանք ամուսին մը կամ կին մը ըլլալու պատասխանատուութիւններուն պատրաստուելու կերպին առնչութեամբ, ուղղութեան կարիք ունին։ Ասկէ զատ, թէ՛ ամուրի եւ թէ ամուսնացած քրիստոնեաներ սեռային բարոյականութեան վերաբերեալ փորձութիւններ կը դիմագրաւեն։

2 Մեր անձնական ուրախութեան կողքին, այս հարցերը Եհովա Աստուծոյ հետ մեր փոխյարաբերութեան կ’ազդեն։ Կորնթացիներուն ուղղած իր առաջին նամակին 7–րդ գլուխին մէջ, Պօղոս ամուրիութեան եւ ամուսնութեան մասին ուղղութիւններ տուաւ։ Իր նպատակն էր ընթերցողները մղել, որ ‘պարկեշտութեամբ ու առանց զբաղումի Տէրոջը ծառայեն’ (Ա. Կոր. 7։35)։ Ըլլաս ամուրի՛ թէ ամուսնացած, մինչ այս կարեւոր հարցերու մասին իր խրատը նկատի կ’առնես, փորձէ քու պարագադ կերպ մը սեպել՝ Եհովային աւելի լիակատար կերպով ծառայելու։

Անձնական ծանրակշիռ որոշում մը

3, 4. ա) Երբ ոմանք չամուսնացած բարեկամի մը կամ ազգականի մը համար չափազանց հետաքրքրուին, երբեմն ինչպէ՞ս կրնան դժուարութիւններ ծագիլ։ բ) Պօղոսի խրատը ինչպէ՞ս պէտք է օգնէ անհատի մը, որ ամուսնութեան նկատմամբ հաւասարակշռուած տեսակէտ մը ունենայ։

3 Առաջին դարու հրէական մշակոյթին պէս, ներկայիս բազմաթիւ մշակոյթներ ամուսնութեան վրայ շեշտ կը դնեն։ Եթէ երիտասարդ մը կամ երիտասարդուհի մը որոշ տարիքէ ետք դեռ ամուրի է, հետաքրքրուող բարեկամներն ու ազգականները թերեւս մղուին իրեն կարգ մը խրատներ տալու։ Խօսակցութեան մէջ, անոնք թերեւս առաջարկեն, որ աւելի աշխուժօրէն կողակից մը փնտռէ։ Անոնք հակառակ սեռի պատկանող յարմար անհատի մը առնչութեամբ, թերեւս ակնարկներ ընեն, կամ նոյնիսկ խորամանկութեամբ կարգադրեն, որ երկու ամուրիներ իրարու հանդիպին։ Բայց այս արարքներով, անոնք երբեմն կրնան խնդրոյ առարկայ անհատները նեղ կացութեան մատնել, վիրաւորել եւ բարեկամութիւններ քայքայել։

4 Ամուսնանալու կամ ամուրի մնալու առնչութեամբ, Պօղոս բնաւ ուրիշներու վրայ ճնշում չբանեցուց (Ա. Կոր. 7։7)։ Առանց կողակից ունենալու, ան Եհովային ծառայելով գոհ էր. սակայն, ան ամուսնութիւնը վայելելու ուրիշներու իրաւունքը յարգեց։ Ներկայիս ալ քրիստոնեաներ իրաւունք ունին իրենք իրենց որոշելու, թէ պիտի ամուսնանան կամ ոչ։ Այս հարցին մէջ, ուրիշներ պէտք չէ իրենց վրայ ճնշում բանեցնեն։

Ամուրիութեան մէջ յաջողութիւն գտնել

5, 6. Պօղոս ինչո՞ւ ամուրիութիւնը յանձնարարեց։

5 Կորնթացիներուն ուղղուած Պօղոսի խօսքերուն յատկանշական մէկ երեսակն է՝ ամուրիութեան նկատմամբ իր դրական կեցուածքը (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 7։8Թէեւ չէր ամուսնացած, Պօղոս ինքզինք ամուսնացողներէն բարձր չդասեց՝ ինչպէս որ քրիստոնեայ աշխարհի ամուրի կղերները կ’ընեն։ Փոխարէն, առաքեալը ընդգծեց առաւելութիւն մը, որ բարի լուրի ամուրի քարոզիչներէն շատեր կը վայելեն։ Ի՞նչ է այդ առաւելութիւնը։

6 Ամուրի քրիստոնեան Եհովայի ծառայութեան մէջ յաճախ կրնայ ընդունիլ այնպիսի նշանակումներ, որոնք կրնան ամուսնացած անհատին համար դժուար ըլլալ։ Պօղոս մասնաւոր առանձնաշնորհում մը ստացաւ, «հեթանոսներուն առաքեալ» դառնալով (Հռով. 11։13)։ Գործք Առաքելոցի 13–էն 20–րդ գլուխները կարդա՛ եւ տե՛ս թէ ինք եւ իր ընկեր միսիոնարները ինչպէ՛ս նոր շրջաններու մէջ քարոզեցին եւ բազմաթիւ ժողովքներ հաստատեցին։ Իր ծառայութեան մէջ, Պօղոս տոկաց շատ մը դժուարութիւններու, որոնք ներկայիս քիչեր պիտի դիմագրաւեն (Բ. Կոր. 11։23-27, 32, 33)։ Բայց աշակերտներ դառնալու մէջ ուրիշներուն օգնելու սիրոյն, ան յօժարեցաւ տոկալ այս դժուարութիւններուն, եւ ասիկա իրեն մեծ ուրախութիւն պատճառեց (Ա. Թես. 1։2-7, 9. 2։19)։ Ան պիտի կարենա՞ր իր բոլո՜ր ըրածները իրագործել, եթէ ամուսնացած կամ ընտանիքի տէր մէկը ըլլար։ Հաւանաբար ո՛չ։

7. Օրինակ մը տո՛ւր, ուր չամուսնացած վկաներ իրենց կացութիւնը օգտագործելով՝ Թագաւորութեան շահերը յառաջ տարած են։

7 Չամուսնացած քրիստոնեաներէն շատեր իրենց ներկայ կացութիւնը օգտագործելով, Թագաւորութեան ի նպաստ բազմաթիւ բաներ կ’իրագործեն։ Պոլիվիոյ մէջ ապրող Սառա եւ Լիմպանիա անունով ամուրի ռահվիրաներ փոխադրուեցան գիւղ մը, ուր տարիներէ ի վեր մարդոց վկայութիւն չէր տրուած։ Ելեկտրականութիւն չըլլալը իրենց համար խնդիր պիտի ըլլա՞ր։ Անոնք տեղեկագրեցին. «Քանի որ ռատիօ կամ հեռատեսիլ չկայ, մարդիկ տակաւին վարժուած են առաջուան պէս գիրք կարդալուն»։ Գիւղացիներէն ոմանք այս ռահվիրաներուն ցոյց տուին Եհովայի վկաներու կարգ մը հի՜ն հրատարակութիւններ, որոնք տակաւին կը կարդային։ Որո՛վհետեւ գրեթէ ամէն տան մէջ հետաքրքրուող կ’ըլլար, երկա՜ր ժամանակ առաւ մինչեւ որ քոյրերը թաղամասը վերջացուցին։ Պառաւ կին մը անոնց ըսաւ. «Վերջը մօտեցած ըլլալու է, քանի որ Եհովայի վկաները վե՛րջապէս մեզի հասան»։ Շատ չանցած, այդ գիւղացիներէն ոմանք սկսան ժողովներու ներկայ գտնուիլ։

8, 9. ա) Պօղոս ի՞նչ ի մտի ունէր, երբ ամուրիութիւնը լաւ բան մը սեպեց։ բ) Չամուսնացած քրիստոնեաները ի՞նչ առաւելութիւններ ունին։

8 Շիտակ է որ ամուսնացած քրիստոնեաներն ալ լաւ արդիւնքներ կը քաղեն, մինչ բարի լուրը դժուար թաղամասերու մէջ կը քարոզեն. սակայն՝ կան որոշ նշանակումներ, որոնք թերեւս ամուրի ռահվիրաները աւելի դիւրութեամբ կրնան կատարել, քան՝ ամուսնացածները կամ զաւակներ ունեցողները։ Երբ ժողովքներուն կը գրէր, Պօղոս գիտէր թէ բարի լուրը տարածելուն մէջ տակաւին շա՜տ գործ կար։ Ան ուզեց որ բոլորը իրեն պէս երջանիկ ըլլային։ Այդ պատճառով, ան նշեց թէ որպէս ամուրի Եհովային ծառայելը լաւ բան մըն էր։

9 Միացեալ Նահանգներու մէջ, ամուրի ռահվիրայ քոյր մը գրեց. «Ոմանք կը հաւատան թէ չամուսնացած անհատի մը համար երջանկութիւնը անհասանելի է։ Սակայն ես հասկցած եմ, թէ մնայուն ուրախութիւնը Եհովայի հետ բարեկամանալէ՛ն կախեալ է։ Անձնազոհութիւն ըլլալով հանդերձ, ամուրիութիւնը հիանալի պարգեւ մըն է, եթէ անկէ օգտուիս»։ Ուրախութիւն գտնելու առնչութեամբ, ան գրեց. «Ամուրիութիւնը ուրախութեան թափ կու տայ, եւ ոչ թէ կ’արգիլէ զայն։ Գիտե՛մ թէ Եհովան իր գորովը ցոյց կու տայ ամէնուն, ըլլա՛ն ամուրի թէ ամուսնացած»։ Այժմ, ան ուրախութեամբ կը ծառայէ երկրի մը մէջ, ուր Թագաւորութեան հրատարակիչներու աւելի մեծ կարիք կայ։ Եթէ ամուրի մըն ես, ճշմարտութիւնը ուրիշներուն սորվեցնելուն մէջ կրնա՞ս մասնակցութիւնդ աւելցնել՝ ազատութենէդ օգտուելով։ Թերեւս դուն ալ տեսնես, թէ ամուրիութիւնը Եհովայի կողմէ անգին պարգեւ մըն է։

Ամուրիներ, որոնք կ’ուզեն ամուսնանալ

10, 11. Եհովան ինչպէ՞ս կ’աջակցի անո՛նց, որոնք կը յուսան ամուսնանալ, բայց տակաւին յարմար կողակից մը չեն գտած։

10 Որոշ ժամանակ մը ամուրի մնալէ ետք, Եհովայի հաւատարիմ ծառաներէն շատեր կ’որոշեն կողակից մը փնտռել։ Ուղղութիւն ստանալու կարիքին գիտակցելով, անոնք յարմար լծակից մը գտնելու համար Եհովայէն օգնութիւն կը խնդրեն (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 7։36

11 Եթէ կը յուսաս ամուսնանալ անձի մը հետ, որ կը փափաքի քեզի պէս ամբողջ անձով Եհովային ծառայել, աղօթքիդ մէջ այս հարցը միշտ յիշէ (Փլպ. 4։6, 7)։ Առանց հաշուի առնելու թէ ո՛րքան երկար պիտի սպասես, մի՛ յուսահատիր։ Օգնականիդ՝ մեր սիրալիր Աստուծոյն վստահէ՛ եւ ան քու կարիքիդ համաձայն՝ զգացական գետնի վրայ քեզի պիտի աջակցի (Եբ. 13։6

12. Քրիստոնեայ մը ինչո՞ւ ուշադրութեամբ պէտք է կշռադատէ իրեն տրուած ամուսնութեան առաջարկը։

12 Ամուսնանալ փափաքող ամուրի քրիստոնեայ մը թերեւս ամուսնութեան առաջարկ մը ստանայ հոգեւորապէս տկար կամ նոյնիսկ անհաւատ անձէ մը։ Եթէ քեզի այդպիսի բան մը պատահի, յիշէ՛ թէ սխալ ընտրութիւն կատարելէն յառաջ եկած սրտի ցաւը կրնայ շա՜տ աւելի խիստ ըլլալ, քան՝ ամուրիութեան պատճառած մինակութեան զգացումը։ Եւ անգամ մը որ ամուսնացար, ցկեանս կապուած կ’ըլլաս քու կողակիցիդ (Ա. Կոր. 7։27)։ Յուսահատութենէ մղուելով՝ ամուսնանալու որոշում մը մի՛ կայացներ, որմէ ետք պիտի զղջաս (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 7։39

Ամուսնութեան իրողութիւններուն պատրաստուէ՛

13-15. Սիրատածութեան ընթացքին, զոյգ մը ամուսնական նեղութեան ի՞նչ հաւանական աղբիւրներու մասին պէտք է քննարկէ։

13 Թէեւ Պօղոս յանձնարարեց Եհովային ծառայել որպէս ամուրի, սակայն՝ ան ցած աչքով չնայեցաւ անոնց, որոնք որոշեցին ամուսնանալ։ Փոխարէն, իր ներշնչեալ խրատը զոյգերուն կ’օգնէ որ ամուսնական կեանքին իրողութիւնները դիմագրաւեն եւ իրենց կապը մնայուն դարձնեն։

14 Կարգ մը զոյգեր ապագային նկատմամբ իրենց ակնկալութիւնները պէտք է ճշդեն։ Սիրատածութեան ժամանակ, անոնք թերեւս խորհին թէ իրենց սէրը իւրայատուկ եւ արտասովոր է, ամուսնական երջանկութիւն երաշխաւորելով։ Անոնք երազային զգացումներով կ’ամուսնանան եւ կը հաւատան թէ ոչի՛նչ կրնայ իրենց ուրախութիւնը քանդել։ Սակայն ասիկա անիրապաշտ մտածելակերպ մըն է։ Շիտակ է որ ամուսնական կեանքի ռոմանթիկ երեսակները հաճելի են, բայց հարսն ու փեսան միայն ատոնցմով չեն կրնար դիմագրաւել այն նեղութիւնը, որ յառաջ կու գայ իւրաքանչիւր ամուսնութեան հետ (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 7։28 *

15 Նոր ամուսնացած անհատներէն շատեր կը զարմանան, նոյնիսկ յուսախաբութեան կը մատնուին, երբ իրենց կողակիցը կարեւոր հարցերու մէջ տարակարծիք կ’ըլլայ։ Կրնայ ըլլալ որ անոնց միջեւ անհամաձայնութիւններ ծագին դրամի եւ ժամանցի առնչութեամբ, կամ թէ ո՛ւր պիտի ապրին եւ ո՛րքան յաճախ պիտի այցելեն խնամիներուն։ Ասկէ զատ, իւրաքանչիւրը ունի անձնաւորութեան թերութիւններ, որոնք կրնան կողակիցը ջղայնացնել։ Սիրատածութեան ընթացքին, այսպիսի հարցերու կարեւորութիւնը թեթեւի առնելը դիւրին է, բայց ասոնք կրնան ամուսնութեան մէջ լարուածութիւններ ստեղծել։ Ուստի լաւ կ’ըլլայ որ ամուսնանալէ առաջ, զոյգ մը լուծէ մտահոգութեան այս երեսակները։

16. Ամուսնական կեանքի մարտահրաւէրները դիմագրաւելու կերպին առնչութեամբ, զոյգ մը ինչո՞ւ պէտք է համամիտ ըլլայ։

16 Յաջողակ եւ երջանիկ ըլլալու համար, հարկ է որ զոյգ մը մարտահրաւէրները միաբանութեամբ դիմագրաւէ։ Իրենց զաւակներու դաստիարակութեան եւ տարիքաւոր ծնողներու հոգատարութեան առնչութեամբ, անոնք պէտք է համամիտ ըլլան։ Ընտանեկան դժուարութիւններու պատճառած ճնշումը պէտք չէ զիրենք իրարմէ անջատէ։ Աստուածաշնչական խրատները կիրարկելով, անոնք բազմաթիւ խնդիրներ պիտի լուծեն, մնացած խնդիրներուն պիտի տոկան եւ միասնաբար երջանիկ պիտի մնան (Ա. Կոր. 7։10, 11

17. Զոյգ մը ինչո՞ւ «աշխարհիս բաներով մտահոգ» կ’ըլլայ։

17 Պօղոս ամուսնական ուրիշ իրողութիւն մըն ալ կը յիշէ Ա. Կորնթացիս 7։32-34–ի մէջ (կարդա՛)։ Ամուսնացածները հարկադրուած են «աշխարհիս բաներով մտահոգ» ըլլալ, ինչպէս՝ ուտելիք, հագուստ, պատսպարան եւ ուրիշ ոչ–հոգեւոր հարցեր։ Ինչո՞ւ։ Ամուրի եղած ատեն, եղբայր մը թերեւս իր ամբողջ անձը կը տրամադրէր ծառայութեան մէջ։ Բայց որպէս ամուսին, ան կը գիտակցի, թէ հարկ է որ իր ժամանակէն ու կորովէն որոշ մաս մը տրամադրէ՝ իր կնոջ հոգ տանելու համար, եւ այսպիսով անոր հաւանութիւնը շահի։ Իր ամուսինին հանդէպ կնոջ պարագան ալ նոյնն է։ Իմաստութեան աղբիւրը՝ Եհովան, այս կարիքին կը գիտակցի։ Ան գիտէ թէ ամուսին մը եւ կին մը չեն կրնար ամուրի եղած ատենուան պէս իրեն ծառայել, եւ թէ հարկ է որ այդ ժամանակէն ու կորովէն մաս մը իրարու տրամադրեն, որպէսզի իրենց ամուսնութիւնը զօրացնեն։

18. Զբօսանքի եւ այլ գործունէութիւններու առնչութեամբ, ամուսնութենէ ետք ոմանք թերեւս ի՞նչ ճշդումներ ստիպուին ընել։

18 Եթէ ամոլներ Աստուծոյ ծառայութեան իրենց տրամադրած ժամանակէն ու կորովէն մաս մը պէտք է յատկացնեն իրարու հոգ տանելու, հապա ի՞նչ ըսել այն ժամանակին մասին, որ կը տրամադրէին զբօսանքին եւ այլ գործունէութիւններու, մինչ ամուրի էին։ Եթէ ամուսինը շարունակէ իր ընկերներուն հետ երկար ժամանակ մարզախաղի մասնակցիլ, ասիկա ի՞նչ ազդեցութիւն պիտի ձգէ կնոջ վրայ։ Իսկ եթէ կինը շարունակէ իր ընկերուհիներուն հետ զանազան զբաղումներով շատ ժամանակ անցընել, ամուսինը ի՞նչ պիտի զգայ։ Անտեսուած կողակիցը կրնայ շուտով մինակ, ապերջանիկ եւ չսիրուած զգալ։ Ասկէ խուսափիլը կարելի է, եթէ ամուսնացողները իրենց ամէն կարելին կ’ընեն, որ իբրեւ այր ու կին՝ իրենց կապը ամրացնեն (Եփ. 5։31

Եհովա բարոյական մաքրութիւն կը պահանջէ

19, 20. ա) Ամուսնանալը ինչո՞ւ չի նշանակեր անբարոյութեան ծուղակէն զերծ ըլլալ։ բ) Եթէ ամոլներ երկար ժամանակ իրարմէ անջատուած ըլլան, ի՞նչ վտանգ կրնայ ծագիլ։

19 Եհովայի ծառաները վճռած են բարոյապէս անարատ մնալ։ Ոմանք կ’որոշեն ամուսնանալ, որպէսզի այս մարզին մէջ խնդիրներէ խոյս տան։ Սակայն ամուսնութիւնը ինքնաբերաբար պաշտպանութիւն չի հանդիսանար սեռային անմաքրութեան դէմ։ Աստուածաշնչական ժամանակներուն, պարսպապատ քաղաքը կը պաշտպանէր մարդիկը, միա՛յն երբ անոնք պարիսպներէն ներս մնային։ Եթէ աւազակներու եւ ոճրագործներու ներկայութեան, մէկը քաղաքէն դուրս ելլէր, կրնար կողոպտուիլ կամ սպաննուիլ։ Նմանապէս, ամուսնացածները անբարոյութենէն կը պաշտպանուին, միա՛յն եթէ մնան այն սեռային սահմաններէն ներս, որոնք ամուսնութեան Հիմնադիրը հաստատած է։

20 Պօղոս այդ սահմանները նկարագրեց Ա. Կորնթացիս 7։2-5–ի մէջ։ Միայն ամուսինը իրաւունք ունի իր կնոջ հետ սեռային յարաբերութիւններ ունենալ. նմանապէս, միայն կինը իրաւունք ունի իր ամուսինին հետ սեռային յարաբերութիւններ ունենալ։ Երկուքէն ալ պահանջուած է որ իրարու վճարեն ամուսնական «պարտքը» կամ սեռային յարաբերութիւնները։ Սակայն, կարգ մը ամուսիններ եւ կիներ անջատաբար երկար ժամանակներ կ’անցընեն, զոր օրինակ՝ իւրաքանչիւրը զատ արձակուրդներ կ’առնէ կամ գործի բերումով կողակիցէն հեռու կ’ըլլայ, այդ «պարտքը» իրարմէ զրկելով։ Երեւակայէ այն ողբերգութիւնը, եթէ «անժուժկալութեան» պատճառով մէկը սատանայական ճնշումին տեղի տայ եւ շնութիւն գործէ։ Եհովան կ’օրհնէ ա՛յն ընտանիքի գլուխները, որոնք իրենց տան անդամներուն հոգ կը տանին առա՛նց իրենց ամուսնութիւնը վտանգելու (Սաղ. 37։25

Աստուածաշնչական խրատները մտիկ ընելու օգուտներ

21. ա) Ամուրիութեան եւ ամուսնութեան վերաբերեալ որոշումներ կայացնելը ինչո՞ւ դժուար է։ բ) Ա. Կորնթացիս 7–րդ գլուխի մէջ նշուած խրատները ինչո՞ւ օգտակար են։

21 Ամուրիութեան եւ ամուսնութեան վերաբերեալ որոշումներ կայացնելը ամէնէն դժուար բաներէն մէկն է։ Մարդոց փոխյարաբերութիւններու մէջ ծագած խնդիրներու մեծամասնութեան պատճառը՝ անկատարութիւնը, առկայ է իւրաքանչիւր անհատի մէջ։ Հետեւաբար, նոյնիսկ Եհովայի հաճութիւնն ու օրհնութիւնը վայելողները չեն կրնար ամբողջովին փախչիլ յուսախաբութենէ, ըլլա՛ն ամուրի թէ ամուսնացած։ Եթէ Ա. Կորնթացիս 7–րդ գլուխի մէջ նշուած իմաստուն խրատները կիրարկես, կրնաս այս խնդիրները նուազագոյնի իջեցնել։ Եհովայի աչքին «աղէկ» պիտի ընես, ըլլաս ամուրի՛ թէ ամուսնացած (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 7։37, 38Աստուծոյ հաւանութիւնը ունենալը մեծագոյն նպատակակէտն է, որուն կրնաս հասնիլ։ Իր շնորհքով, պիտի շարունակես յառաջ ընթանալ դէպի կեանք, իր նոր աշխարհին մէջ։ Հոն, տղամարդոց եւ կիներու միջեւ եղող փոխյարաբերութիւնները այսօրուան լայնատարած ճնշումներէն զերծ պիտի ըլլան։

[Ստորանիշ]

Կրնա՞ս պատասխանել

• Ամուսնանալու առնչութեամբ, ինչո՞ւ մէ՛կը պէտք չէ ուրիշի վրայ ճնշում բանեցնէ։

• Որպէս Եհովայի ամուրի ծառայ, ինչպէ՞ս կրնաս ժամանակդ լաւագոյն կերպով գործածել։

• Սիրատածող զոյգ մը ինչպէ՞ս կրնայ պատրաստուիլ ամուսնական մարտահրաւէրներուն։

• Ամուսնութիւնը ինչո՞ւ ինքնաբերաբար պաշտպանութիւն չի հանդիսանար սեռային անբարոյութեան դէմ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 16]

Չամուսնացած քրիստոնեաներ կ’ուրախանան, երբ իրենց ժամանակը կը գործածեն՝ իրենց ծառայութիւնը ընդարձակելու

[Նկար՝ էջ 18]

Ամուսնութենէ ետք, ոմանք թերեւս ի՞նչ ճշդումներ ստիպուին ընել