Պատուելու մէջ առաջ կը նետուի՞ս
Պատուելու մէջ առաջ կը նետուի՞ս
«Պատուելու մէջ իրարմէ անցէ՛ք» (ՀՌՈՎ. 12։10)։
1. Աշխարհի շատ մը շրջաններու մէջ ի՞նչ բան այլեւս սովորական չէ։
ԱՇԽԱՐՀԻ կարգ մը շրջաններուն մէջ սովորութիւն է որ երախաներ չափահասները պատուեն՝ ծունկի գալով, որպէսզի աւելի երկարահասակ չերեւին։ Իսկ անպատկառութիւն է որ երախայ մը իր կռնակը չափահասի մը դարձնէ։ Թէեւ յարգանքը զանազան մշակոյթներու մէջ տարբեր կերպերով կը ցուցաբերուի, բայց ասիկա մեր միտքը կը բերէ մովսիսական օրէնքը, որ սա պատուէրը կը բովանդակէր. «Մազը ճերմկածին առջեւ ոտքի ելի՛ր եւ ծերը պատուէ» (Ղեւ. 19։32)։ Ցաւօք սրտի, շատ մը շրջաններու մէջ ուրիշները պատուելը այլեւս սովորական չէ։ Իրականութեան մէջ, ներկայիս անպատկառութիւնը համատարած է։
2. Աստուծոյ Խօսքը մեզի կ’ըսէ թէ որո՞նք պատուենք։
2 Աստուծոյ Խօսքը ուրիշները պատուելը մեծապէս կ’արժեւորէ։ Անիկա մեզի կ’ըսէ որ Եհովան ու Յիսուսը պատուենք (Յովհ. 5։23)։ Նաեւ պատուէր տրուած է մեզի որ ընտանիքի անդամներն ու հաւատակիցները պատուենք, ինչպէս նաեւ՝ կարգ մը դրսեցիներ (Հռով. 12։10. Եփ. 6։1, 2. Ա. Պետ. 2։17)։ Ի՞նչպէս ցոյց կու տանք թէ Եհովան կը պատուենք։ Մեր քրիստոնեայ եղբայրներն ու քոյրերը ի՞նչպէս կը պատուենք կամ խորապէս կը յարգենք։ Քննարկենք այս եւ յարակից կարգ մը հարցումներ։
Եհովան ու իր անունը պատուէ
3. Եհովան պատուելու կարեւոր կերպերէն մէկը ի՞նչ է։
3 Եհովան պատուելու կարեւոր կերպ մըն է՝ իր անուան հանդէպ պատշաճ յարգանք ցուցաբերելը։ Ի վերջոյ, մենք ‘իր անունը կրող ժողովուրդ մըն ենք’ (Գործք 15։14)։ Արդարեւ պատիւ է կրել ամենակալ Աստուծոյ անունը՝ Եհովա։ Միքիա մարգարէն նշեց. «Բոլոր ժողովուրդները՝ ամէն մէկը իր աստուծոյն անունովը կը քալէ, բայց մենք յաւիտեանս յաւիտենից մեր Տէր Աստուծոյն անունովը պիտի քալենք» (Միք. 4։5)։ Մենք ‘Եհովայի անունով կը քալենք’, ջանալով ամէն օր ապրիլ այնպիսի կերպով մը, որ մեր կրած անունին վրայ լաւ անդրադարձ կ’ունենայ։ Ինչպէս Պօղոս Հռովմի քրիստոնեաներուն յիշեցուց, որ եթէ մեր քարոզած բարի լուրին հետ ներդաշնակ չապրինք, Աստուծոյ անունը ‘կը հայհոյուի’ կամ կ’անարգուի (Հռով. 2։21-24)։
4. Եհովայի մասին վկայելու առանձնաշնորհումը ի՞նչպէս կը նկատես։
4 Եհովան նաեւ կը պատուենք մեր վկայութեան գործով։ Անցեալին, Եհովա իսրայէլ ազգին անդամները հրաւիրեց իր վկաները ըլլալու, բայց անոնք այս դերը կատարելու մէջ ձախողեցան (Եսա. 43։1-12)։ Անոնք յաճախ Եհովայի կռնակ դարձուցին եւ «Իսրայէլի Սուրբը նեղացուցին» (Սաղ. 78։40, 41)։ Ի վերջոյ, ազգը Եհովայի հաճութիւնը ամբողջովին կորսնցուց։ Սակայն մենք Եհովայի մասին վկայելու եւ իր անունը ճանչցնելու առանձնաշնորհումին համար երախտապարտ ենք, քանի որ զինք կը սիրենք եւ իր անուան սրբացման կը տենչանք։ Ի՞նչպէս կրնանք չքարոզել, երբ երկնաւոր Հօր ու իր նպատակներուն մասին ճշմարտութիւնը գիտենք։ Պօղոս առաքեալին պէս կը զգանք, որ ըսաւ. «Իմ պարտականութիւնս է. մանաւանդ վայ է ինծի՝ եթէ աւետարանը չքարոզեմ» (Ա. Կոր. 9։16)։
5. Եհովայի հաւատալը ի՞նչպէս զինք յարգելուն հետ առնչուած է։
5 Սաղմոսերգու Դաւիթ ըսաւ. «Անոնք որ Սաղ. 9։10)։ Եթէ իրապէս Եհովան կը ճանչնանք եւ իր անունը կը յարգենք, իրեն պիտի վստահինք, ինչպէս վաղեմի հաւատարիմ ծառաները ըրին։ Եհովայի վստահիլը եւ հաւատալը, զինք պատուելու այլ կերպ մըն է։ Աստուծոյ Խօսքը այս կապակցութիւնը կը յստակացնէ։ Երբ վաղեմի իսրայէլը Եհովայի չվստահեցաւ, ան Մովսէսի հարցուց. «Այս ժողովուրդը մինչեւ ե՞րբ զիս պիտի արհամարհէ եւ մինչեւ ե՞րբ՝ հակառակ բոլոր հրաշքներուս՝ պիտի չհաւատան ինծի» (Թուոց 14։11)։ Ասոր հակառակն ալ շիտակ է։ Վստահութիւն ունենալով թէ Եհովա մեզ կը պաշտպանէ եւ մեզի նեցուկ կը կանգնի նոյնիսկ դժուարութիւններու ներքեւ, ցոյց կու տանք թէ զինք կը յարգենք։
քու անունդ գիտեն՝ քեզի պիտի յուսան. վասն զի քեզ փնտռողները, ո՛վ Տէր, երեսէ չձգեցիր» (6. Ի՞նչ բան մեզ կը մղէ Եհովան խորապէս յարգելու։
6 Յիսուս ցոյց տուաւ թէ Եհովան յարգելը ներսէն պէտք է բխի։ Խօսելով անոնց՝ որոնց պաշտամունքը անկեղծ չէր, Յիսուս Եհովայի սա խօսքերը մէջբերեց. «Այս ժողովուրդը միայն շրթունքներովը զիս կը պատուէ, բայց իրենց սիրտը հեռացած, զատուած է ինծմէ» (Մատ. 15։8)։ Եհովայի հանդէպ անկեղծ յարգանքը, զինք սրտանց սիրելէն յառաջ կու գայ (Ա. Յովհ. 5։3)։ Նաեւ ի մտի կ’ունենանք Եհովայի խոստումը. «Զիս փառաւորողները պիտի փառաւորեմ» (Ա. Թագ. 2։30)։
Առաջնորդութիւն առնողները ուրիշները կը յարգեն
7. ա) Պատասխանատու դիրքի վրայ եղող եղբայրներ ինչո՞ւ իրենց վերատեսչութեան ներքեւ եղողները պէտք է պատուեն։ բ) Պօղոս իր հաւատակիցները ի՞նչպէս յարգեց։
7 Պօղոս առաքեալ իր հաւատակիցները յորդորեց. «Պատուելու մէջ իրարմէ անցէ՛ք» (Հռով. 12։10)։ Ժողովքին մէջ պատասխանատու դիրք ունեցող եղբայրները իրենց վերատեսչութեան ներքեւ եղողները յարգելու մէջ օրինակ պէտք է հանդիսանան։ Այս ուղղութեամբ, լաւ կ’ըլլայ որ ծանր պատասխանատուութիւններ կրող անհատներ Պօղոսի օրինակին հետեւին (Կարդալ՝ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։7, 8)։ Պօղոսի այցելած ժողովքներուն մէջ եղբայրները գիտէին թէ ան երբեք իրենցմէ պիտի չխնդրէր ընել բաներ, զորս ինք չէր ուզեր ընել։ Պօղոս հաւատակիցները յարգեց, եւ անոնց յարգանքը շահեցաւ։ Երբ Պօղոս ըսաւ. «Կ’աղաչեմ ձեզի, ինծի նմանող եղէ՛ք», կրնանք վստահ ըլլալ թէ շատեր սիրայօժար ընդառաջեցին՝ իր ընտիր օրինակին պատճառաւ (Ա. Կոր. 4։16)։
8. ա) Յիսուս ի՞նչ կարեւոր կերպով մը իր աշակերտները յարգեց։ բ) Ներկայիս տեսուչները ի՞նչպէս կրնան Յիսուսի օրինակին հետեւիլ։
8 Պատասխանատու եղբայր մը իր վերատեսչութեան ներքեւ եղողները նաեւ կը յարգէ, անոնց նշելով իր խնդրած բաներուն եւ տուած ցուցմունքներուն պատճառները։ Այսպէս ան Յիսուսը կ’ընդօրինակէ։ Օրինակ, երբ իր աշակերտներուն ըսաւ որ Աստուծոյ աղօթեն որ հունձքին համար աւելի մշակներ հանէ, Յիսուս պատճառն ալ բացատրեց։ Ան ըսաւ. «Հունձքը շատ է, բայց մշակները՝ քիչ, ուստի հունձքին Տէրոջը աղաչեցէք, որ մշակներ հանէ իր հունձքին» (Մատ. 9։37, 38)։ Նոյնպէս, երբ իր աշակերտներուն ըսաւ որ ‘արթուն կենան’, ան պատճառ մը տուաւ։ Ան ըսաւ. «Վասն զի չէք գիտեր թէ որ ժամուն ձեր Տէրը պիտի գայ» (Մատ. 24։42)։ Յիսուս յաճախ իր աշակերտներուն ըսաւ ո՛չ միայն թէ ի՛նչ պէտք է ընեն, այլեւ՝ ինչո՛ւ պէտք է ընեն։ Այսպէս ան զանոնք յարգեց եւ պատուեց։ Ասիկա հետեւելիք ի՜նչ ընտիր օրինակ մըն է քրիստոնեայ տեսուչներուն։
Եհովայի ժողովքը եւ անոր տուած ուղղութիւնը յարգէ
9. Համաշխարհային քրիստոնէական ժողովքին եւ անոր ներկայացուցիչներուն հանդէպ յարգանքը ի՞նչ կ’արտացոլացնէ։ Բացատրէ։
9 Եհովան պատուելու համար, նաեւ համաշխարհային քրիստոնէական ժողովքը եւ անոր ներկայացուցիչները պէտք է պատուենք։ Հաւատարիմ ծառայ դասակարգին տուած աստուածաշնչական խրատներուն հնազանդելով, Եհովայի կարգադրութիւնը կը յարգենք։ Առաջին դարու քրիստոնէական ժողովքին մէջ, Յովհաննէս առաքեալ հարկ տեսաւ որ նշանակուած անհատները չյարգողները յանդիմանէ (Կարդալ՝ Գ. Յովհաննէս )։ Յովհաննէսի խօսքերը ցոյց կու տան թէ ո՛չ միայն տեսուչներուն հանդէպ անպատկառութիւն կար, այլեւ՝ անոնց ուսուցումին եւ ուղղութեան հանդէպ։ Բարեբախտաբար, քրիստոնեաներուն մեծամասնութիւնը այդպէս չէր։ Երբ առաքեալները ողջ էին, ակներեւաբար եղբայրութիւնը առաջնորդութիւն առնողներուն հանդէպ խոր յարգանք կը ցուցաբերէր ( 9-11Փլպ. 2։12)։
10, 11. Սուրբ Գրութիւններով բացատրէ թէ ինչո՛ւ պատշաճ է որ ոմանք քրիստոնէական ժողովքին մէջ որոշ հեղինակութիւն ունենան։
10 Ոմանք խորհած են թէ քանի որ Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Դուք ամէնքդ եղբայր էք», քրիստոնէական ժողովքին մէջ հեղինակաւոր դիրքեր պէտք չէ ըլլան (Մատ. 23։8, 9)։ Սակայն, թէ՛ Եբրայերէն եւ թէ Յունարէն Սուրբ Գրութիւնները կը նշեն բազմաթիւ տղամարդիկ, որոնք աստուածատուր հեղինակութիւն գործադրեցին։ Վաղեմի եբրայեցի նահապետներուն, դատաւորներուն եւ թագաւորներուն պատմութիւնը բաւարար ապացոյց է թէ Եհովա մարդկային ներկայացուցիչներու միջոցաւ ուղղութիւն կու տայ։ Երբ մարդիկ նշանակուած անհատները պատշաճօրէն չպատուեցին, Եհովա զանոնք պատժեց (Դ. Թագ. 1։2-17. 2։19, 23, 24)։
11 Նոյն կերպով, առաջին դարու քրիստոնեաները առաքեալներուն հեղինակութիւնը ընդունեցին (Գործք 2։42)։ Օրինակ, Պօղոս իր եղբայրներուն ցուցմունքներ տուաւ (Ա. Կոր. 16։1. Ա. Թես. 4։2)։ Բայց եւ այնպէս, ան ալ սիրայօժար ենթարկուեցաւ անոնց, որոնց հեղինակութեան ներքեւ էր (Գործք 15։22. Գաղ. 2։9, 10)։ Արդարեւ Պօղոս քրիստոնէական ժողովքին մէջ եղող հեղինակութեան հանդէպ պատշաճ տեսակէտ ունէր։
12. Հեղինակութեան առնչութեամբ ի՞նչ երկու կէտ կը սորվինք աստուածաշնչական օրինակներէն։
12 Արդ, երկու կէտ կը սորվինք։ Առաջին, աստուածաշնչական է որ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» իր Կառավարիչ մարմինին միջոցաւ պատասխանատու դիրքերու վրայ տղամարդիկ նշանակէ, եւ ոմանք այլ նշանակուած տղամարդոց վրայ հեղինակութիւն ունենան (Մատ. 24։45-47. Ա. Պետ. 5։1-3)։ Երկրորդ, բոլորս ալ, ի ներառեալ նշանակուած տղամարդիկը, մեր վրայ հեղինակութիւն ունեցողները պէտք է պատուենք։ Ուստի, ի՞նչ գործնական կերպերով կրնանք համաշխարհային քրիստոնէական ժողովքին մէջ վերատեսչական դիրքերու վրայ եղողները պատուել։
Ճամբորդող տեսուչները յարգել
13. Ի՞նչպէս կրնանք քրիստոնէական ժողովքին այժմու ներկայացուցիչները յարգել։
13 Պօղոս ըսաւ. «Կը թախանձենք ձեզի, եղբայրնե՛ր, որ ճանչնաք ձեր մէջ աշխատողները, Տէրոջմով վերակացուներն ու ձեզ խրատողները։ Պատուեցէ՛ք զանոնք մեծ սիրով՝ իրենց գործին համար։ Խաղաղութի՛ւն ունեցէք իրարու հետ» (Ա. Թես. 5։12, 13, ԱՎ)։ Վստահաբար ճամբորդող տեսուչները ծանր «աշխատողներ»ուն մէջ ըլլալով, զանոնք ‘մեծ սիրով պատուենք’։ Ասիկա ընելու մէկ կերպն է՝ ամբողջ սրտով անոնց խրատին ու քաջալերութեան ընդառաջել։ Երբ այսպիսի տեսուչ մը հաւատարիմ ծառայ դասակարգին ուղղութիւնը մեզի հաղորդէ, «վերին իմաստութիւնը» մեզ պիտի մղէ «հլու» ըլլալու (Յակ. 3։17)։
14. Ժողովքը ի՞նչպէս ճամբորդող տեսուչներուն հանդէպ սրտագին յարգանք կը ցուցաբերէ, եւ ի՞նչ արդիւնքով։
14 Սակայն ի՞նչ պիտի ընենք եթէ մեզի ուղղութիւն տրուի որ որոշ բան մը բոլորովին տարբեր կերպով ընենք։ Յարգանք ցուցաբերելը երբեմն կը պահանջէ որ ջանանք չառարկել. «Մենք հոս այս մեթոտը սովորաբար չենք կիրարկեր», կամ՝ «Այս կերպը ուրիշ տեղեր կրնայ յաջողիլ, բայց ոչ՝ մեր ժողովքին մէջ»։ Փոխարէն, ջանք կը թափենք որ ենթարկուինք, ի մտի ունենալով թէ ժողովքը Եհովայի կը պատկանի եւ Յիսուս անոր Գլուխն է։ Ճամբորդող տեսուչին ցուցմունքը ուրախութեամբ ընդունելով եւ գործադրելով, սրտագին յարգանք կ’ապացուցանենք։ Պօղոս առաքեալ Կորնթոսի մէջ եղող եղբայրները գովեց, քանի որ այցելու երէցին՝ Տիտոսի տուած ուղղութեան յարգալից կերպով հնազանդեցան (Բ. Կոր. 7։13-16)։ Այսօր նոյնպէս կրնանք վստահ ըլլալ թէ ճամբորդող տեսուչներուն տուած ցուցմունքները գործադրելու մեր պատրաստակամութիւնը, քարոզչութեան մէջ մեր վայելած ուրախութեան մեծապէս կը նպաստէ (Կարդալ՝ Բ. Կորնթացիս 13։11)։
«Ամէնքը պատուեցէ՛ք»
15. Ի՞նչ են կարգ մը կերպերը, որոնցմով հաւատակիցները կը յարգենք։
15 Պօղոս գրեց. «Ծերը սաստիկ մի՛ յանդիմաներ, հապա հօր մը պէս յորդորէ զանիկա. երիտասարդները՝ եղբայրներու պէս, պառաւները՝ մայրերու պէս, դեռահասակ կիները՝ քոյրերու պէս ամէն կերպ մաքրութիւնով։ Որբեւարիները պատուէ՝ անոնք որ ճշմարտապէս որբեւարի են» (Ա. Տիմ. 5։1-3)։ Արդարեւ Աստուծոյ Խօսքը մեզ կը յորդորէ որ քրիստոնէական ժողովքին բոլոր անդամները պատուենք։ Եթէ եղբօրդ կամ քրոջդ հետ տարակարծիք ես, այլեւս զայն յարգելու պարտաւորութիւնդ չե՞ս կատարեր, թէ ոչ՝ վերաբերմունքդ կը ճշդես՝ անոր հոգեւոր յատկութիւնները զատորոշելով։ Յատկապէս հեղինակաւոր անհատները իրենց եղբայրներուն հանդէպ յարգալից հայեցակէտ պէտք է պահպանեն, երբեք ‘վիճակներուն վրայ չտիրելով’ (Ա. Պետ. 5։3)։ Իրօք, քրիստոնէական ժողովքին մէջ, որ իր անդամներուն սրտագին սիրով բնորոշուած է, զիրար պատուելու բազմաթիւ պատեհութիւններ ունինք (Կարդալ՝ Յովհաննէս 13։34, 35)։
16, 17. ա) Ինչո՞ւ կարեւոր է ո՛չ միայն մեր քարոզած անհատները յարգել, այլեւ՝ հակառակորդները։ բ) Ի՞նչպէս ‘ամէնքը կը պատուենք’։
16 Հարկաւ մեր յարգանքը չենք սահմանափակեր քրիստոնէական ժողովքի անդամներուն։ Պօղոս ժամանակակից քրիստոնեաներուն գրեց. «Քանի որ ժամանակը ձեռքերնիս է, բարիք ընենք ամենուն» (Գաղ. 6։10)։ Ճիշդ է որ այս սկզբունքը կիրարկելը կրնայ մարտահրաւէր մը ըլլալ, երբ գործակից կամ դպրոցակից մը մեզի հետ ազնուօրէն չվարուի։ Այդ պահուն, մտաբերենք սա խօսքերը. «Մի՛ բորբոքիր չարագործներուն դէմ» (Սաղ. 37։1, ԱՎ)։ Այս խրատը կիրարկելը մեզի պիտի օգնէ յարգալից կերպով ընդառաջելու, նոյնիսկ՝ հակառակորդներուն։ Նոյնպէս, մինչ հանրային ծառայութեան կը մասնակցինք, մեր խոնարհութիւնը կ’օգնէ որ «հեզութեամբ ու երկիւղածութեամբ» բոլորին պատասխանենք (Ա. Պետ. 3։15)։ Նոյնիսկ մեր արտաքին երեւոյթը եւ հագուստը կրնան ցոյց տալ թէ մեր քարոզած անհատները կը յարգենք։
17 Արդարեւ, երբ վարուինք հաւատակիցներու թէ դրսեցիներու հետ, կ’ուզենք ջանալ սա յորդորը կիրարկել. «Ամէնքը պատուեցէ՛ք, եղբայրութիւնը սիրեցէ՛ք. Աստուծմէ վախցէ՛ք. թագաւորը յարգեցէ՛ք» (Ա. Պետ. 2։17)։
Ի՞նչպէս կը պատասխանես
Ի՞նչպէս կրնաս պատշաճօրէն յարգել՝
• Եհովան։
• ժողովքին երէցները եւ ճամբորդող տեսուչները։
• ժողովքին իւրաքանչիւր անդամը։
• այն անհատները, որոնց կը քարոզես։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 26]
Առաջին դարու քրիստոնեաները կառավարիչ մարմինին վերատեսչութիւնը յարգեցին