Իմաստալից կեանք հիմա ե՛ւ յաւիտեան
Իմաստալից կեանք հիմա ե՛ւ յաւիտեան
ՆՈՅՆԻՍԿ հիմա, կեանքդ իմաստալից կրնայ ըլլալ։ Ինչպէ՞ս։ Աստուծոյ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին ողջամիտ սկզբունքներուն հետեւելով։ Քննարկենք կարգ մը սկզբունքներ։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Մարդս ուտելէն ու խմելէն եւ իր աշխատանքովը իր հոգին զուարճացնելէ աւելի լաւ բան չունի» (ԺՈՂՈՎՈՂ 2։24)։
Մենք այնպէս մը ստեղծուած ենք, որ օգտակար աշխատանքէ գոհունակութիւն գտնենք։ Նոյնիսկ ամէնէն դժուար պարագաներուն ներքեւ, ժրաջանօրէն եւ անկեղծօրէն աշխատելով՝ այսօր կրնաս կեանքին մէջ որոշ չափով գոհունակութիւն ունենալ։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը» (ԳՈՐԾՔ 20։35)։
Շատեր նկատած են, թէ ուրիշներուն համար բաներ ընելը,– իրենց ժամանակն ու կորովը տրամադրելը՝ ուրիշներուն օգնելու համար դժուար ժամանակներու մէջ, զոր օրինակ,– չափազանց վարձահատոյց եղած է եւ իրենց կեանքին իսկական իմաստ տուած է։ Սողոմոն գրեց. «Երբ ձեռքէդ աղէկութիւն ընել կու գայ, կարօտ եղողէն մի՛ խնայեր զանիկա» (Առակաց 3։27)։
Նկատի առ Ռալֆի օրինակը։ Հանգստեան կոչուելէ ետք, ան իր կնոջ միացաւ քրիստոնէական լիաժամ ծառայութեան մէջ։ Անոնք իւրաքանչիւր ամիս ժամե՜ր կը
տրամադրեն ծառայութեան մէջ, որպէսզի ուրիշներուն սորվեցնեն Աստուածաշունչը։ Ռալֆ կ’ըսէ. «Երբ իրիկունը տուն կը վերադառնանք, յոգնած կ’ըլլանք ոչ միայն ծերութեան պատճառաւ, այլ՝ քանի որ մեր ամբողջ կարողութեամբ մեր երկնաւոր Հօր կը ծառայենք. . . ասիկա լաւ տեսակի յոգնութիւն է»։ Ռալֆն ու իր կինը ուրախ են, քանի որ իրենց կեանքը տալու վրայ կեդրոնացած է։ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Իսկական ընկերը ամէն ժամանակ կը սիրէ. ան եղբայր է՝ նեղ օրուան համար ծնած» (ԱՌԱԿԱՑ 17։17, ՆԱ)։
Խնդիրներուն տոկալը աւելի դիւրին է, երբ մինակ չես։ Անգլիացի ճառագիր՝ Ֆրէնսիս Պէյգըն գրեց թէ «աշխարհը անապատ մըն է» անոնց համար, որոնք իսկական բարեկամներ չունին։ Իսկական ընկերներ ունենալը,– եւ լաւ ընկեր ըլլալը,– կեանքը աւելի տանելի կը դարձնէ քեզի համար. ատիկա աւելի գեղեցիկ եւ գոհացուցիչ կրնայ ըլլալ։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Երջանիկ են անոնք, որոնք գիտակից են իրենց հոգեւոր կարիքներուն» (ՄԱՏԹԷՈՍ 5։3, ՆԱ)։
Աստուծոյ խոստումներուն իրագործումը վայելելու համար, Յիսուս կենսական պահանջ մը բնորոշեց. «հոգեւոր կարիքներ»ը զատորոշել եւ զանոնք լեցնել։ Ի տարբերութիւն անասուններու, կեանքի իմաստն ու նպատակը հասկնալու բնածին կարիք ունինք։ Միայն Եհովա Աստուած այդ կարիքը կրնայ գոհացնել, եւ ասիկա կ’ընէ իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին միջոցով։ Ինչպէս նախորդ յօդուածին մէջ տեսանք, Աստուածաշունչը երկրագունդին նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը կը յայտնէ։ Ատիկա կ’ըսէ թէ մենք ինչո՛ւ հոս ենք, ինչո՛ւ այսքան տառապանք կայ, եւ Աստուած մեզմէ ի՛նչ կ’ակնկալէ։ Այսպիսի աստուածաշնչական ճշմարտութիւններ հասկնալը կարեւոր է իմաստալից եւ գոհացուցիչ կեանք մը վարելու համար։ Անոնք որոնք Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու համար ժամանակ կը յատկացնեն եւ իրենց սորվածները կը կիրարկեն, ուրա՛խ են։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ այսպիսով անոնք Ստեղծիչին՝ «երանելի Աստուծոյ» հետ վստահելի փոխյարաբերութիւն մը կը կերտեն (Ա. Տիմոթէոս 1։11)։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Քու Ստեղծիչդ. . . յիշէ, դեռ թշուառութեան օրերը չեկած ու այն տարիները չհասած, որոնց մէջ պիտի ըսես՝ ‘Անոնց չեմ հաւնիր’» (ԺՈՂՈՎՈՂ 12։1)։
Բոլորի՛ս համար կարեւոր է Սողոմոն թագաւորի տուած խրատը երիտասարդներուն, որոնք որոշ ատեն մը չեն զատորոշեր կեանքին ողբերգութիւնները։ Ստեղծիչդ կեանքիդ կորիզը դարձուր։ Ասիկա՛ կեանքդ իսկապէս նպատակալից պիտի դարձնէ։ Մերժէ՛ սա կեցուածքը. «Ուտենք ու խմենք, վասն զի վաղը պիտի մեռնինք» (Ա. Կորնթացիս 15։32)։ Եթէ Աստուած առաջին տեղը դասես, Ժողովող 8։12–ը (ԱԾ) կ’ըսէ թէ ‘բարօրութիւն պիտի ունենաս’։
Ուինտի ասիկա շիտակ գտաւ։ Երբ պատանուհի էր, ինք եւ իր քոյրը սպաներէն սորվեցան, որպէսզի կարենան Տոմինիքեան Հանրապետութիւն փոխադրուիլ, ուր Աստուածաշունչի բարի լուրի քարոզիչներու աւելի մեծ կարիք կար։ «Շատ զոհողութիւններ ըրինք, որպէսզի ծառայենք հո՛ն՝ ուր կարիք կար, բայց հոյակապ ժամանակ անցուցինք։ Այդ վեց ամիսները որեւէ բանով պիտի չփոխարինէի։ Մեր ստացած օրհնութիւնները գերազանցեցի՛ն զոհողութիւնները»։
Աստուծոյ հանդէպ հաւատարմութիւնը՝ կեանքը իմաստալից կը դարձնէ
Եհովայի հետ լաւ փոխյարաբերութիւն կերտելը կրնայ կեանքդ շատ մասնայատուկ կերպով իմաստալից դարձնել։ Ինչպէ՞ս։ Սատանան ոչ միայն Ադամն ու Եւան Աստուծոյ իշխանութեան դէմ ըմբոստանալու առաջնորդեց, այլ նաեւ հասկցուց, թէ փորձի տակ ո՛չ ոք Աստուծոյ հաւատարիմ պիտի մնար (Յոբ 1։9-11. 2։4)։ Կրնա՛ս Սատանան սուտ հանել՝ Աստուծոյ հաւատարիմ մնալով, Իր սկզբունքներուն կառչելով, եւ ցոյց տալով թէ կը գիտակցիս բարին ու չարը որոշելու Աստուծոյ բացարձակ իրաւունքին (Յայտնութիւն 4։10բ)։
Ուղիղ ընթացքի մը հետամուտ ըլլալու համար, թերեւս ստիպուինք դժուարութիւններու տոկալ։ Արդեօք այդ դժուարութիւնները մեզմէ պիտի խլե՞ն իմաստալից կեանքը։ Լաւ, պատկերացուր թէ կատաղի թշնամի մը կը զրպարտէ սիրելի բարեկամ մը կամ ընտանիքի անդամ մը։ Եթէ այդ սիրելի անհատին անունը պաշտպանելը պատճառ ըլլայ որ այս թշնամիին ձեռքով դժուարութիւններու մատնուինք, արդեօք մեր կեանքը իմաստալից ըլլալէ կը դադրի՞։ Անշուշտ ո՛չ։ Այսպիսի հարցի մը համար, ուրախութեամբ նեղութեան կը տոկանք։ Նոյնն է պարագան Աստուծոյ հաւատարիմ մնալուն։ Ներկայ չար պայմաններուն ներքեւ մեր հաւատարմութիւնը իսկապէս Աստուծոյ սիրտը կ’ուրախացնէ (Առակաց 27։11)։
Իմաստալից կեանք. յաւիտեա՛ն
Ուստի նպատակակէտ դի՛ր՝ կրցածիդ չափ Աստուծոյ եւ իր նպատակին մասին սորվիլ։ Յիսուս Քրիստոս ինք ըսաւ. «Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ ու Յիսուս Քրիստոսը, որ դուն ղրկեցիր» (Յովհաննէս 17։3)։ Երբ Աստուած երկրագունդի նկատմամբ իր սկզբնական նպատակը իրագործէ, հաւատարիմ մարդիկ պիտի վայելեն այն ինչ որ իրենց համար սկիզբէն նպատակադրած էր,– «յաւիտենական կեանք» դրախտային երկրի վրայ։ Այսպէս կեանքը ի՛րապէս իմաստալից եւ գոհացուցիչ պիտի ըլլայ (Սաղմոս 145։16)։
Ո՞ւր կրնաս գտնել Յիսուսի նշած գիտութիւնը։ Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին մէջ։ Այս առնչութեամբ եթէ կը փափաքիս օգնութիւն ստանալ, կրնաս այս պարբերաթերթին հրատարակիչներուն գրել։ Անոնք ուրախութեամբ պիտի կարգադրեն որ անհատ մը քեզի օգնէ, որ ուսումնասիրես թէ Աստուածաշունչը իրապէս ի՛նչ կը սորվեցնէ։