Լաւ կրօնքը յառաջ կը մղէ եղբայրսիրութիւնը
Լաւ կրօնքը յառաջ կը մղէ եղբայրսիրութիւնը
«ԱՆ ՈՐ չի սիրեր՝ Աստուած չի ճանչնար. վասն զի Աստուած սէր է», կ’ըսէ Աստուածաշունչը (Ա. Յովհաննէս 4։8)։ Ուստի լաւ կրօնքը յառաջ պէտք է մղէ եղբայրսիրութիւնը։
Շատ մը կրօնքներ սքանչելի գործ մը կը կատարեն, հոգալով հիւանդները, տարեցներն ու աղքատները։ Անոնք իրենց անդամները կը քաջալերեն, որ կիրարկեն Յովհաննէս առաքեալի սա խրատը. «Ան որ աշխարհին բարիքը ունի եւ իր եղբայրը բանի մը կարօտ կը տեսնէ ու իր գութը անկէ կը գոցէ, ի՞նչպէս Աստուծոյ սէրը անոր մէջ բնակած կ’ըլլայ։ Ո՛րդեակներս, ո՛չ թէ խօսքով ու Ա. Յովհաննէս 3։17, 18)։
լեզուով սիրենք, հապա գործով ու ճշմարտութիւնով» (Սակայն ի՞նչ տեղի կ’ունենայ, երբ ազգերը պատերազմին։ Արդեօք «քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս» աստուածային պատուիրանը խաղաղութեա՞ն ժամանակներուն պէտք է կիրարկուի, իսկ առկախուի՝ երբ քաղաքագէտ մը կամ թագաւոր մը որոշէ դրացի ազգի մը դէմ պատերազմիլ (Մատթէոս 22։39)։
Յիսուս ըսաւ. «Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք» (Յովհաննէս 13։35)։ Մինչ հետեւեալ հարցումներուն կը պատասխանես, դուն քեզի հարց տուր. ‘Այս կրօնքին անդամները ամէն ատեն եւ ամէն մարդու հանդէպ սէր կը ցուցաբերե՞ն, ո՛չ թէ միայն խօսքերով, այլեւ գործերով’։
ԹԵՄԱ. Պատերազմ։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՍՈՐՎԵՑՈՒՑԱԾ ԿԷՏԵՐԸ. Յիսուս իր աշակերտներուն պատուիրեց. «Ես ձեզի կ’ըսեմ. ‘Սիրեցէք ձեր թշնամիները. . . բարիք ըրէք անոնց որ ձեզ կ’ատեն’» (Մատթէոս 5։44)։
Երբ զինուորներ եկան Յիսուսը ձերբակալելու, Պետրոս առաքեալ զինք պաշտպանելու համար սուր մը քաշեց։ Սակայն Յիսուս ըսաւ. «Սուրդ տե՛ղը դարձուր, վասն զի բոլոր սուր առնողները՝ սուրով պիտի կորսուին» (Մատթէոս 26։52)։
Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Ասո՛վ բացայայտ կ’ըլլան Աստուծոյ զաւակներն ու Չարախօսին զաւակները։ Ո՛վ որ արդարութիւն չի գործեր՝ Աստուծմէ չէ, ո՛չ ալ ա՛ն՝ որ չի սիրեր իր եղբայրը։ Արդարեւ սա՛ է այն պատգամը՝ որ դուք լսեցիք սկիզբէն, որ սիրենք զիրար։ Չըլլա՛նք Կայէնի պէս, որ Չարէն էր ու մորթեց իր եղբայրը» (Ա. Յովհաննէս 3։10-12, ԱԾ)։
ՀԱՐՑՈՒՄ. Այս կրօնքը իր անդամները կը քաջալերէ՞, որ պատերազմներու մասնակցին։
ԹԵՄԱ. Քաղաքականութիւն։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՍՈՐՎԵՑՈՒՑԱԾ ԿԷՏԵՐԸ. Հրաշքներ գործելու Յիսուսի կարողութեան ականատես ըլլալէ ետք, ոմանք ուզեցին որ ան տեղական քաղաքականութեան միջամուխ ըլլայ։ Ան ի՞նչպէս հակազդեց։ «Յիսուս երբ գիտցաւ թէ պիտի գան զինք բռնութեամբ թագաւոր ընելու, դարձեալ լեռը ելաւ, առանձինն» (Յովհաննէս 6։15, Անթիլիաս)։
Երբ Յիսուս ձերբակալուեցաւ եւ ամբաստանուեցաւ քաղաքական խռովարար ըլլալու յանցանքով, ան պատասխանեց. «Իմ թագաւորութիւնս այս աշխարհէն չէ. եթէ այս աշխարհէն ըլլար իմ թագաւորութիւնս, իմ սպասաւորներս կը կռուէին՝ որ ես Հրեաներուն ձեռքը չմատնուիմ, բայց իմ թագաւորութիւնս ասկէ չէ» (Յովհաննէս 18։36)։
Իր աշակերտներուն մասին Աստուծոյ աղօթելու ատեն, Յիսուս ըսաւ. «Ես քու պատգամդ անոնց փոխանցեցի, եւ աշխարհը ատեց զանոնք, որովհետեւ անոնք այս աշխարհին չեն պատկանիր, ինչպէս ես աշխարհին չեմ պատկանիր» (Յովհաննէս 17։14, Անթիլիաս)։
ՀԱՐՑՈՒՄ. Այս կրօնքը Յիսուսի օրինակին կը հետեւի՞ եւ քաղաքականութեան միջամուխ ըլլալէ կը խուսափի՞, նոյնիսկ եթէ իր անդամները կարգ մը քաղաքագէտներու ատելութեան թիրախը պիտի դառնան։
ԹԵՄԱ. Կանխադատութիւն։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՍՈՐՎԵՑՈՒՑԱԾ ԿԷՏԵՐԸ. Երբ առաջին անթլփատ ոչ–հրեաները քրիստոնեայ եղան, Պետրոս առաքեալ նշեց. «Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ։ Ոեւէ ազգէ, ոեւէ մարդ որ անկէ կը վախնայ ու արդարութիւն կը գործէ, իրեն ընդունելի է» (Գործք 10։34, 35)։
Առաջին դարու քրիստոնեաներուն գրելով, Յակոբոս ըսաւ. «Ե՛ղբայրներս, աչառութեամբ մի՛ պահէք մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին՝ փառաց Տէրոջ հաւատքը։ Քանզի եթէ ձեր ժողովին մէջ մարդ մը մտնելու ըլլայ որ ունենայ ոսկի մատանի եւ փառաւոր հանդերձներ, հոն աղքատ մըն ալ մտնելու ըլլայ աղտոտ հանդերձներով եւ նայիք անոր վրայ որ փառաւոր հանդերձներ ունի ու ըսէք. ‘Դուն հոս նստէ պատուով’, իսկ աղքատին՝ ‘Ոտքի՛ կայնէ, կամ նստէ պատուանդանիս քով’, ձեր մէջ խտրութիւններ չէ՞ք դներ ու չար խորհուրդներու դատաւոր չէ՞ք ըլլար» (Յակոբոս 2։1-4)։
ՀԱՐՑՈՒՄ. Այս կրօնքը կը սորվեցնէ՞ թէ բոլոր մարդիկ Աստուծոյ աչքին համահաւասար են, եւ թէ իր անդամները պէտք չէ խտրականութեամբ վարուին տարբեր ցեղի կամ տնտեսական մակարդակի պատկանող անհատներու հետ։
[Մէջբերում՝ էջ 7]
Ո՞ր կրօնքը իր անդամներուն կը սորվեցնէ, որ մարդիկը պառակտող քաղաքական, ցեղային ու տնտեսական խոչընդոտները յաղթահարեն