Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Պատրա՛ստ կեցիր

Պատրա՛ստ կեցիր

Պատրա՛ստ կեցիր

«Պատրաստ կեցէք, քանզի Որդին մարդոյ պիտի գայ այնպիսի ժամու մը որ դուք չէք կարծեր» (ՄԱՏ. 24։44

1, 2. ա) Աստուածաշնչական մարգարէութեան մէջ նախագուշակուած ի՞նչ դէպքեր կրնան բաղդատուիլ վագրի մը յարձակումին հետ։ բ) Գալիք յարձակումը ինչպէ՞ս կ’ազդէ քեզի։

Երկար տարիներ, հռչակաւոր մարզիչ մը հանդիսատեսները զուարճացուց՝ իր մարզուած պենկալական վագրերը խաղաղօրէն խաղցնելով։ Ան ըսաւ. «Երբ կենդանի մը քեզի իր վստահութիւնը տայ, այնպէս մը կը զգաս թէ աշխարհի ամենագեղեցիկ պարգեւը տրուած է քեզի»։ Բայց 3 հոկտեմբեր 2003–ին, այդ վստահութիւնը վերջ գտաւ։ Առանց բացայայտ պատճառի, անոր կենդանիներէն մէկը, 172 քիլոկրամ կշռող ճերմակ վագր մը, իր վրայ յարձակեցաւ։ Յարձակումը բոլորովին անսպասելի էր ու մարզիչը պատրաստուած չէր։

2 Հետաքրքրական է նշմարել, թէ Աստուածաշունչը «գազան»ի մը յարձակումը կը նախագուշակէ, եւ հարկ է որ պատրաստ ըլլանք (կարդա՛ Յայտնութիւն 17։15-18Այս գազանը որո՞ւ վրայ կը յարձակի։ Դէպքերու ապշեցուցիչ դարձակէտով, Բանսարկուի աշխարհը կը բաժնուի։ Կարմիր գազանը կը ներկայացնէ Միացեալ ազգերը, իսկ «տասը եղջիւրները» կը պատկերացնեն բոլոր քաղաքական ուժերը։ Ասոնք պիտի յարձակին պոռնկանման Մեծ Բաբելոնին վրայ,– սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութիւնը,– եւ բռնի կերպով պիտի կործանեն զայն։ Այս դէպքը ե՞րբ տեղի պիտի ունենայ։ Օրն ու ժամը չենք գիտեր (Մատ. 24։36)։ Բայց գիտե՛նք թէ ատիկա պիտի ըլլայ այնպիսի ժամու մը՝ որ չենք ակնկալեր, եւ թէ այս յարձակումը կանխող ժամանակը կարճցած է (Մատ. 24։44. Ա. Կոր. 7։29)։ Ուստի կենսական է որ հոգեւորապէս պատրաստ մնանք, որպէսզի երբ յարձակումը տեղի ունենայ ու Քրիստոս գայ որպէս Դահիճ, ան նաեւ ըլլայ մեր Փրկիչը (Ղուկ. 21։28)։ Այս պատրաստ վիճակը ունենալու համար, կրնանք սորվիլ Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաներէն, որոնք պատրաստ կեցան ու հետեւաբար ականատես եղան Աստուծոյ խոստումներու կատարման։ Իրական կեանքէ առնուած այս փորձառութիւնները լուրջի պիտի առնե՞նք։

Նոյի նման պատրա՛ստ կեցիր

3. Ի՞նչ իրավիճակներ մարտահրաւէր եղան Նոյին համար, որ հաւատարմօրէն Աստուծոյ ծառայէ։

3 Հակառակ իր կեանքի ընթացքին համատարած եղող նողկալի իրավիճակներուն, Նոյ պատրաստ կեցաւ Աստուծոյ խոստումի կատարումը տեսնելու։ Երեւակայէ այն մարտահրաւէրները, զորս Նոյ ստիպուած էր դիմագրաւել, երբ ըմբոստ հրեշտակներ մարդկային կերպարանքով նիւթականացան ու գրաւիչ կիներու հետ կենակցեցան։ Այս անբնական ամուսնութիւնները մէջտեղ բերին գերմարդկային զաւակներ, «զօրաւոր»ներ՝ որոնք իրենց գերբնական ուժը գործածեցին ուրիշներուն սպառնալու (Ծն. 6։4)։ Խորհէ այն հրահրուած բռնութեան մասին, երբ այս հսկաները աւերում կը պատճառէին ո՛ւր որ ալ երթային։ Հետեւաբար, չարութիւնը շատցաւ եւ մարդուն մտածելակերպն ու վարուելակերպը բոլորովին ապականեցաւ։ Այդ ատեն, Գերիշխան Տէր Եհովան կայացուց աստուածային վճիռ մը, որ այդ անբարեպաշտ աշխարհի վախճանին սկիզբը նշեց (կարդա՛ Ծննդոց 6։3, 5, 11, 12 *

4, 5. Մեր ժամանակուան իրավիճակները ի՞նչ կերպերով նման են Նոյի օրուան իրավիճակներուն։

4 Յիսուս մարգարէացաւ, որ մեր ժամանակուան իրավիճակները պիտի նմանէին Նոյի օրուան իրավիճակներուն (Մատ. 24։37)։ Օրինակի համար, մենք ալ ականատես կ’ըլլանք չար ոգիներուն միջամտութեան (Յայտ. 12։7-9, 12)։ Այս դեւերը Նոյի օրերուն նիւթականացան։ Թէեւ ներկայիս անոնց արգիլուած է որ մարդկային կերպարանքով նիւթականանան, սակայն անոնք կը ջանան ղեկավարել թէ՛ չափահասները եւ թէ անչափահասները։ Վարագոյրին ետեւէն, այս ըմբոստ ոգիները հաճոյք կ’առնեն ա՛յն մարդոց չար ու նուաստ արարքներէն, զորս երկրի վրայ կրնան ապականել (Եփ. 6։11, 12

5 Աստուծոյ Խօսքը Բանսարկուն կը նկարագրէ որպէս «մարդասպան», ու կ’ըսէ թէ ան «մահուան իշխանութիւնը» ունի (Յովհ. 8։44. Եբ. 2։14)։ Ուղղակիօրէն մահ պատճառելու մէջ, անոր կարողութիւնը սահմանափակ է։ Այսուհանդերձ, այս կատաղի հոգեղէն արարածը խաբէութիւնն ու հրապուրանքը յառաջ կը մղէ։ Ան մարդոց սրտին ու մտքին մէջ ատելավառ կեցուածքներ կը ցանէ։ Օրինակի համար, Միացեալ Նահանգներուն մէջ ծնած ամէն 142 մանկիկներէն մէկը մարդասպանութեան զոհ պիտի երթայ։ Անիմաստ բռնութիւնը ա՛յսքան համատարած ըլլալով, կը խորհի՞ս թէ Եհովա զայն աւելի նուազ պիտի նշմարէ, քան ինչ որ ըրաւ Նոյի օրերուն։ Արդեօք ան գործի պիտի չլծուի՞։

6, 7. Նոյ եւ իր ընտանիքը ինչպէ՞ս հաւատք եւ աստուածավախութիւն ցոյց տուին։

6 Յետագային, Նոյ իմացաւ երկրի վրայ ջրհեղեղ բերելու Աստուծոյ որոշումը, որ բոլոր մարմինները կորսնցնէ (Ծն. 6։13, 17)։ Եհովա Նոյին ցուցմունքներ տուաւ որ մեծ սնտուկի ձեւով տապան մը շինէ։ Նոյ եւ իր ընտանիքը գործի անցան։ Ի՞նչ բաներ իրենց օգնեցին, որ հնազանդին ու պատրաստ կենան՝ երբ Աստուծոյ դատաստանը հասաւ։

7 Խոր հաւատքն ու աստուածավախութիւնը մղեցին Նոյը եւ իր ընտանիքը, որ ընեն ինչ որ Աստուած պատուիրեց (Ծն. 6։22. Եբ. 11։7)։ Որպէս տան գլուխ, Նոյ հոգեւորապէս զգաստ մնաց եւ այդ վաղեմի աշխարհին ապականութենէն խուսափեցաւ (Ծն. 6։9)։ Ան գիտէր թէ իր ընտանիքը կարիք ունէր զգուշանալու, որ չորդեգրէին իրենց շուրջի մարդոց բռնի ճամբաները եւ յանդուգն կեցուածքները։ Կարեւոր էր որ անոնք կեանքի առօրեայ զբաղմունքներով չծանրաբեռնուէին։ Աստուած ընելիք գործ մը տուած էր իրենց, ու կենսական էր որ ընտանիքի բոլոր անդամներուն կեանքին առանցքը այդ գործը ըլլար (կարդա՛ Ծննդոց 6։14, 18

Նոյ եւ իր ընտանի՛քը պատրաստ կեցան

8. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ Նոյի ընտանիքի անդամները աստուածպաշտութիւն ի գործ դրին։

8 Աստուածաշունչի արձանագրութիւնը ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէ ընտանիքի գլուխին՝ Նոյի վրայ. բայց Նոյի կինը, անոր որդիները ու որդիներուն կիները նոյնպէս Եհովան կը պաշտէին։ Եզեկիէլ մարգարէն ասիկա հաստատեց՝ ըսելով որ եթէ Նոյ Եզեկիէլի օրերուն ապրած ըլլար, անոր զաւակները իրենց հօր արդարութեան հիման վրայ պիտի չփրկուէին։ Անոնց տարիքը բաւարար էր որ հնազանդէին կամ չհնազանդէին։ Հետեւաբար, անոնք Աստուծոյ եւ անոր ճամբաներուն հանդէպ իրենց սէրը անհատապէս ապացուցանած էին (Եզեկ. 14։19, 20)։ Ընտանիքի անդամները Նոյի ցուցմունքները ընդունեցին, անոր հաւատքը բաժնեցին ու թոյլ չտուին ուրիշներու բանեցուցած ազդեցութեան, որ արգելք ըլլայ իրենց աստուածատուր գործին։

9. Նոյի հաւատքը ունեցող ի՞նչ արդի օրինակներ կրնանք մատնանշել։

9 Ներկայիս ո՜րքան քաջալերական է տեսնել, թէ մեր աշխարհածաւալ եղբայրութեան մէջ ընտանիքի գլուխներ իրենց կարելին կ’ընեն Նոյը ընդօրինակելու։ Անոնք կը գիտակցին որ իրենց ընտանիքին ուտելիք, հագուստ, պատսպարան եւ ուսում հայթայթելը բաւարար չէ։ Անոնք նաեւ հարկ է որ ընտանիքին հոգեւո՛ր կարիքները հոգան։ Այսպէս ընելով, անոնք պատրաստ կը կենան այն բանին, զոր Եհովա շուտով պիտի ընէ։

10, 11. ա) Նոյ եւ իր ընտանիքը անտարակոյս ինչպէ՞ս զգացին, երբ տապանին մէջ էին։ բ) Լաւ կ’ըլլայ որ մենք մեզի ի՞նչ հարց տանք։

10 Նոյ, իր կինը, իր որդիները եւ անոնց կիները հաւանաբար շուրջ 50 տարի աշխատեցան տապանը կառուցանելու համար։ Տապանը շինելու ատեն, անոնք հարիւրաւոր անգամներ ատոր մէջ մտած եւ ատկէ ելած ըլլալու էին։ Անոնք զայն անջրանցիկ դարձուցին, ուտելիքով լեցուցին եւ անասունները ներս առին։ Տեսարանը մտապատկերէ՛։ Մեծ օրը վերջապէս կը հասնի։ Մ.թ.ա. 2370 թուականի երկրորդ ամսուան 17–րդ օրն է, եւ անոնք տապանը կը մտնեն։ Եհովա դուռը կը գոցէ եւ անձրեւը կը սկսի տեղալ։ Ասիկա պարզ տեղական ջրհեղեղ մը չէ։ Ջուրերու ամպհովանին՝ կամ երկնային ովկիանոսը՝ կը ճեղքուի եւ տեղատարափ անձրեւէն տապանը կը ցնցուի (Ծն. 7։11, 16)։ Տապանէն դուրս եղող մարդիկը կը մեռնին, մինչ ներսինները կ’ազատին։ Նոյի ընտանիքը ի՞նչ զգացած ըլլալու էր։ Այո, Աստուծոյ հանդէպ խորունկ երախտագիտութիւն։ Բայց անտարակոյս անոնք մտածեցին. ‘Ո՜րքան ուրախ ենք որ ճշմարիտ Աստուծոյ հետ քալեցինք ու պատրաստ կեցանք’ (Ծն. 6։9)։ Կրնա՞ս մտապատկերել թէ Արմագեդոնին միւս կողմն ես ու սիրտդ նոյնանման երախտագիտութեամբ լեցուած է։

11 Ոչի՛նչ կրնայ կասեցնել Ամենակալը, իրերու այս սատանայական դրութեան վերջ դնելու իր խոստումը կատարելէ։ Դուն քեզի հարց տուր. ‘Բացարձակ վստահութիւն ունի՞մ, թէ Աստուծոյ խոստումներէն ո՛չ մէկը պիտի ձախողի՝ նոյնիսկ ամենապզտիկ մանրամասնութեան մէջ, եւ թէ բոլորն ալ իր որոշած ժամանակին պիտի կատարուին’։ Եթէ այո՛, պատրա՛ստ կեցիր՝ արագօրէն մօտեցող «Աստուծոյ օր»ը հաստատօրէն ի մտի ունենալով (Բ. Պետ. 3։12

Մովսէս զգաստ մնաց

12. Ի՞նչ բան կրնար Մովսէսի հոգեւոր տեսութիւնը մշուշապատել։

12 Ուրիշ օրինակ մը նկատի առնենք։ Մարմնաւոր տեսանկիւնէն դիտուած՝ Մովսէս Եգիպտոսի մէջ երեւութապէս չափազանց նպաստաւոր դիրքի մը մէջ էր։ Փարաւոնին աղջկան որդեգիրը ըլլալով, հաւանաբար ան մեծապէս յարգուած էր ու կը վայելէր ամէնէն ընտիր ուտելիքները, լաւագոյն հագուստները եւ ամէնէն շքեղ շրջապատը։ Ան լայնապարփակ ուսում ստացաւ (կարդա՛ Գործք 7։20-22Հաւանաբար ան ի վիճակի էր փառահեղ հարստութիւն ժառանգելու։

13. Մովսէս ինչպէ՞ս կեդրոնացած մնաց Աստուծոյ խոստումներուն վրայ։

13 Ըստ երեւոյթին, կանուխ տարիքէն իր ծնողներէն դաստիարակուիլը թոյլ տուաւ Մովսէսին, որ եգիպտացիներուն կատարած կռապաշտութեան յիմարութիւնը զատորոշէ (Ել. 32։8)։ Եգիպտոսի ուսումնական դրութիւնը եւ արքունիքի նիւթական շքեղութիւնը պատճառ չեղան, որ Մովսէս ճշմարիտ պաշտամունքը լքէ։ Ան իր նախահայրերուն ուղղուած Աստուծոյ խոստումներուն վրայ խորապէս խոկացած ըլլալու էր, եւ զօրաւոր տենչ ունէր պատրաստ կենալու, որ աստուածային կամքը կատարէ։ Ի վերջոյ, Մովսէս Իսրայէլի որդիներուն ըսաւ. «Եհովա Աստուածը, Աբրահամին Աստուածը, Իսահակին Աստուածը ու Յակոբին Աստուածը, զիս ձեզի ղրկեց» (կարդա՛ Ելից 3։15-17

14. Մովսէսի հաւատքն ու քաջութիւնը ինչպէ՞ս փորձի ենթարկուեցան։

14 Եգիպտոսի անկենդան աստուածները ներկայացնող բոլոր կուռքերէն տարբեր ըլլալով, Եհովա՝ ճշմարիտ Աստուածը, Մովսէսին համար իրական էր։ Ան իր կեանքը վարեց, որպէս թէ «Անտեսանելին» կրնար տեսնել։ Մովսէս կը հաւատար թէ Աստուծոյ ժողովուրդը պիտի ազատագրուէր, բայց չէր գիտեր թէ ատիկա ե՛րբ պիտի ըլլար (Եբ. 11։24, 25, 27)։ Եբրայեցիներուն ազատ արձակուիլը տեսնելու իր զօրաւոր փափաքը յայտնի եղաւ, երբ չարաչար գործածուող իսրայէլացի ստրուկ մը պաշտպանեց (Ել. 2։11, 12)։ Սակայն դեռ Եհովայի որոշած ժամանակը չէր. ուստի Մովսէս հեռաւոր երկրի մը մէջ որպէս փախստական ստիպուեցաւ ապրիլ։ Կասկած չկայ թէ իրեն համար դժուար էր եգիպտական պալատի հանգստաւէտ միջավայրը ձգելով՝ անապատին մէջ ապրիլ։ Այսուհանդերձ, Մովսէս պատրաստ կեցաւ՝ աչալուրջ մնալով որեւէ թելադրութեան, զոր Եհովա իրեն տուաւ։ Այսպէս, Աստուած կրցաւ զինք գործածել իր եղբայրներուն հանգստութիւն բերելու, 40 տարի Մադիամի երկրին մէջ ապրելէ ետք։ Աստուծոյ ուղղութեան համաձայն, Մովսէս հնազանդօրէն Եգիպտոս վերադարձաւ։ Ժամանակը եկած էր որ Մովսէս աստուածային յանձնարարութիւն մը կատարէր եւ Աստուծոյ գործը ընէր՝ Աստուծո՛յ կերպով (Ել. 3։2, 7, 8, 10)։ Եգիպտոսի մէջ, Մովսէս՝ ‘բոլոր մարդոցմէ աւելի հեզ մարդը’, փարաւոնին առջեւ ներկայանալու համար հաւատքի եւ քաջութեան կարիք ունէր (Թուոց 12։3)։ Ան փարաւոնին առջեւ ներկայացաւ ոչ միայն մէկ անգամ, այլ կրկին անգամ՝ մինչ պատուհասները սկսան, չգիտնալով թէ մէկ պատուհասէն միւսը դեռ քանի՛ անգամ պիտի ստիպուէր այդպէս ընել։

15. Հակառակ ձախողութիւններու, ի՞նչ բան Մովսէսը մղեց, որ աչալուրջ մնայ իր երկնաւոր Հայրը պատուելու առիթներուն համար։

15 Յաջորդ 40 տարիներուն, մ.թ.ա. 1513–էն մինչեւ մ.թ.ա. 1473, Մովսէս յուսախաբութիւններ դիմագրաւեց։ Այսուհանդերձ, ան առիթներ փնտռեց Եհովան պատուելու եւ ամբողջ սրտով իր հայրենակիցները քաջալերեց որ այդպէս ընեն (Բ. Օր. 31։1-8)։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ան Եհովայի անունն ու գերիշխանութիւնը աւելի՛ կը սիրէր, քան՝ իր անունը (Ել. 32։10-13. Թուոց 14։11-16)։ Հակառակ յուսախաբութիւններու կամ ձախողութիւններու, մենք ալ պէտք է շարունակենք Աստուծոյ իշխանութեան թիկունք կանգնիլ, վստահ ըլլալով որ իր գործելակերպը աւելի իմաստուն, աւելի արդար եւ աւելի լաւ է քան որեւէ այլ գործելակերպ (Եսա. 55։8-11. Եր. 10։23)։ Այդպէս կը խորհի՞ս։

Արթո՛ւն մնացիր

16, 17. Մարկոս 13։35-37–ն քեզի համար ինչո՞ւ խորիմաստ է։

16 «Զգո՛յշ կեցէք, արթո՛ւն մնացէք. . . վասն զի չէք գիտեր ատենը ե՞րբ է» (Մար. 13։33)։ Յիսուս այդ ազդարարութիւնը տուաւ, երբ կը քննարկէր այն նշանը որ իրերու այս ամբարիշտ դրութեան վախճանը պիտի մատնանշէր։ Մարկոսին կողմէ արձանագրուած Յիսուսի մեծ մարգարէութեան եզրափակիչ խօսքերը նկատի առ. «Արթուն կեցէք, վասն զի չէք գիտեր թէ ե՞րբ պիտի գայ տանտէրը, իրիկո՞ւնը՝ թէ կէս գիշերին՝ հաւախօսի՞ն՝ թէ առտուն։ Չըլլայ որ յանկարծակի գայ ու ձեզ քունի մէջ գտնէ։ Եւ ինչ որ կ’ըսեմ ձեզի՝ ամենուն կ’ըսեմ. ‘Արթո՛ւն կեցէք’» (Մար. 13։35-37

17 Յիսուսի յորդորը միտք գրգռող խօսք է։ Ան հսկումի չորս պահերու ակնարկեց։ Վերջին պահը մարտահրաւէր մըն էր արթուն մնալու, որովհետեւ կը տեւէր մօտաւորապէս առաւօտեան ժամը երեքէն մինչեւ արեւածագը։ Ռազմագէտներ այս պահը կը նկատեն թշնամիին վրայ յարձակելու ամէնէն ազդու ժամանակը, լաւագոյն պատեհութիւնը ունենալով որ զանոնք «քունի մէջ» գտնեն։ Նմանապէս այսօր, երբ աշխարհը հոգեւոր առումով խորունկ քունի մէջ է, թերեւս հարկադրուինք մեր ամենամեծ պայքարը մղել, որ արթուն մնանք։ Որեւէ կասկած ունի՞նք, որ պէտք է շարունակենք ‘արթուն մնալ’ եւ ‘զգոյշ կենալ’ նախագուշակուած վախճանին եւ մեր ազատման համար։

18. Իբրեւ Եհովայի վկաներ, ի՞նչ անգին առանձնաշնորհում ունինք։

18 Բացումին մէջ նշուած մարզիչը պենկալական վագրի յարձակումէն վերապրեցաւ։ Բայց աստուածաշնչական մարգարէութիւնը յստակօրէն ցոյց կու տայ, թէ ո՛չ սուտ կրօնքը, ոչ ալ ամբարիշտ դրութեան մնացեալ մասը պիտի պրծին մօտալուտ վախճանէն (Յայտ. 18։4-8)։ Թող Աստուծոյ բոլոր ծառաները, չափահա՛ս թէ անչափահաս, տեսնեն թէ ո՜րքան լուրջ է որ իրենց կարելին ընեն Եհովայի օրուան համար պատրաստ կենալու, ինչպէս որ ըրին Նոյը եւ անոր ընտանիքը։ Աստուած անարգող աշխարհի մը մէջ կ’ապրինք, ուր սուտ կրօնքի ուսուցիչներ, ինչպէս նաեւ երեւութապաշտներ եւ անաստուածներ, իրենց խօսքերով Ստեղծիչը կը ծաղրեն։ Չենք ուզեր մենք մեզ վտանգի ենթարկել՝ անոնցմով ազդուելով։ Լուրջի առնենք մեր քննարկած օրինակները եւ աչալուրջ ըլլանք առիթներ գտնելու, որ պաշտպանենք եւ պատուենք Եհովան որպէս «աստուածներուն Աստուածը», այո, «հզօր ու ահեղ Աստուած»ը (Բ. Օր. 10։17

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 3 Ինչ կը վերաբերի Ծննդոց 6։3–ի մէջ նշուած «հարիւր քսան տարի»ներուն, տե՛ս Դիտարան–ի 1 դեկտեմբեր 2010 թիւը, էջ 12։

Կը յիշե՞ս

• Նոյ ինչո՞ւ պէտք ունէր նախապատուութիւնը տալու իր ընտանիքին հոգեւոր կարիքներուն։

• Մեր ժամանակները ինչպէ՞ս յատկանշականօրէն կը նմանին Նոյի օրերուն։

• Հակառակ յուսախաբութիւններու, Մովսէս ինչո՞ւ իր աչքերը սեւեռած պահեց Եհովայի խոստումներուն վրայ։

• Աստուածաշնչական ի՞նչ մարգարէութիւններ քեզ կը մղեն հոգեւորապէս արթուն մնալու։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 25]

Նոյ եւ իր ընտանիքը Եհովայի գործին վրայ կեդրոնացած մնացին

[Նկար՝ էջ 26]

Աստուծոյ վստահելի խոստումները օգնեցին Մովսէսին որ աչալուրջ մնայ