Երկնքի մասին ճշմարտութիւնը որոնել
Երկնքի մասին ճշմարտութիւնը որոնել
ԵՐԿԻՆՔ երթալու հեռանկարը ո՜րքան գրաւիչ կրնայ թուիլ։ Մահմետականներ, պրահմանականներ, պուտտայականներ, քրիստոնեայ աշխարհի եկեղեցիներու անդամներ եւ նոյնիսկ կրօնքով չհետաքրքրուած բազմաթիւ անհատներ, մահուընէ ետք կեանքի տարբեր յոյսեր կը սնուցանեն։ Սովորաբար մարդիկ կ’երեւակայեն որ երկինքը գեղեցիկ ու հաճոյալի վայր մըն է, ուր մարդիկ տառապանքէ կը ձերբազատուին ու «մեկնած սիրելիներու» հետ կը վերամիանան։ Այսուհանդերձ, մարդկութեան մեծամասնութիւնը կ’ընդունի սա հին առածը. ամէն ոք կ’ուզէ երկինք երթալ, բայց ո՛չ ոք կ’ուզէ մեռնիլ՝ հոն ըլլալու համար։ Ինչո՞ւ։
Եթէ ծրագրուած ենք որ մեռնինք եւ երկինք երթանք, պէտք չէ՞ աւելի անհատներ մեծ ակնկալութեամբ ասոր սպասեն, ճիշդ ինչպէս որ երեխայ մը կ’ակնկալէ մեծնալ կամ պատանի մը կը յուսայ ամուսնանալ։ Բայց մարդոց մեծամասնութիւնը չ’ուզեր մեռնիլ։
Ասով հանդերձ, քարոզիչներ կը դաւանին թէ երկրի վրայ մեր կարճ կեցութենէն ետք, երկինքը պիտի ապրինք։ Օրինակ՝ կ’ըսուի թէ Ուաշինկթըն Տի.Սի.–ի արքեպիսկոպոսը՝ Թէօտոր Էտկար Կարդինալ Մքքէրիք նշած է. «Մենք այս կեանքին համար ստեղծուած չենք։ Մենք երկինքը ապրելու համար ստեղծուած ենք»։ Նոյնպէս, ՄՆ աւետարանչականներու ազգային ընկերակցութեան նախկին նախագահին խօսքերը մէջբերուած են, թէ «Կեանքի նպատակն է Աստուած փառաւորել եւ երկինք երթալ. . . քանի որ մեր տունը երկինքն է»։
Անոնք որոնք երկնքի մէջ անդէնականի կը հաւատան, սովորաբար իրենց հաւատքը կը հիմնեն չնչին տեղեկութիւններու վրայ։ Կրօնական կարծիքները հետազօտող ընկերութեան մը տնօրէնը՝ Ճորճ Պարնա նկատեց թէ շատեր կ’որդեգրեն «կեանքի եւ անդէնականի նկատմամբ տեսակէտներ, հիմնուելով այլազան աղբիւրներէ քաղուած գաղափարներու վրայ, ինչպէս՝ շարժապատկերներ, երաժշտութիւն ու վէպեր»։ Իսկ Ֆլորիտայի մէջ, եպիսկոպոսական հովիւի մը մէկ խօսքն էր՝ «Երկնքի մասին բան մը չենք գիտեր, բացի՝ թէ երկինքը այն է, ուր Աստուած կայ»։
Սակայն երկինքը կարեւոր բնաբան մըն է Աստուածաշունչին մէջ։ Աստուծոյ Խօսքը երկինքի մասին ի՞նչ կը յայտնէ։ Մարդը ստեղծուեցաւ երկի՞նքը ապրելու համար։ Եթէ մարդիկ երկինք երթան, ի՞նչ պիտի ընեն հոն։
[Մէջբերում՝ էջ 3]
Ինչո՞ւ շատեր կ’ուզեն երկինք երթալ, բայց քիչեր կ’ուզեն մեռնիլ՝ հոն ըլլալու համար