Երկրի վրայ յաւիտենական կեանք. վերագտնուած յոյս
Երկրի վրայ յաւիտենական կեանք. վերագտնուած յոյս
«Ո՛վ Դանիէլ, այս խօսքերը գոցէ. . . մինչեւ վերջին ժամանակը։ Շատերը ուշադրութեամբ պիտի կարդան ու գիտութիւնը պիտի շատնայ» (ԴԱՆ. 12։4)։
1, 2. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնուին։
ՆԵՐԿԱՅԻՍ միլիոնաւորներ յստակօրէն կը հասկնան երկրային դրախտին մէջ առյաւէտ ապրելու յոյսին աստուածաշնչական հիմը (Յայտ. 7։9, 17)։ Մարդկային պատմութեան սկիզբը, Աստուած յայտնեց թէ մարդը ստեղծուեցաւ, ո՛չ թէ քանի մը տարի ապրելու եւ ապա մեռնելու, այլ՝ յաւիտեան ապրելու (Ծն. 1։26-28)։
2 Ադամ կատարելութիւնը կորսնցուց. իսրայէլի յոյսին մէկ մասն էր, որ մարդկութիւնը զայն վերստին վայելէր։ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները կը բացատրեն, թէ Աստուած ի՛նչ միջոցով կարելի պիտի դարձնէ, որ մարդիկ երկրային դրախտին մէջ յաւիտեան ապրին։ Արդ, մարդուն յոյսը ինչո՞ւ պէտք էր վերագտնուէր։ Անիկա ի՞նչպէս լուսարձակի տակ բերուեցաւ եւ միլիոնաւորներու ծանօթ դարձաւ։
Ծածկուած յոյս
3. Ինչո՞ւ զարմանալի չէ, որ երկրի վրայ յաւիտենական կեանքի յոյսը ծածկուեցաւ։
3 Յիսուս նախագուշակեց թէ սուտ մարգարէներ իր ուսուցումները պիտի աղաւաղէին եւ մարդոց մեծամասնութիւնը պիտի մոլորէր (Մատ. 24։11)։ Պետրոս առաքեալ քրիստոնեաները զգուշացուց. «Ձեր մէջ ալ սուտ վարդապետներ պիտի ըլլան» (Բ. Պետ. 2։1)։ Իսկ Պօղոս առաքեալ նշեց. «Ժամանակ պիտի գայ որ ողջամիտ վարդապետութեանը պիտի չհամբերեն, հապա հաճելի բաներ լսելու մարմաջով իրենց ցանկութիւններուն համեմատ վարդապետներ պիտի դիզեն իրենց» (Բ. Տիմ. 4։3, 4)։ Սատանան մարդիկը մոլորեցնելով զբաղած է եւ հաւատուրաց քրիստոնէութիւնը գործածած է՝ մարդուն եւ երկրին առնչութեամբ Աստուծոյ նպատակին մասին սրտապնդիչ ճշմարտութիւնը ծածկելու (կարդալ՝ Բ. Կորնթացիս 4։3, 4)։
4. Հաւատուրաց կրօնական առաջնորդներ մարդկութեան համար ո՞ր յոյսը մերժած են։
4 Սուրբ Գրութիւնները կը բացատրեն, թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկնային կառավարութիւն մըն է, որ բոլոր մարդակերտ իշխանութիւնները պիտի ճզմէ (Դան. 2։44)։ Քրիստոսի հազարամեայ իշխանութեան ընթացքին, Սատանան անդունդը պիտի ձգուի, մեռելները պիտի յարուցանուին եւ մարդկութիւնը երկրի վրայ կատարելութեան պիտի հասնի (Յայտ. 20։1-3, 6, 12. 21։1-4)։ Սակայն քրիստոնեայ աշխարհի հաւատուրաց կրօնական առաջնորդները, այլ գաղափարներ որդեգրած են։ Օրինակ, երրորդ դարու Եկեղեցական հայր Որոգինէս աղեքսանդրացի, Հազարամեայ իշխանութեան երկրային օրհնութիւններուն հաւատացողները դատապարտեց։ Իսկ կաթողիկէ աստուածաբան Հիպպոյի Օգոստինոսը (մ.թ. 354-430) «այն համոզումը ունէր, թէ Հազարամեայ իշխանութիւն պիտի չըլլայ» (The Catholic Encyclopedia)։ *
5, 6. Որոգինէս եւ Օգոստինոս ինչո՞ւ Հազարամեայ իշխանութեան հաւատացողներուն հակառակեցան։
5 Որոգինէս եւ Օգոստինոս ինչո՞ւ Հազարամեայ իշխանութեան հաւատացողներուն հակառակեցան։ Որոգինէս՝ աղեքսանդրացի Կղեմէսի աշակերտն էր, որ յունական աւանդութենէն որդեգրած էր անմահ հոգիի գաղափարը։ Հոգիի մասին Պղատոնի գաղափարներէն մեծապէս ազդուած ըլլալով, Որոգինէս «քրիստոնէական վարդապետութեան մէջ մտցուց հոգիին ամբողջ տիեզերական թատերախաղը, զոր Պղատոնէն առաւ», դիտել կու տայ աստուածաբան Վէրնըր Եէկը։ Հետեւաբար, Որոգինէս Հազարամեայ իշխանութեան երկրային օրհնութիւնները հոգեւոր ծիրին վերագրեց։
6 Օգոստինոս 33 տարեկանին «քրիստոնէութիւնը» որդեգրելէ առաջ, նոր–պղատոնականութեան ջատագով մը եղած էր, այսինքն՝ հետեւող մը Պղատոնի փիլիսոփայութեան այն տարբերակին, Յայտնութիւն 20–րդ գլուխին մէջ նկարագրուած Հազարամեայ իշխանութեան առնչութեամբ, Օգոստինոս բացատրեց թէ անիկա «փոխաբերական է», եւ «այս բացատրութիւնը որդեգրուեցաւ յաջորդ Արեւմտեան աստուածաբաններու կողմէ, իսկ Հազարամեայ իշխանութեան նախնական ուսուցումը այլեւս ջատագովներ չունեցաւ» (The Catholic Encyclopedia)։
զոր զարգացուց երրորդ դարու Պղոտինոսը։ Կրօնափոխութենէն ետք, Օգոստինոս նոր–պղատոնական մտածելակերպը պահեց։ «Անոր միտքը այն ձուլարանն էր, որուն մէջ Նոր Կտակարանի կրօնքը ամբողջովին միաձուլուեցաւ յունական փիլիսոփայութեան պղատոնական աւանդութեան հետ» (The New Encyclopædia Britannica)։7. Ո՞ր սուտ հաւատալիքը՝ երկրի վրայ յաւիտենական կեանքի յոյսը տկարացուցած է եւ ի՞նչպէս։
7 Երկրի վրայ յաւիտենական կեանքի յոյսը տկարացաւ գաղափարի մը պատճառաւ, որ տիրական էր վաղեմի Բաբելոնի մէջ ու տարածուեցաւ աշխարհի տարածքին,– այն գաղափարը՝ թէ մարդը անմահ հոգի ունի, որ պարզապէս ֆիզիքական մարմնի մէջ կը բնակի։ Երբ քրիստոնեայ աշխարհը այդ գաղափարը որդեգրեց, աստուածաբաններ Սուրբ Գրութիւնները խեղաթիւրեցին, բացատրելով թէ երկնային յոյսը նկարագրող համարները կը սորվեցնեն, որ բոլոր բարի մարդիկը երկինք կ’երթան։ Ըստ այս տեսակէտին, մտադրուած է որ երկրի վրայ անհատի մը կեանքը անցողական ըլլայ,– փորձ մը, որոշելու համար թէ ան երկնային կեանքի արժանի՞ է կամ ոչ։ Նոյնանման բան մը պատահեցաւ՝ երկրի վրայ յաւիտենական կեանքի հրէական նախնական յոյսին։ Մինչ հրեաները բնածին անմահութեան յունական գաղափարը աստիճանաբար որդեգրեցին, երկրի վրայ ապրելու սկզբնական յոյսը անհետացաւ։ Ասիկա ո՜րքան տարբեր է այն կերպէն, որով մարդը Աստուածաշունչին մէջ ներկայացուած է։ Մարդը ֆիզիքական արարած մըն է, ո՛չ թէ հոգեղէն։ Եհովա առաջին մարդուն ըսաւ. «Հող էիր դուն» (Ծն. 3։19)։ Մարդուն մշտնջենական բնակարանը երկիրն է, ո՛չ թէ երկինքը (կարդալ՝ Սաղմոս 104։5. 115։16)։
Խաւարին մէջէն ճշմարտութիւնը կը ճառագայթէ
8. 1600–ական թուականներու կարգ մը ուսումնականները ի՞նչ ըսին մարդուն յոյսին մասին։
8 Թէեւ քրիստոնէութիւն դաւանող կրօնքներուն մեծամասնութիւնը կ’ուրանայ՝ երկրի վրայ յաւիտենական կեանքի յոյսը, բայց Սատանան միշտ չյաջողեցաւ ճշմարտութիւնը ծածկել։ Դարերու ընթացքին, Աստուածաշունչը ուշադրութեամբ ընթերցողներէն ոմանք ճշմարտութեան ճառագայթներ տեսան, երբ որոշ տարողութեամբ հասկցան թէ Աստուած ի՛նչպէս մարդկութիւնը կատարելութեան պիտի վերադարձնէ (Սաղ. 97։11. Մատ. 7։13, 14. 13։37-39)։ 1600–ական թուականներուն սկիզբը, Աստուածաշունչի թարգմանութիւնն ու տպագրութիւնը պատճառ եղած էին, որ Սուրբ Գրութիւնները դիւրամատչելի ըլլան։ 1651–ին, ուսումնական մը գրեց, թէ քանի որ Ադամի միջոցաւ մարդիկ «կորսնցուցած են դրախտը եւ երկրի վրայ յաւիտենական կեանքը», ուրեմն Քրիստոսով «բոլոր մարդիկ պէտք է կարենան երկրի վրայ ապրիլ. այլապէս, համեմատութիւնը տեղին պիտի չըլլար» (կարդալ՝ Ա. Կորնթացիս 15։21, 22)։ Աշխարհի համբաւաւոր անգլիախօս բանաստեղծներէն մէկը՝ Ճոն Միլթըն (1608-1674), գրեց Կորսուած դրախտ–ը, ապա՝ Վերագտնուած դրախտ–ը։ Իր երկերուն մէջ, Միլթըն ակնարկեց այն վարձատրութեան, զոր հաւատարիմները պիտի ստանան երկրային դրախտին մէջ։ Թէեւ Միլթըն իր կեանքին մեծ մասը Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան տրամադրեց, սակայն ան գիտակցեցաւ թէ աստուածաշնչական ճշմարտութիւնը լիովին պիտի չհասկցուէր մինչեւ Քրիստոսի ներկայութիւնը։
9, 10. ա) Իսահակ Նեւտոն մարդկութեան յոյսին մասին ի՞նչ գրեց։ բ) Նեւտոն ինչո՞ւ սեպեց թէ Քրիստոսի ներկայութիւնը հեռու ապագային էր։
9 Համբաւաւոր մաթեմատիկոս Սըր Իսահակ Նեւտոն (1642-1727), նոյնպէս Աստուածաշունչով չափազանց հետաքրքրուած էր։ Ան ըմբռնեց թէ սուրբերը երկնային կեանքի պիտի յարուցանուին եւ Քրիստոսի հետ անտեսանելի կերպով պիտի իշխեն (Յայտ. 5։9, 10)։ Իսկ Թագաւորութեան հպատակներուն մասին, ան գրեց. «Երկիրը պիտի շարունակէ [մարդոց] կողմէ բնակուիլ դատաստանի օրէն ետք, եւ ո՛չ թէ միայն 1000 տարի, այլ՝ նոյնիսկ յաւիտեան»։
10 Նեւտոն գիտակցեցաւ որ Քրիստոսի ներկայութիւնը դարեր ետք պիտի ըլլար։ «Պատճառներէն մէկը, թէ Նեւտոն ինչո՛ւ սեպեց թէ Աստուծոյ Թագաւորութեան գալը հեռու ապագային էր, այն էր՝ որ համատարած երրորդութենական հաւատուրացութեան նկատմամբ չափազանց յոռետես էր», կ’ըսէ պատմաբան Սթէֆըն Սնոպըլէն։ Բարի լուրը տակաւին քօղարկուած էր։ Եւ Դան. 12։4. Մատ. 24։14. Յայտ. 7։9, 10)։
Նեւտոն չտեսաւ քրիստոնէական շարժում մը, որ կրնար զայն քարոզել։ Ան գրեց. «Դանիէլի եւ [Յայտնութիւն գիրքին մէջ] Յովհաննէսի գրած այս մարգարէութիւնները պիտի չհասկցուին մինչեւ վերջին ժամանակը»։ Նեւտոն բացատրեց. «Դանիէլ ըսաւ. ‘Շատերը ուշադրութեամբ պիտի կարդան ու գիտութիւնը պիտի շատնայ’։ Իսկ Աւետարանը պէտք է քարոզուի բոլոր ազգերուն, մեծ նեղութենէն ու աշխարհի վախճանէն առաջ։ Արմաւենիներ բռնած բազմութիւնը, որ մեծ նեղութենէն կը վերապրի, չի կրնար բոլոր ազգերէն եւ անհամար ըլլալ, բացի եթէ Աւետարանը քարոզուի՝ անոր գալէն առաջ» (11. Միլթընի եւ Նեւտոնի օրերուն, մարդկութեան յոյսը ինչո՞ւ ընդհանուր առմամբ ծածկուած մնաց։
11 Միլթընի եւ Նեւտոնի օրերուն, եկեղեցիին պաշտօնական վարդապետութեան հակառակ գաղափարներ արտայայտելը վտանգաւոր էր։ Հետեւաբար, անոնց աստուածաշնչական գրութիւններուն մեծ մասը չհրատարակուեցաւ մինչեւ իրենց մահը։ 16–րդ դարու Բարեկարգութիւնը չսրբագրեց բնածին անմահութեան ուսուցումը, եւ բողոքական գլխաւոր եկեղեցիները շարունակեցին Օգոստինոսի գաղափարը սորվեցնել, թէ Հազարամեայ իշխանութիւնը կը պատկանի անցեալին, եւ ո՛չ թէ ապագային։ Վերջին ժամանակին մէջ գիտութիւնը շատցա՞ծ է։
«Գիտութիւնը պիտի շատնայ»
12. Ճշգրիտ գիտութիւնը ե՞րբ պիտի շատնար։
12 «Վերջին ժամանակ»ին առնչութեամբ, Դանիէլ շատ դրական զարգացում մը նախագուշակեց (կարդալ՝ Դանիէլ 12։3, 4, 9, 10)։ «Այն ատեն արեւի պէս պիտի փայլին արդարները», ըսաւ Յիսուս (Մատ. 13։43)։ Վերջին ժամանակին մէջ ճշգրիտ գիտութիւնը ի՞նչպէս շատցաւ։ Նկատի առ կարգ մը պատմական զարգացումներ 1914–էն առաջ, այն տարին՝ երբ վերջին ժամանակը սկսաւ։
13. Վերականգնման նիւթը քննարկելէ ետք, Չարլզ Թէյզ Ռասըլ ի՞նչ գրեց։
13 1800–ական թուականներուն վերջաւորութեան, կարգ մը անկեղծ անհատներ կը ջանային «ողջամիտ խօսքերուն օրինակը» հասկնալ (Բ. Տիմ. 1։13)։ Անոնցմէ մէկն էր՝ Չարլզ Թէյզ Ռասըլ։ 1870–ին, ան եւ ճշմարտութիւնը որոնող ուրիշներ դասարան մը կազմեցին՝ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու։ 1872–ին, անոնք վերականգնման նիւթը քննարկեցին։ Յետագային, Ռասըլ գրեց. «Մինչեւ այդ ժամանակ, յստակօրէն չտեսանք մեծ տարբերութիւնը՝ այժմ փորձի ենթարկուած եկեղեցիին վարձատրութեան եւ աշխարհէն եղող հաւատարիմներուն վարձատրութեան միջեւ»։ Անոնց վարձատրութիւնը պիտի ըլլայ՝ «վերադառնալ այն մարդկային կատարելութեան, զոր իրենց նախահայրն ու գլուխը՝ Ադամ ատեն մը վայելեց Եդեմի մէջ»։ Ռասըլ խոստովանեցաւ թէ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան մէջ ուրիշներէն օգտուած էր։ Որո՞նք էին։
14. ա) Հէնրի Տըն Գործք 3։21–ը ի՞նչպէս հասկցաւ։ բ) Ըստ Տընի, ո՞վ երկրի վրայ յաւիտեան պիտի ապրի։
14 Հէնրի Տըն անոնցմէ մէկն էր։ Ան գրած էր այն ժամանակին մասին, «երբ բոլոր բաները կարգադրուին, որոնց համար Աստուած սկիզբէն ի վեր իր սուրբ մարգարէներուն բերնով խօսած է» (Գործք 3։21)։ Տըն գիտէր թէ այս վերահաստատումը կը պարփակէր՝ երկրի վրայ մարդկութիւնը կատարելութեան հասցնելը Քրիստոսի հազարամեայ իշխանութեան ընթացքին։ Տըն նաեւ քննարկեց սա հարցումը, որ շատերը շփոթեցուցած էր. Ո՞վ երկրի վրայ յաւիտեան պիտի ապրի։ Ան բացատրեց թէ միլիոնաւորներ պիտի յարուցանուին, ճշմարտութիւնը պիտի սորվին եւ Քրիստոսի հաւատք ընծայելու պատեհութիւնը պիտի ունենան։
15. Ճորճ Սթոռզ յարութեան մասին ի՞նչ զատորոշեց։
15 1870–ին, Ճորճ Սթոռզ նոյնպէս այն եզրակացութեան յանգեցաւ, թէ անարդարները պիտի յարուցանուին, յաւիտենական կեանքի պատեհութիւնը ունենալով։ Ան նաեւ Սուրբ Գրութիւններէն զատորոշեց թէ յարուցեալ մը, որ այս պատեհութեան չ’ընդառաջեր, «պիտի մեռնի, նոյնիսկ եթէ ‘մեղաւորը հարիւր տարեկան է’» (Եսա. 65։20)։ Սթոռզ ապրեցաւ Պրուքլինի մէջ, Նիւ Եորք, եւ Պայպըլ էկզէմինըր պարբերաթերթը խմբագրեց։
16. Ի՞նչ բան անջատեց Աստուածաշունչի Աշակերտները քրիստոնեայ աշխարհէն։
16 Ռասըլ Աստուածաշունչէն ըմբռնեց, թէ ժամանակը եկած էր որ բարի լուրը ընդարձակօրէն յայտարարուէր։ Ուստի 1879–ին, ան սկսաւ հրատարակել Սիօնի դիտարանը եւ Քրիստոսի ներկայութեան մունետիկը, որ այժմ կը կոչուի՝ Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը։ Նախապէս, սակաւաթիւ անհատներ մարդկութեան յոյսին մասին ճշմարտութիւնը գիտէին, բայց այժմ
շատ մը երկիրներու մէջ, Աստուածաշունչի Աշակերտներու խումբեր Դիտարան–ը կը ստանային ու կ’ուսումնասիրէին։ Այն հաւատալիքը, թէ միայն քիչեր երկինք պիտի երթան, իսկ միլիոնաւորներ երկրի վրայ մարդկային կատարեալ կեանք պիտի ստանան, անջատեց Աստուածաշունչի Աշակերտները քրիստոնեայ աշխարհի մեծամասնութենէն։17. Ճշգրիտ գիտութիւնը ի՞նչպէս շատցաւ։
17 Նախագուշակուած «վերջին ժամանակը» սկսաւ 1914–ին։ Մարդկութեան յոյսին մասին ճշգրիտ գիտութիւնը շատցա՞ւ (Դան. 12։4)։ 1913 թուին ատենները, Ռասըլի քարոզները արդէն հրատարակուած էին 2000 լրագիրներու մէջ, որոնց ընթերցողներուն ընդհանուր թիւն էր՝ 15,000,000։ 1914 թուին վերջաւորութեան, արդէն աւելի քան 9,000,000 անհատներ, երեք ցամաքամասերու վրայ, դիտած էին «Ստեղծագործութեան պատկերատրամը», որ շարժապատկերներով ու լուսանկարներով կը բացատրէր Քրիստոսի հազարամեայ իշխանութիւնը։ 1918–էն մինչեւ 1925, «Հիմա ապրող միլիոնաւորներ բնաւ պիտի չմեռնին» վերնագրով դասախօսութիւնը, որ երկրի վրայ յաւիտենական կեանքի յոյսը կը բացատրէր, Եհովայի ծառաներուն կողմէ ներկայացուեցաւ համայն աշխարհի մէջ՝ աւելի քան 30 լեզուներով։ 1934 թուին ատենները, Եհովայի վկաները ըմբռնեցին թէ երկրի վրայ յաւիտեան ապրիլ յուսացողները պէտք է մկրտուին։ Այս հասկացողութիւնը՝ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու իրենց նախանձախնդրութիւնը զօրացուց։ Ներկայիս, երկրի վրայ առյաւէտ ապրելու հեռանկարը, Եհովայի հանդէպ երախտագիտութեամբ կը լեցնէ միլիոնաւորներու սիրտը։
«Փառաւոր ազատութիւն»ը մօտալուտ է
18, 19. Եսայի 65։21-25–ի մէջ, ի՞նչպիսի կեանք նախագուշակուած է։
18 Եսայի մարգարէն ներշնչմամբ գրեց, թէ Աստուծոյ ժողովուրդը երկրի վրայ ի՛նչպիսի կեանք պիտի վայելէ (կարդալ՝ Եսայի 65։21-25)։ Որոշ ծառեր, որոնք շուրջ 2700 տարի առաջ գոյութիւն ունէին, երբ Եսայի այդ խօսքերը գրեց, ակներեւօրէն տակաւին կը գոյատեւեն։ Կրնա՞ս երեւակայել որ այդքան երկար կ’ապրիս, կորով ու լաւ առողջութիւն ունենալով։
19 Փոխանակ կարճ ճանապարհ մը ըլլալու՝ օրօրոցէն մինչեւ գերեզման, կեանքը պիտի ներկայացնէ շինելու, ցանելու եւ սորվելու անվերջ պատեհութիւններ։ Պահ մը խորհէ այն բարեկամութիւններուն մասին, զորս պիտի կարենաս զարգացնել։ Անոնք պիտի շարունակեն առյաւէտ աճիլ։ Այն ատեն «Աստուծոյ որդիներ»ը երկրի վրայ ի՜նչ «փառաւոր ազատութիւն» պիտի վայելեն (Հռով. 8։21)։
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 4 Օգոստինոս դաւանեցաւ, թէ Աստուծոյ Թագաւորութեան հազարամեայ իշխանութիւնը ապագային չէ, այլ՝ արդէն սկսած է եկեղեցիին հիմնուելէն ի վեր։
Կրնա՞ս բացատրել
• Երկրի վրայ ապրելու մարդկութեան յոյսը ի՞նչպէս ծածկուեցաւ։
• Աստուածաշունչի կարգ մը ընթերցողներ, 1600–ական թուականներուն ի՞նչ հասկացողութիւն ձեռք ձգեցին։
• Մարդկութեան իսկական յոյսը ի՞նչպէս աւելի յստակացաւ, մինչ 1914–ը կը մօտենար։
• Երկրային յոյսին մասին գիտութիւնը ի՞նչպէս շատցած է։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկարներ՝ էջ 27]
Սկիզբի Աստուածաշունչի Աշակերտները Սուրբ Գրութիւններէն զատորոշեցին, թէ ժամանակն էր որ մարդկութեան իսկական յոյսը համայն աշխարհի մէջ յայտարարէին