Աստուծոյ հոգին ստացիր եւ ոչ թէ աշխարհի հոգին
Աստուծոյ հոգին ստացիր եւ ոչ թէ աշխարհի հոգին
«Մենք ո՛չ թէ այս աշխարհի հոգին առինք, հապա այն Հոգին որ Աստուծմէն է. որպէս զի մենք ճանչնանք այն բաները որոնք Աստուծմէ տրուեցան մեզի» (Ա. ԿՈՐ. 2։12)։
1, 2. ա) Ճշմարիտ քրիստոնեաները ի՞նչ առումով պատերազմի մէջ են։ բ) Ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։
ՃՇՄԱՐԻՏ քրիստոնեաները պատերազմի մէջ են։ Մեր ոսոխը զօրաւոր, խորամանկ ու պատերազմատենչ է։ Ան իր ձեռքին տակ ունի այնպիսի ազդու զէնք մը, որ մարդկութեան մեծամասնութիւնը նուաճած է։ Բայց հարկ չունինք անուժ կամ պարտելի զգալու (Եսա. 41։10)։ Մեզի մատչելի պաշտպանութիւն մը ունինք, որ անթափանցելի եւ անյաղթահարելի է։
2 Մեր պատերազմը ֆիզիքական չէ, այլ՝ հոգեւոր։ Մեր թշնամին Բանսարկու Սատանան է, եւ իր գործածած գլխաւոր մէկ զէնքն է՝ «աշխարհի հոգին» (Ա. Կոր. 2։12)։ Անոր յարձակումներուն դէմ մեր գլխաւոր պաշտպանութիւնը Աստուծոյ հոգին է։ Այս պատերազմէն վերապրելու եւ հոգեւորապէս կայտառ մնալու համար, պէտք ունինք Աստուծոյ հոգին խնդրելու եւ ապա ատոր պտուղը դրսեւորելու մեր կեանքին մէջ (Գաղ. 5։22, 23)։ Բայց ի՞նչ է աշխարհի հոգին, եւ ինչպէ՞ս շատ ազդու դարձաւ։ Ինչպէ՞ս կրնանք բնորոշել, թէ աշխարհի հոգին մեզի կ’ազդէ կամ ոչ։ Եւ Յիսուսէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ՝ Աստուծոյ հոգին ստանալու եւ աշխարհի հոգիին դիմադրելու մասին։
Աշխարհի հոգին ինչո՞ւ համատարած է
3. Աշխարհի հոգին ի՞նչ է։
3 Այս աշխարհի հոգին ծագում կ’առնէ Սատանայէն՝ «աշխարհին իշխան»էն, եւ Աստուծոյ սուրբ հոգիին դէմ է (Յովհ. 12։31. 14։30. Ա. Յովհ. 5։19)։ Ատիկա աշխարհի տիրական հակումն է եւ մարդիկը կը մղէ գործելու։ Այս կենսունակ ուժը մարդկային ընկերութիւնը կ’առաջնորդէ, որ Աստուծոյ կամքին եւ նպատակին հետ անհամաձայն գտնուի։
4, 5. Սատանայի քաջալերած հոգին ինչպէ՞ս համատարած դարձաւ։
4 Սատանայի քաջալերած հոգին ինչպէ՞ս համատարած դարձաւ։ Նախ՝ Սատանան Եւան խաբեց Եդեմի պարտէզին մէջ։ Ան զինք համոզեց, որ Աստուծմէ անկախ ըլլալը իր կեանքը պիտի բարելաւէր (Ծն. 3։13)։ Ան ի՜նչ ստախօս մը եղաւ (Յովհ. 8։44)։ Ետքը, ան կնոջ միջոցով Ադամը դրդեց, որ Եհովային անհաւատարիմ ըլլայ։ Ի պատճառ Ադամի ընտրութեան, մարդկութիւնը մեղքին ծախուեցաւ, այսպէս՝ Սատանայի անհնազանդութեան հոգիով ազդուելու հակումը ժառանգելով (կարդա՛ Եփեսացիս 2։1-3)։
5 Սատանան նաեւ մեծ թիւով հրեշտակներու ազդեց, որոնք դեւեր դարձան (Յայտ. 12։3, 4)։ Աստուծոյ դէմ այս դաւաճանութիւնը տեղի ունեցաւ Նոյի օրուան Ջրհեղեղէն ժամանակ մը առաջ։ Այդ հրեշտակները խորհեցան թէ աւելի լաւ պիտի ըլլային, եթէ երկինքի մէջ իրենց նշանակուած դիրքերը լքէին եւ երկրի վրայ անամօթաբար անբնական ցանկութիւններու ետեւէ երթային (Յուդա 6)։ Այդ դեւերուն օգնութեամբ, որոնք այժմ դարձեալ հոգեղէն ծիրին մէջ են, Սատանան ‘բոլոր աշխարհ կը մոլորեցնէ’ (Յայտ. 12։9)։ Ցաւօք սրտի, մարդկութեան մեծամասնութիւնը դիւային ազդեցութեան նկատմամբ կոյր կը մնայ (Բ. Կոր. 4։4)։
Աշխարհի հոգին քեզի կ’ազդէ՞
6. Միայն ինչպէ՞ս է որ աշխարհի հոգին կրնայ մեզ ապականել։
6 Շատեր Սատանայի ազդեցութիւնը չեն տեսներ, բայց ճշմարիտ քրիստոնեաներուն համար՝ հարկ չկայ անոր ռազմավարութեան անտեղեակ ըլլալու (Բ. Կոր. 2։11)։ Իրականութեան մէջ, աշխարհի հոգին չի կրնար մեզի ազդել մինչեւ որ իրեն թոյլ տանք։ Քննարկենք չորս հարցումներ, որոնք պիտի օգնեն երեւան հանելու, թէ Աստուծո՛յ հոգին է որ մեզի կ’ազդէ, թէ ոչ աշխարհի հոգին։
7. Կերպերէն մէկը ի՞նչ է, որով Սատանան կը փորձէ մեզ օտարացնել Եհովայէն։
7 Ժամանցի ընտրութիւնս իմ մասիս ի՞նչ կը յայտնէ (կարդա՛ Յակոբոս 3։14-18)։ Սատանան կը փորձէ մեզ օտարացնել Աստուծմէ, մեր սրտին մէջ բռնութեան հանդէպ սէր գրգռելով։ Բանսարկուն գիտէ թէ Եհովա կ’ատէ բռնութիւն սիրողը (Սաղ. 11։5)։ Հետեւաբար, Սատանան կը ջանայ օգտագործել հրատարակութիւններ, ֆիլմեր, երաժշտութիւն ու ելեկտրոնական խաղեր,– որոնցմէ ոմանք խաղցողները կը մղեն որ անբարոյ ու վայրագ արարքները ընդօրինակեն,– որպէսզի մեր մարմնաւոր ցանկութիւններուն կայծ տայ։ Սատանային համար տարբերութիւն չ’ըներ եթէ մեր սրտին մէկ մասը կը սիրէ ինչ որ շիտակ է, այնքան ատեն որ մաս մըն ալ կը սիրէ ինչ որ չար է, ինչ որ ինք կը քաջալերէ (Սաղ. 97։10)։
8, 9. Ժամանցի վերաբերեալ ի՞նչ հարցումներ պէտք է մենք մեզի ուղղենք։
8 Միւս կողմէ, Աստուծոյ հոգին զինք ստացողները կը մղէ որ ըլլան անարատ, խաղաղասէր եւ ողորմած։ Լաւ կ’ընենք որ մենք մեզի հարց տանք. ‘Ընտրած ժամանցս մէջս դրական յատկութիւններ կը քաջալերէ՞’։ Վերին իմաստութիւնը «անկեղծ» է։ Աստուծոյ հոգիէն ազդուողները իրենց դրացիներուն անարատութիւն եւ խաղաղութիւն չեն քարոզեր, եւ ապա իրենց տան մէջ հաճոյք կ’առնեն սադիստական բռնութիւն եւ անբարոյութիւն դիտելէ։
9 Եհովա բացարձակ նուիրուածութիւն կ’ակնկալէ։ Իսկ Սատանան միայն պաշտամունքի մէկ արարքով կը գոհանայ, ինչպէս որ փորձեց Յիսուսէն ստանալ (Ղուկ. 4։7, 8)։ Կրնանք մենք մեզի հարց տալ. ‘Ընտրած ժամանցներս ինծի համար կարելի կը դարձնե՞ն որ Աստուծոյ բացարձակ նուիրուածութիւն տամ։ Ընտրութիւնս աւելի կը դիւրացնէ՞ թէ կը դժուարացնէ աշխարհի հոգիին դիմադրելը։ Ապագայ ընտրութիւններուս վերաբերեալ որեւէ ճշդում պէ՞տք է ընեմ’։
10, 11. ա) Նիւթական ստացուածքներու առնչութեամբ, աշխարհի հոգին ի՞նչ կեցուածք կը քաջալերէ։ բ) Աստուծոյ հոգիէն–ներշնչուած Խօսքը ի՞նչ կեցուածք կը քաջալերէ։
10 Նիւթական ստացուածքի հանդէպ ի՞նչ է իմ կեցուածքս (կարդա՛ Ղուկաս 18։24-30)։ Աշխարհի հոգին կը հրահրէ «աչքերու ցանկութիւնը», ագահութիւն եւ նիւթապաշտութիւն քաջալերելով (Ա. Յովհ. 2։16)։ Ատիկա շատերուն մէջ հարստանալու վճռականութիւնը սնուցանած է (Ա. Տիմ. 6։9, 10)։ Այդ հոգին մեզի հաւատացնել կու տայ, թէ նիւթական ստացուածքներու պահեստը մնայուն ապահովութիւն պիտի հայթայթէ (Առ. 18։11)։ Սակայն եթէ թոյլ տանք դրամասիրութեան որ Աստուծոյ հանդէպ մեր սիրոյն տեղը գրաւէ, Սատանան յաղթանակ տարած պիտի ըլլայ։ Մենք մեզի հարց պէտք է տանք. ‘Կեանքս նիւթական հանգստաւէտութիւն ու հաճոյքներ հետապնդելու վրայ կեդրոնացա՞ծ է’։
11 Առ ի հակապատկեր, Աստուծոյ հոգիէն–ներշնչուած Խօսքը մեզ կը քաջալերէ որ դրամին նկատմամբ հաւասարակշռուած տեսակէտ ունենանք ու ծանր աշխատինք՝ մեր եւ մեր ընտանիքին նիւթական անհրաժեշտութիւնները հայթայթելու համար (Ա. Տիմ. 5։8)։ Աստուծոյ հոգին զինք ստացողներուն կ’օգնէ Եհովայի առատաձեռն անձնաւորութիւնը արտացոլացնելու։ Անոնք ճանչցուած են որպէս տուողներ, եւ ոչ թէ՝ որպէս առնողներ։ Անոնք շա՜տ աւելի բարձր արժէք կու տան մարդոց քան առարկաներու, եւ իրենց ունեցածը ուրախութեամբ կը բաժնեն ուրիշներու հետ, երբ իրենց ձեռքէն կու գայ (Առ. 3։27, 28)։ Եւ անոնք բնաւ թոյլ չեն տար դրամի հետապնդումին, որ Աստուծոյ ծառայելէն առաջ դասուի։
12, 13. Առ ի հակապատկեր աշխարհի հոգիին, Աստուծոյ հոգին մեզի ինչպէ՞ս կրնայ ազդել մեր օգտին համար։
12 Անձնաւորութիւնս ո՞ր հոգին կ’արտացոլացնէ (կարդա՛ Կողոսացիս 3։8-10, 13)։ Աշխարհի հոգին մարմնի գործերը յառաջ կը մղէ (Գաղ. 5։19-21)։ Իսկական քննութիւնը՝ թէ ո՛ր հոգին մեզի կ’ազդէ՝ տեղի կ’ունենայ ոչ թէ երբ ամէն բան լաւ կ’ընթանայ, այլ՝ երբ իրավիճակները լաւ չեն, ինչպէս որ եթէ քրիստոնեայ եղբայր մը կամ քոյր մը մեզ անտեսէ, ընդվզեցնէ կամ նոյնիսկ մեզի դէմ մեղանչէ։ Աւելին, մեր տան մէջ առանձին եղած ատենը յայտնի կ’ըլլայ, թէ ո՛ր հոգին կը տիրէ։ Թերեւս որոշ ինքնաքննութիւն մը տեղին ըլլայ։ Դուն քեզի հարց տուր. ‘Անցած վեց ամիսներու ընթացքին, անձնաւորութիւնս աւելի քրիստոսանման դարձե՞ր է, թէ ոչ վերադարձեր եմ խօսելակերպի եւ վարքի որոշ գէշ սովորութիւններու’։
13 Աստուծոյ հոգին կրնայ մեզի օգնել, որ «հին մարդը իր գործերովը» մեր վրայէն հանենք, եւ հագնինք «նորը»։ Ասիկա մեզի պիտի օգնէ որ աւելի սիրառատ ու քաղցր ըլլանք։ Հակամէտ պիտի ըլլանք ազատօրէն իրարու ներելու, նոյնիսկ եթէ թուի որ դժգոհելու արդարացի պատճառ կայ։ Նկատուած անարդարութիւններուն այլեւս պիտի չհակազդենք ‘դառնութեամբ եւ բարկութեամբ ու սրտմտութեամբ եւ աղաղակով ու հայհոյութեամբ’։ Հապա ջանք պիտի թափենք «գթած» ըլլալու (Եփ. 4։31, 32)։
14. Աշխարհին մէջ շատեր Աստուծոյ Խօսքը ինչպէ՞ս կը նկատեն։
14 Աստուածաշունչի բարոյական չափանիշները կը սիրեմ ու կը յարգե՞մ (կարդա՛ Առակաց 3։5, 6)։ Աշխարհի հոգին Աստուծոյ Խօսքին դէմ ըմբոստութիւն կ’արտացոլացնէ։ Այս հոգիէն ազդուողները կ’անտեսեն Աստուածաշունչի այն մասերը, զորս անյարմար կը նկատեն, նախընտրելով մարդկային աւանդութիւններն ու փիլիսոփայութիւնները (Բ. Տիմ. 4։3, 4)։ Ոմանք Աստուծոյ Խօսքը ամբողջութեամբ կ’արհամարհեն։ Այդպիսիներ Աստուածաշունչի գործնական ու վաւերական ըլլալը հարցականի տակ կը դնեն, իրենց աչքին իմաստուն դառնալով։ Անոնք շնութեան, միասեռականութեան եւ ամուսնալուծումի վերաբերեալ Աստուածաշունչի մաքուր չափանիշները կը նսեմացնեն։ Անոնք «չարին բարի կ’ըսեն ու բարիին՝ չար» (Եսա. 5։20)։ Արդեօք այս հոգիէն ազդուե՞ր ենք։ Կը վստահի՞նք մարդկային իմաստութեան, ի ներառեալ մեր գաղափարներուն, երբ խնդիրներ դիմագրաւենք. թէ ոչ կը ջանանք Աստուածաշունչի խրատներուն հետեւիլ։
15. Մեր իմաստութեան ապաւինելու տեղ, ի՞նչ պէտք է ընենք։
15 Աստուծոյ հոգին մեր ներսիդին յարգանք կը յառաջացնէ Աստուածաշունչին հանդէպ։ Սաղմոսերգուին նման, մենք Աստուծոյ խօսքը կը նկատենք թէ՛ մեր ոտքերուն ճրագ եւ թէ մեր շաւիղներուն՝ լոյս (Սաղ. 119։105)։ Մեր իմաստութեան ապաւինելու տեղ, մենք վստահօրէն կ’ապաւինինք Աստուծոյ գրաւոր Խօսքին, որ մեզի օգնէ զատորոշելու շիտակը սխալէն։ Կը սորվինք ոչ միայն Աստուածաշունչը յարգել, հապա նաեւ Աստուծոյ օրէնքը սիրել (Սաղ. 119։97)։
Յիսուսի օրինակէն սորվէ՛
16. «Քրիստոսին միտքը» ունենալուն մէջ ի՞նչ պարփակուած է։
16 Աստուծոյ հոգին ստանալու համար, հարկ է որ մեր ներսիդին զարգացնենք «Քրիստոսին միտքը» (Ա. Կոր. 2։16)։ ‘Քրիստոս Յիսուսի նոյն մտածելակերպը’ ունենալը կը պահանջէ, որ իր սորվեցնելու եւ վարուելու կերպը գիտնանք, եւ ապա զինք ընդօրինակենք (Հռով. 15։5, ՆԱ. Ա. Պետ. 2։21)։ Նկատի առ կարգ մը կերպեր, որոնցմով կրնանք ասիկա ընել։
17, 18. ա) Աղօթքի մասին ի՞նչ կը սորվինք Յիսուսէն։ բ) Ինչո՞ւ պէտք է շարունակենք ‘խնդրել’։
17 Աստուծոյ հոգին աղօթքով խնդրէ։ Փորձութիւններ դիմագրաւելէ առաջ, Յիսուս աղօթքով Աստուծոյ հոգին խնդրեց որ իրեն օգնէ (Ղուկ. 22։40, 41)։ Մենք ալ կարիք ունինք Աստուծմէ իր սուրբ հոգին խնդրելու։ Եհովա առատաձեռնութեամբ զայն կու տայ բոլոր անոնց, որոնք հաւատքով իրմէ կը խնդրեն (Ղուկ. 11։13)։ Յիսուս ըսաւ. «Խնդրեցէ՛ք եւ պիտի տրուի ձեզի. փնտռեցէ՛ք եւ պիտի գտնէք. դուռը զարկէք եւ պիտի բացուի ձեզի։ Վասն զի ամէն ով որ կը խնդրէ՝ կ’առնէ, եւ ով որ կը փնտռէ՝ կը գտնէ եւ ով որ դուռը կը զարնէ՝ պիտի բացուի անոր» (Մատ. 7։7, 8)։
18 Եհովայի հոգին եւ օգնութիւնը փնտռելու ատեն, արագօրէն մի՛ դադրիր զայն խնդրելէ։ Թերեւս պէտք ունենանք աւելի յաճախ եւ երկար աղօթելու։ Ատեն–ատեն՝ Եհովա կը ձգէ որ իրեն խնդրանք ներկայացնողները ցոյց տան իրենց մտահոգութեան խորութիւնը եւ իրենց հաւատքին անկեղծ ըլլալը, առաջ որ պատասխանէ իրենց աղօթքներուն։ *
19. Յիսուս միշտ ի՞նչ ըրաւ, եւ ինչո՞ւ զինք պէտք է ընդօրինակենք։
19 Եհովային լման կերպով հնազանդէ՛։ Յիսուս միշտ իր Հօր հաճելի բաները ըրաւ։ Առնուազն մէկ առիթով, կացութեան մը հետ վարուելու կերպին նկատմամբ Յիսուսի հակումը տարբեր էր իր Հօր ուզածէն։ Այսուհանդերձ, ան վստահութեամբ իր Հօր ըսաւ. «Ոչ թէ իմ կամքս՝ հապա քուկդ թող ըլլայ» (Ղուկ. 22։42)։ Դուն քեզի հարց տուր. ‘Աստուծոյ կը հնազանդի՞մ, նոյնիսկ երբ ասիկա ընելը դիւրին չէ’։ Աստուծոյ հնազանդիլը անհրաժեշտ է կեանքի համար։ Մենք անվերապահ հնազանդութիւն կը պարտինք իրեն՝ որպէս մեր Արարիչը, մեր կեանքին Աղբիւրն ու Հայթայթիչը (Սաղ. 95։6, 7)։ Հնազանդութեան տեղը բան մը չ’առներ։ Առանց ատոր, մենք չենք կրնար Աստուծոյ հաւանութիւնը շահիլ։
20. Յիսուսի կեանքին առանցքը ի՞նչ էր, եւ ինչպէ՞ս կրնանք զինք ընդօրինակել։
20 Աստուածաշունչը լա՛ւ գիտցիր։ Իր հաւատքին վրայ Սատանայի ուղղակի յարձակումին դիմադրելու ատեն, Յիսուս Սուրբ Գրութիւններէն մէջբերեց (Ղուկ. 4։1-13)։ Իր կրօնական հակառակորդներուն հետ բախում ունենալու ատեն, Յիսուս Աստուծոյ Խօսքը գործածեց որպէս իր հեղինակութիւնը (Մատ. 15։3-6)։ Յիսուսի ամբողջ կեանքին առանցքը եղաւ Աստուծոյ օրէնքը գիտնալ եւ կատարել (Մատ. 5։17)։ Մենք ալ կ’ուզենք մեր մտքերը լեցնել Աստուծոյ Խօսքով, որ հաւատքը կը զօրացնէ (Փլպ. 4։8, 9)։ Մեզմէ ոմանց համար, անձնական եւ ընտանեկան ուսումնասիրութեան համար ժամանակ գտնելը կրնայ մարտահրաւէր ըլլալ։ Բայց ժամանակ գտնելու փոխարէն, թերեւս պէտք ունենաք ժամանակ ստեղծելու (Եփ. 5։15-17)։
21. Ի՞նչ կարգադրութիւն կրնանք գործածել, որպէսզի Աստուծոյ Խօսքը աւելի լաւ գիտնանք եւ զայն կիրարկենք։
21 «Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» մեզի օգնած է անձնական եւ ընտանեկան ուսումնասիրութեան համար ժամանակ ունենալու, ամէն շաբաթ Ընտանեկան պաշտամունքի երեկոյ մը կարգադրելով (Մատ. 24։45)։ Այս կարգադրութիւնը իմաստութեամբ կը գործածե՞ս։ Քրիստոսին միտքը ձեռք բերելու համար, կրնա՞ս ուսումնասիրութեանդ նիստին մէջ կարգով նկատի առնել ինչ որ Յիսուս սորվեցուց ընտրած նիւթերուդ շուրջ։ Կրնաս գործածել Դիտարանի հրատարակութիւններու նիւթերու ցանկ–ը, փնտռած նիւթիդ շուրջ տեղեկատու քննարկութիւններ գտնելու համար։ Օրինակ՝ 2008–էն մինչեւ 2010, անգլերէն լեզուով այս պարբերաթերթին հանրամատչելի հրատարակութիւնը բովանդակեց 12 յօդուածներ, որոնք կը կրէին հետեւեալ բնաբանը՝ «Յիսուսէն ի՛նչ կը սորվինք»։ Թերեւս ուզես այս յօդուածները ուսումնասիրութեան իբր հիմ գործածել։ 2006–էն սկսեալ, Զարթի՛ր պարբերաթերթը կրեց հետեւեալ յատկանշական երեսակը՝ «Ինչպէ՞ս պիտի պատասխանէք»։ Այս հարցումները պատրաստուած էին քեզի օգնելու, որ Աստուծոյ Խօսքին մասին ունեցած գիտութիւնդ ընդլայնես ու խորացնես։ Ինչո՞ւ ատեն–ատեն այսպիսի յատկանշական երեսակներէ նիւթ մը չպարփակես Ընտանեկան պաշտամունքի յայտագրիդ մէջ։
Կրնա՛նք աշխարհին յաղթել
22, 23. Աշխարհին յաղթելու համար ի՞նչ պէտք է ընենք։
22 Աստուծոյ հոգիով առաջնորդուելու համար, հարկ է որ դիմադրենք աշխարհի հոգիին։ Այսպիսի դիմադրութիւն դիւրութեամբ յառաջ չի գար։ Անիկա կրնայ մաքառում, ծանր պայքար ըլլալ (Յուդա 3)։ Բայց կրնա՛նք շահիլ։ Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Աշխարհի մէջ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջասի՛րտ եղէք, ես աշխարհին յաղթեցի» (Յովհ. 16։33)։
23 Մե՛նք ալ կրնանք աշխարհին յաղթել, եթէ անոր հոգիին դիմադրենք եւ մեր կարելին ընենք Աստուծոյ հոգին ստանալու։ Արդարեւ, «եթէ Աստուած մեր կողմն է, ո՞վ պիտի ըլլայ մեզի հակառակ» (Հռով. 8։31)։ Աստուծոյ հոգին ստանալով եւ ատոր ուղղութեան հետեւելով՝ ինչպէս որ տրուած է Աստուածաշունչին մէջ՝ պիտի գտնենք գոհունակութիւն, խաղաղութիւն, երջանկութիւն եւ յաւիտենական կեանքի երաշխիքը մօտալուտ նոր աշխարհին մէջ։
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 18 Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքը, էջ 170-173։
Կը յիշե՞ս
• Աշխարհի հոգին ինչո՞ւ համատարած է։
• Մենք մեզի ի՞նչ չորս հարցեր պէտք է տանք։
• Աստուծոյ հոգին ստանալու վերաբերեալ, Յիսուսէն ի՞նչ երեք բաներ կը սորվինք։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 16]
Հրեշտակներէն ոմանք ինչպէ՞ս դեւեր դարձան
[Նկար՝ էջ 18]
Սատանան աշխարհի հոգին կը գործածէ մարդիկը ղեկավարելու, բայց կրնա՛նք ատոր ազդեցութենէն ձերբազատուիլ