Ճշմարիտ պաշտամունքին համար նախանձախնդի՛ր եղիր
Ճշմարիտ պաշտամունքին համար նախանձախնդի՛ր եղիր
«Հունձքը շատ է, բայց մշակները՝ քիչ» (ՄԱՏ. 9։37)։
1. Հրատապութիւնը ինչպէ՞ս կը նկարագրես։
ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹ մը ունիս, որ պէտք է որոշ անհատի մը յանձնուի օրուան վերջաւորութեան։ Ի՞նչ կ’ընես։ Թղթածրարին վրայ կը գրես՝ «ՀՐԱՏԱՊ»։ Կարեւոր ժամադրութիւն մը ունիս եւ ճամբայ ելած ես, բայց կ’ուշանաս։ Ի՞նչ կ’ընես։ Վարորդին կ’ըսես. «Հաճիս աճապարէ՛. հարցը ՀՐԱՏԱՊ է»։ Այո, երբ կատարուելիք պարտականութիւն մը ունիս ու ժամանակն ալ կը լրանայ, լարուած ու ջղագրգիռ կը զգաս։ Արեանդ մէջ էտրինէլինի քանակը կ’աւելնայ ու փութաջանօրէն կը շտապես գործի անցնիլ։ Ա՛յս է հրատապութիւնը։
2. Ներկայիս՝ ճշմարիտ քրիստոնեաներու համար ամէնէն հրատապ գործը ի՞նչ է։
2 Ներկայիս՝ ճշմարիտ քրիստոնեաներուն համար ոչինչ աւելի հրատապ է, քան՝ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելը եւ բոլոր ազգերէ մարդիկ աշակերտելը (Մատ. 24։14. 28։19, 20)։ Յիսուսի խօսքը մէջբերելով, Մարկոս աշակերտ գրեց թէ «առաջ» պէտք է որ այս գործը կատարուի, այսինքն՝ նախքան վախճանին գալը (Մար. 13։10)։ Ասիկա տեղին է, քանի որ Յիսուս ըսաւ. «Հունձքը շատ է, բայց մշակները՝ քիչ»։ Հունձք մը չի կրնար սպասել. եղանակը լրանալէն առաջ, հարկ է որ հնձուի (Մատ. 9։37)։
3. Շատեր ինչպէ՞ս ընդառաջած են քարոզելու հրատապ կարիքին։
3 Որովհետեւ քարոզչութիւնը մեզի համար այդքան կարեւոր է, արժանի է որ իրեն տանք կարելի եղածին չափ շատ ժամանակ, կորով եւ ուշադրութիւն։ Գովելի է որ շատեր ճիշդ ասիկա կ’ընեն։ Ոմանք իրենց կեանքը պարզ դարձուցած են, որպէսզի լիաժամ ծառայութեան ձեռնարկեն իբրեւ ռահվիրաներ կամ միսիոնարներ, կամ համայն աշխարհի մէջ եղող Պէթէլի տուներէն մէկուն մէջ ծառայեն։ Անոնց կեանքը բազմազբաղ է։ Թերեւս անոնք բազմաթիւ զոհողութիւններ ըրած են ու դիմագրաւելիք շատ մը մարտահրաւէրներ ունին։ Այսուհանդերձ Եհովա զանոնք առատապէս օրհնած է։ Մենք ուրախ ենք անոնց համար (կարդալ՝ Ղուկաս 18։28-30)։ Ուրիշներ, որոնք լիաժամ ծանուցանողներու շարքին միանալու կարող չեն, կարելի եղածին չափ շատ ժամանակ կը տրամադրեն այս փրկարար գործին, որ կը պարփակէ օգնել մեր երեխաներուն որ փրկուին (Բ. Օր. 6։6, 7)։
4. Ինչո՞ւ թերեւս ոմանք սկսին հրատապութեան զգացումը կորսնցնել։
4 Ինչպէս որ տեսանք, հրատապութեան զգացումը սովորաբար կապ ունի սահմանափակ ժամանակի մը, ժամկէտի մը, վախճանի մը հետ։ Մենք վախճանին ատենը կ’ապրինք, եւ ասոր բազմաթիւ ապացոյցներ կան,– թէ՛ աստուածաշնչական եւ թէ պատմական (Մատ. 24։3, 33. Բ. Տիմ. 3։1-5)։ Սակայն ո՛չ մէկ մարդ գիտէ վախճանը գալուն ճշգրիտ ժամանակը։ «Աշխարհիս վերջին նշան»ին մանրամասնութիւնները տալու ատեն, Յիսուս յատկապէս ըսաւ. «Այն օրուան եւ այն ժամուն համար մարդ չի գիտեր, ոչ ալ երկնքի հրեշտակները, հապա միայն իմ Հայրս» (Մատ. 24։36)։ Պարագան այս ըլլալով, ոմանք թերեւս դժուար գտնեն տարիէ տարի հրատապութեան զգացում պահելը, մանաւանդ եթէ ասիկա երկար ատենէ ի վեր կ’ընեն (Առ. 13։12)։ Երբեմն այդպէս կը զգա՞ս։ Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել, որ հրատապութեան զգացում զարգացնենք կամ պահպանենք ա՛յն գործին համար, որ Եհովա Աստուած ու Յիսուս Քրիստոս կ’ուզեն որ այսօր ընենք։
Նկատի առնենք մեր Տիպարը՝ Յիսուս
5. Ծառայութեան կապակցաբար, Յիսուս ի՞նչ կերպերով հրատապութեան զգացում արտացոլացուց։
5 Աստուծոյ մատուցած իրենց ծառայութեան մէջ հրատապութիւն ցուցաբերող բոլոր անձերուն մէջ, Յիսուս Քրիստոս վստահաբար առաջնագոյն օրինակն է։ Իր հրատապութեան մէկ պատճառը այն էր, թէ շատ բան ունէր ընելիք միայն երեքուկէս տարուան ժամանակամիջոցի մը մէջ։ Այսուհանդերձ, Յիսուս ճշմարիտ պաշտամունքին Մատ. 9։35)։ Բնաւ մէկը այսչափ շատ բաներ չէ իրագործած, այսպիսի կարճ ժամանակի մը մէջ։ Յիսուս կարելի եղածին չափ ծանր աշխատեցաւ (Յովհ. 18։37)։
համար ոեւէ անհատէ աւելի շատ բան իրագործեց։ Ան իր Հօր անունն ու նպատակը ճանչցուց, Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզեց, կրօնական առաջնորդներուն կեղծաւորութիւնն ու սուտ ուսուցումները քօղազերծեց, եւ ի մահ՝ Եհովայի գերիշխանութիւնը վեր բռնեց։ Յիսուս անխոնջօրէն երկիրը պտըտելով՝ ժողովուրդին սորվեցուց, օգնեց ու բժշկեց (6. Յիսուսի կեանքին առանցքը ի՞նչ էր։
6 Ի՞նչ բան Յիսուսը մղեց, որ իր ամբողջ ծառայութեան ընթացքին անխոնջօրէն գործէ։ Յիսուս Դանիէլի մարգարէութենէն կրնար գիտնալ, թէ Եհովայի ժամանակացոյցին կապակցաբար ո՛ւր կը գտնուէր (Դան. 9։27)։ Արդ, ինչպէս որ նշուեցաւ, իր երկրային ծառայութիւնը վերջ պիտի գտնէր «եօթնեակին մէջտեղը», կամ երեքուկէս տարի ետք։ Մ.թ. 33–ի գարնան, յաղթականօրէն Երուսաղէմ մտնելէ քիչ ետք, Յիսուս ըսաւ. «Ժամանակը հասաւ, որ փառաւորուի Որդին մարդոյ» (Յովհ. 12։23)։ Գիտնալով հանդերձ որ իր մահը մօտալուտ էր, Յիսուս թոյլ չտուաւ որ ասիկա իր կեանքին առանցքը կազմէր,– ծանր աշխատելու գլխաւոր պատճառը։ Փոխարէն, ան կեդրոնացաւ ամէն պատեհութիւն գործածելու վրայ, որ իր Հօր կամքը կատարէր ու մարդոց հանդէպ սէր ցուցաբերէր։ Այդ սէրը զինք մղեց, որ աշակերտներ հաւաքէ ու մարզէ, քարոզչական արշաւներու մասնակից ընելով։ Ան ասիկա ըրաւ, որպէսզի անոնք իր սկսած գործը շարունակէին եւ իր ըրածներէն աւելի մեծ բաներ իրագործէին (կարդալ՝ Յովհաննէս 14։12)։
7, 8. Աշակերտները ինչպէ՞ս հակազդեցին, երբ Յիսուս տաճարը մաքրեց, իսկ Յիսուս ինչո՞ւ այդ կերպով վարուեցաւ։
7 Յիսուսի կեանքին մէջ միջադէպ մը ուժգնութեամբ ցոյց տուաւ իր ունեցած նախանձախնդրութիւնը։ Իր ծառայութեան սկիզբն էր, մ.թ. 30–ի Պասեքի շրջանը։ Յիսուս եւ իր աշակերտները Երուսաղէմ եկան ու տաճարին մէջ տեսան «արջառ ու ոչխար եւ աղաւնի ծախողներ ու ստակ փոխողներ ալ՝ որոնք նստեր էին»։ Յիսուսի հակազդեցութիւնը ի՞նչ եղաւ, եւ անիկա իր աշակերտներուն վրայ ի՞նչ տպաւորութիւն ձգեց (կարդալ՝ Յովհաննէս 2։13-17)։
8 Այդ առթիւ ի՛նչ որ Յիսուս ըրաւ եւ ըսաւ՝ տեղին ըլլալով յիշեցուց աշակերտներուն Դաւիթի յօրինած մէկ սաղմոսին մարգարէական խօսքերը. «Քու տանդ նախանձախնդրութիւնը զիս կլանեց» (Սաղ. 69։9, ԱԾ)։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ Յիսուսի ըրածը մեծ վտանգ պարփակեց։ Իրականութեան մէջ, հոն տեղի ունեցող ամօթալի, շահաբեր առեւտուրին ետին էին տաճարին հեղինակութիւնները,– քահանաները, դպիրները եւ ուրիշներ։ Անոնց ծրագիրները քօղազերծելով ու խափանելով, Յիսուս ինքզինք թշնամի կ’ընէր այդ ատենուան կրօնական հաստատութեան։ Ինչպէս որ աշակերտները կացութիւնը ճշգրտօրէն զատորոշեցին, ‘Աստուծոյ տանը նախանձախնդրութիւնը’, կամ ճշմարիտ պաշտամունքին համար նախանձախնդրութիւնը, բացայայտ էր։ Սակայն ի՞նչ է նախանձախնդրութիւնը։ Անիկա հրատապութենէն տարբե՞ր է։
Հրատապութիւնը եւ նախանձախնդրութիւնը համեմատել
9. Նախանձախնդրութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ նկարագրուիլ։
9 Բառարան մը «նախանձախնդրութիւնը» կը
սահմանէ որպէս «բուռն եռանդ ու խանդավառ հետաքրքրութիւն՝ բանի մը հետամուտ ըլլալու մէջ», եւ հոմանիշներ կու տայ, ինչպէս՝ տենչ, ջերմութիւն, եռանդ եւ խանդավառութիւն։ Կասկած չկայ, թէ Յիսուսի ծառայութիւնը կրնայ յատկանշուիլ այս բոլոր արտայայտութիւններով։ Ուստի Անթիլիաս թարգմանութիւնը համարը սապէս կը թարգմանէ. «Տանդ հանդէպ ունեցած նախանձախնդրութիւնս զիս պիտի այրէ»։ Հետաքրքրական է որ կարգ մը Արեւելեան լեզուներու մէջ, «նախանձախնդրութիւն» բառը բաղկացած է երկու մասերէ, որոնք բառացիօրէն կը նշանակեն՝ «տաք սիրտ», կարծես թէ սիրտը կ’այրէր։ Չենք զարմանար որ աշակերտները Դաւիթի խօսքերը յիշեցին, երբ տեսան ինչ որ Յիսուս ըրաւ տաճարին մէջ։ Սակայն ի՞նչ բան Յիսուսի սիրտը կրակի վրայ դրաւ, այլաբանօրէն խօսելով, եւ զինք խթանեց կամ մղեց որ այդ կերպով վարուէր։10. Աստուածաշունչին մէջ գործածուած «նախանձախնդրութիւն» բառին իմաստը ի՞նչ է։
10 Դաւիթի սաղմոսին մէջ «նախանձախնդրութիւն» բառը ծագում առած է եբրայերէն բառէ մը, որ Աստուածաշունչի այլ հատուածներու մէջ յաճախ թարգմանուած է «նախանձոտ» կամ «նախանձ»։ Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը երբեմն զայն կը թարգմանէ «բացարձակ պաշտամունք պահանջող» (կարդալ՝ Ելից 20։5. 34։14. Յեսու 24։19)։ Աստուածաշունչի բառարան մը այս բառին մասին կ’ըսէ. «Անիկա յաճախ ամուսնական յարաբերութեան կապակցաբար կը գործածուի. . . Ճիշդ ինչպէս որ ամուսինը եւ կինը իրարու համար նախանձ ունին, պնդելով այն բանին վրայ՝ որ միայն իրենց կը պատկանի, նոյնպէս Աստուած նուիրուածութեան իր բացարձակ իրաւունքը կը պնդէ անոնց, որոնք միայն իրեն կը պատկանին, եւ այդ իրաւունքը կը պաշտպանէ»։ Ուստի աստուածաշնչական առումով, նախանձախնդրութիւնը աւելին կը պարփակէ, քան՝ ջերմութիւն կամ խանդավառութիւն որոշ հետապնդումի մը համար, ինչպէս որ բազմաթիւ համակիրներ ցոյց կու տան իրենց նախասիրած մարզախաղին առնչութեամբ։ Դաւիթի նախանձախնդրութիւնը բարի նախանձ էր, այսինքն՝ մրցակցութեան կամ նախատինքի անհանդուրժողութիւն, բարի անուն մը պաշտպանելու կամ վնասուածք մը սրբագրելու զօրաւոր տենչ։
11. Ի՞նչ բան Յիսուսը մղեց որ նախանձախնդրօրէն ջանադիր ըլլար։
11 Յիսուսի աշակերտները չսխալեցան, երբ տաճարին մէջ Յիսուսի ըրածը կապեցին Դաւիթի խօսքերուն հետ։ Յիսուս ջանադիր եղաւ ոչ միայն քանի որ ժամկէտ ունէր, հապա քանի որ նախանձախնդիր էր,– կամ նախանձոտ էր,– իր Հօր անուան եւ մաքուր պաշտամունքին համար։ Երբ Աստուծոյ անունին վրայ կուտակուած նախատինքն ու հայհոյութիւնը տեսաւ, ան իրաւացիօրէն նախանձախնդիր կամ նախանձոտ էր եւ կացութիւնը սրբագրելու համար գործի անցաւ։ Կրօնական առաջնորդներուն կողմէ կեղեքուած ու շահագործուած խոնարհ մարդիկ տեսնելով, Յիսուսի նախանձախնդրութիւնը զինք մղեց որ ժողովուրդը Մատ. 9։36. 23։2, 4, 27, 28, 33)։
հանգստացնէ ու կեղեքիչ կրօնական առաջնորդները խստօրէն դատապարտէ (Ճշմարիտ պաշտամունքին համար նախանձախնդի՛ր եղիր
12, 13. Ներկայիս քրիստոնեայ աշխարհի կրօնական առաջնորդները ի՞նչ ըրած են՝ ա) Աստուծոյ անուան առնչութեամբ։ բ) Աստուծոյ Թագաւորութեան առնչութեամբ։
12 Ներկայիս կրօնական տեսարանը նման է Յիսուսի օրուան տեսարանին, եթէ ոչ՝ աւելի գէշ։ Օրինակ՝ մտաբերէ թէ առաջին բանը, որուն համար Յիսուս սորվեցուց իր հետեւորդներուն աղօթել, առնչուած էր Աստուծոյ անուան. «Քու անունդ սուրբ ըլլայ» (Մատ. 6։9)։ Արդեօք կրօնական առաջնորդները, յատկապէս քրիստոնեայ աշխարհի կղերները, մարդոց կը սորվեցնե՞ն որ Աստուած իր անունով ճանչնան եւ այդ անունը սրբացնեն կամ պատուեն։ Ընդհակառակը, անոնք սուտ ուսուցումներով Աստուած սխալ ներկայացուցած են, ինչպէս՝ Երրորդութիւնը, մարդկային հոգիին անմահութիւնը ու դժոխքի կրակը, Զինք խորհրդաւոր, անըմբռնելի, անգութ եւ նոյնիսկ սադիստ երեւցնելով։ Անոնք նաեւ Աստուծոյ վրայ նախատինք բերած են իրենց խայտառակութիւններով եւ կեղծաւորութեամբ (կարդալ՝ Հռովմայեցիս 2։21-24)։ Աւելին, անոնք կարելի եղած ամէն բան ըրած են, որպէսզի Աստուծոյ անձնական անունը թաքցնեն, նոյնիսկ զայն վերցնելով Աստուածաշունչի իրենց թարգմանութիւններէն։ Այսպէս անոնք արգելք կ’ըլլան, որ մարդիկ Աստուծոյ մօտենան եւ Անոր հետ անձնական փոխյարաբերութիւն զարգացնեն (Յակ. 4։7, 8)։
13 Յիսուս իր հետեւորդներուն նաեւ սորվեցուց, որ Աստուծոյ Թագաւորութեան համար աղօթեն. «Քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ» (Մատ. 6։10)։ Թէպէտ քրիստոնեայ աշխարհի կրօնական առաջնորդները այդ աղօթքը յաճախ կը կրկնեն, անոնք մարդիկը յորդորած են որ քաղաքական եւ մարդակերտ այլ հաստատութիւններու թիկունք կանգնին։ Ասկէ զատ, անոնք կը նսեմացնեն զանոնք, որոնք կը ջանան այս Թագաւորութեան մասին քարոզել ու վկայութիւն տալ։ Առ ի հետեւանք, քրիստոնեայ ըլլալ դաւանողներէն շատեր Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին չեն խօսակցիր, ո՛չ ալ անոր կը հաւատան։
14. Քրիստոնեայ աշխարհի կղերականները ինչպէ՞ս տկարացուցած են Աստուծոյ Խօսքը։
14 Աստուծոյ աղօթելով, Յիսուս յստակօրէն ըսաւ. «Քու խօսքդ ճշմարտութիւն է» (Յովհ. 17։17)։ Իսկ երկինք վերադառնալէ առաջ, Յիսուս նշեց թէ պիտի նշանակէր «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան», որ Իր հետեւորդներուն համար հոգեւոր կերակուր հայթայթէ (Մատ. 24։45)։ Թէպէտ Աստուծոյ Խօսքին մատակարարողներ ըլլալ դաւանելուն մէջ արագ են, բայց արդեօք քրիստոնեայ աշխարհի կղերականները հաւատարմօրէն կատարա՞ծ են Տէրոջ վստահած գործը։ Ո՛չ։ Անոնք հակամէտ եղած են Աստուածաշունչի խօսքերը պիտակելու որպէս հեքիաթ կամ առասպել։ Փոխանակ հոգեւոր սնունդով իրենց հօտը կերակրելու, այսպէս անոնց մխիթարութիւն ու լուսաւորում բերելով, կղերականները մարդկային փիլիսոփայութեան հիման վրայ հաւատացեալներու ականջին հաճելի բաներ ըսած են։ Աւելին, անոնք Աստուծոյ բարոյական չափանիշները տկարացուցած են, որպէսզի այդպէս կոչուած նոր բարոյականութիւնը մատակարարեն (Բ. Տիմ. 4։3, 4)։
15. Ինչպէ՞ս կը զգաս այն բոլոր բաներուն մասին, զորս կղերականները Աստուծոյ անունով կատարած են։
15 Որովհետեւ այդ բոլոր բաները կատարուած են,– ենթադրաբար՝ Աստուածաշունչի Աստուծոյն անունով,– շատ մը անկեղծ անհատներ հիասթափած են կամ Աստուծոյ եւ Աստուածաշունչին հանդէպ իրենց հաւատքը բոլորովին կորսնցուցած են։ Անոնք Սատանային եւ անոր իրերու ամբարիշտ դրութեան զոհ գացած են։ Երբ օրէ օր կը տեսնես ու կը լսես որ այսպիսի բաներ կը պատահին, ինչպէ՞ս կը զգաս։ Որպէս Եհովայի ծառայ, երբ Աստուծոյ անունին վրայ կուտակուած նախատինքն ու հայհոյութիւնը կը տեսնես, չե՞ս մղուիր կարելիդ ընելու, որ սխալը շտկես։ Երբ կը տեսնես որ անկեղծ ու պարկեշտամիտ անհատներ կը խաբուին ու կը շահագործուին, չե՞ս մղուիր կեղեքուած հոգիները մխիթարելու։ Երբ Յիսուս նկատեց որ մարդիկը «յոգնած ու ցիրուցան եղած էին հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս», ան պարզապէս չխղճաց անոնց, հապա՝ «շատ բաներ սորվեցուց անոնց» (Մատ. 9։36. Մար. 6։34)։ Ամէն պատճառ ունինք ճշմարիտ պաշտամունքին համար նախանձախնդիր ըլլալու, ինչպէս որ Յիսուս էր։
16, 17. ա) Ի՞նչ բան մեզ պէտք է մղէ, որ ծառայութեան մէջ ջանադիր ըլլանք։ բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։
Ա. Տիմոթէոս 2։3, 4–ի մէջ Պօղոս առաքեալի խօսքերը մասնաւոր իմաստ մը կ’առնեն (կարդալ)։ Ծառայութեան մէջ ճիգ կը թափենք ոչ միայն քանի որ գիտենք թէ վերջին օրերուն մէջ կ’ապրինք, այլ նաեւ քանի որ կը գիտակցինք, թէ ասիկա Աստուծոյ կամքն է։ Ան կ’ուզէ որ մարդիկ ճշմարտութիւնը ճանչնան, որպէսզի անոնք ալ կարենան զինք պաշտել ու ծառայել եւ օրհնուիլ։ Կը մղուինք ծառայութեան մէջ ջանադիր ըլլալու, ոչ թէ գլխաւորաբար քանի որ ժամանակը կարճ է, այլ՝ քանի որ կ’ուզենք Աստուծոյ անունը պատուել եւ մարդոց օգնել որ իր կամքը գիտնան։ Ճշմարիտ պաշտամունքին համար նախանձախնդիր ենք (Ա. Տիմ. 4։16)։
16 Երբ մեր ծառայութիւնը այդ կերպով նկատենք,17 Եհովայի ժողովուրդը ըլլալով, օրհնուած ենք՝ մարդկութեան ու երկրագունդին նկատմամբ Աստուծոյ նպատակին մասին ճշմարտութիւնը գիտնալով։ Միջոցը ունինք մարդոց օգնելու, որ երջանկութիւն գտնեն եւ ապագային համար ստոյգ յոյս մը ունենան։ Կրնանք անոնց մատնանշել ապահով մնալու կերպը, երբ Սատանայի իրերու դրութեան վրայ կործանումը գայ (Բ. Թես. 1։7-9)։ Փոխանակ ընդվզելու կամ վհատելու, քանի որ կը թուի թէ Եհովայի օրը ուշացաւ, պէտք է ուրախ ըլլանք որ տակաւին ժամանակ ունինք ճշմարիտ պաշտամունքին համար նախանձախնդիր ըլլալու (Միք. 7։7. Ամբ. 2։3)։ Ինչպէ՞ս կրնանք այդպիսի նախանձախնդրութիւն մշակել։ Յաջորդ յօդուածին մէջ ասիկա պիտի քննարկենք։
Կրնա՞ս բացատրել
• Ի՞նչ բան Յիսուսը մղեց որ իր ամբողջ ծառայութեան ընթացքին անխոնջօրէն գործէ։
• Աստուածաշնչական առումով, «նախանձախնդրութիւն» ի՞նչ կը նշանակէ։
• Ներկայիս ի՞նչ կը տեսնենք, որ մեզ պէտք է մղէ ճշմարիտ պաշտամունքին համար նախանձախնդիր ըլլալու։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 15]
Յիսուս իր Հօր կամքը կատարելու եւ մարդոց հանդէպ սէր ցուցաբերելու վրայ կեդրոնացաւ
[Նկար՝ էջ 16]
Ամէն պատճառ ունինք ճշմարիտ պաշտամունքին համար նախանձախնդիր ըլլալու