Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Արդարները առյաւէտ Աստուած պիտի գովաբանեն

Արդարները առյաւէտ Աստուած պիտի գովաբանեն

Արդարները առյաւէտ Աստուած պիտի գովաբանեն

«Արդարին յիշատակը յաւիտեան պիտի մնայ. . . անոր արդարութիւնը յաւիտեան պիտի մնայ» (ՍԱՂ. 112։6, 9

1. ա) Ի՞նչ երջանիկ ապագայ կը սպասէ բոլոր անոնց, զորս Աստուած արդար կը նկատէ։ բ) Ի՞նչ հարցում կը յարուցուի։

Ի՜ՆՉ սքանչելի ապագայ մը կը սպասէ բոլոր անոնց, զորս Աստուած արդար կը նկատէ։ Անոնք Եհովայի գեղեցիկ յատկութիւններուն մասին յաւիտեան հաճոյքով պիտի սորվին։ Անոնց սրտերը գովաբանութեամբ կը յորդին, մինչ Աստուծոյ ստեղծագործութիւններուն մասին ա՛լ աւելի կը սորվին։ Այս փառաւոր ապագան վայելելու գլխաւոր մէկ պահանջն է՝ «արդարութիւնը», որ կ’ընդգծուի 112–րդ սաղմոսին մէջ։ Բայց Եհովան՝ սուրբ ու արդար Աստուածը, ի՞նչպէս կրնայ մեղաւոր մարդիկը արդար նկատել։ Մենք ո՛րքան ալ ջանանք շիտակը ընել, սխալներ կը գործենք եւ երբեմն՝ լուրջ սխալներ (Հռով. 3։23. Յակ. 3։2

2. Սէրէ մղուած, Եհովա ի՞նչ երկու հրաշքներ գործեց։

2 Եհովա կատարեալ լուծում մը սիրալիրօրէն հայթայթեց։ Ի՞նչպէս։ Նախ, ան իր երկնային սիրելի Որդիին կեանքը կոյսի մը արգանդին մէջ փոխադրելու հրաշքը գործեց, որպէսզի իբրեւ կատարեալ մարդ ծնի (Ղուկ. 1։30-35)։ Իսկ Յիսուսի թշնամիները զինք մահուան մատնելէ ետք, Եհովա ուրիշ արտակարգ հրաշք մը ըրաւ,– Յիսուսը վերակենդանացուց որպէս փառաւոր հոգեղէն արարած (Ա. Պետ. 3։18

3. Աստուած ինչո՞ւ հաճոյքով իր Որդիին երկնային կեանք շնորհեց։

3 Եհովա Յիսուսի շնորհեց բան մը, որ ան իր նախամարդկային գոյութեան մէջ չունէր,– երկինքի մէջ անկործանելի կեանք (Եբ. 7։15-17, 28)։ Եհովա ասիկա հաճոյքով ըրաւ, քանի որ Յիսուս խիստ փորձութիւններու ներքեւ կատարեալ ուղղամտութիւն պահեր էր։ Այսպէս Յիսուս իր Հօր հայթայթեց լաւագոյն ու կատարեալ պատասխանը Սատանայի այն սուտին, թէ մարդիկ Աստուծոյ կը ծառայեն անձնասէր շարժառիթներով եւ ո՛չ թէ անբեկանելի սէրէ մղուած (Առ. 27։11

4. ա) Երկինք վերադառնալէ ետք, Յիսուս մեզի համար ի՞նչ ըրաւ, եւ Եհովա ի՞նչպէս ընդառաջեց։ բ) Քեզի ի նպաստ Եհովայի ու Յիսուսի ըրած բաներուն նկատմամբ ի՞նչպէս կը զգաս։

4 Երկինքի մէջ, Յիսուս աւելին ըրաւ։ Ան ‘իր արեան’ արժէքով ‘Աստուծոյ առջեւ երեւցաւ մեզի համար’։ Մեր կաթոգին երկնաւոր Հայրը քաղցրութեամբ Յիսուսի թանկագին ընծան ընդունեց որպէս «մեր մեղքերուն քաւութիւն» կամ հաշտութեան զոհ։ Հետեւաբար, ‘սրբուած խղճմտանքով’ կրնանք «կենդանի Աստուածը պաշտել»։ Ի՜նչ վաւերական պատճառ՝ Սաղմոս 112–ի բացման խօսքը կրկնելու. «Ալէլուիա՜» (Եբ. 9։12-14, 24. Ա. Յովհ. 2։2

5. ա) Ի՞նչ պէտք է ընենք Աստուծոյ առջեւ արդար կեցուածք պահպանելու համար։ բ) 111 եւ 112–րդ սաղմոսները ի՞նչ կերպով շարադրուած են։

5 Աստուծոյ առջեւ արդար կեցուածք պահպանելու համար, պէտք է շարունակենք Յիսուսի թափուած արեան հաւատք ընծայել։ Օր մը իսկ պէտք չէ անցնի առանց Եհովայի շնորհակալութիւն յայտնելու, մեզ ա՛յսքան շատ սիրելուն համար (Յովհ. 3։16)։ Նաեւ պէտք է շարունակենք Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրել եւ մեր լաւագոյնը ընել՝ անոր պատգամին հետ ներդաշնակ ապրելու։ Սաղմոս 112–ը ընտիր խրատներ կը բովանդակէ բոլոր անոնց համար, որոնք կ’ուզեն Աստուծոյ առջեւ մաքուր խղճմտանք պահպանել։ Այս սաղմոսը առնչուած է 111–րդ սաղմոսին։ Եբրայերէն բնագրին մէջ, երկուքն ալ կը սկսին «գովաբանեցէ՛ք Եահը» կամ «ալէլուիա» բացագանչութեամբ, որուն կը յաջորդեն 22 տողեր, որոնց առաջին տառերը կը համապատասխանեն եբրայերէն այբուբենի 22 տառերուն։ *

Երջանկութեան հիմ մը

6. Սաղմոս 112–ի մէջ նկարագրուած աստուածավախ ‘մարդը’ ի՞նչպէս կ’օրհնուի։

6 «Երանի՜ այն մարդուն, որ Տէրոջմէն կը վախնայ ու անոր պատուիրանքներուն շատ կը հաւնի։ Անոր սերունդը զօրաւոր պիտի ըլլայ երկրի վրայ եւ ուղիղներուն ցեղը պիտի օրհնուի» (Սաղ. 112։1, 2)։ Նկատէ թէ սաղմոսերգուն նախ կը նշէ ‘մարդ մը’, ապա կը գործածէ «ուղիղներ» բառը։ Ասիկա կը թելադրէ, թէ 112–րդ սաղմոսը բազմաթիւ անհատներէ կազմուած խումբի մը կրնայ ակնարկել։ Ներշնչման ներքեւ Պօղոս առաքեալ Սաղմոս 112։9–ն կիրարկեց, առաջին դարու քրիստոնեաներուն առնչութեամբ (կարդալ՝ Բ. Կորնթացիս 9։8, 9Այս սաղմոսը շա՜տ գեղեցիկ կերպով կը նկարագրէ, թէ երկրի վրայ Քրիստոսի հետեւորդները ի՛նչպէս կրնան երջանիկ ըլլալ։

7. Աստուծոյ ծառաները ինչո՞ւ իրեն հանդէպ առողջ վախ պէտք է ունենան, իսկ Աստուծոյ պատուիրաններուն նկատմամբ ի՞նչպէս պէտք է զգաս։

7 Ինչպէս Սաղմոս 112։1–ի մէջ նշուած է, այս ճշմարիտ քրիստոնեաները մեծապէս ուրախ են, ‘Տէրոջ վախով’ քալելով։ Զինք տհաճեցնելու այս առողջ վախը անոնց կ’օգնէ, որ Սատանայի աշխարհի հոգիին դիմադրեն։ Անոնք Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրելէն եւ անոր պատուիրաններուն հնազանդելէն յոյժ կ’ախորժին։ Անիկա կը պարփակէ Թագաւորութեան բարի լուրը համայն աշխարհի մէջ քարոզելու պատուէրը։ Անոնք կը ջանան բոլոր ազգերէն անհատներ աշակերտել, մինչ կ’ազդարարեն ամբարիշտները թէ Աստուծոյ դատաստանի օրը մօտալուտ է (Եզեկ. 3։17, 18. Մատ. 28։19, 20

8. ա) Աստուծոյ նուիրեալ ծառաները ներկայիս իրենց նախանձախնդրութեան համար ի՞նչպէս վարձատրուած են։ բ) Երկրային յոյս ունեցողներուն ի՞նչ ապագայ օրհնութիւններ կը սպասեն։

8 Որովհետեւ Աստուծոյ ծառաները այսպիսի պատուիրաններու կը հնազանդին, ներկայիս երկրի վրայ անոնց թիւը շուրջ եօթը միլիոնի հասած է։ Ո՞վ կրնայ ուրանալ, թէ անոր ժողովուրդը ‘զօրաւոր եղած է երկրի վրայ’ (Յովհ. 10։16. Յայտ. 7։9, 14)։ Իսկ անոնք տակաւին ո՜րքան ‘պիտի օրհնուին’, մինչ Աստուած իր նպատակը կ’իրագործէ։ Որպէս խումբ, երկրային յոյս ունեցողները մօտալուտ «մեծ նեղութենէն» պիտի վերապրին ու կազմեն ‘նոր երկիր մը’, որուն մէջ «արդարութիւնը կը բնակի»։ Ժամանակի ընթացքին, Արմագեդոնէն վերապրողները ա՛լ աւելի ‘պիտի օրհնուին’։ Անոնք միլիոնաւոր յարուցեալներ պիտի դիմաւորեն։ Ի՜նչ խայտալի հեռանկար մը։ Ի վերջոյ, անոնք որոնք Աստուծոյ պատուիրաններէն յոյժ կ’ախորժին, մարդկային կատարելութեան պիտի հասնին եւ «Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութիւնը» առյաւէտ պիտի վայելեն (Բ. Պետ. 3։13. Հռով. 8։21

Հարստութեան խոհեմ գործածութիւնը

9, 10. Ճշմարիտ քրիստոնեաները իրենց հոգեւոր հարստութիւնը ի՞նչպէս գործածած են, եւ անոնց արդարութիւնը ի՞նչպէս յաւիտեան պիտի մնայ։

9 «Առատութիւն ու հարստութիւն պիտի ըլլայ անոր տանը մէջ ու անոր արդարութիւնը յաւիտեան պիտի մնայ։ Խաւարին մէջ լոյս կը ծագի ուղիղներուն, քանզի ողորմած ու գթած եւ արդար է» (Սաղ. 112։3, 4)։ Աստուածաշունչի ժամանակներուն, Աստուծոյ ծառաներէն ոմանք մեծահարուստ էին։ Իսկ այլ առումով մը, Աստուծոյ հաճութիւնը վայելողները իրապէս կը հարստանան։ Իրողութիւնը այն է, թէ գրեթէ բոլոր անոնք, որոնք կ’ընտրեն Աստուծոյ առջեւ խոնարհիլ, կրնան աղքատ եւ անարգուած ըլլալ, ինչպէս որ էր պարագան Յիսուսի օրերուն (Ղուկ. 4։18, 19. 7։22. Յովհ. 7։49)։ Բայց անհատ մը նիւթական գետնի վրայ ունենայ շատ թէ քիչ, կրնայ հոգեւորապէս հարուստ ըլլալ (Մատ. 6։20. Ա. Տիմ. 6։18, 19. կարդալ՝ Յակոբոս 2։5

10 Օծեալ քրիստոնեաները եւ անոնց ընկերակիցները, իրենց հոգեւոր հարստութիւնը իրենց չեն պահեր։ Փոխարէն, անոնք Սատանայի խաւար աշխարհին մէջ որպէս ‘լոյս կը ծագին ուղիղներուն’, ուրիշներուն օգնելով որ Աստուծոյ իմաստութեան ու գիտութեան հոգեւոր գանձերէն օգտուին։ Հակառակորդներ փորձած են Թագաւորութեան քարոզչութիւնը կասեցնել, բայց ձախողած են։ Փոխարէն, այս արդար գործին պտուղը «յաւիտեան պիտի մնայ»։ Արդարութեան ընթացքին մէջ տոկալով, Աստուծոյ ծառաները մնայուն կերպով ապրելու կամ ‘յաւիտեան մնալու’ երաշխիքը կրնան ունենալ։

11, 12. Աստուծոյ ժողովուրդը իր նիւթական ստացուածքները ի՞նչպէս կը գործածէ։

11 Աստուծոյ ժողովուրդը, թէ՛ օծեալ ծառայ դասակարգը եւ թէ «մեծ բազմութեան» անդամները, նիւթական բաներու նկատմամբ առատաձեռն եղած են։ Սաղմոս 112։9–ն կ’ըսէ. «Բաշխեց եւ աղքատներուն տուաւ»։ Այսօր ճշմարիտ քրիստոնեաները յաճախ քրիստոնեայ հաւատակիցներու եւ նոյնիսկ կարօտեալ դրացիներու ի նպաստ նիւթական նուիրատուութիւններ կ’ընեն։ Անոնք նաեւ իրենց նիւթական միջոցները կը գործածեն, աղէտներու զոհ գացողներուն օգնութեան հասնելու։ Ասիկա ալ երջանկութեան աղբիւր մըն է, ինչպէս Յիսուս նշեց (կարդալ՝ Գործք 20։35. Բ. Կորնթացիս 9։7

12 Ասկէ զատ, պահ մը խորհէ պարփակուած ծախսին մասին, որ այս պարբերաթերթը հրատարակուի 173 լեզուներով, որոնցմէ շատերը կը խօսուին աղքատ անհատներու կողմէ։ Նաեւ նկատի առ այն իրողութիւնը, թէ այս պարբերաթերթը մատչելի է խուլերու եւ կոյրերու յատուկ լեզուներով։

Ողորմած ու արդար

13. Որո՞նք ողորմածօրէն տալու լաւագոյն օրինակները կը հանդիսանան, եւ ի՞նչպէս կրնանք զիրենք ընդօրինակել։

13 «Բարի մարդը կ’ողորմի ու փոխ կու տայ» (Սաղ. 112։5)։ Անկասկած նկատած ես, թէ ուրիշներուն օգնող անհատները միշտ բարեգութ չեն։ Ոմանք ցուցամոլութեամբ կամ դժկամելով նուիրատուութիւն կ’ընեն։ Հաճելի բան չէ օգնութիւն ստանալ մէկէ մը, որ քեզ կը զգացնէ թէ ստորադաս, փորձանք կամ բեռ մըն ես։ Միւս կողմէ, ո՜րքան թարմացուցիչ է օգնութիւն ստանալ քաղցրաբարոյ անհատէ մը։ Եհովա մեծագոյն օրինակը կը հանդիսանայ որպէս ողորմած ու երջանիկ Տուող (Ա. Տիմ. 1։11. Յակ. 1։5, 17)։ Յիսուս Քրիստոս իր Հօր բարերարութիւնը կատարելապէս արտացոլացուց (Մար. 1։40-42)։ Արդ, Աստուծոյ կողմէ արդար նկատուելու համար, ուրախութեամբ եւ քաղցրութեամբ կու տանք, մանաւանդ դաշտի ծառայութեան մէջ՝ մեր դրացիներուն հոգեւոր օգնութիւն մատուցանելով։

14. Ի՞նչ կարգ մը կերպերով կրնանք ‘մեր բաները իրաւունքով կատարել’։

14 «Իր բաները իրաւունքով կը կատարէ» (Սաղ. 112։5)։ Ինչպէս նախագուշակուած էր, հաւատարիմ տնտես դասակարգը Եհովայի արդարութեան համաձայն Տէրոջ շահերուն հոգ կը տանի (կարդալ՝ Ղուկաս 12։42-44Ասիկա արտացոլացուած է երէցներուն տրուած աստուածաշնչական ուղղութեան մէջ, որոնք երբեմն լուրջ մեղքեր պարփակող խնդիրներ նկատի կ’առնեն։ Հարցերը ձեռք առնելու արդար կերպը բացայայտ է նաեւ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած այն կազմակերպչական ուղղութիւններուն մէջ, զորս ծառայ դասակարգը կը հայթայթէ՝ ժողովքներուն, միսիոնարական տուներուն եւ Պէթէլներուն համար։ Իրաւունք կամ արդարութիւն կը պահանջուի ո՛չ միայն երէցներէն, այլեւ՝ միւս քրիստոնեաներէն, իրարու հետ եւ անհաւատներու հետ իրենց գործառնութեանց մէջ, ի ներառեալ՝ առեւտրական հարցերը (կարդալ՝ Միքիա 6։8, 11

Արդարներուն համար օրհնութիւններ

15, 16. ա) Աշխարհի գէշ լուրերը ի՞նչ ազդեցութիւն ունին արդարներուն վրայ։ բ) Աստուծոյ ծառաները ի՞նչ վճռած են շարունակել ընել։

15 «Յիրաւի անիկա յաւիտեան պիտի չսասանի եւ արդարին յիշատակը յաւիտեան պիտի մնայ։ Անիկա գէշ լուրէն չի վախնար. անոր սիրտը հաստատ է ու Տէրոջը կը յուսայ։ Անոր սիրտը հաստատուած է, պիտի չվախնայ, մինչեւ իր թշնամիներուն կորուստը տեսնէ» (Սաղ. 112։6-8)։ Ներկայիս աննախընթաց կերպով բազմաթիւ գէշ լուրեր կան, ինչպէս՝ պատերազմներ, ահաբեկչութիւն, նոր հիւանդութիւններ եւ վերածնած հին հիւանդութիւններ, ոճիր, աղքատութիւն եւ աւերիչ ապականութիւն։ Աստուծոյ աչքին արդար նկատուող անհատները այս գէշ լուրերուն ազդեցութիւններէն չեն կրնար խուսափիլ, բայց եւ այնպէս վախը զիրենք չի պատեր։ Անոնց «սիրտը հաստատ է», մինչ վստահութեամբ ապագային կը նային, գիտնալով որ Աստուծոյ արդար նոր աշխարհը մօտ է։ Եթէ աղէտ մը հարուածէ, անոնք ի վիճակի են կացութեան դիմանալու, քանի որ աջակցութեան համար Եհովայի կ’ապաւինին։ Ան երբեք թոյլ չի տար որ իր արդարները ‘սասանին’,– ան կ’օգնէ ու տոկալու զօրութիւն կու տայ (Փլպ. 4։13

16 Աստուծոյ արդարները նաեւ պէտք է համբերեն այն ատելութեան ու սուտերուն, զորս հակառակորդները կը տարածեն։ Ասիկա ճշմարիտ քրիստոնեաները չէ լռեցուցած, եւ պիտի շարունակէ ի զուր ըլլալ։ Եհովայի ծառաները կը շարունակեն հաստատ ու անխախտ մնալ աստուածատուր գործին մէջ,– Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզել եւ աշակերտել։ Անկասկած, արդարները աւելի հակառակութիւն պիտի դիմագրաւեն, մինչ վախճանը կը մօտենայ։ Այս ատելութիւնը բարձրակէտի պիտի հասնի, երբ Բանսարկուն իբրեւ Մագոգի Գոգը կատարէ համաշխարհային յարձակումը։ Այն ատեն, վերջապէս ‘մեր թշնամիներուն կորուստը պիտի տեսնենք’, մինչ նուաստացուցիչ պարտութեան կը մատնուին։ Ի՜նչ սքանչելի փորձառութիւն մը պիտի ըլլայ տեսնել Եհովայի անունին ամբողջական սրբացումը (Եզեկ. 38։18, 22, 23

«Փառքով պիտի բարձրանայ»

17. Արդարը ի՞նչպէս «փառքով պիտի բարձրանայ»։

17 Ո՜րքան հաճելի պիտի ըլլայ միութեամբ Եհովան գովաբանել, առանց Բանսարկուին ու իր աշխարհին հակառակութեան։ Բոլոր անոնք, որոնք Աստուծոյ առջեւ արդար կեցուածք կը պահպանեն, այս հաճելի փորձառութիւնը յաւիտեան պիտի վայելեն։ Անոնք ամօթալի պարտութեան պիտի չմատնուին, քանի որ Եհովա նաեւ կը խոստանայ, թէ իր արդարին «եղջիւրը փառքով պիտի բարձրանայ» (Սաղ. 112։9)։ Եհովայի արդարը յաղթականօրէն պիտի ցնծայ, Եհովայի գերիշխանութեան բոլոր թշնամիներուն կործանումը տեսնելով։

18. Սաղմոս 112–ի եզրափակիչ խօսքերը ի՞նչպէս պիտի կատարուին։

18 «Ամբարիշտը պիտի տեսնէ ու բարկանայ։ Իր ակռաները պիտի կրճտէ ու պիտի հալի։ Ամբարիշտներուն ցանկութիւնը պիտի կորսուի» (Սաղ. 112։10)։ Բոլոր անոնք, որոնք կը շարունակեն Աստուծոյ ժողովուրդին հակառակիլ, շուտով իրենց նախանձին ու ատելութեան մէջ ‘պիտի հալին’։ Մեր գործին վերջ դրուիլը տեսնելու անոնց ցանկութիւնը իրենց հետ պիտի կորսուի մօտալուտ «մեծ նեղութեան» ընթացքին (Մատ. 24։21

19. Ի՞նչ բանէ կրնանք վստահ ըլլալ։

19 Պիտի ըլլա՞ս երջանիկ վերապրողներուն մէջ, որոնք այդ հոյակապ յաղթանակը պիտի վայելեն։ Իսկ եթէ պատահի որ Սատանայի աշխարհին վախճանէն առաջ՝ հիւանդութեան կամ ծերութեան պատճառաւ ննջես, պիտի ըլլա՞ս յարուցուելիք «արդարներուն» մէջ (Գործք 24։15)։ Պատասխանը այո՛ կրնայ ըլլալ, եթէ շարունակես Յիսուսի փրկանքի զոհին հաւատք ընծայել եւ Եհովան ընդօրինակել, ինչպէս կ’ընեն անոնք, որոնք ներկայացուած են 112–րդ սաղմոսի մէջ նկարագրուած «արդար» մարդով (կարդալ՝ Եփեսացիս 5։1, 2Եհովա հոգ պիտի տանի որ անոնց «յիշատակը» երբեք չմոռցուի, ո՛չ ալ անոնց արդար արարքները անտեսուին։ Եհովա յաւիտեանս յաւիտենից զիրենք պիտի յիշէ ու սիրէ (Սաղ. 112։3, 6, 9

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 5 Այս երկու սաղմոսներուն ե՛ւ կառոյցը, ե՛ւ բովանդակութիւնը կը յայտնեն թէ անոնք իրարու լրացուցիչ են։ Սաղմոս 111։3, 4–ը համեմատելով Սաղմոս 112։3, 4–ին հետ, կը նկատենք թէ 112–րդ սաղմոսի աստուածավախ «մարդ»ը կ’ընդօրինակէ Աստուծոյ յատկութիւնները, որոնք 111–րդ սաղմոսին մէջ փառաւորուած են։

Հարցումներ՝ խորհրդածութեան համար

• Ի՞նչ կարգ մը պատճառներով «ալէլուիա՛» կը բացագանչենք։

• Ի՞նչ մերօրեայ զարգացում կ’երջանկացնէ ճշմարիտ քրիստոնեաները։

• Եհովա ի՞նչպիսի տուողներ կը սիրէ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 30]

Սիրայօժար նուիրատուութիւնները կը նպաստեն որ աղէտներու զոհ գացողներուն ձեռք տրուի եւ աստուածաշնչական հրատարակութիւններ ամէնուրեք բաշխուին