Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուած ի՞նչ կ’ընէ

Աստուած ի՞նչ կ’ընէ

Աստուած ի՞նչ կ’ընէ

«Ո՛վ Տէր [«Եհովա», ՆԱ], ինչո՞ւ հեռու կը կենաս. նեղութեան ժամանակները կը ծածկուիս» (ՍԱՂՄՈՍ 10։1

ԼՈՒՐԵՐՈՒ խորագիրներուն վրայ ակնարկ մը նետելը կը հաստատէ, թէ «նեղութեան ժամանակներ»ու մէջ կ’ապրինք։ Իսկ երբ տան մէջ տեղի ունենայ ողբերգութիւն մը,– ոճիր, լուրջ արկած կամ սիրելիի մը մահը,– թերեւս հարց տանք. Աստուած կը տեսնէ՞։ Ան կը հոգա՞յ։ Ան նոյնիսկ գոյութիւն ունի՞։

Սակայն նկատի առա՞ծ ես այն հաւանականութիւնը, թէ Աստուծմէ մեր ակնկալած բաները կրնան սխալ ենթադրութեան մը վրայ հիմնուած ըլլալ։ Լուսաբանենք. պատկերացուր երեխայ մը որ նեղուած է, քանի որ իր հայրը գործի գացած է։ Ան իր հայրը կը կարօտնայ ու կը փափաքի որ ան տուն վերադառնայ։ Երեխան լքուած կը զգայ, եւ ամբողջ օրը կրկին անգամ կը հարցնէ. «Ո՞ւր է հայրիկը»։

Իսկոյն կրնանք նշմարել, թէ այս երեխան սխալ կերպով կը մտածէ։ Իրականութեան մէջ, ա՛յդ պահուն անոր հայրը կ’աշխատի, որպէսզի ամբողջ ընտանիքին կարիքները հոգայ։ Կարելի՞ է որ մեր մտածմունքն ալ թերութիւն ունի, երբ կը բացագանչենք. «Ո՞ւր է Աստուած»։

Օրինակ՝ թերեւս ոմանք փափաքին որ Աստուած ըլլայ դահիճ մը, որուն գլխաւոր գործն է՝ չարագործը արագօրէն պատժել։ Ուրիշներ Աստուած կը նկատեն երկնային Կաղանդ Պապուկ, որուն դերն է նուէրներ շնորհել,– աշխատանք, կողակից կամ նոյնիսկ վիճակահանութեան շահող տոմս։

Այդ երկու տեսակէտներն ալ կ’ենթադրեն, որ եթէ Աստուած անմիջապէս արդարութիւն չբերէ կամ եթէ մեր խնդրանքը չշնորհէ, ուրեմն ան մեր տառապանքին նկատմամբ անզգայ է ու մեր կարիքներուն գիտակից չէ։ Սակայն ասիկա բոլորովին շիտակ չէ։ Իրողութիւնը այն է, թէ այս պահուն իսկ Եհովա Աստուած կ’աշխատի, որպէսզի ամբողջ մարդկային ընտանիքը հոգայ, բայց ո՛չ թէ շատերու խնդրած կերպով։

Արդ, Աստուած ի՞նչ կ’ընէ։ Այս հարցումին պատասխանելու համար, յետադարձ ակնարկ մը պէտք է նետենք մարդկային պատմութեան սկիզբին վրայ, երբ Աստուծոյ հետ մարդկութեան փոխյարաբերութիւնը մեծապէս վնասուեցաւ,– բայց ո՛չ թէ չվերահաստատուելու աստիճան։

Մեղքին վնասակար ազդեցութիւնները

Երեւակայէ տուն մը, որ տարիներէ ի վեր աւերակ է։ Տանիքը փլած է, դռները կոտրած են ու արտամասը քարուքանդ եղած է։ Ժամանակ մը այս տունը լաւ վիճակի մէջ էր,– բայց այժմ ո՛չ։ Պատահած վնասին տարողութիւնը նկատի առնելով, վերահաստատումը դիւրին պիտի չըլլայ. անիկա մէկ օրէն միւսը տեղի պիտի չունենայ։

Նկատի առ շուրջ 6000 տարի առաջ պատահած վնասը մարդկութեան, երբ անտեսանելի հոգի մը՝ Սատանան, Ադամն ու Եւան հրապուրեց, որ Աստուծոյ դէմ ըմբոստանան։ Այդ դէպքէն առաջ, մարդկային առաջին զոյգը կատարեալ առողջութիւն կը վայելէր, իր ապագայ սերունդներուն հետ յաւիտեան ապրելու հեռանկարը ունենալով (Ծննդոց 1։28)։ Սակայն, երբ Ադամ ու Եւա մեղանչեցին, կարծես թէ անոնք չծնած մարդկային ընտանիքը քանդեցին։

Այդ ըմբոստութեան կործանարար ազդեցութիւնները մի՛ թերագնահատեր։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Մարդէ մը [Ադամ] մեղքը աշխարհ մտաւ եւ այն մեղքէն՝ մահը» (Հռովմայեցիս 5։12)։ Մահ պատճառելէ զատ, մեղքը Արարիչին հետ մեր փոխյարաբերութիւնը վատթարացուցած է ու մեզի ֆիզիքապէս, մտաւորապէս եւ զգացականօրէն ազդած է։ Որպէս արդիւնք, մեր վիճակը քայքայուած տան մը կը նմանի։ Արդար Յոբ մեր կացութիւնը իրապաշտօրէն ամփոփեց՝ ըսելով. «Մարդը կարճ կեանք ունի, որ թշուառութիւնով լեցուն է» (Յոբ 14։1

Բայց Ադամի եւ Եւայի մեղանչումէն ետք, Աստուած մարդկային ցեղը լքե՞ց։ Բնաւ երբեք։ Իրականութեան մէջ, այդ օրէն մինչեւ հիմա, մեր երկնաւոր Հայրը մարդկային ընտանիքին ի նպաստ կ’աշխատի։ Աւելի լաւ գնահատելու համար ինչ որ կ’ընէ մեզի համար, նկատի առ երեք քայլեր, որոնք տուն մը վերահաստատելու համար անհրաժեշտ են, եւ թէ ինչպէ՛ս կը վերաբերին մարդկութիւնը վերահաստատելու համար Աստուծոյ ըրածներուն։

1 Վնասուած տուն մը քննելէ ետք, սեփականատէրը պէտք է որոշէ թէ զայն պիտի վերահաստատէ՛ թէ պիտի քանդէ։

Եդեմի մէջ տեղի ունեցած ըմբոստութենէն անմիջապէս ետք, Եհովա Աստուած մարդկութիւնը վերահաստատելու իր նպատակը ծանուցանեց։ Ան ըմբոստութիւնը դրդող անտեսանելի հոգիին ըսաւ. «Քու ու կնոջ մէջտեղ, քու սերունդիդ ու անոր սերունդին մէջտեղ թշնամութիւն պիտի դնեմ։ Ան քու գլուխդ պիտի ջախջախէ եւ դուն անոր գարշապարը պիտի խայթես» (Ծննդոց 3։15

Այդ խօսքերով, Եհովա խոստացաւ Եդեմի մէջ ըմբոստութիւն հրահրողը կործանել (Հռովմայեցիս 16։20. Յայտնութիւն 12։9)։ Աւելին, Եհովա նախագուշակեց թէ ապագայ «սերունդ» մը մարդկութիւնը մեղքէն պիտի փրկէր (Ա. Յովհաննէս 3։8 * Այս խոստումները կենսական ճշմարտութիւն մը յայտնեցին. Աստուած իր ստեղծագործութիւնը պիտի նորոգէր, եւ ոչ թէ կործանէր։ Բայց մարդկութեան վերահաստատումը ժամանակի պիտի կարօտէր։

2 Ճարտարապետ մը նախագիծ կը պատրաստէ, որ յստակօրէն ցոյց կու տայ թէ վերահաստատման աշխատանքը ի՛նչ պիտի իրագործէ։

Եհովա Աստուած իսրայէլացիներուն օրէնքներ տուաւ, ինչպէս նաեւ՝ տաճար մը, ուր զինք պէտք էր պաշտէին։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «[Ատոնք] գալու բաներուն շուքն են» (Կողոսացիս 2։17)։ Նախագծին նման, անոնք աւելի մեծ բան մը ներկայացուցին։

Օրինակ՝ իսրայէլացիները մեղքերու թողութիւն ստանալու համար անասնական զոհեր մատուցանեցին (Ղեւտացւոց 17։11)։ Այդ սովորութիւնը նախապատկերացուց աւելի մեծ զոհ մը, որ դարեր ետք պիտի մատուցանուէր,– զոհ մը՝ որ իսկական փրկութիւն պիտի հայթայթէր մարդկութեան։ * Խորանին ու տաճարին յատակագիծը նախապատկերացուց այն քայլերը, զորս Մեսիան պիտի առնէր, իր զոհաբերական մահէն մինչեւ երկինք համբառնալը (տե՛ս  էջ 7–ի ցուցակը

3 Շինարար մը կ’ընտրուի, որ յատակագծին հետեւելով վերահաստատումը պիտի կատարէ։

Յիսուս խոստացեալ Մեսիան էր, որ իսրայէլացիներուն մատուցած զոհերուն օրինակին հետեւելով իր կեանքը պիտի տար մարդկութիւնը փրկելու համար։ Արդարեւ, Յովհաննէս Մկրտիչ Յիսուսը կոչեց «Աստուծոյ Գառը, որ աշխարհի մեղքը կը վերցնէ» (Յովհաննէս 1։29)։ Յիսուս այս նշանակումը սիրայօժար ընդունեց։ Ան ըսաւ. «Ես երկնքէն իջայ՝ ո՛չ թէ իմ կամքս ընելու, հապա անոր կամքը՝ որ զիս ղրկեց» (Յովհաննէս 6։38

Յիսուսի նկատմամբ Աստուծոյ կամքը պարփակեց ոչ միայն «իր կեանքը շատերու համար փրկանք տալ», այլ նաեւ՝ իր հետեւորդներուն Թագաւորութիւն մը ուխտել (Մատթէոս 20։28. Ղուկաս 22։29, 30)։ Ա՛յդ Թագաւորութեան միջոցով Աստուած մարդկութեան առնչութեամբ իր նպատակը պիտի իրագործէ։ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին տրուած պատգամը կը կոչուի «աւետարան» կամ բարի լուր, քանի որ կը բացատրէ թէ Աստուած երկինքի մէջ կառավարութիւն մը հաստատած է, որպէսզի երկիրը ղեկավարէ (Մատթէոս 24։14. Դանիէլ 2։44 *

Վերահաստատման աշխատանքը կը շարունակուի

Երկինք համբառնալէ առաջ, Յիսուս իր հետեւորդներուն պատուիրեց. «Բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. . . Ահա ամէն օր ես ձեզի հետ եմ, մինչեւ աշխարհիս վերջը» (Մատթէոս 28։19, 20

Ուստի մարդկութեան վերահաստատումը Յիսուսի մահով վերջ պիտի չգտնէր։ Անիկա պիտի շարունակուէր մինչեւ «աշխարհիս վերջը»,– այն ժամանակը՝ երբ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի սկսէր մեր երկրին ղեկը իր ձեռքը առնել։ Այժմ այդ ժամանակը հասած է։ Ասիկա գիտենք, քանի որ «աշխարհիս վերջին» նկատմամբ Յիսուսի նախագուշակած նշանը այժմ կը կատարուի (Մատթէոս 24։3-14. Ղուկաս 21։7-11. Բ. Տիմոթէոս 3։1-5 *

Ներկայիս 236 երկիրներու մէջ, Եհովայի վկաները Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու Յիսուսի պատուէրին կը հնազանդին։ Իրականութեան մէջ, այս պարբերաթերթը ծրագրուած է քեզի օգնելու, որ այդ Թագաւորութեան եւ անոր իրագործելիք բաներուն մասին աւելի սորվիս։ Դիտարան–ի իւրաքանչիւր թիւին 2–րդ էջին վրայ հետեւեալ խօսքերը պիտի գտնես. «Այս պարբերաթերթը. . . մարդիկը կը մխիթարէ այն բարի լուրով, թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը, որ երկնային իսկական կառավարութիւն մըն է, շուտով ամբողջ չարութեան վերջ պիտի դնէ ու երկրագունդը դրախտի պիտի վերածէ։ Անիկա հաւատք կը կերտէ Յիսուս Քրիստոսի հանդէպ, որուն մահուան շնորհիւ կրնանք յաւիտենական կեանք ստանալ եւ որ այժմ կ’իշխէ որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը»։

Ճիշդ է որ ներկայիս տակաւին ահաբեկչական յարձակումներու կամ բնական աղէտներու մասին կը լսես, կամ թերեւս անհատական ողբերգութիւն մը ունենաս։ Բայց Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը քեզ պիտի համոզէ, որ Աստուած մարդկութիւնը չէ լքած։ Ընդհակառակը, ան «մեր ամէն մէկէն ալ հեռու չէ» (Գործք 17։27)։ Եւ մեր առաջին ծնողքին կորսնցուցածը վերահաստատելու իր խոստումը պիտի յաջողի (Եսայի 55։11

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 16 Ծննդոց 3։15–ի մասին մանրամասն բացատրութեան համար, տե՛ս Եհովայի մօտեցիր գրքին 19–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։

^ պարբ. 19 Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 5–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։

^ պարբ. 22 Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 8–րդ գլուխը։

 [Ցուցակ/Նկարներ՝ էջ 7]

(Լման շարադրանքին համար՝ տե՛ս հրատարակութիւնը)

«Ճշմարտին օրինակը». Խորանը ի՛նչ պատկերացուց

ԶՈՀԱՍԵՂԱՆԸ

Յիսուսի զոհաբերութիւնը ընդունելու Աստուծոյ կամեցողութիւնը (ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 13։10-12

ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏԸ

Յիսուս (ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 9։11

1 Քաւութեան օրը, քահանայապետը ժողովուրդին մեղքերուն համար զոհ մը կը մատուցանէր (ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 16։15, 29-31

1 Մ.թ. 33–ի նիսան 14–ին, Յիսուս իր կեանքը մեզի համար զոհեց (ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 10։5-10. Ա. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 2։1, 2

ՍՐԲՈՒԹԻՒՆԸ

Յիսուսի հոգիէն–ծնած վիճակը (ՄԱՏԹԷՈՍ 3։16, 17. ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 8։14-17. ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 5։4-6

ՎԱՐԱԳՈՅՐԸ

Յիսուսի մսեղէն մարմինը, այն արգելքը՝ որ երկրային կեանքը երկնային կեանքէն կը զատէր (Ա. ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 15։44, 50. ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 6։19, 20. 10։19, 20

2 Քահանայապետը Սրբութիւնը Սրբութիւն սրբութեանցէն զատող վարագոյրին միւս կողմը կ’անցնէր։

2 Իր յարութենէն ետք, Յիսուս ‘վարագոյրին միւս կողմը անցաւ’՝ երկինք համբառնալով, որպէսզի «մեզի համար Աստուծոյ առջեւ ներկայանայ» (ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 9։24-28

ՍՐԲՈՒԹԻՒՆ ՍՐԲՈՒԹԵԱՆՑԸ

Երկինք (ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 9։24

3 Սրբութիւն սրբութեանցը մտնելէ ետք, քահանայապետը ուխտին տապանակին առջեւ զոհին արիւնէն մաս մը կը սրսկէր (ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 16։12-14

3 Իր թափուած արեան արժէքը ներկայացնելով, Յիսուս մեր մեղքերուն համար իսկական քաւութիւն հայթայթեց (ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 9։12, 24. Ա. ՊԵՏՐՈՍ 3։21, 22