Անոնք «գառնուկին ետեւէն կ’երթան»
Անոնք «գառնուկին ետեւէն կ’երթան»
«Ասոնք Գառնուկին ետեւէն կ’երթան՝ ուր որ ան երթայ» (ՅԱՅՏ. 14։4)։
1. Յիսուսի ճշմարիտ աշակերտները իրեն հետեւելու նկատմամբ ի՞նչ զգացին։
ՅԻՍՈՒՍԻ ծառայութեան վրայ շուրջ երկուքուկէս տարի անցած էր, երբ «Կափառնայումի մէջ կը քարոզէր»։ Իր խօսքերը ցնցիչ գտնելով, «իր աշակերտներէն շատեր ետ գացին եւ ա՛լ իրեն հետ չէին պտըտեր»։ Երբ Յիսուս 12 առաքեալներուն հարցուց, թէ իրենք ալ կ’ուզէի՞ն երթալ, Սիմոն Պետրոս պատասխանեց. «Տէ՛ր, որո՞ւ պիտի երթանք, դուն յաւիտենական կեանքի խօսքեր ունիս։ Մենք հաւատացինք ու գիտցանք թէ դուն ես Քրիստոսը՝ Աստուծոյ Որդին» (Յովհ. 6։48, 60, 61, 67-70)։ Յիսուսի ճշմարիտ աշակերտները մերժեցին զինք լքել։ Սուրբ հոգիով օծուելէ ետք, անոնք շարունակեցին Յիսուսի ուղղութեան ենթարկուիլ (Գործք 16։7-10)։
2. ա) Ո՞վ է «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» կամ «հաւատարիմ տնտեսը»։ բ) Ծառան ի՞նչպէս ‘Գառնուկին ետեւէն երթալու’ ընտիր արձանագրութիւն մը հաստատած է։
2 Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ այժմու օծեալ քրիստոնեաներուն մասին։ ‘Իր գալուստին ու աշխարհիս վերջին նշանին’ մասին իր տուած մարգարէութեան մէջ, Յիսուս երկրի վրայ հոգիէն–օծուած իր հետեւորդներուն մարմինին ակնարկեց որպէս «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ» կամ «հաւատարիմ տնտես» (Մատ. 24։3, 45. Ղուկ. 12։42)։ Իբրեւ խումբ, ծառայ դասակարգը ապացուցանած է, թէ ‘Գառնուկին ետեւէն կ’երթայ՝ ուր որ ան երթայ’ (Կարդալ՝ Յայտնութիւն 14։4, 5)։ Անոր անդամները հոգեւոր առումով կոյս կը մնան, իրենք զիրենք չպղծելով «Մեծ Բաբելոն»ի՝ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութեան՝ հաւատալիքներով ու սովորութիւններով (Յայտ. 17։5)։ «Անոնց բերանը [վարդապետական] սուտ չգտնուեցաւ», եւ անոնք Սատանայի աշխարհէն «անբիծ» կը մնան (Յովհ. 15։19)։ Ապագային, երկրի վրայ եղող օծեալ մնացորդը Գառնուկին ‘ետեւէն պիտի երթայ’ դէպի երկինք (Յովհ. 13։36)։
3. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ ծառայ դասակարգին վստահինք։
3 Յիսուս հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան նշանակած է «իր ծառաներուն վրայ», այսինքն՝ ծառայ դասակարգին անդամներուն վրայ, «որպէս զի ատենին անոնց կերակուր տայ»։ Ան նաեւ ծառան նշանակած է «իր բոլոր ունեցածին վրայ» (Մատ. 24։45-47)։ Այս ‘ունեցածները’ կը պարփակեն «ուրիշ ոչխարներ»ու «մեծ բազմութիւն»ը (Յայտ. 7։9. Յովհ. 10։16)։ Օծեալ դասակարգի եւ «ուրիշ ոչխարներ»ու անդամները իրենց վրայ նշանակուած ծառային պէտք չէ՞ վստահին։ Բազմաթիւ պատճառներ կան, թէ ինչո՛ւ ծառայ դասակարգը մեր վստահութեան արժանի է։ Ահաւասիկ երկու ուշագրաւ պատճառներ. 1) Եհովա ծառայ դասակարգին կը վստահի։ 2) Յիսուս ալ ծառային կը վստահի։ Այժմ քննենք այն փաստերը, որոնք ցոյց կու տան թէ Եհովա Աստուած եւ Յիսուս Քրիստոս, հաւատարիմ ու իմաստուն ծառային հանդէպ կատարեալ վստահութիւն ունին։
Եհովա ծառային կը վստահի
4. Ինչո՞ւ կրնանք հաւատարիմ ու իմաստուն ծառային մատակարարած հոգեւոր սնունդին հանդէպ վստահութիւն ունենալ։
4 Նկատի առ թէ ի՛նչ բան կարելի կը դարձնէ, որ հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան ժամանակայարմար, սննդարար հոգեւոր սնունդ հայթայթէ։ Եհովա կ’ըսէ. «Քեզի պիտի սորվեցնեմ ու երթալու ճամբադ պիտի ցուցնեմ քեզի. քեզ պիտի խրատեմ, իմ աչքս քու վրադ պիտի ըլլայ» (Սաղ. 32։8)։ Այո՛, Եհովա ծառային ուղղութիւն կու տայ։ Հետեւաբար, ծառայէն մեր ստացած աստուածաշնչական խորատեսութեան, հասկացողութեան ու առաջնորդութեան հանդէպ կրնա՛նք լման վստահութիւն ունենալ։
5. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ, թէ Աստուծոյ հոգին կ’աջակցի ծառայ դասակարգին։
5 Եհովա նաեւ իր սուրբ հոգիով կ’օրհնէ ծառայ դասակարգը։ Թէեւ Եհովայի հոգին անտեսանելի է, բայց իր ազդեցութեան ներքեւ եղողներուն մէջ նկատելի բաներ կ’արտադրէ։ Պահ մը խորհէ, թէ հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան ի՛նչ կրցած է իրագործել՝ Եհովա Աստուծոյ, իր Որդիին ու Թագաւորութեան մասին համաշխարհային վկայութիւն տալով։ Եհովայի երկրպագուները եռանդունօրէն Թագաւորութեան պատգամը կը ծանուցանեն աւելի քան 230 երկիրներու եւ կղզեխումբերու մէջ։ Ասիկա անուրանալի ապացոյց մը չէ՞, թէ Աստուծոյ հոգին ծառային կ’աջակցի (Կարդալ՝ Գործք 1։8)։ Համայն աշխարհի մէջ Եհովայի ժողովուրդին այժմէական հոգեւոր սնունդ հայթայթելը կը պահանջէ որ ծառայ դասակարգը կենսական որոշումներ կայացնէ։ Զանոնք կայացնելու եւ գործադրելու մէջ, ծառան կը ցուցաբերէ սէր, հեզութիւն եւ հոգիին պտուղին միւս երեսակները (Գաղ. 5։22, 23)։
6, 7. Եհովա ո՞ր տարողութեամբ կը վստահի հաւատարիմ ծառային։
6 Հաւատարիմ ծառային հանդէպ Եհովայի վստահութեան տարողութիւնը գնահատելու համար, խորհրդածէ թէ անոր անդամներուն ի՛նչ խոստացած է։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Փողը պիտի հնչուի ու մեռելները յարութիւն պիտի առնեն առանց ապականութեան, մենք ալ պիտի փոխուինք։ Վասն զի պէտք է որ այս ապականացու մարմինը անապականութիւն հագնի ու այս մահկանացուն անմահութիւն հագնի» (Ա. Կոր. 15։52, 53)։ Քրիստոսի օծեալ հետեւորդները, որոնք հաւատարմօրէն Աստուծոյ կը ծառայեն ու մարդկային ապականացու մարմնով կը մեռնին, կը յարուցանուին ո՛չ թէ որպէս պարզապէս յաւիտենական կեանք ունեցող հոգեղէն արարածներ, այլ՝ անոնց կը տրուի անմահութիւն,– անվերջութիւն եւ անկործանութիւն։ Ասկէ զատ, անոնք անապականութիւն կը ստանան, իրենց մարմինները փտելու ենթակայ չըլլալով եւ ակներեւաբար ինքնաբաւ ըլլալով։ Յայտնութիւն 4։4–ը այս յարուցեալները նկարագրելով կը նշէ թէ գահերու վրայ նստած են եւ ոսկիէ թագեր ունին։ Օծեալ քրիստոնեաներուն արքայական փառք կը սպասէ։ Բայց տակաւին աւելին կայ։
7 «Գառնուկին հարսանիքը հասաւ ու անոր կինը ինքզինք պատրաստեց։ Եւ իրեն հագնելու համար տրուեցաւ մաքուր ու լուսափայլ բեհեզ, քանզի այն բեհեզը սուրբերուն արդարութիւնն է», կ’ըսէ Յայտնութիւն 19։7, 8–ը։ Եհովա օծեալ քրիստոնեաները ընտրած է, որ իր Որդիին հարսը ըլլան։ Անապականութիւն, անմահութիւն, թագաւորութիւն, ‘Գառնուկին հարսը’ ըլլալը,– ի՜նչ երկիւղ–ներշնչող պարգեւներ։ Անոնք մեծապէս կ’ապացուցանեն, թէ Աստուած կը վստահի օծեալներուն, որոնք «Գառնուկին ետեւէն կ’երթան՝ ուր որ ան երթայ»։
Յիսուս ծառային կը վստահի
8. Յիսուս ի՞նչպէս ցոյց կու տայ, թէ իր հոգիէն–օծուած հետեւորդներուն հանդէպ վստահութիւն ունի։
8 Ի՞նչ ապացոյց կայ, թէ Յիսուս իր հոգիէն–օծուած հետեւորդներուն ամբողջովին կը վստահի։ Իր երկրային կեանքի վերջին գիշերը, Յիսուս 11 հաւատարիմ առաքեալներուն խոստում մը տուաւ, ըսելով. «Դուք անոնք էք՝ որ միշտ ինծի հետ կը կենայիք իմ փորձութիւններուս մէջ. ես կ’ուխտեմ ձեզի թագաւորութիւն մը, ինչպէս իմ Հայրս ինծի թագաւորութիւն մը տալ ուխտեց որպէս զի դուք իմ սեղանէս ուտէք ու խմէք իմ թագաւորութեանս մէջ եւ աթոռներու վրայ նստիք Իսրայէլի տասներկու ցեղերը դատելու» (Ղուկ. 22։28-30)։ Յիսուսի ըրած այս ուխտը բոլոր 144,000 օծեալ քրիստոնեաները պիտի պարփակէր (Ղուկ. 12։32. Յայտ. 5։9, 10. 14։1)։ Եթէ Յիսուս անոնց չէր վստահեր, անոնց հետ ուխտ պիտի ընէ՞ր, իր թագաւորական հեղինակութիւնը բաժնելով։
9. Քրիստոսի «բոլոր ունեցած»ը ի՞նչ կը պարփակէ։
9 Ասկէ զատ, Յիսուս Քրիստոս հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան նշանակած է «իր բոլոր ունեցածին վրայ»,– երկրի վրայ Թագաւորութեան բոլոր շահերը (Մատ. 24։47)։ Յիսուսի ունեցածը կը պարփակէ՝ Եհովայի վկաներու գլխաւոր կեդրոնատեղին, մասնաճիւղերը, Համաժողովի սրահներն ու Թագաւորութեան սրահները, ինչպէս նաեւ՝ Թագաւորութեան քարոզչութեան եւ աշակերտելու գործը։ Կարելի՞ է որ մէկը իր չվստահած անհատը նշանակէ, որ իր թանկարժէք բաները պահէ ու գործածէ։
10. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ, թէ Յիսուս Քրիստոս իր օծեալ հետեւորդներուն հետ է։
10 Երկինք համբառնալէն քիչ առաջ, յարուցեալ Յիսուս իր հաւատարիմ աշակերտներուն երեւցաւ եւ անոնց խոստում մը տուաւ, ըսելով. «Ահա ամէն օր ես ձեզի հետ եմ, մինչեւ աշխարհիս վերջը» (Մատ. 28։20)։ Ան իր խոստումը պահա՞ծ է։ Վերջին 15 տարիներուն, աշխարհի տարածքին Եհովայի վկաներու ժողովքներուն թիւը բարձրացած է շուրջ 70,000–էն աւելի քան 100,000–ի,– 40 տոկոսէ աւելի։ Իսկ ինչ կը վերաբերի նոր աշակերտներուն, վերջին 15 տարիներուն, շուրջ 4,5 միլիոն աշակերտներ մկրտուեցան,– միջին հաշուով՝ օրական աւելի քան 800 հոգի։ Այս տպաւորիչ յաւելումները բացայայտ ապացոյց են, թէ Քրիստոս իր օծեալ հետեւորդները կ’առաջնորդէ ժողովներուն յայտագիրները պատրաստելու մէջ եւ անոնց թիկունք կը կանգնի աշակերտելու գործունէութեան մէջ։
Ծառան հաւատարիմ ու իմաստուն է
11, 12. Ծառան ի՞նչպէս իր հաւատարիմ ու իմաստուն ըլլալը ապացուցանած է։
11 Որովհետեւ Եհովա Աստուած ու Յիսուս
Քրիստոս լիովին կը վստահին հաւատարիմ ու իմաստուն ծառային, մենք նոյնը պէտք չէ՞ ընենք։ Ի վերջոյ, ծառան իր հաւատարիմ ըլլալը փաստած է, իրեն նշանակուած գործը կատարելով։ Օրինակ, Դիտարան պարբերաթերթը շուրջ 130 տարիէ ի վեր կը հրատարակուի։ Եհովայի վկաներու ժողովներն ու համաժողովները կը շարունակեն մեզ հոգեւորապէս կերտել։12 Հաւատարիմ ծառան նաեւ իմաստուն է, այն առումով՝ որ անհամեստօրէն չի գործեր, Եհովայէն յառաջ անցնելով, ո՛չ ալ կը յամենայ, երբ հարցի մը շուրջ Աստուծոյ ուղղութիւնը յստակ է։ Օրինակ, մինչ սուտ կրօնքի առաջնորդներ աշխարհի մարդոց անձնասէր ու անբարեպաշտ վարքին լռելեայն հաւանութիւն կու տան կամ յայտնապէս աչք կը գոցեն, ծառան Սատանայի ամբարիշտ դրութեան որոգայթներէն կը զգուշացնէ։ Ծառան կարող է իմաստուն ու այժմէական ազդարարութիւններ տալու, քանի որ Եհովա Աստուած եւ Յիսուս Քրիստոս զինք կ’օրհնեն։ Ուստի ծառան մեր լման վստահութեան արժանի է։ Սակայն ի՞նչպէս կրնանք ցոյց տալ, թէ հաւատարիմ ու իմաստուն ծառային կը վստահինք։
‘Գնա՛’ օծեալներուն հետ, մինչ Գառնուկին կը հետեւին
13. Զաքարիայի մարգարէութեան համաձայն, ի՞նչպէս կարելի է հաւատարիմ ու իմաստուն ծառային հանդէպ վստահութիւն ցուցաբերել։
13 Զաքարիայի գիրքը կը խօսի ‘տասը մարդոց’ մասին, որոնք «Հրեայ եղող մարդու» կը մօտենան ու կ’ըսեն. «Ձեզի հետ երթանք» (Կարդալ՝ Զաքարիա 8։23)։ Որովհետեւ «Հրեայ եղող մարդ»ուն կ’ակնարկուի որպէս «ձեզի», անիկա բաղադրեալ մարդ մըն է։ Ներկայիս, ան կը ներկայացնէ հոգիէն–օծուած քրիստոնեաներուն մնացորդը,– «Աստուծոյ Իսրայէլ»ին մէկ մասը (Գաղ. 6։16)։ «Ազգերուն բոլոր լեզուներէն տասը մարդ»ը կը ներկայացնէ ուրիշ ոչխարներու մեծ բազմութիւնը։ Ինչպէս որ օծեալ քրիստոնեաները Յիսուսի կը հետեւին՝ ո՛ւր որ ան երթայ, մեծ բազմութիւնը հաւատարիմ ու իմաստուն ծառային հետ ‘կ’երթայ’ կամ կ’ընկերակցի։ Մեծ բազմութեան անդամները երբեք պէտք չէ ամչնան իրենց ինքնութիւնը յայտնելու որպէս «երկնային կոչումին մասնակիցներ»ուն ընկերակիցներ (Եբ. 3։1)։ Յիսուս ամօթ չի սեպեր «եղբայր» կոչել օծեալները (Եբ. 2։11)։
14. Ի՞նչպէս կարելի է Քրիստոսի եղբայրներուն հաւատարմօրէն աջակցիլ։
14 Յիսուս Քրիստոս իր եղբայրներուն հանդէպ ցոյց տրուած հաւատարիմ աջակցութիւնը կը նկատէ որպէս իրեն տրուած (Կարդալ՝ Մատթէոս 25։40)։ Ուստի երկրային յոյս ունեցողները ի՞նչ կերպով կրնան Քրիստոսի հոգիէն–օծուած եղբայրներուն թիկունք կանգնիլ։ Գլխաւորաբար, Թագաւորութեան քարոզչութեան մէջ օգնելով անոնց (Մատ. 24։14. Յովհ. 14։12)։ Մինչ տասնամեակներու ընթացքին երկրի վրայ օծեալներուն թիւը նուազած է, ուրիշ ոչխարներուն թիւը աւելցած է։ Երբ երկրային յոյս ունեցողները վկայութեան գործին կը մասնակցին,– ծառայելով որպէս լիաժամ աւետարանիչներ՝ եթէ կարելի է,– օծեալներուն կ’օգնեն որ աշակերտելու նշանակումը կատարեն (Մատ. 28։19, 20)։ Նաեւ այս գործին նեցուկ կը կանգնուի, զանազան կերպերով դրամական նուիրատուութիւններ ընելով։
15. Իւրաքանչիւր քրիստոնեայ ծառային հայթայթած այժմէական հոգեւոր սնունդին եւ կայացուցած կազմակերպչական որոշումներուն ի՞նչպէս պէտք է ընդառաջէ։
15 Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած հրատարակութիւններու եւ քրիստոնէական ժողովներու միջոցաւ հաւատարիմ ծառային մատակարարած այժմէական հոգեւոր սնունդը անհատապէս ի՞նչպէս կը նկատենք։ Երախտագիտութեամբ անով կը սնուցանուի՞նք եւ մեր սորվածը իսկոյն կը կիրարկե՞նք։ Ծառային կայացուցած կազմակերպչական որոշումներուն ի՞նչպէս կ’ընդառաջենք։ Տրուած ուղղութեան յօժարակամ հնազանդելով, Եհովայի կարգադրութեան հանդէպ մեր հաւատքը կ’ապացուցանենք (Յակ. 3։17)։
16. Ինչո՞ւ բոլոր քրիստոնեաները Քրիստոսի եղբայրները պէտք է լսեն։
16 Յիսուս ըսաւ. «Իմ ոչխարներս իմ ձայնս կը լսեն ու ես ալ զանոնք կը ճանչնամ ու իմ ետեւէս կու գան» (Յովհ. 10։27)։ Ասիկա ստոյգ է օծեալ քրիստոնեաներուն պարագային։ Իսկ անոնց հետ ‘գացողները’, թէ՛ Յիսուսը պէտք է լսեն եւ թէ իր եղբայրները։ Ի վերջոյ, Աստուծոյ ժողովուրդին հոգեւոր բարօրութեան հոգ տանելու գլխաւոր պատասխանատուութիւնը անոնց յանձնուած է։ Քրիստոսի եղբայրներուն ձայնը լսելը ի՞նչ կը պարփակէ։
17. Ծառայ դասակարգին մտիկ ընելը ի՞նչ կը պարփակէ։
17 Այսօր, հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան ներկայացուած է Կառավարիչ մարմինով, որ աշխարհի տարածքին Թագաւորութեան քարոզչութիւնը կ’առաջնորդէ ու կը համակարգէ։ Կառավարիչ մարմինի անդամները փորձառու, հոգիէն–օծուած երէցներ են։ Անոնք յատկապէս կրնան նկարագրուիլ որպէս մեր մէջ «առաջնորդութիւն առնողներ» (Եբ. 13։7, ՆԱ)։ Համայն աշխարհի մէջ, աւելի քան 100,000 ժողովքներու մէջ եղող շուրջ 7,000,000 հրատարակիչներու հոգ տանելու համար, այս օծեալ տեսուչները ‘ընելիք շատ բան ունին Տէրոջ գործին մէջ’ (Ա. Կոր. 15։58, ՆԱ)։ Ծառայ դասակարգին ականջ տալը կը նշանակէ՝ անոր Կառավարիչ մարմինին հետ լիովին համագործակցիլ։
Ծառային մտիկ ընողները օրհնուած են
18, 19. ա) Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառային մտիկ ընողները ի՞նչպէս օրհնուած են։ բ) Ի՞նչ պէտք է վճռենք ընել։
18 Իր նշանակումէն ի վեր, հաւատարիմ ու Դան. 12։3)։ Անոնց մէջ կան անոնք, որոնք իրերու ներկայ ամբարիշտ դրութեան կործանումէն վերապրելու յոյսը ունին։ Աստուծոյ առջեւ այս արդար կեցուածքը ի՜նչ օրհնութիւն մըն է։
իմաստուն ծառան ‘շատերը արդարութեան կ’առաջնորդէ’ (19 Ապագային, երբ 144,000–էն բաղկացած ‘սուրբ քաղաքը՝ նոր Երուսաղէմը՝ երկնքէն Աստուծմէ իջնէ, իր էրկանը համար զարդարուած հարսի մը պէս պատրաստուած’, ծառային ձայնը լսողները ի՞նչ պիտի վայելեն։ «Աստուած ինք անոնց հետ պիտի ըլլայ», կ’ըսէ Աստուածաշունչը։ «Եւ ինք անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները անցան» (Յայտ. 21։2-4)։ Ուստի ամէն գնով, Քրիստոսի եւ իր հոգիէն–օծուած վստահելի եղբայրներուն մտիկ ընենք։
Ի՞նչ սորվեցար
• Ի՞նչ ապացոյց կայ, թէ Եհովա հաւատարիմ ու իմաստուն ծառային կը վստահի։
• Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ, թէ Յիսուս Քրիստոս ծառայ դասակարգին լիովին կը վստահի։
• Հաւատարիմ տնտեսը ինչո՞ւ մեր վստահութեան արժանի է։
• Ի՞նչպէս ցոյց կու տանք, թէ ծառային կը վստահինք։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 29]
Գիտե՞ս թէ Եհովա ո՛վ ընտրած է, որ իր որդիին հարսն ըլլայ
[Նկարներ՝ էջ 30]
Յիսուս Քրիստոս իր ‘ունեցածը’ վստահած է հաւատարիմ ու իմաստուն ծառային
[Նկար՝ էջ 31]
Երբ վկայութեան գործին կը մասնակցինք, օծեալներուն թիկունք կը կանգնինք