Սատանայի իշխելու կերպը վստահաբար պիտի ձախողի
Սատանայի իշխելու կերպը վստահաբար պիտի ձախողի
«Ամբարշտին բարութիւն պիտի չըլլայ» (ԺՈՂ. 8։13)։
1. Ամբարիշտներուն մօտալուտ դատաստանը ինչո՞ւ մխիթարիչ լուր մըն է։
ՈՒՇ կամ կանուխ, ամբարիշտները պիտի դատուին։ Անոնք իրենց ըրածներուն համար հաշիւ պիտի տան (Առ. 5։22. Ժող. 8։12, 13)։ Ասիկա մխիթարիչ լուր մըն է, յատկապէս անոնց՝ որոնք արդարութիւնը կը սիրեն եւ ամբարիշտներուն ձեռքով անիրաւութիւն ու չարչարանք կրած են։ Առաջնագոյն ամբարիշտը, որ պիտի դատուի, ամբարշտութեան հայրը՝ Բանսարկուն է (Յովհ. 8։44)։
2. Եդեմի մէջ յարուցուած հարցին լուծումը ինչո՞ւ ժամանակի կը կարօտէր։
2 Եդեմի մէջ, ինքնագովութեան զգացումներով լեցուած, Սատանան պատճառ եղաւ որ մարդիկ Եհովայի իշխելու կերպը մերժեն։ Որպէս արդիւնք, մեր առաջին ծնողները Սատանայի միանալով Եհովայի իրաւացի հեղինակութեան ասպարէզ կարդացին եւ Իր աչքին մեղաւորներ դարձան (Հռով. 5։12-14)։ Անշուշտ, Եհովա գիտէր անոնց անպատկառ եւ ըմբոստ ընթացքին հետեւանքը։ Սակայն այդ անխուսափելի հետեւանքը պէտք էր բոլոր մտացի արարածներուն բացայայտ դառնար։ Ուստի ժամանակ պիտի առնէր, որ հարցը լուծուէր եւ համոզիչ կերպով ցոյց տրուէր, թէ ըմբոստները ամբողջովին սխալ էին։
3. Մարդկային կառավարութիւններու նկատմամբ ի՞նչ է մեր կեցուածքը։
3 Եհովայի վերակացութիւնը մերժելով, մարդիկ ստիպուեցան իրենց համար կառավարութիւններ հաստատել։ Պօղոս առաքեալ, Հռոմի մէջ գտնուող հաւատակիցներուն յղած իր նամակին մէջ, այս մարդկային կառավարութիւններուն մասին խօսեցաւ որպէս «վերին իշխանութիւններ» (ՆԱ)։ Պօղոսի օրերուն, վերին իշխանութիւնները գլխաւորաբար Հռոմի կառավարութիւնն էր, որուն կայսրն էր՝ Ներոն, որ իշխեց մ.թ. 54–էն մինչեւ 68։ Պօղոս ըսաւ թէ վերին իշխանութիւնները «Աստուծոյ կողմէ դրուած են իրենց յարաբերական դիրքերուն վրայ» (ՆԱ) (կարդալ՝ Հռովմայեցիս 13։1, 2)։ Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ Պօղոս մարդկային իշխանութիւնը Աստուծոյ իշխելու կերպէն գերադաս կը նկատէր։ Անշուշտ ո՛չ։ Փոխարէն, ան պարզապէս կ’ըսէր թէ այնքան ատեն որ Եհովա մարդկային իշխանութիւնը կը թոյլատրէ, քրիստոնեաները պէտք է «Աստուծոյ հրաման»ը յարգեն եւ այսպիսի կառավարիչներ ընդունին։
Աղէտի առաջնորդող ճամբայ մը
4. Բացատրէ թէ մարդկային իշխանութիւնը ինչո՛ւ ձախողութեան դատապարտուած է։
4 Այսուհանդերձ, Սատանայի ազդեցութեան ներքեւ գտնուող մարդկային իշխանութիւնը անպայման պիտի ձախողի։ Ինչո՞ւ։ Պատճառներէն մէկը այն է, որ անիկա աստուածային իմաստութեան վրայ հիմնուած չէ։ Միայն Եհովա կատարեալ իմաստութիւն ունի։ Ուստի ան միակ վստահելի Աղբիւրն է, որ յաջող իշխանութեան պայմանները կը սահմանէ (Եր. 8։9. Հռով. 16։27)։ Մարդոց հակառակը, որոնք յաճախ փորձով կը սորվին, Եհովա միշտ գիտէ բան մը ընելու լաւագոյն կերպը։ Իր առաջնորդութեան չհետեւող որեւէ կառավարական կարգադրութիւն յաջողութիւն պիտի չտեսնէ։ Միայն այս պատճառաւ,– առանց նշելու պարփակուած չար շարժառիթը,– մարդկային իշխանութեան միջոցաւ Սատանայի իշխելու կերպը սկիզբէն իսկ ձախողութեան դատապարտուած էր։
5, 6. Ըստ երեւոյթին, ի՞նչ բան պատճառ եղաւ որ Սատանան Եհովայի հակառակի։
5 Ընդհանրապէս խելամիտ անհատը չի ստանձներ ձեռնարկ մը, որ վստահաբար պիտի Առակաց 21։30)։ Սակայն Սատանան, ինքնագովութեան ու հպարտութեան զգացումներով կուրցած, Եհովայի կռնակ դարձուց։ Այսպէս Բանսարկուն ընտրեց ճամբայ մը, որուն վերջաւորութիւնը միայն աղէտ է։
ձախողի։ Իսկ եթէ ան պնդէ զայն շարունակել, ի վերջոյ պիտի ստիպուի իր սխալը ընդունիլ։ Պատմութիւնը բազմիցս փաստած է, թէ ամենակալ Ստեղծիչին հակառակիլը անօգուտ է (կարդալ՝6 Սատանայի յաւակնոտ կեցուածքը յետագային արտացոլացուց բաբելոնացի կառավարիչ մը, որ յոխորտանքով ըսաւ. «Երկինք պիտի ելլեմ ու իմ աթոռս Աստուծոյ աստղերէն վեր պիտի բարձրացնեմ եւ ժողովի լեռը, հիւսիսի քովերը պիտի բնակիմ. ամպերու բարձրութիւններուն վրայ պիտի ելլեմ, Բարձրելոյն պիտի նմանիմ» (Եսա. 14։13-15)։ Այս կառավարիչին անմիտ ձեռնարկը ձախողեցաւ, եւ բաբելոնական հարստութիւնը ամօթալի վերջ մը ունեցաւ։ Նոյնպէս, Սատանան եւ իր աշխարհը շուտով ամբողջական պարտութիւն պիտի կրեն։
Ինչո՞ւ թոյլատրուած է
7, 8. Ամբարշտութեան առժամեայ թոյլտուութեան կարգ մը օգուտները ի՞նչ են։
7 Ոմանք կրնան հարց տալ, թէ Եհովա ինչո՛ւ արգելք չհանդիսացաւ, որ մարդիկ Սատանայի կողքին դիրք բռնեն եւ որդեգրեն իշխելու ծրագիր մը, որ վստահաբար պիտի ձախողէր։ Ամենակարող Աստուած ըլլալով, անշուշտ ան կրնար ասիկա ընել (Ել. 6։3)։ Այսուհանդերձ ան չմիջամտեց. իր իմաստութիւնը յայտնեց թէ մարդուն ըմբոստութիւնը առժամաբար թոյլատրելը, ի վերջոյ լաւագոյն արդիւնքը պիտի տար։ Ժամանակի ընթացքին, Եհովա պիտի ջատագովուէր որպէս արդար ու սիրառատ Կառավարիչ, իսկ հաւատարիմ մարդիկ Աստուծոյ որոշումէն պիտի օգտուէին։
8 Մարդկութիւնը ի՜նչ թշուառութիւններէ պիտի խնայուէր, եթէ մարդիկ Սատանայի առաջարկները մերժէին եւ Աստուծոյ իշխանութենէն անկախ ըլլալը չընդունէին։ Այսուհանդերձ օգուտներ բերած է Եհովայի որոշումը, որ առժամեայ մարդոց թոյլ տայ որ իրենք զիրենք կառավարեն։ Անիկա ուղղախոհ անհատներու մեծապէս ընդգծած է Աստուծոյ մտիկ ընելու եւ վստահելու իմաստութիւնը։ Դարերու ընթացքին, մարդիկ բազմաթիւ վարչաձեւեր փորձած են, բայց ո՛չ մէկը իտէալ եղած է։ Այս իրողութիւնը Աստուծոյ երկրպագուներուն համոզումը ամրապնդած է, թէ Եհովայի իշխելու կերպը արդարեւ լաւագոյնն է։ Ճիշդ է որ Եհովայի կողմէ Սատանայի չար իշխանութեան թոյլ տրուիլը, մարդկութեան եւ Իր հաւատարիմ երկրպագուներուն դժուարութիւններ պատճառած է, սակայն հաւատարիմները անկէ օգտուած են։
Ըմբոստութիւն մը՝ որ Եհովան փառաւորելու ծառայած է
9, 10. Բացատրէ թէ Սատանայի իշխանութիւնը ինչպէ՛ս պատճառ եղած է, որ Եհովան փառաւորուի։
9 Թոյլ տալը որ մարդիկ Սատանայի ազդեցութեան ներքեւ գան եւ իրենք զիրենք իշխեն, ո՛չ մէկ կերպով Եհովայի իշխելու կերպը վարկաբեկած է։ Ընդհակառակը, պատմութիւնը կը փաստէ որ շիտակ է Երեմիայի ներշնչեալ խօսքը, թէ մարդիկ չեն կրնար իրենք զիրենք կառավարել (կարդալ՝ Երեմիա 10։23)։ Ասկէ զատ, Սատանայի ըմբոստութիւնը Եհովայի պատեհութիւն տուած է, որ Իր ընտիր յատկութիւնները աւելի բացայայտօրէն դրսեւորէ։ Ի՞նչպէս։
10 Սատանայի իշխանութեան աղէտալի հետեւանքները աւելի բացորոշ դարձուցած են Եհովայի կատարեալ յատկութիւնները։ Այսպիսով Ան փառաւորուած է անոնց կողմէ, որոնք զինք կը սիրեն։ Այո, հակասական թուելով հանդերձ, իրականութեան մէջ Սատանայի իշխելու կերպը Աստուած մեծարելու ծառայած է։ Անիկա ցցուն ըրած է գերադրական կերպը, որով Եհովա ձեռք առած է այս ասպարէզ կարդալը իր գերիշխանութեան։ Այս ճշմարտութիւնը լուսաբանելու համար, հակիրճօրէն նկատի առնենք Եհովայի կարգ մը յատկութիւնները եւ տեսնենք, թէ Սատանայի չար իշխանութիւնը ի՛նչպէս Եհովան մղած է այս յատկութիւնները յաւելեալ կերպերով ցուցաբերելու։
11. Եհովայի սէրը ինչպէ՞ս դրսեւորուած է։
11 Սէր։ Սուրբ Գրութիւնները կ’ըսեն, թէ «Աստուած սէր է» (Ա. Յովհ. 4։8)։ Մարդոց ստեղծագործութիւնը, առաջին հերթին, Աստուծոյ սիրոյն մէկ արտայայտութիւնն էր։ Ասկէ զատ, Աստուծոյ սիրոյն կը վկայէ այն վախազդու եւ սքանչելի կերպը, որով ստեղծուած ենք։ Եհովա նաեւ սիրալիրօրէն մարդոց հայթայթած է գեղեցիկ տուն մը, որ իրենց երջանկութեան անհրաժեշտ եղող բոլոր բաներով լեցուն է (Ծն. 1։29-31. 2։8, 9. Սաղ. 139։14-16)։ Բայց երբ ամբարշտութիւնը մուտք գործեց մարդկային ընտանիքէն ներս, Եհովա իր սէրը նոր կերպերով արտայայտեց։ Ի՞նչպէս։ Ըստ Յովհաննէս առաքեալի, Յիսուս ըսաւ. «Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յովհ. 3։16)։ Աստուած կրնա՞ր մարդկութեան հանդէպ իր սէրը ցոյց տալ աւելի արտակարգ կերպով, քան՝ իր միածին Որդին երկիր ղրկելով մեղաւորները փրկելու (Յովհ. 15։13)։ Սիրոյ այս հիանալի ցուցադրութիւնը նաեւ որպէս օրինակ ծառայեց մարդոց, պատեհութիւն տալով որ Աստուծոյ անձնուրաց սէրը առօրեայ կեանքին մէջ արտացոլացնեն, ինչպէս որ Յիսուս ըրաւ (Յովհ. 17։25, 26)։
12. Եհովայի զօրութիւնը ի՞նչ կերպով յայտնուած է։
12 Զօրութիւն։ Միայն «Ամենակալ Տէր Աստուած» կեանք ստեղծելու զօրութիւնը ունի (Յայտ. 11։17. Սաղ. 36։9)։ Ծննդեան ատեն, մարդը կը սկսի որպէս պարապ էջ մը, այլաբանօրէն խօսելով։ Մահուան ատեն, ան այդ պարապ էջը լեցուցած կ’ըլլայ որոշումներով, արարքներով ու փորձառութիւններով, որոնք իր անհատականութիւնն ու անձնաւորութիւնը կաղապարեցին։ Այդ տեղեկութիւնները կրնան Եհովայի յիշողութեան մէջ պահուիլ։ Որոշուած ժամանակին, Եհովա կրնայ անհատը վերակենդանացնել, իր իւրայատուկ անձնաւորութեամբ օժտուած (Յովհ. 5։28, 29)։ Այսպէս, թէեւ մահը Աստուծոյ սկզբնական նպատակին մաս չէր կազմեր, բայց իրեն պատեհութիւն տուած է, որ յայտնէ թէ իր զօրութիւնը կրնայ նոյնիսկ մեռելները յարուցանել։ Արդարեւ Եհովա ‘ամենակալ Աստուած’ է։
13. Յիսուսի զոհը ինչպէ՞ս Եհովայի կատարեալ արդարութիւնը ապացուցանեց։
13 Արդարութիւն։ Եհովա սուտ չի խօսիր. ոչ ալ անիրաւօրէն կը վարուի (Բ. Օր. 32։4. Տիտ. 1։2)։ Ան միշտ ճշմարտութեան եւ արդարութեան բարձրագոյն չափանիշներուն կը կառչի, նոյնիսկ երբ ասիկա ընելը թուի անպատեհ ըլլալ իրեն (Հռով. 8։32)։ Եհովա ի՜նչ ցաւ զգացած ըլլալու էր, տեսնելով տանջանքի ցիցին վրայ իր սիրելի Որդիին մահը, որպէս թէ Յիսուս անհաւատարիմ հայհոյիչ մը ըլլար։ Այսուհանդերձ, անկատար մարդիկը սիրելով, Եհովա յօժարեցաւ թոյլ տալ որ այս ցաւագին դէպքը տեղի ունենայ, արդարութեան իր կատարեալ չափանիշը վեր բռնելու համար (կարդալ՝ Հռովմայեցիս 5։18-21)։ Անիրաւութեամբ զեղուն աշխարհը Եհովայի պատեհութիւն տուաւ, որ ապացուցանէ թէ ինք արդարութեան գերագոյն տիպարն է։
14, 15. Եհովայի իմաստութիւնն ու համբերութիւնը ի՞նչ կարգ մը կերպերով դրսեւորուած են։
14 Իմաստութիւն։ Ադամի եւ Եւայի մեղանչումէն անմիջապէս ետք, Եհովա յայտնեց անոնց ըմբոստութեան բոլոր հետեւանքները ջնջելու իր կերպը (Ծն. 3։15)։ Այս անմիջական քայլը եւ այս նպատակին մանրամասնութիւնները աստիճանաբար իր ծառաներուն յայտնելը, Եհովայի իմաստութիւնը լուսարձակի տակ առին (Հռով. 11։33)։ Ոչինչ կրնայ հարցերը յաջողութեամբ ձեռք առնելու Աստուծոյ կարողութիւնը խափանել։ Անբարոյութեամբ, պատերազմով, անխոհեմութեամբ, անհնազանդութեամբ, անողորմութեամբ, աչառութեամբ ու կեղծաւորութեամբ յատկանշուած աշխարհին մէջ, Եհովա մեծ պատեհութիւն ունեցած է իր արարածներուն ցոյց տալու, թէ իսկական իմաստութիւնը ի՛նչ է։ Յակոբոս աշակերտ ըսաւ. «Վերին իմաստութիւնը նախ՝ սուրբ է, ետքը՝ խաղաղարար, հեզ, հլու, ողորմութիւնով ու բարի պտուղներով լեցուն, անկողմնակալ ու անկեղծ» (Յակ. 3։17)։
15 Համբերութիւն եւ երկայնամտութիւն։ Եհովայի համբերութիւնը եւ երկայնամտութիւնը այսքան ուշագրաւ պիտի չըլլային, եթէ հարկ չըլլար որ վարուէր մարդկային անկատարութիւններու, մեղքերու եւ թերութիւններու հետ։ Եհովայի կամեցողութիւնը որ ասիկա ընէ հազարաւոր տարիներ, կ’ապացուցանէ թէ ան այս հոյակապ յատկութիւնները կատարելապէս ունի, իսկ ասոր համար երախտապարտ պէտք է ըլլանք։ Պետրոս առաքեալ տեղին ըլլալով նշեց, թէ ‘մեր Տէրոջ երկայնմտութիւնը փրկութիւն պէտք է սեպենք’ (Բ. Պետ. 3։9, 15)։
16. Եհովայի ներելու կամեցողութիւնը ինչո՞ւ մեծապէս ուրախանալու պատճառ մըն է։
16 Ներելու կամեցողութիւն։ Բոլորս ալ մեղաւոր ենք եւ շատ յանցանքներ կ’ընենք (Յակ. 3։2. Ա. Յովհ. 1։8, 9)։ Ո՜րքան երախտապարտ պէտք է ըլլանք, որ Եհովա «առատապէս կը ներէ» (Եսա. 55։7)։ Նաեւ նկատի առ սա իրողութիւնը. ի ծնէ անկատար մեղաւորներ ըլլալով, կրնա՛նք մեծապէս ուրախանալ, երբ Աստուած մեր մեղքերը կը ներէ (Սաղ. 51։5, 9, 17)։ Եհովայի այս սրտապնդիչ յատկանիշը անձամբ շօշափելը կը զօրացնէ մեր սէրը իրեն հանդէպ եւ կը քաջալերէ մեզ, որ ուրիշներու հետ մեր գործառնութեանց մէջ իր օրինակին հետեւինք (կարդալ՝ Կողոսացիս 3։13)։
Աշխարհը ինչո՛ւ հիւանդ է
17, 18. Սատանայի իշխելու կերպը ի՞նչ կերպերով ձախողած է։
17 Սատանայի համաշխարհային դրութիւնը,– անոր իշխելու կերպին մէկ արտադրութիւնը,– դարերու ընթացքին յաճախ ձախողած է։ 1991–ին, լրագիր մը (The European) նշեց. «Աշխարհը հիւա՞նդ է։ Արդարեւ այո՛, բայց. . . ո՛չ Աստուծոյ կողմէ։ Աշխարհի հիւանդութեան պատճառը անոր բնակիչներն են»։ Ասիկա շիտակ է։ Սատանայէն ազդուած, մեր առաջին ծնողքը Եհովայի իշխանութեան փոխարէն ընտրեց մարդկային իշխանութիւնը։ Այսպէս անոնք սկիզբ տուին իշխելու կերպի մը, որ ձախողութեան դատապարտուած էր։ Աշխարհի տարածքին մարդոց քաշած տառապանքն ու թշուառութիւնը նշաններ են, թէ մարդկային իշխանութիւնը ահռելի հիւանդութենէ մը բռնուած է։
18 Սատանայի իշխելու կերպը անձնասիրութեան կոչ կ’ընէ։ Սակայն անձնասիրութիւնը երբեք չի կրնար սիրոյ յաղթել, որ Եհովայի իշխելու կերպին հիմը կը կազմէ։ Սատանայի իշխելու կերպը չէ բերած կայունութիւն, երջանկութիւն կամ ապահովութիւն։ Եհովայի իշխելու կերպը ջատագովուած է։ Ասոր արդի ապացոյցները ունի՞նք։ Այո՛, ինչպէս որ յաջորդ յօդուածը ցոյց պիտի տայ։
Իշխանութեան մասին ի՞նչ սորվեցանք, կարդալով՝
• Առակաց 21։30.
• Երեմիա 10։23.
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկարներ՝ էջ 25]
Սատանայի իշխանութիւնը երբեք մարդկութեան օգտակար չէ եղած
[Նկարին աղբիւրները]
U.S. Army photo
WHO photo by P. Almasy