Եհովայի պատասխանը՝ սրտագին աղօթքի մը
Եհովայի պատասխանը՝ սրտագին աղօթքի մը
«Որպէս զի գիտնան թէ միայն դո՛ւն, որուն անունը Եհովա է, Բարձրեալ ես բոլոր երկրի վրայ» (ՍԱՂ. 83։18)։
1, 2. Շատեր ի՞նչ փորձառութիւն ունեցած են, եւ ի՞նչ հարցումներ տեղին է ուղղել։
ՔԱՆԻ մը տարի առաջ, կին մը իր թաղին մէջ տեղի ունեցած ողբերգութենէ մը խորապէս ազդուած էր։ Կաթողիկէ ընտանիքի մէջ ծնած ըլլալով, ան օգնութեան համար տեղական քահանային դիմեց, բայց քահանան չուզեց նոյնիսկ իրեն հետ խօսիլ։ Ուստի կինը Աստուծոյ աղօթեց. «Չեմ գիտեր թէ ո՛վ ես դուն. . . բայց գիտեմ որ գոյութիւն ունիս։ Հաճիս թոյլ տուր որ քեզ ճանչնամ»։ Կարճ ժամանակ մը ետք, Եհովայի վկաները իրեն այցելեցին ու տուին իր փնտռած մխիթարութիւնն ու գիտութիւնը։ Ի միջի այլոց, անոնք իրեն սորվեցուցին թէ Աստուած անձնական անուն մը ունի,– Եհովա։ Ասիկա գիտնալը զինք խորապէս տպաւորեց։ Ան ըսաւ. «Ա՛յս էր այն Աստուածը, որ մանկութենէս ի վեր կը տենչայի ճանչնալ»։
2 Շատեր նոյնանման փորձառութիւն ունեցած են։ Յաճախ, անոնք Եհովայի անունը առաջին անգամ տեսան, երբ Սաղմոս 83։18–ը կարդացին, որ կ’ըսէ. «Որպէս զի գիտնան թէ միայն դո՛ւն, որուն անունը Եհովա է, Բարձրեալ ես բոլոր երկրի վրայ»։ Սակայն բնաւ հարց տուա՞ծ ես թէ 83–րդ սաղմոսը ինչո՛ւ գրուեցաւ։ Ի՞նչ դէպքեր ամէն անհատ պիտի ստիպեն որ ընդունի թէ Եհովա միակ ճշմարիտ Աստուածն է։ Ներկայիս այս սաղմոսը մեզի համար ի՞նչ պատգամ ունի։ Այժմ այս հարցումները պիտի քննարկենք։ *
Եհովայի ժողովուրդին դէմ դաւադրութիւն
3, 4. Սաղմոս 83–ը որո՞ւ կողմէ յօրինուած է, եւ ան ի՞նչ սպառնալիք կը նկարագրէ։
3 Սաղմոս 83–ի մակագրութեան համաձայն, անիկա «Ասափին երգն» է։ Յօրինողը հաւանաբար ղեւտացի Ասափի սերունդէն էր, որ Դաւիթ թագաւորի իշխանութեան ընթացքին կարկառուն երաժիշտ մըն էր։ Սաղմոսերգուն Եհովայի կ’աղաչէ որ իր գերիշխանութիւնը պաշտպանելու եւ իր անունը գիտցնելու համար գործի լծուի։ Սաղմոսը յօրինուած ըլլալու է Սողոմոնի մահէն ժամանակ մը ետք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Դաւիթի ու Սողոմոնի իշխանութեան ընթացքին, Տիւրոսի թագաւորը Իսրայէլի հետ բարեկամական յարաբերութիւններ ունէր։ Սակայն երբ 83–րդ սաղմոսը յօրինուեցաւ, Տիւրոսի բնակիչները Իսրայէլի դէմ ելած եւ անոր թշնամիներուն կողքին դիրք բռնած էին։
4 Սաղմոսերգուն տասը ազգերու անուններ կը թուէ, որոնք Իսրայէլի շրջակայքը կը բնակէին եւ կը ծրագրէին Աստուծոյ ժողովուրդը կործանել. «Եդովմին վրանները ու Իսմայելացիները, Մովաբն ու Հագարացիները, Գեբաղն ու Ամմոնը եւ Ամաղէկը, Փղշտացիները՝ Տիւրոսի բնակիչներուն հետ։ Նաեւ Ասուր անոնց հետ միաբանեցաւ» (Սաղ. 83։6-8)։ Սաղմոսը ո՞ր պատմական դէպքին կ’ակնարկէ։ Ոմանք կը թելադրեն թէ անիկա կ’ակնարկէ Յովսափատի օրերուն՝ Ամմոնի, Մովաբի ու Սէիր լերան բնակիչներուն միացած բանակներուն կողմէ Իսրայէլի վրայ կատարուած յարձակումին (Բ. Մն. 20։1-26)։ Ուրիշներ կը խորհին որ անիկա կը խօսի Իսրայէլի ամբողջ պատմութեան ընթացքին, իր դրացիներուն ցուցաբերած թշնամութեան մասին։
5. Ներկայիս քրիստոնեաները 83–րդ սաղմոսէն ի՞նչ օգուտ կը քաղեն։
5 Յամենայն դէպս, բացայայտ է թէ Եհովա Աստուած այս սաղմոսին գրութիւնը ներշնչեց, երբ իր ժողովուրդը վտանգի տակ էր։ Սաղմոսը նաեւ կը քաջալերէ Աստուծոյ արդի ծառաները, որոնք իրենց ամբողջ պատմութեան ընթացքին իրարայաջորդ յարձակումներու ենթարկուած են թշնամիներու կողմէ, որոնք վճռած են զիրենք կործանել։ Անիկա վստահաբար մօտ ապագային Եզեկիէլ 38։2, 8, 9, 16)։
մեզ պիտի զօրացնէ, երբ Մագոգի Գոգը իր զօրքերը առաջնորդէ վերջնականապէս բնաջնջելու համար բոլոր անոնք, որոնք հոգիով ու ճշմարտութեամբ Աստուած կը պաշտեն (Կարդալ՝Կարեւորագոյն հարցը
6, 7. ա) Սաղմոս 83–ի բացման խօսքերուն մէջ սաղմոսերգուն ի՞նչ բանի մասին կ’աղօթէ։ բ) Սաղմոսերգուին համար կարեւորագոյն հարցը ի՞նչ էր։
6 Մտիկ ըրէ՝ մինչ սաղմոսերգուն աղօթքով իր զգացումները կ’արտայայտէ. «Ո՛վ Աստուած, լուռ մի՛ կենար. անձայն մի՛ ըլլար ու հանդարտ մի՛ կենար, ո՛վ Աստուած։ Վասն զի ահա քու թշնամիներդ կը գոռան ու քեզ ատողները գլուխ կը վերցնեն։ Խորամանկութեան հնարք կը գտնեն քու ժողովուրդիդ դէմ. . . Վասն զի միաբան սրտով խորհուրդ ըրին ու քեզի դէմ դաշնակցութիւն ըրին» (Սաղ. 83։1-3, 5)։
7 Սաղմոսերգուին համար կարեւորագոյն հարցը ի՞նչ էր։ Հարկաւ ան շատ մտահոգուած ըլլալու էր իր եւ իր ընտանիքին ապահովութեամբ։ Այսուհանդերձ անոր աղօթքին նիւթն էր՝ Եհովայի անուան վրայ եկած անարգանքն ու իր անունը կրող ազգին դիմագրաւած սպառնալիքները։ Բոլորս ալ պահպանենք նոյնանման հաւասարակշռուած տեսակէտ մը, մինչ այս հին աշխարհին վերջին ու դժուար օրերուն կը տոկանք (Կարդալ՝ Մատթէոս 6։9, 10)։
8. Իսրայէլի դէմ դաւադրող ազգերուն նպատակը ի՞նչ էր։
8 Սաղմոսերգուն Իսրայէլի թշնամիներուն խօսքերը կը մէջբերէ. «Եկէ՛ք, կորսնցնե՛նք զանոնք, որպէս զի ազգ չըլլան ու ալ չյիշուի Իսրայէլին անունը» (Սաղ. 83։4)։ Այդ ազգերը Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդին հանդէպ ի՜նչ ատելութիւն ունէին։ Բայց անոնք իրենց դաւադրութեան համար այլ շարժառիթ մըն ալ ունէին։ Անոնք Իսրայէլի հողամասին կը ցանկային, պարծենալով. «Աստուծոյ բնակարանները մենք ժառանգենք մեզի համար» (Սաղ. 83։12)։ Մեր օրերուն համանման բան մը տեղի ունեցա՞ծ է։ Այո՛։
«Քու սուրբ բնակութիւնդ»
9, 10. ա) Վաղեմի ժամանակներուն, Աստուծոյ սուրբ բնակութիւնը ի՞նչ էր։ բ) Ներկայիս օծեալ մնացորդը եւ «ուրիշ ոչխարներ»ը ի՞նչ օրհնութիւններ կը վայելեն։
9 Վաղեմի ժամանակներուն, Խոստացեալ Երկրին կ’ակնարկուէր որպէս Աստուծոյ սուրբ բնակութիւնը։ Մտաբերէ այն յաղթերգը որ իսրայէլացիները երգեցին Եգիպտոսէն ազատագրուելէ ետք. «Քու ողորմութիւնովդ առաջնորդեցիր այս ժողովուրդին որ դուն փրկեցիր. քու զօրութիւնովդ տարիր զանոնք քու սուրբ բնակութիւնդ» (Ել. 15։13)։ Հետագային այդ «բնակութիւն»ը ունեցաւ տաճար, քահանայութիւն, Երուսաղէմը իբրեւ մայրաքաղաք, եւ շարք մը թագաւորներ, որոնք Դաւիթէն սերած էին ու Եհովայի աթոռին վրայ նստան (Ա. Մն. 29։23)։ Առանց պատճառի չէ որ Յիսուս Երուսաղէմը կոչեց «մեծ Թագաւորին քաղաք»ը (Մատ. 5։35)։
10 Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ մեր օրերուն մասին։ Մ.թ. 33–ին, նոր ազգ մը՝ «Աստուծոյ Իսրայէլ»ը ծնաւ (Գաղ. 6։16)։ Այս ազգը, որ Յիսուս Քրիստոսի օծեալ եղբայրներէն բաղկացած է, կատարեց այն պարտականութիւնը որ մարմնաւոր իսրայէլը չկատարեց,– Աստուծոյ անուան վկաներ ըլլալ (Եսա. 43։10. Ա. Պետ. 2։9)։ Եհովա անոնց կրկնեց վաղեմի իսրայէլին տուած իր խոստումը. «Անոնց Աստուած պիտի ըլլամ ու անոնք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլան» (Բ. Կոր. 6։16. Ղեւ. 26։12)։ 1919–ին, Եհովա «Աստուծոյ Իսրայէլին» մնացորդը նպաստաւոր դիրքի մէջ բերաւ, եւ այդ ատեն անոնք «երկիր» մը ստացան,– գործունէութեան հոգեւոր ծիր մը,– ուր հոգեւոր դրախտ վայելած են (Եսա. 66։8)։ 1930–ական թուականներէն ի վեր, միլիոնաւոր «ուրիշ ոչխարներ» անոնց միացած են (Յովհ. 10։16)։ Այս արդի քրիստոնեաներուն երջանկութիւնն ու հոգեւոր բարգաւաճութիւնը, Եհովայի գերիշխանութեան իրաւացի ըլլալուն զօրաւոր մէկ ապացոյցն է (Կարդալ՝ Սաղմոս 91։1, 2)։ Ասիկա ո՜րքան կը կատղեցնէ Սատանան։
11. Աստուծոյ թշնամիներուն գլխաւոր նպատակակէտը տակաւին ի՞նչ է։
11 Վերջին ժամանակուան ընթացքին, Սատանան իր երկրային գործակալները դրդած է որ օծեալ մնացորդին եւ անոնց ընկերակցող ուրիշ ոչխարներուն հակառակին։ Ասիկա տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ՝ նացիական վարչաձեւին ներքեւ, իսկ Արեւելեան Եւրոպայի մէջ՝ Սովետական Միութեան համայնավար կառավարութեան ներքեւ։ Նոյնը տեղի ունեցաւ բազմաթիւ այլ երկիրներու մէջ, եւ դարձեալ
տեղի պիտի ունենայ, մանաւանդ՝ Մագոգի Գոգին վերջին յարձակման ընթացքին։ Այդ յարձակման ժամանակ, թերեւս հակառակորդները ագահութեամբ Եհովայի ժողովուրդին կալուածներն ու ստացուածքները բռնագրաւեն, ինչպէս որ թշնամիներ անցեալին ըրին։ Սակայն Սատանայի գլխաւոր նպատակակէտը միշտ եղած է՝ որպէս ժողովուրդ մեզ կործանել, որպէսզի մեր աստուածատուր անունը անգամ մըն ալ չյիշուի։ Եհովա իր գերիշխանութեան դէմ եղած այս ընդդիմութեան ի՞նչպէս կը հակազդէ։ Վերստին նկատի առ սաղմոսերգուին խօսքերը։Եհովայի յաղթութեան մէկ նմոյշը
12-14. Սաղմոսերգուն Մակեդդով քաղաքին մօտակայքը տեղի ունեցած ո՞ր երկու պատմական յաղթանակներուն մասին կը խօսի։
12 Նկատի առ թշնամի ազգերուն ծրագիրները խափանելու Եհովայի կարողութեան հանդէպ սաղմոսերգուին զօրաւոր հաւատքը։ Ան կը նշէ թշնամիներուն վրայ Իսրայէլի տարած երկու վճռական յաղթանակներ, որոնք տեղի ունեցան վաղեմի Մակեդդով քաղաքին մօտ, որ նոյն անունը կրող հովիտի մը կը նայէր։ Ամրան ընթացքին, հովիտին դաշտին մէջ Կիսոն գետին չոր հունը կարելի էր տեսնել։ Իսկ տեղատարափ անձրեւներէ ետք, գետը կը ծածկէր դաշտը։ Թերեւս ասոր համար գետը նաեւ կոչուած է «Մակեդդովի ջուր»ը (Դատ. 4։13. 5։19)։
13 Մակեդդովէն շուրջ 15 քիլոմեթր հեռու՝ Մօրէի բլուրը կը գտնուի, ուր Գեդէօն դատաւորին օրերուն մադիանացիներու, ամաղեկացիներու եւ արեւելքցիներու միացեալ զօրագունդերը հաւաքուեցան պատերազմելու (Դատ. 7։1, 12)։ Գեդէօնի բանակը միայն 300 տղամարդոցմէ կը բաղկանար, բայց Եհովայի օգնութեամբ թշնամիին հզօր բանակը նուաճեցին։ Ի՞նչպէս։ Աստուծոյ ուղղութեան հետեւելով, գիշերը անոնք թշնամիին բանակավայրը շրջապատեցին, իւրաքանչիւրը կրելով ջահ պարունակող սափոր մը։ Երբ Գեդէօն նշան տուաւ, իր մարդիկը սափորները փշրեցին եւ յանկարծ ջահերը ի յայտ եկան։ Միեւնոյն ատեն, անոնք իրենց փողերը հնչեցուցին եւ պոռացին. «Տէրոջը ու Գեդէօնի սուրը»։ Թշնամիները շփոթութեան մատնուեցան եւ սկսան զիրար սպաննել, իսկ վերապրողները Յորդանան գետը կտրելով խոյս տուին։ Մինչ այդ, բազմաթիւ իսրայէլացիներ ալ սկսան թշնամիները հալածել։ Ընդամէնը, թշնամիներէն 120,000 զինուոր սպաննուեցան (Դատ. 7։19-25. 8։10)։
14 Մօրէի բլուրին ետեւը շուրջ 6 քիլոմեթր հեռաւորութեամբ, Թաբօր լեռը կը գտնուի։ Անցեալին, Բարակ դատաւոր հոն 10,000 իսրայէլացիներէ բաղկացած բանակ մը հաւաքած էր, Հասորի քանանացի թագաւորին՝ Յաբինի բանակին դէմ կռուելու, որուն սպարապետը Սիսարան էր։ Քանանացիներուն բանակը 900 գերանդազէն ռազմակառքեր ունէր։ Իսրայէլի խեղճօրէն զինուած զօրքը ժողվուեցաւ Թաբօր լերան վրայ, իսկ Սիսարայի բանակը ստիպուեցաւ հովիտը շարուիլ։ Ապա «Տէրը Սիսարան եւ բոլոր կառքերն ու բոլոր բանակը. . . խորտակեց»։ Հաւանաբար անակնկալ անձրեւ մը պատճառ եղաւ որ Կիսոն գետը յորդի ու ռազմակառքերը ցեխին մէջ մխրճուին։ Իսրայէլացիները ամբողջ բանակը ջարդեցին (Դատ. 4։13-16. 5։19-21)։
15. ա) Սաղմոսերգուն կ’աղօթէ որ Եհովա ի՞նչ ընէ։ բ) Աստուծոյ վերջին պատերազմին անունը մեր միտքը ի՞նչ կը բերէ։
15 Սաղմոսերգուն Եհովայի կ’աղաչէ որ այժմ Իսրայէլի գոյութեան սպառնացող ազգերուն նոյնանման բան մը ընէ։ Ան կ’աղօթէ. «Ըրէ՛ անոնց ինչպէս Մադիամին, ինչպէս Սիսարային ու Յաբինին ըրիր Կիսոն հեղեղատին քով։ Անոնք Ենդովրի մէջ սատկեցան, աղբի պէս եղան երկրին վրայ» (Սաղ. 83։9, 10)։ Յատկանշականօրէն, Սատանայի աշխարհին դէմ Աստուծոյ վերջնական պատերազմը կոչուած է Արմագեդոն (որ կը նշանակէ՝ «Մակեդդովի լեռը»)։ Այս անունը մեզի կը յիշեցնէ Մակեդդովի մօտ տեղի ունեցած վճռական պատերազմները։ Այդ վաղեմի պատերազմներուն Եհովայի տարած յաղթանակները մեզի երաշխիք կու տան թէ Արմագեդոնի պատերազմին վստահաբար պիտի յաղթէ (Յայտ. 16։13-16)։
Եհովայի ջատագովման համար աղօթէ
16. Ներկայիս հակառակորդներուն երեսը ի՞նչպէս ‘անարգանքով լեցուած է’։
16 Այս «վերջին օրեր»ուն ընթացքին, Եհովա իր ժողովուրդը բնաջնջելու ամէն ջանք ի դերեւ հանած է (Բ. Տիմ. 3։1)։ Որպէս արդիւնք, հակառակորդները սեւերես մնացած են։ Սաղմոս 83։16–ը ասիկա նախապատկերացուց, երբ ըսաւ. «Լեցո՛ւր անոնց երեսները անարգանքով, որպէս զի քու անունդ խնդրեն, ո՛վ Տէր»։ Շատ մը երկիրներու մէջ, Եհովայի վկաները լռեցնելու հակառակորդներուն ջանքերը մեծապէս ձախողած են, իսկ միակ ճշմարիտ Աստուծոյ երկրպագուներուն հաստատամտութիւնն ու համբերութիւնը պարկեշտամիտ անհատներուն համար վկայութիւն մը ըլլալով, շատեր ‘Եհովայի անունը խնդրած են’։ Ուրիշ երկիրներու մէջ, ուր ատեն մը Եհովայի վկաները վայրագօրէն կը հալածուէին, այժմ Եհովան ուրախութեամբ փառաբանող տասնեակ հազարաւորներ, նոյնիսկ հարիւր հազարաւորներ կան։ Եհովայի ի նպաստ ի՜նչ յաղթանակ, իսկ իր թշնամիներուն համար ի՜նչ ամօթալի բան (Կարդալ՝ Երեմիա 1։19)։
17. Մարդկութիւնը ի՞նչ վճռական կացութիւն կը դիմագրաւէ, եւ մօտ ատենէն ո՞ր խօսքերը պիտի մտաբերենք։
17 Հարկաւ գիտենք թէ մեզի դէմ պատերազմը վերջ չէ գտած։ Եւ մենք կը շարունակենք բարի լուրը քարոզել, նոյնիսկ հակառակորդներուն (Մատ. 24։14, 21)։ Սակայն շուտով վերջ պիտի գտնէ անոնց տրուած պատեհութիւնը որ զղջան ու փրկուին։ Եհովայի անուան սրբացումը մարդկային փրկութենէն շա՜տ աւելի կարեւոր է (Կարդալ՝ Եզեկիէլ 38։23)։ Երբ ազգերը իրենց նախագուշակուած ջանքերը միացնեն Աստուծոյ ժողովուրդը կործանելու համար, սաղմոսերգուին աղօթքին սա խօսքերը պիտի յիշենք. «Թող ամչնան ու խռովին յաւիտեան եւ ամօթալից ըլլան ու կորսուին» (Սաղ. 83։17)։
18, 19. ա) Եհովայի գերիշխանութեան յամառօրէն հակառակողներուն ի՞նչ կը սպասէ։ բ) Եհովայի գերիշխանութեան վերջնական ջատագովման մօտ ըլլալը ի՞նչպէս քեզի կ’ազդէ։
18 Եհովայի գերիշխանութեան յամառօրէն հակառակողներուն նուաստացուցիչ վախճան մը կը սպասէ։ Աստուծոյ Խօսքը կը յայտնէ թէ անոնք որ «աւետարանին չեն հնազանդիր»,– եւ ասոր համար Արմագեդոնին սպաննուին,– «յաւիտենական աւերումով» պիտի բնաջնջուին (Բ. Թես. 1։7-9)։ Անոնց բնաջնջումը եւ Եհովան ճշմարտութեամբ պաշտողներուն վերապրումը, համոզիչ ապացոյց պիտի ըլլայ թէ Եհովա միակ ճշմարիտ Աստուածն է։ Նոր աշխարհին մէջ, այդ մեծ յաղթանակը պիտի չմոռցուի։ Անոնք որոնք ‘արդարներուն եւ մեղաւորներուն յարութեամբ’ կեանքի պիտի գան, Եհովայի մեծ արարքին մասին պիտի սորվին (Գործք 24։15)։ Նոր աշխարհին մէջ, անոնք համոզիչ ապացոյցներ պիտի տեսնեն թէ Եհովայի գերիշխանութեան ներքեւ ապրիլը խոհեմութիւն է։ Իսկ անոնց մէջ հեզ եղողները շուտով պիտի ընդունին թէ Եհովա միակ ճշմարիտ Աստուածն է։
19 Մեր գորովալից երկնաւոր Հայրը իր հաւատարիմ երկրպագուներուն համար ի՜նչ հիանալի ապագայ մը պատրաստած է։ Չե՞ս մղուիր աղօթելու որ Եհովա շուտով վերջնական պատասխան մը տայ սաղմոսերգուին աղօթքին. «Թող [թշնամիներդ] ամչնան ու խռովին յաւիտեան եւ ամօթալից ըլլան ու կորսուին. որպէս զի գիտնան թէ միայն դո՛ւն, որուն անունը Եհովա է, Բարձրեալ ես բոլոր երկրի վրայ» (Սաղ. 83։17, 18)։
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 2 Յօդուածը նկատի առնելէ առաջ, օգտակար է կարդալ 83–րդ սաղմոսը, որպէսզի անոր բովանդակութեան ընտելանաս։
Կրնա՞ս բացատրել
• Երբ 83–րդ սաղմոսը կը յօրինուէր, Իսրայէլ ի՞նչ պարագայ կը դիմագրաւէր։
• Սաղմոս 83–ը յօրինողին համար կարեւորագոյն հարցը ի՞նչ էր։
• Ներկայիս Սատանայի թշնամութեան թիրախը ո՞վ եղած է։
• Եհովա վերջապէս ի՞նչպէս պիտի պատասխանէ Սաղմոս 83։18–ի մէջ արձանագրուած աղօթքին։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Քարտէս՝ էջ 23]
(Լման շարադրանքին համար՝ տե՛ս հրատարակութիւնը)
Վաղեմի Մակեդդովի մօտ մղուած պատերազմները մեր ապագային հետ ի՞նչպէս կապ ունին
Կիսոն գետ
Արիսօթ
Կարմեղոս լեռ
Յեզրայէլի հովիտ
Մակեդդով
Թանաք
Գեղբուէ լեռ
Հարօդի աղբիւրը
Մօրէ
Ենդովր
Թաբօր լեռ
Գալիլիայի ծովը
Յորդանան գետ