Խնդրանք մը որ կը ներկայացուի համայն աշխարհի մէջ
Խնդրանք մը որ կը ներկայացուի համայն աշխարհի մէջ
ԵՐԵՒԱԿԱՅԷ որ հարիւր միլիոնաւորներ կամ նոյնիսկ միլիառաւորներ կը խնդրեն նոյն բանը։ Անոնք տիեզերքի բարձրագոյն հեղինակութենէն կը խնդրեն որ մասնայատուկ խնդրանք մը կատարէ։ Բայց անոնցմէ քիչեր գիտեն թէ ի՛նչ է խնդրուած բանը։ Այսպիսի բան մը իրապէս կրնա՞յ պատահիլ։ Իրականութեան մէջ, անիկա ամէն օր կը պատահի։ Անոնք ի՞նչ կը խնդրեն։ Աստուծոյ Թագաւորութեան գալը։
Տեղեկագրութեան մը համաձայն, շուրջ 37,000 կրօնք իրենք զիրենք Քրիստոնեայ կ’անուանեն ու Յիսուս Քրիստոսը կ’ընդունին որպէս իրենց Առաջնորդը։ Այս կրօնքները աւելի քան երկու միլիառ անդամ ունին։ Անոնցմէ շատեր կ’աղօթեն ի՛նչ որ յաճախ կոչուած է՝ Հայր Մեր կամ Տէրունական Աղօթք։ Այս աղօթքը գիտե՞ս։ Ինչպէս Յիսուս իր հետեւորդներուն սորվեցուց, անիկա այսպէս կը սկսի. «Ով Հայր մեր որ երկինքն ես, քու անունդ սուրբ ըլլայ. քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ»։—Մատթէոս 6։9, 10
Դարերէ ի վեր, եկեղեցիներու մէջ երկրպագուներ ակնածանքով այդ խօսքերը կրկնած են։ Անոնք նաեւ զանոնք ընտանեօք կամ առանձին արտասանած են, նպաստաւոր եւ աննպաստ ժամանակներուն։ Անոնք այդ խօսքերը անկեղծօրէն ու նոյնիսկ ջերմեռանդօրէն կրկնած են։ Շատեր զանոնք գոց սորված են, բայց անոնց իմաստին չնչին ուշադրութիւն կ’ընծայեն։ Քրիստոնեայ Աշխարհի անդամները միակ անհատները չեն որ Աստուծոյ Թագաւորութեան գալուն յուսացած եւ անոր համար աղօթած են։
Խնդրանք մը որ կրօնական սահմանները կը կտրէ
Հրեաներու մօտ հանրածանօթ աղօթք մըն է՝ սգաւորին Քատիշ–ը։ Մահուան կամ վշտին հետ չնչին կապ ունենալով հանդերձ, անիկա սովորաբար կորուստի առիթներով կ’արտասանուի։ Աղօթքը կը նշէ. «Թող ան [Աստուած] իր Թագաւորութիւնը կեանքիդ ընթացքին հաստատէ . . . նոյնիսկ արագօրէն»։ * Ժողովարանի մէջ մատուցուած վաղեմի այլ աղօթք մը կը խօսի Դաւիթի տունէն եղող Մեսիային Թագաւորութեան յոյսին մասին։
Քրիստոնէական կրօնքներուն չպատկանող անհատներ, Աստուծոյ Թագաւորութեան գաղափարը գրաւիչ գտած են։ Լրագրի մը համաձայն (The Times of India), 19–րդ դարու երեւելի Հնդիկ կրօնական առաջնորդ մը, որ հետաքրքրուած էր Պրահմանականութիւնը, Իսլամութիւնն ու Քրիստոնէութիւնը կամրջելով, ըսաւ. «Աստուծոյ իսկական թագաւորութիւնը պիտի չիրականանայ, բացի եթէ արեւելքն ու արեւմուտքը միանան»։ Իսկ Սթրաթֆիլտի մէջ, Աւստրալիա, իսլամական քոլէճի մը տնօրինուհին վերջերս լրագրի մը գրեց. «Բոլոր Իսլամներուն նման, կը հաւատամ թէ Յիսուս պիտի վերադառնայ եւ Աստուծոյ իսկական Թագաւորութիւնը պիտի հաստատէ»։
Անկասկած ներկայիս միլիառաւորներ կը յուսան ու կը խնդրեն Աստուծոյ Թագաւորութիւնը։ Բայց նկատի առ հետաքրքրական երեւոյթ մը։
Հաւանաբար գիտես թէ մենք՝ Եհովայի Վկաներս, որ այս պարբերաթերթը կը հրատարակենք,
շրջանիդ մէջ տունէ տուն կ’երթանք, Աստուածաշունչին մասին մարդոց հետ խօսելու համար։ Այժմ ասիկա կ’ընենք աշխարհի տարածքին՝ 236 երկրի մէջ եւ աւելի քան 400 լեզուով։ Մեր քարոզչութեան գլխաւոր բնաբանն է՝ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը։ Իրականութեան մէջ, նկատէ թէ այս պարբերաթերթին լման խորագիրն է՝ Դիտարանը կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը։ Յաճախ մարդոց կը հարցնենք թէ այդ Թագաւորութեան համար կ’աղօթե՞ն։ Շատեր կը պատասխանեն՝ այո՛։ Սակայն երբ կը հարցնենք թէ այդ Թագաւորութիւնը ի՞նչ է, մեծամասնութիւնը կը պատասխանէ. «Չեմ գիտեր», կամ անորոշ ու տարտամ պատասխան մը կու տայ։Ինչո՞ւ այսքան շատ անհատներ կը խնդրեն բան մը որ չեն կրնար սահմանել։ Արդեօք Աստուծոյ Թագաւորութիւնը բարդ ու անորոշ գաղափա՞ր մըն է։ Ո՛չ։ Թագաւորութիւնը լիովին ու յստակօրէն բացատրուած է Աստուածաշունչին մէջ։ Ասկէ զատ, Թագաւորութեան վերաբերեալ Աստուածաշունչի պատգամը կրնայ քեզի իսկական յոյս տալ՝ ներկայ խաւար ժամանակներուն մէջ։ Յաջորդ յօդուածին մէջ, նկատի պիտի առնենք թէ Աստուածաշունչը ի՛նչպէս այս յոյսը կը բացատրէ։ Ապա պիտի տեսնենք թէ Թագաւորութեան գալուն մասին Յիսուսի աղօթքը ե՛րբ պիտի պատասխանուի։
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 6 Յիսուսի տուած տիպար աղօթքին նման, սգաւորին Քատիշ–ը նաեւ կը խնդրէ որ Աստուծոյ անունը սրբացուի։ Ոմանք կը խորհին թէ Քատիշ–ը Քրիստոսի ժամանակէն է կամ նոյնիսկ աւելի առաջ, բայց պէտք չէ զարմանանք որ նմանութիւններ կան։ Յիսուսի աղօթքին նպատակը չէր նոր բան մը ներկայացնել։ Իւրաքանչիւր խնդրանք հաստատօրէն հիմնուած էր Սուրբ Գրութիւններուն վրայ, որոնք բոլոր Հրեաներուն մատչելի էին։ Յիսուս ժամանակակից Հրեաները կը քաջալերէր որ աղօթքով խնդրեն այն բաները, որոնց համար արդէն միշտ աղօթած պէտք էր ըլլային։