Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք»

«Անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք»

«Անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք»

«Անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին ողորմութեանը սպասելով՝ յաւիտենական կեանքի համար» (ՅՈՒԴԱ 21

1, 2. Եհովա մեզի հանդէպ իր սէրը ի՞նչպէս ցոյց տուած է, եւ ի՞նչպէս գիտենք թէ մեզ ինքնաբերաբար իր սիրոյն մէջ չի պահեր։

ԵՀՈՎԱ ԱՍՏՈՒԱԾ մեզի հանդէպ իր սէրը անհամար կերպերով ցուցաբերած է։ Սակայն անտարակոյս, Եհովայի սիրոյն մեծագոյն ապացոյցը՝ փրկանքի զոհին հայթայթումն է։ Մարդկութեան հանդէպ իր սէրը ա՛յնքան անսահման է, որ նոյնիսկ իր սիրելի Որդին երկիր ղրկեց՝ մեզի համար մեռնելու (Յովհ. 3։16)։ Եհովա ասիկա ըրաւ, քանի որ կ’ուզէ որ յաւիտեան ապրինք ու իր սէրէն առյաւէտ օգտուինք։

2 Սակայն կրնա՞նք ենթադրել, թէ Եհովա ինքնաբերաբար մեզ իր սիրոյն մէջ պիտի պահէ, ի՛նչ որ ալ ընտրենք ընել։ Ո՛չ։ Քանի որ Յուդա 21–ի մէջ սա յորդորը կը կարդանք. «Անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին ողորմութեանը սպասելով՝ յաւիտենական կեանքի համար»։ «Անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք» արտայայտութիւնը կը հասկցնէ, թէ ջանք թափելու ենք։ Ուստի Աստուծոյ սիրոյն մէջ մնալու համար ի՞նչ պէտք է ընենք։

Ի՞նչպէս կրնանք Աստուծոյ սիրոյն մէջ մնալ

3. Իր Հօր սիրոյն մէջ մնալու համար, Յիսուս ի՞նչ բան կենսական նկատեց։

3 Այս հարցումին պատասխանը կը գտնենք Յիսուսի խօսքերուն մէջ, զորս ըսաւ իր երկրային կեանքին վերջին գիշերը։ Ան նշեց. «Եթէ իմ պատուէրներս պահէք, իմ սիրոյս մէջ պիտի կենաք, ինչպէս ես իմ Հօրս պատուէրները պահեցի եւ անոր սիրոյն մէջ կեցեր եմ» (Յովհ. 15։10)։ Որոշապէս, Յիսուս գիտէր թէ Եհովայի պատուիրանները պահելը կենսական էր՝ իր Հօր առջեւ ընդունելի կեցուածք պահպանելու համար։ Եթէ Աստուծոյ կատարեալ Որդիին պարագան այս էր, մեր պարագան ալ նոյնը պէտք չէ՞ ըլլայ։

4, 5. ա) Ի՞նչ է գլխաւոր կերպը, որով կրնանք ցոյց տալ թէ Եհովան կը սիրենք։ բ) Ինչո՞ւ Եհովայի պատուիրաններուն հնազանդելու գաղափարը մերժելու որեւէ պատճառ չունինք։

4 Եհովայի հանդէպ մեր սէրը գլխաւորաբար ցոյց կու տանք՝ իրեն հնազանդելով։ Յովհաննէս առաքեալ ասիկա սապէս արտայայտեց. «Ասիկա է Աստուծոյ սէրը, որ անոր պատուիրանքները պահենք եւ անոր պատուիրանքները ծանր բան չեն» (Ա. Յովհ. 5։3)։ Ճիշդ է որ հնազանդութեան գաղափարը ներկայ աշխարհին մէջ միշտ ժողովրդական չէ։ Սակայն նկատէ արտայայտութիւնը. «Անոր պատուիրանքները ծանր բան չեն»։ Եհովա մեզմէ չի խնդրեր ընել բան մը, որ մեզի համար շատ դժուար է։

5 Լուսաբանենք. սիրելի բարեկամէ մը պիտի խնդրէի՞ր որ շալկէ բան մը, որ գիտես թէ զայն շալկելու կարող չէ։ Անշուշտ ո՛չ։ Եհովա մեզմէ շատ աւելի քաղցր է եւ մեծապէս քաջատեղեակ է մեր սահմանափակումներուն։ Աստուածաշունչը մեզ կը հաւաստիացնէ, թէ Եհովա «կը յիշէ թէ մենք հող ենք» (Սաղ. 103։14)։ Ան երբեք մեր կարողութենէն վեր եղող բաներ չի պահանջեր։ Ուստի Եհովայի պատուիրաններուն հնազանդելու գաղափարը մերժելու որեւէ պատճառ չունինք։ Ընդհակառակը, կը գիտակցինք որ հնազանդութիւնը սքանչելի պատեհութիւն մըն է մեր երկնաւոր Հօր ցոյց տալու, թէ իրապէս զինք կը սիրենք եւ կ’ուզենք իր սիրոյն մէջ մնալ։

Եհովայի կողմէ մասնայատուկ պարգեւ մը

6, 7. ա) Ի՞նչ է խղճմտանքը։ բ) Լուսաբանէ թէ խղճմտանքը ի՛նչպէս կրնայ մեզի օգնել Աստուծոյ սիրոյն մէջ մնալու։

6 Մեր ապրած բարդ աշխարհին մէջ կայացնելիք բազմաթիւ որոշումներ կան, որոնք կը պարփակեն Աստուծոյ հնազանդիլը։ Ի՞նչպէս կրնանք վստահ ըլլալ, թէ մեր որոշումները Աստուծոյ կամքին հետ ներդաշնակ են։ Եհովա մեզի տուած է պարգեւ մը, որ կրնայ մեծապէս մեզի օգնել հնազանդութեան հարցին մէջ։ Անիկա խղճմտանքն է։ Ի՞նչ է խղճմտանքը։ Անիկա ինքնագիտակցութեան յատուկ կարողութիւն մըն է։ Անիկա ներքին դատաւորի մը պէս կը գործէ, կարելի դարձնելով որ կեանքի մէջ մեր դիմագրաւած ընտրութիւնները մօտէն քննենք, կամ մեր առած քայլերուն վրայ խոկանք ու արժեւորենք անոնց լաւ կամ գէշ, շիտակ կամ սխալ ըլլալը (կարդալ՝ Հռովմայեցիս 2։14, 15

7 Ի՞նչպէս կրնանք խղճմտանքը լաւ կերպով գործածել։ Նկատի առ օրինակ մը։ Ճեմող մը ընդարձակ անապատի մը մէջ կը քալէ, ուր ո՛չ արահետ, ո՛չ ճամբայ, ո՛չ ալ նշանաձողեր կան։ Այսուհանդերձ ան հաստատօրէն իր որոշեալ տեղը կ’ուղղուի։ Ի՞նչպէս։ Ան կողմնացոյց մը ունի։ Կողմնացոյցը չորս գլխաւոր ուղղութիւնները նշող մակերես ունի, եւ մագնիսական սլաք մը՝ որ վստահելիօրէն դէպի հիւսիս կը նշէ։ Առանց այս կողմնացոյցին, ճեմողը ամբողջովին կը կորսուի։ Նոյնպէս, խղճմտանք չունեցող անհատ մը յաճախ պիտի կորսուի, երբ փորձէ բարոյական, բարոյագիտական եւ արդար ընտրութիւններ ընել։

8, 9. ա) Մեր խղճմտանքին ո՞ր սահմանափակումները ի մտի պէտք է ունենանք։ բ) Ի՞նչ կրնանք ընել վստահ ըլլալու, որ մեր խղճմտանքը մեզի իրապէս օգտակար է։

8 Սակայն կողմնացոյցին նման, խղճմտանքը իր սահմանափակումները ունի։ Եթէ ճեմողը իր կողմնացոյցին մագնիս մը մօտեցնէ, սլաքը հիւսիսէն կը հեռանայ։ Նմանապէս, եթէ մեր սրտին ցանկութիւններուն չափազանց կարեւորութիւն տանք, ի՞նչ կը պատահի։ Մեր անձնասէր հակումները կրնան խղճմտանքը խեղաթիւրել։ Աստուածաշունչը մեզ կը զգուշացնէ, թէ «սիրտը ամէն բանէն աւելի խաբեբայ ու խիստ չար է» (Եր. 17։9. Առ. 4։23)։ Աւելին, եթէ ճեմողը ճշգրիտ ու վստահելի քարտէս մը չունի, անոր կողմնացոյցը քիչ կամ ոչ մէկ օգուտ կը բերէ իրեն։ Նմանապէս, եթէ Աստուծոյ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին ստոյգ եւ անփոփոխելի առաջնորդութեան չվստահինք, մեր խղճմտանքը կրնայ անօգուտ ըլլալ (Սաղ. 119։105)։ Դժբախտաբար, այս աշխարհին մէջ բազմաթիւ մարդիկ անտեղի շեշտ կը դնեն իրենց սրտին ցանկութիւններուն վրայ, մինչ Աստուծոյ Խօսքին նշած չափանիշներուն քիչ կամ չնչին ուշադրութիւն կ’ընծայեն (կարդալ՝ Եփեսացիս 4։17-19Այս պատճառաւ, շատեր խղճմտանքով օժտուած ըլլալով հանդերձ, ահռելի բաներ կ’ընեն (Ա. Տիմ. 4։2

9 Պէտք է վճռենք բնաւ անոնց պէս չըլլալ։ Շարունակենք թոյլ տալ Աստուծոյ Խօսքին, որ մեր խղճմտանքը կրթէ ու մարզէ, որպէսզի մեզի իրապէս օգտակար ըլլայ։ Պէտք է Աստուածաշունչով մարզուած մեր խղճմտանքին մտիկ ընենք, փոխանակ թոյլ տալու որ մեր անձնասէր հակումները զայն նուաճեն։ Միեւնոյն ատեն, պէտք է ջանանք մեր սիրելի հոգեւոր եղբայրներուն ու քոյրերուն խղճմտանքները յարգել։ Ամէն ջանք կը թափենք զանոնք չգայթակղեցնելու, ի մտի ունենալով թէ մեր եղբօր խղճմտանքը կրնայ մերինէն աւելի զգայուն ըլլալ (Ա. Կոր. 8։12. Բ. Կոր. 4։2. Ա. Պետ. 3։16

10. Այժմ կեանքի ո՞ր երեք մարզերը պիտի քննարկենք։

10 Այժմ նկատի առնենք կեանքի երեք մարզեր, ուր կրնանք Եհովայի հանդէպ մեր սէրը ցուցաբերել՝ իրեն հնազանդելով։ Անշուշտ, անոնցմէ իւրաքանչիւրին մէջ խղճմտանքը դեր մը կը խաղայ, բայց պէտք է առաջնորդուի՝ ամէն բանէ առաջ՝ Աստուածաշունչի ներշնչեալ վարքագծի չափանիշներով։ Կրնանք սիրալիրօրէն Եհովայի հնազանդիլ հետեւեալ երեք կերպերով. 1) կը սիրենք Եհովայի սիրած անհատները, 2) հեղինակութիւնը կը յարգենք, եւ 3) կը ջանանք Աստուծոյ առջեւ մաքուր մնալ։

Եհովայի սիրած անհատները սիրէ

11. Ինչո՞ւ Եհովայի սիրած անհատները պէտք է սիրենք։

11 Առաջին, Եհովայի սիրած անհատները պէտք է սիրենք։ Ընկերակցութեան մարզին մէջ, մարդիկ սպունգի նման են։ Մեր շուրջը եղած բաները իւրացնելու հակում ունինք։ Մեր Ստեղծիչը շատ լաւ գիտէ, թէ ընկերակցութիւնները ո՜րքան վտանգաւոր կամ օգտակար կրնան ըլլալ անկատար մարդոց համար։ Հետեւաբար, ան մեզի սա իմաստուն խրատը կու տայ. «Իմաստուններուն հետ ընթացողը իմաստուն կ’ըլլայ, իսկ անմիտներուն բարեկամացողը չարիքի կը հանդիպի» (Առ. 13։20, ԱԾ. Ա. Կոր. 15։33)։ Մեզմէ ոեւէ մէկը չ’ուզեր ‘չարիքի հանդիպիլ’։ Իւրաքանչիւրս կ’ուզենք ‘իմաստուն ըլլալ’։ Կարելի չէ որ մէկը Եհովայի իմաստութիւնը աւելցնէ կամ զինք ապականէ։ Այսուհանդերձ, ընկերակցութեան մարզին մէջ ան մեզի գեղեցիկ օրինակ մը կը հանդիսանայ։ Պահ մը խորհէ. Եհովա ո՞ր անկատար մարդիկը կ’ընտրէ որպէս իր բարեկամները։

12. Եհովա ի՞նչպիսի բարեկամներ կ’ընտրէ։

12 Եհովա Աբրահամ նահապետին ակնարկեց որպէս «իմ բարեկամս» (Եսա. 41։8, ՆԱ)։ Ան արտակարգօրէն հաւատարիմ, արդար ու հնազանդ էր,– հաւատքի տէր մարդ մը (Յակ. 2։21-23)։ Եհովա ա՛յսպիսի բարեկամ կ’ընտրէ։ Ան ներկայիս այսպիսի անհատներու հետ բարեկամութիւն կը հաստատէ։ Եթէ Եհովա այս տեսակ բարեկամներ կ’ընտրէ, կենսական չէ՞ որ մենք ալ նոյն ընտրութիւնը ընենք եւ իմաստուններուն հետ քալելով իմաստուն ըլլանք։

13. Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել լաւ բարեկամներ ընտրելու։

13 Ի՞նչ բան կրնայ քեզի օգնել այս առնչութեամբ լաւ ընտրութիւններ ընելու։ Աստուածաշնչական օրինակները ուսումնասիրելը կրնայ խթանիչ ըլլալ։ Նկատի առ Հռութի եւ իր կեսուրին Նոեմիի, Դաւիթի եւ Յովնաթանի, կամ Տիմոթէոսի եւ Պօղոսի միջեւ եղած բարեկամութիւնը (Հռութ 1։16, 17. Ա. Թագ. 23։16-18. Փլպ. 2։19-22)։ Այս բարեկամութիւնները ուռճացան գլխաւորաբար մէկ պատճառով. անոնք Եհովայի հանդէպ իսկական սիրոյ վրայ հիմնուած էին։ Կրնա՞ս գտնել բարեկամներ, որոնք քեզի չափ Եհովան կը սիրեն։ Վստահ եղիր որ քրիստոնէական ժողովքին մէջ այսպիսի բարեկամներ գտնելու մեծ հաւանականութիւն կայ։ Այսպիսի բարեկամներ՝ հոգեւոր առումով քեզի չարիք պիտի չհասցնեն։ Փոխարէն, անոնք քեզի պիտի օգնեն որ Եհովայի հնազանդիս, հոգեւորապէս աճիս եւ հոգիին համար ցանես (կարդալ՝ Գաղատացիս 6։7, 8Անոնք քեզի պիտի օգնեն, որ Աստուծոյ սիրոյն մէջ մնաս։

Հեղինակութիւնը յարգէ

14. Ի՞նչ ազդակներ յաճախ կը դժուարացնեն հեղինակութիւնը յարգելը։

14 Երկրորդ կերպը, որով Եհովայի հանդէպ մեր սէրը ցոյց կու տանք, առնչուած է հեղինակութեան։ Հեղինակութիւնը պէտք է յարգենք։ Ասիկա երբեմն ինչո՞ւ շատ դժուար է։ Ազդակներէն մէկը այն է, թէ հեղինակաւոր մարդիկը անկատար են։ Աւելին, մենք ալ անկատար ենք եւ ըմբոստանալու բնածին հակում ունինք։

15, 16. ա) Ինչո՞ւ կարեւոր է որ յարգենք զանոնք, որոնց Եհովա յանձնած է իր ժողովուրդին հոգ տանելու պատասխանատուութիւնը։ բ) Մովսէսի դէմ իսրայէլացիներու ըմբոստութենէն ի՞նչ թանկարժէք դաս մը կը սորվինք։

15 Ուստի, թերեւս հարց տաս. ‘Եթէ հեղինակութիւնը յարգելը ա՛յսքան դժուար է, ինչո՞ւ պէտք է ասիկա ընենք’։ Պատասխանը գերիշխանութեան հարցին առնչուած է։ Ո՞վ պիտի ընտրես որպէս գերիշխանդ, կառավարիչդ։ Եթէ Եհովան ընտրենք իբրեւ մեր Գերիշխանը, իր հեղինակութիւնը պէտք է յարգենք։ Եթէ ասիկա չընենք, կրնա՞նք զինք իրապէս մեր Կառավարիչը կոչել։ Ասկէ զատ, սովորաբար Եհովա իր հեղինակութիւնը ի գործ կը դնէ անկատար մարդոց միջոցաւ, որոնց կը յանձնէ իր ժողովուրդին հոգ տանելու պատասխանատուութիւնը։ Եթէ այդ անհատներուն դէմ ըմբոստանանք, Եհովա մեր արարքները ի՞նչպէս պիտի նկատէ (կարդալ՝ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։12, 13

16 Օրինակ, երբ իսրայէլացիները Մովսէսի դէմ տրտնջացին եւ ապստամբեցան, Եհովա անոնց ըմբոստ արարքները իրեն դէմ ուղղուած սեպեց (Թուոց 14։26, 27)։ Աստուած չէ փոխուած։ Եթէ երբեք ըմբոստանանք անոնց դէմ՝ զորոնք հեղինակաւոր դիրքերու վրայ դրած է, իրեն դէմ ըմբոստացած կ’ըլլանք։

17. Ժողովքին մէջ հեղինակաւոր դիրքեր ունեցողներուն հանդէպ ո՞ր շիտակ կեցուածքը պէտք է ջանանք մշակել։

17 Պօղոս առաքեալ կը յայտնէ, թէ քրիստոնէական ժողովքին մէջ պատասխանատու դիրքեր ունեցողներուն հանդէպ ո՛ր շիտակ հայեցակէտը պէտք է մշակենք։ Ան գրեց. «Ձեր առաջնորդներուն մտիկ ըրէ՛ք ու անոնց հնազանդեցէ՛ք, վասն զի անոնք ձեր հոգիներուն համար կը հսկեն, որպէս թէ հաշիւ պիտի տան. որպէս զի խնդութիւնով ընեն այն գործը եւ ոչ թէ հառաչելով, վասն զի այն ձեզի օգտակար չէ» (Եբ. 13։17)։ Ճիշդ է որ այսպիսի հնազանդ ու ենթարկուող հոգի մը մշակելը, մեզմէ իսկական ջանք կը պահանջէ։ Սակայն մտաբերէ թէ կ’աշխատինք Աստուծոյ սիրոյն մէջ մնալ, եւ այս նպատակակէտին համար կ’արժէ ամէն ջանք թափել։

Եհովայի առջեւ մաքուր մնացիր

18. Եհովա ինչո՞ւ կ’ուզէ որ մաքուր մնանք։

18 Երրորդ կերպը, որով Եհովայի հանդէպ մեր սէրը ցոյց կու տանք, այն է թէ կը ջանանք իր առջեւ մաքուր մնալ։ Սովորաբար ծնողներ մեծ ջանք կը թափեն, որ իրենց զաւակները մաքուր մնան։ Ինչո՞ւ։ Պատճառներէն մէկը այն է՝ թէ մաքուր ըլլալը երեխային առողջութեան եւ բարօրութեան համար կենսական է։ Ասկէ զատ, մաքուր երեխան իր ընտանիքին վրայ լաւ անդրադարձ կ’ունենայ, ծնողքին ունեցած սէրը եւ ուշադրութիւնը դրսեւորելով։ Նոյնանման պատճառներով, Եհովա կ’ուզէ որ մաքուր ըլլանք։ Ան գիտէ որ մաքրութիւնը մեր բարօրութեան համար կենսական է։ Ան նաեւ գիտէ, որ մեր մաքրութիւնը իրեն՝ մեր երկնաւոր Հօր՝ վրայ անդրադարձ կ’ունենայ։ Ասիկա մեծ կարեւորութիւն ունի, քանի որ անհատներ կրնան մեր ծառայած Աստուծոյն մօտենալ, նկատելով թէ մենք ո՜րքան տարբեր ենք այս պիղծ աշխարհի մարդոցմէ։

19. Ի՞նչպէս գիտենք թէ ֆիզիքական մաքրութիւնը կարեւոր է։

19 Ի՞նչ կերպերով մաքուր պէտք է մնանք։ Արդարեւ, բոլոր մարզերուն մէջ։ Վաղեմի Իսրայէլի մէջ, Եհովա իր ժողովուրդին բացայայտեց, թէ ֆիզիքական մաքրութիւնը անհրաժեշտ է (Ղեւ. 15։31)։ Մովսիսական օրէնքը նկատի առաւ կարգ մը նիւթեր, ինչպէս՝ աղբերէ ձերբազատուիլը, ամաններ մաքրելը, ձեռքեր եւ ոտքեր ու հագուստներ լուալը (Ել. 30։17-21. Ղեւ. 11։32. Թուոց 19։17-20. Բ. Օր. 23։13, 14)։ Իսրայէլացիներուն յիշեցում տրուեցաւ, թէ իրենց Եհովա Աստուածը սուրբ է,– այսինքն՝ «մաքուր», «անարատ» եւ «սրբազան»։ Սուրբ Աստուծոյ ծառաները պէտք է նոյնպէս սուրբ ըլլան (կարդալ՝ Ղեւտացւոց 11։44, 45

20. Ի՞նչ կերպերով մաքուր պէտք է մնանք։

20 Հետեւաբար, թէ՛ ներսէն եւ թէ դուրսէն պէտք է մաքուր ըլլանք։ Մենք կը ջանանք մեր խորհուրդները մաքուր պահել։ Բարոյական մաքրութեան վերաբերեալ Եհովայի չափանիշներուն հաւատարմօրէն կը կառչինք, աշխարհը սեռային գետնի վրայ ո՛րքան ալ անկում կրէ։ Ամէնէն կարեւորը, կը ջանանք մեր պաշտամունքը մաքուր պահել, սուտ կրօնքէն հեռու մնալով։ Միշտ ի մտի կ’ունենանք Եսայի 52։11–ի մէջ արձանագրուած ներշնչեալ ազդարարութիւնը. «Քաշուեցէ՛ք, քաշուեցէ՛ք, անկէ ելէ՛ք, պիղծ բանի մի՛ դպչիք, անոր մէջէն ելէ՛ք. մաքուր եղէ՛ք»։ Այսօր, հոգեւորապէս մաքուր կը մնանք, խուսափելով նոյնիսկ դպչելէ այն բաներուն, զորս մեր երկնաւոր Հայրը կրօնական առումով պիղծ կը նկատէ։ Այս պատճառաւ, զոր օրինակ, զգուշութեամբ կը խուսափինք սուտ կրօնքի տօներէն, որոնք ներկայ աշխարհին մէջ շատ ժողովրդական են։ Ճիշդ է որ մաքուր մնալը մարտահրաւէր է, բայց Եհովայի ժողովուրդը կը ջանայ մաքրութիւնը պահել, որպէսզի իր սիրոյն մէջ մնայ։

21. Ի՞նչպէս կրնանք վստահ ըլլալ, թէ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պիտի մնանք։

21 Եհովա կ’ուզէ որ առյաւէտ իր սիրոյն մէջ մնանք։ Բայց անձամբ վստահ պէտք է ըլլանք, թէ Աստուծոյ սիրոյն մէջ մնալու համար մեր լաւագոյնը կ’ընենք։ Ասիկա կրնանք ընել՝ Յիսուսի օրինակին հետեւելով եւ Եհովայի հանդէպ մեր սէրը ապացուցանելով, իր պատուիրաններուն հնազանդելով։ Եթէ ասիկա ընենք, կրնանք վստահ ըլլալ թէ ոչինչ «կրնայ մեզ զատել Աստուծոյ սէրէն՝ որ Քրիստոս Յիսուս մեր Տէրոջմով է» (Հռով. 8։38, 39

Կը յիշե՞ս

• Մեր խղճմտանքը ի՞նչպէս կրնայ մեզի օգնել Աստուծոյ սիրոյն մէջ մնալու։

• Ինչո՞ւ Եհովայի սիրած անհատները պէտք է սիրենք։

• Հեղինակութիւնը յարգելը ինչո՞ւ կենսական է։

• Աստուծոյ ժողովուրդին համար մաքրութիւնը ո՞րքան կարեւոր է։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 30]

ԲԱՐԻ ՎԱՐՔ ՔԱՋԱԼԵՐՈՂ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

2008/2009–ի նահանգային համաժողովին, 224 էջնոց գիրք մը լոյս տեսաւ, «Անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք» վերնագրով։ Այս նոր գիրքին նպատակը ի՞նչ է։ Անիկա ծրագրուած է քրիստոնեաներուն օգնելու, որ Եհովայի չափանիշները ճանչնան ու սիրեն, գլխաւորաբար կեդրոնանալով քրիստոնէական բարքին վրայ։ «Անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք» գիրքին բծախնդիր ուսումնասիրութիւնը պիտի խորացնէ մեր համոզումը, թէ Եհովայի չափանիշներուն համաձայն ապրիլը լաւագոյն կենցաղն է ներկայիս, եւ յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ։

Անկէ զատ, այս գիրքը ծրագրուած է մեզի օգնելու, որ տեսնենք թէ Եհովայի հնազանդիլը բեռ մը չէ։ Ընդհակառակը, մեր հնազանդութեամբ ցոյց կու տանք, թէ ո՜րքան զինք կը սիրենք։ Ուստի այս գիրքը մեզ պիտի մղէ հարց տալու. ‘Ինչո՞ւ Եհովայի կը հնազանդիմ’։

Երբ ոմանք Եհովայի սէրը լքելու տխրալի սխալը կը գործեն, ընդհանրապէս խնդիրը կապ կ’ունենայ վարքին հետ եւ ո՛չ թէ՝ վարդապետութիւններուն հետ։ Հետեւաբար, ո՜րքան կենսական է որ մեր սէրն ու գնահատանքը խորացնենք Եհովայի օրէնքներուն եւ սկզբունքներուն հանդէպ, որոնք մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ մեզ կ’առաջնորդեն։ Վստահ ենք որ այս նոր հրատարակութիւնը համայն աշխարհի մէջ Եհովայի ոչխարներուն պիտի օգնէ, որ շիտակ բաներուն յարին, Սատանային ստախօս ըլլալը ապացուցանեն եւ մանաւանդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ մնան (Յուդա 21