Եհովայի վկաները կը հաւատա՞ն թէ միայն իրենք պիտի փրկուին
Ընթերցողները կը հարցնեն
Եհովայի վկաները կը հաւատա՞ն թէ միայն իրենք պիտի փրկուին
Եհովայի վկաները կը խորհին թէ ճշմարիտ կրօնքը գտած են, այլապէս՝ կը փոխէին իրենց հաւատալիքները։ Բազմաթիւ այլ կրօնքներու յարողներուն նման, Եհովայի վկաները կը յուսան փրկուիլ։ Սակայն անոնք նաեւ կը հաւատան որ իրենց պարտականութիւնը չէ դատել թէ ո՛վ պիտի փրկուի։ Ի վերջոյ, Դատաւորը Աստուած է. ինք կ’որոշէ (Եսայի 33։22)։
Աստուծոյ Խօսքը կը յայտնէ թէ անոնք որ պիտի փրկուին, ո՛չ միայն պէտք է փափաքին փրկուիլ, այլեւ՝ Փրկչին հետ համագործակցին։ Լուսաբանենք։ Ենթադրենք որ անտառին մէջ ճեմող մը կը կորսուի։ Ան մեծապէս կ’ուզէ իր նեղ կացութենէն դուրս գալ։ Ան իր կեանքը պիտի կորսնցնէ՞ թէ պիտի վերապրի։ Արդիւնքը կախեալ է այն կերպէն, որով կ’ընդառաջէ տրուած օգնութեան։ Հպարտութեան պատճառաւ, թերեւս ան ազատարարի մը օգնութիւնը մերժէ։ Միւս կողմէ, ան կրնայ խոնարհօրէն օգնութիւնը ընդունիլ եւ ապահով վայր մը հասնիլ։
Նոյն կերպով, փրկութիւն պիտի վայելեն անոնք, որոնք մարդկութեան Ազատարարին՝ Եհովա Աստուծոյ հետ կը համագործակցին։ Փրկութիւնը Աստուծմէ պարգեւ մըն է, բայց եւ այնպէս բոլոր մարդիկը պիտի չփրկուին։ Աստուծոյ Որդին՝ Յիսուս ըսաւ. «Ոչ թէ ամէն ով որ ինծի ‘Տէ՛ր, Տէ՛ր’, կ’ըսէ, պիտի մտնէ երկնքի թագաւորութիւնը, հապա անիկա՝ որ իմ երկնաւոր Հօրս կամքը կը կատարէ» (Մատթէոս 7։21)։
Եհովայի վկաները կը հաւատան թէ Աստուած կը փրկէ միայն այն անհատները, որոնք Յիսուսի փրկանքի զոհին հաւատք կ’ընծայեն եւ Յիսուսի ուսուցումներուն սերտօրէն կը հետեւին (Գործք 4։10-12)։ Նկատի առ փրկութեան համար երեք կարեւոր պահանջներ, զորս Աստուծոյ Խօսքը կը նշէ։
1) «Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք», ըսաւ Յիսուս իր ընկերակիցներուն (Յովհաննէս 13։35)։ Ուրիշներուն ի նպաստ իր կեանքը զոհելու Յիսուսի օրինակը ընդգծեց սիրոյ կարեւորութիւնը։ Անոնք որ ուրիշները կը սիրեն, փրկութեան համար կենսական եղող յատկութիւն մը կը ցուցաբերեն։
2) Աղօթքի մը մէջ Յիսուս իր Հօր ըսաւ. «Քու անունդ անոնց ճանչցուցի» (Յովհաննէս 17։26)։ Յիսուս գիտէր թէ Աստուծոյ անձնական անունը՝ Եհովա, ո՜րքան կարեւոր էր իր Հօր համար։ Ան աղօթեց որ իր Հօր անունը «սուրբ ըլլայ» (Մատթէոս 6։9)։ Աստուծոյ անունը սրբացնելը կը պարփակէ զայն գիտնալ եւ զայն կարեւոր ու սուրբ նկատել։ Յիսուսի նման, փրկութիւն փնտռողները Աստուծոյ անունը պէտք է գործածեն։ Անոնք նաեւ ուրիշներուն պէտք է սորվեցնեն Աստուծոյ անուան ու յատկութիւններուն մասին (Մատթէոս 28։19, 20)։ Իրականութեան մէջ, միայն Աստուծոյ անունը կանչողները պիտի փրկուին (Հռովմայեցիս 10։13)։
3) «Իմ թագաւորութիւնս այս աշխարհէն չէ», ըսաւ Յիսուս Պոնտացի Պիղատոսին (Յովհաննէս 18։36)։ Ներկայիս քիչեր Աստուծոյ Թագաւորութեան կամ կառավարութեան կը հաւատան, որուն մէջ Յիսուս Թագաւոր է։ Փոխարէն, անոնք իրենց վստահութիւնը մարդակերտ կազմակերպութիւններու վրայ կը դնեն։ Ասոր հակառակը, անոնք որ պիտի փրկուին, հաւատարմօրէն Աստուծոյ Թագաւորութեան թիկունք կը կանգնին եւ ուրիշներուն կը սորվեցնեն թէ ի՛նչպէս ամբողջ հաւատարիմ մարդկութիւնը պիտի ազատագրէ (Մատթէոս 4։17)։
Փրկութեան կարգ մը պահանջները գիտնալէ ետք, Յիսուսի աշակերտները ըսին. «Ալ ո՞վ կրնայ փրկուիլ»։ Յիսուս պատասխանեց. «Մարդոց կողմէ անկարելի եղած բաները Աստուծոյ կողմէ կարելի են» (Ղուկաս 18։18-30)։ Եհովայի վկաները ժրաջանօրէն կը փորձեն փրկութեան այս պահանջներուն գոհացում տալ։ Անոնք նաեւ ծանր կ’աշխատին ուրիշներուն օգնելու որ փրկուին։