Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

1 Աստուածաշունչին հանդէպ վստահութիւն կերտէ

1 Աստուածաշունչին հանդէպ վստահութիւն կերտէ

1 Աստուածաշունչին հանդէպ վստահութիւն կերտէ

«Բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար է սորվեցնելու, յանդիմանելու, շտկելու. . . համար» (Բ. Տիմոթէոս 3։16

Ի՞ՆՉ Է ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐԸ։ Շատեր Աստուածաշունչը կը սեպեն մարդկային իմաստութիւն բովանդակող գիրք մը։ Ոմանք համոզուած են թէ անիկա պատմականօրէն անճշգրիտ է։ Ուրիշներ կը դաւանին թէ Աստուածաշունչի խրատները անգործնական կամ ժամանակավրէպ են։

Ի՞ՆՉՊԷՍ ԿՐՆԱՍ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐԸ ՅԱՂԹԱՀԱՐԵԼ։ Յաճախ, Աստուածաշունչին վստահելիութիւնը կամ գործնականութիւնը հարցականի տակ դնողները, հարցը անձամբ չեն հետազօտած։ Անոնք պարզապէս ուրիշներուն ըսածը կը կրկնեն։ Սակայն Աստուածաշունչը կը զգուշացնէ. «Միամիտ մարդը ամէն խօսքի կը հաւատայ, բայց խելացին իր քայլերը կը քննէ» (Առակաց 14։15

Փոխանակ կուրօրէն ուրիշներուն ըսածը ընդունելու, ինչո՞ւ առաջին դարու քրիստոնեաներուն օրինակին չհետեւիս, որոնք կ’ապրէին Բերիայի մէջ, արդի Յունաստանի հիւսիսը։ Անոնք ուրիշներու պատմածին պարզապէս ականջ չտուին, այլ՝ «ամէն օր գրքերը կը քննէին թէ այս բաները ճի՞շդ են» (Գործք 17։11)։ Հակիրճօրէն նկատի առնենք երկու պատճառ, թէ ինչո՛ւ կրնաս վստահութիւն ունենալ որ Աստուածաշունչը Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքն է։

Աստուածաշունչը պատմականօրէն ճշգրիտ է։ Տարիներու ընթացքին, սկեպտիկներ Աստուածաշունչին նշած անհատներուն ու վայրերուն անուններուն ճշգրտութիւնը հարցականի տակ դրած են,– եւ կը շարունակեն դնել։ Սակայն կրկին անգամ ապացոյցները երեւան հանած են, թէ սկեպտիկութիւնը անհիմն է եւ Աստուածաշունչին արձանագրութիւնը վստահելի է։

Օրինակ, ժամանակ մը ուսումնականներ կասկածեցան Ասորեստանի Սարգոն թագաւորին գոյութեան վրայ, որ Եսայի 20։1–ի մէջ նշուած է։ Սակայն 1840–ական թուականներուն, հնախոյզներ սկսան այս թագաւորին պալատը պեղել։ Այժմ, Սարգոն ամէնէն հանրածանօթ ասորեստանցի թագաւորներէն մէկն է։

Քննադատներ հարցականի տակ դրին Պոնտացի Պիղատոսի գոյութիւնը,– հռոմայեցի կառավարիչը՝ որ Յիսուսը մահուան դատապարտեց (Մատթէոս 27։1, 22-24)։ Բայց 1961–ին, Կեսարիա քաղաքին մօտ, Իսրայէլի մէջ, փորագրուած քար մը երեւան հանուեցաւ, որ Պիղատոսի անունը կը կրէ ու անոր դիրքը կը նշէ։

U.S.News & World Report պարբերաթերթի 25 հոկտեմբեր 1999 թիւը, Աստուածաշունչին պատմական ճշգրտութեան մասին ըսաւ. «Արտակարգ կերպերով, արդի հնագիտութիւնը հաստատած է Հին ու Նոր Կտակարաններու գլխաւոր հատուածներուն պատմական ճշգրտութիւնը,– Իսրայէլի նահապետները, Ելքը, դաւիթենական միապետութիւնը եւ Յիսուսի կեանքն ու ապրած ժամանակը»։ Թէեւ Աստուածաշունչին հաւատալը հնագիտական յայտնաբերումներէ կախեալ չէ, բայց վստահաբար կ’ակնկալես որ Աստուծմէ ներշնչուած գիրքը այսպիսի պատմական ճշգրտութեամբ յատկանշուի։

Աստուածաշունչին բովանդակած գործնական իմաստութիւնը, ամէն ենթահողի պատկանող մարդոց օգտակար է։ Վարակիչ հիւանդութիւններու պատճառ եղող մանրադիտակային մարմինները յայտնաբերուելէն շա՜տ առաջ, Աստուածաշունչը յանձնարարեց առողջապահութեան առնչուող սովորութիւններ, որոնք տակաւին օգտաշատ են (Ղեւտացւոց 11։32-40. Բ. Օրինաց 23։12, 13)։ Աւելի երջանիկ են ընտանիքի այն անդամները, որոնք իրարու հետ ի՛նչպէս վարուելու աստուածաշնչական խրատը կը գործադրեն (Եփեսացիս 5։28–6։4)։ Աստուածաշունչի սկզբունքներուն համաձայն ապրող անհատը կրնայ աւելի խղճամիտ պաշտօնեայ կամ աւելի բանաւոր գործատէր ըլլալ (Եփեսացիս 4։28. 6։5-9)։ Աստուածաշունչի սկզբունքները կիրարկելը նաեւ օգտակար է հոգեկան առողջութեան (Առակաց 14։30. Եփեսացիս 4։31, 32. Կողոսացիս 3։8-10)։ Արդարեւ, մեր Ստեղծիչէն այսպիսի գործնական խրատներ պիտի ակնկալէինք։

Ի՞ՆՉ Է ՎԱՐՁԱՏՐՈՒԹԻՒՆԸ։ Աստուածաշունչին բովանդակած իմաստութիւնը կրնայ նոյնիսկ անփորձ անձը իմաստուն ընել (Սաղմոս 19։7)։ Ասկէ զատ, անգամ մը որ Աստուածաշունչին հանդէպ վստահութիւն ձեռք ձգենք, ան կրնայ մեզի օգնել որ աւելի զօրաւոր հաւատք ունենալու համար յաջորդ քայլը առնենք, ինչ որ ուրիշ ո՛չ մէկ գիրք կրնայ ընել։

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքին 2–րդ գլուխը՝ «Աստուածաշունչ. գիրք մը Աստուծոյ կողմէ»։ *

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 12 Հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։