Յիսուս. մարդիկ իր մասին ի՛նչ կ’ըսեն
Յիսուս. մարդիկ իր մասին ի՛նչ կ’ըսեն
«Կասկած չի վերցներ թէ պատմութեան մէջ. . . նազովրեցի Յիսուս գլխաւոր անձնաւորութիւնն է» (Հ. Ճ. Ուէլզ, անգլիացի պատմաբան)։
«Պատմութեան բոլոր հերոսներուն մէջ, Քրիստոս. . . անզուգական է» (Ֆիլիփ Շաֆ, ծագումով–զուիցերիացի աստուածաբան ու պատմաբան)։
ՑԱՐԴ ապրած մեծագոյն մարդը կոչուելու ո՞վ որակեալ է։ Մարդու մը մեծութիւնը ի՞նչով կը չափուի։ Անոր զինուորական հանճարո՞վ, անոր ֆիզիքական զօրութեա՞մբ, անոր քաջագործութեա՞մբ, թէ այն տարողութեամբ՝ որով անոր խօսքերն ու արարքները մարդոց կ’ազդեն եւ անոր հանդիսացած օրինակով։
Նկատի առ թէ Նազարէթի մէջ մեծցած մարդուն՝ Յիսուս Քրիստոսի մասին ի՛նչ ըսած են պատմաբաններ, գիտնականներ, ուսումնականներ, հեղինակներ, քաղաքական առաջնորդներ եւ ուրիշներ.
«Իրողութիւնները ճարտարութեամբ փոխելու ես, եթէ կ’ուզես ուրանալ թէ միակ հզօրագոյն անձնաւորութիւնը,– ո՛չ միայն վերջին երկու հազար տարուան մէջ, այլ ամբողջ մարդկային պատմութեան մէջ,– նազովրեցի Յիսուսը եղած է» (Ռէյնոլտզ Փրայս, ամերիկացի հեղինակ եւ Աստուածաշունչի ուսումնական)։
«Մարդ մը, որ կատարելապէս անմեղ էր, ինքզինք զոհեց ուրիշներու բարիքին համար, ի ներառեալ իր թշնամիները, եւ աշխարհի փրկանքը եղաւ։ Անիկա կատարեալ արարք մըն էր» (Մոհանտէս Ք. Կանտի, Հնդկաստանի քաղաքական ու հոգեւոր առաջնորդ)։
«Երբ երախայ էի, Աստուածաշունչէն եւ Թալմուտէն ցուցմունքներ ստացայ։ Հրեայ ըլլալով հանդերձ, նազովրեցիին ուշագրաւ անձնաւորութեամբ հմայուած եմ» (Ալպըրթ Այնշթայն, ծագումով–գերմանացի գիտնական)։
«Յիսուս Քրիստոսը կը նկատեմ բոլոր ժամանակներուն եւ ամբողջ պատմութեան մէջ արտակարգ անձնաւորութիւնը, թէ՛ որպէս Աստուծոյ Որդի եւ թէ որպէս Որդի մարդոյ։ Անոր ամէն ըսածը կամ ըրածը՝ ներկայիս մեզի համար արժէք ունի, ինչ որ չես կրնար ըսել ոեւէ ուրիշ անհատի մասին, ողջ թէ մեռած» (Շօլէմ Աշ, ծագումով–լեհ ճառագիր։ Մէջբերումը իր շեղագիրով լոյս տեսած է Christian Herald–ի մէջ)։
«Կեանքիս մէջ երեսունհինգ տարի ոչնչապաշտ էի, ոչ մէկ բանի հաւատալով։ Հինգ տարի առաջ, հաւատքս վերագտայ։ Յիսուս Քրիստոսի վարդապետութեան հաւատք ընծայեցի եւ ամբողջ կեանքս յանկարծական փոխակերպութեան ենթարկուեցաւ» (Լեւ Նիկոլաեւիչ Թոլսդոյ, ռուս վիպագիր ու իմաստասէր)։
«Այս երկրագունդին վրայ ցարդ ապրած մարդոց մէջ, [Յիսուսի] կեանքը ամէնէն ազդեցիկն է եւ անոր ազդեցութիւնը կը շարունակէ տարածուիլ» (Գեննեթ Սքոթ Լադուրէթ, ամերիկացի պատմաբան ու հեղինակ)։
«Աւետարանական պատմութիւնը պարզապէս առասպել պէ՞տք է սեպենք։ Բարեկա՛մս, արդարեւ անիկա առասպելի յատկութիւնները չունի։ Ընդհակառակը, Սոկրատի կենսագրութիւնը, որուն շուրջ ո՛չ ոք կը կասկածի, նո՛յնքան հաստատուած չէ, որքան Յիսուս Քրիստոսի կենսագրութիւնը» (Ժան Ժագ Ռուսոյ, ֆրանսացի իմաստասէր)։
Բացորոշ է թէ միայն Յիսուս Քրիստոս արժանի է մեր կեանքին տիպարը ըլլալու։ Պօղոս, առաջին դարուն ապրած ուսեալ մարդ մը՝ Յիսուսի կողմէ ընտրուած որ Իր հետեւորդը ըլլայ ու Իր մասին խօսի հեթանոսներուն, մեզ կը յորդորէ որ Յիսուսին «ուշադրութեամբ նայինք» (Եբրայեցիս 12։2, ՆԱ. Գործք 9։3)։ Յիսուս ի՛նչպէս ապրելու մասին ի՞նչ կրնայ սորվեցնել մեզի։ Իր կեանքը ի՞նչպէս կրնայ քեզի օգտակար ըլլալ։