Աստուծոյ սէրը՝ մօր սիրոյն մէջ յայտնուած է
Աստուծոյ սէրը՝ մօր սիրոյն մէջ յայտնուած է
«Միթէ կինը իր կաթնկեր մանուկը կրնա՞յ մոռնալ, այնպէս որ իր որովայնին ծննդեանը վրայ չգթայ։ Թէեւ անոնք մոռնան, բայց ես քեզ պիտի չմոռնամ»։—Եսայի 49։15
ՄԱՅՐԸ նորածին մանուկին կաթ կու տայ։ Այս տեսարանը քնքշութիւն ու սէր կ’արտացոլացնէ։ Փէմ անունով մայր մը կ’ըսէ. «Երբ առաջին անգամ երախաս թեւերուս մէջ առի, այս նոր կեանքին հանդէպ սիրոյ ու պատասխանատուութեան բուռն զգացում մը զիս պատեց»։
Թէեւ կը թուի ակներեւ իրողութիւն մը ըլլալ, բայց պրպտումը հաստատած է թէ մօր սէրը խորապէս կ’ազդէ իր մանկիկին զարգացման։ Մտային Առողջութեան Շուրջ Առողջապահական Համաշխարհային Կազմակերպութեան Յայտագրին կողմէ հրատարակուած տեղեկագրութիւն մը կ’ըսէ. «Ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են թէ լքուած եւ իրենց մօրմէն բաժնուած նորածինները ապերջանիկ ու ընկճուած կ’ըլլան, երբեմն շփոթութեան մատնուելով»։ Նոյն տեղեկագրութիւնը կը նշէ ուսումնասիրութիւն մը, որ ցոյց կու տայ թէ փոքր տարիքէն սէր եւ ուշադրութիւն ստացող երախաները աւելի ուշիմ կ’ըլլան քան՝ անտեսուած երախաները։
Մօր սիրոյն կարեւորութեան առնչութեամբ, Ալէն Շոր՝ որ Միացեալ Նահանգներու UCLA School of Medicine–ի մէջ հոգեբուժութեան փրոֆէսոր մըն է, կ’ըսէ. «Երախային առաջին յարաբերութիւնը, որ մօր հետ է, որպէս նմոյշ կը ծառայէ, մնայուն կերպով կաղապարելով անոր կարողութիւնը բոլոր հետագայ զգացական յարաբերութիւնները հաստատելու»։
Եսայի 49։15) Բայց ասիկա բացառութիւն է։ Իրականութեան մէջ, այնպէս կը թուի թէ մայրերը ծրագրուած են որ իրենց երախաները սիրեն։ Հետազօտիչներ երեւան հանած են թէ ծննդաբերութեան ընթացքին, մայրը օքսիթոսին կոչուած մղօնէն բարձր քանակ կ’ունենայ, ինչ որ պրկումները կը խթանէ եւ ապա դիեցման կը նպաստէ։ Թէ՛ տղամարդոց եւ թէ կիներու մէջ արտադրուող այս մղօնը նաեւ կը կարծուի թէ կը մղէ սիրալիր ու այլասիրական կերպով վարուելու։
Դժբախտաբար, ընկճուածութիւնը, հիւանդութիւնը կամ այլ ճնշումներ կրնան պատճառ ըլլալ որ մայրը իր զաւակը անտեսէ կամ նոյնիսկ ‘իր կաթնկեր մանուկը մոռնայ’։ (Ի՞նչ է սիրոյ ծագումը
Բարեշրջութեան ջատագովները կը սորվեցնեն թէ անձնուրաց սէրը, ինչպէս՝ մօր եւ զաւկին միջեւ, դիպուածով գոյացաւ եւ բնական ընտրութեամբ պահպանուեցաւ, քանի որ օգտակար էր։ Օրինակ, համացանցի վրայ եղող Mothering Magazine պարբերաթերթը կը նշէ. «Մեր ուղեղին առաջին մասը որ բարեշրջուեցաւ՝ սողուն նախահայրերէն ժառանգուածին վրայ աւելնալով, եզերային դրութիւնն է, յուզումի կեդրոնը։ Ուղեղին այս մասն է որ մայրերուն եւ երախաներուն թոյլ կու տայ որ իրարու հետ սերտ յարաբերութիւն մը հաստատեն»։
Ճիշդ է որ պրպտումը երեւան հանած է թէ եզերային դրութիւնը մեր յոյզերուն հետ կապ ունի։ Սակայն տրամաբանական կը գտնե՞ս որ երախային հանդէպ մօր սէրը սողունի ուղեղին պատահական աճման հետեւանքն է։
Նկատի առ այլ բացատրութիւն մը։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ մարդիկ Աստուծոյ պատկերով ստեղծուեցան, այսինքն՝ Աստուծոյ յատկութիւնները արտացոլացնելու կարողութեամբ։ (Ծննդոց 1։27) Աստուծոյ տիրական յատկութիւնը սէրն է։ «Ան որ չի սիրեր՝ Աստուած չի ճանչնար», գրեց Յովհաննէս առաքեալ։ Ինչո՞ւ։ «Վասն զի Աստուած սէր է»։ (Ա. Յովհաննէս 4։8) Նկատէ թէ համարը չ’ըսեր թէ Աստուած սէր ունի։ Այլ, անիկա կ’ըսէ թէ Աստուած սէր է։ Ան սիրոյ Աղբիւրն է։
Աստուածաշունչը սէրը սա կերպով կը նկարագրէ. «Սէրը երկայնամիտ է, քաղցր է. սէրը չի նախանձիր, սէրը չի գոռոզանար, չի հպարտանար, անվայել վարմունք չ’ունենար, իրենը չի փնտռեր, բարկութեան չի գրգռուիր, չարութիւն չի խորհիր, անիրաւութեան վրայ չի խնդար. հապա ճշմարտութեան խնդակից կ’ըլլայ։ Ամէն բանի կը զիջանի, ամէն բանի կը հաւատայ, ամէն բանի կը յուսայ, ամէն բանի կը համբերէ։ Սէրը բնա՛ւ չ’իյնար»։ (Ա. Կորնթացիս 13։4-8) Տրամաբանական կը թուի՞ հաւատալ թէ այս ազնուագոյն յատկութիւնը կոյր դիպուածով մէջտեղ եկաւ։
Ի՞նչպէս ազդուած ես
Նախորդ պարբերութեան մէջ սիրոյ նկարագրութիւնը կարդալով, փափաքեցա՞ր որ մէկը քեզի հանդէպ այդպիսի սէր ցուցաբերէ։ Ասիկա բնական ցանկութիւն է։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ‘Աստուծոյ ցեղէն ենք’։ (Գործք 17։29) Մենք ծրագրուած ենք այսպիսի սէր ստանալու եւ արտայայտելու։ Եւ կրնանք վստահ ըլլալ թէ Աստուած մեզի հանդէպ խոր սէր ունի։ (Յովհաննէս 3։16. Ա. Պետրոս 5։6, 7) Այս յօդուածին սկիզբը մէջբերուած համարը կը նշէ թէ մեզի հանդէպ Աստուծոյ սէրը աւելի զօրաւոր ու մնայուն է քան՝ մանկիկին հանդէպ մօր սէրը։
Սակայն, թերեւս հարց տաս. ‘Եթէ Աստուած իմաստուն, զօրաւոր ու սիրառատ է, ինչո՞ւ տառապանքին վերջ չի դներ։ Ան ինչո՞ւ թոյլ կու տայ որ երախաներ մեռնին, կեղեքումը շարունակուի եւ յոռի ղեկավարութեան ու ագահութեան պատճառաւ երկրագունդը վնասուի’։ Ասոնք տեղին հարցումներ են եւ տրամաբանական պատասխաններու արժանի են։
Երեւութապաշտները ի՛նչ որ ալ ըսեն, այդ հարցումներուն գոհացուցիչ պատասխաններ գտնելը կարելի է։ Հարիւրաւոր երկիրներու մէջ, միլիոնաւորներ այսպիսի պատասխաններ գտած են՝ Եհովայի Վկաներուն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելով։ Այս պարբերաթերթին հրատարակիչները քեզ կը հրաւիրեն որ նոյնը ընես։ Մինչ Աստուծոյ մասին գիտութիւնդ կ’աւելնայ, իր Խօսքն ու իր ստեղծագործութիւնը ուսումնասիրելով, պիտի գիտակցիս թէ ան անծանօթ չէ։ Հաւանաբար պիտի համոզուիս թէ Աստուած «մեր ամէն մէկէն ալ հեռու չէ»։—Գործք 17։27
[Մէջբերում՝ էջ 8]
Մեզի հանդէպ Աստուծոյ սէրը աւելի մնայուն է քան՝ մանկիկին հանդէպ մօր սէրը