Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ թէ Եհովան կը սիրենք

Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ թէ Եհովան կը սիրենք

«Մենք զանիկա կը սիրենք, վասն զի ան առաջ մեզ սիրեց» (Ա. ՅՈՎՀ. 4։19

ԵՐԳԵՐ. 56, 138

1, 2. Ըստ Յովհաննէս առաքեալի, Եհովան մեզի ինչպէ՞ս ցոյց տուած է զինք սիրելու կերպը։

ՄԱՐԴԻԿ գրեթէ կը համաձայնին, թէ լաւագոյն կերպը որ հայր մը իր զաւակներուն սորվեցնէ՝ անոնց օրինակ դառնալն է։ Յովհաննէս առաքեալ գրեց, թէ «մենք [Աստուած] կը սիրենք, վասն զի ան առաջ մեզ սիրեց» (Ա. Յովհ. 4։19)։ Ուստի յստակ է որ Եհովան հայրական լաւագոյն սէրը ցոյց տուած է մեզի, ինչ որ մեզի կ’օգնէ որ զինք սիրենք։

2 Եհովան ի՞նչ կերպով ցոյց տուած է թէ «առաջ մեզ սիրեց»։ Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Աստուած իր սէրը որ մեր վրայ ունէր՝ յայտնեց, երբ դեռ մեղաւոր էինք։ Քրիստոս մեզի համար մեռաւ» (Հռով. 5։8, 9ա)։ Ի՛ր Որդին մեզի համար փրկանք տալով, Եհովան ցոյց տուաւ թէ իսկական սէրը առատաձեռնութիւն եւ անձնազոհութիւն կը պահանջէ։ Աստուծոյ այս վեհանձն արարքին միջոցաւ, մենք կրնանք իրեն մօտենալ, իր սէրէն օգտուիլ եւ մեր կարգին իրեն հանդէպ մեր սէրը ցոյց տալ (Ա. Յովհ. 4։10

3, 4. Ինչպէ՞ս ցոյց կու տանք թէ Աստուած կը սիրենք։

3 Սէրը Եհովայի գլխաւոր յատկութիւնն է։ Ուստի կրնանք հասկնալ թէ Յիսուս ինչո՛ւ ըսաւ որ առաջին պատուիրանն է՝ «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ եւ քու բոլոր զօրութիւնովդ» (Մար. 12։30)։ Յիսուսի խօսքերէն կը հասկնանք, որ Եհովան նախ եւ առաջ կ’ուզէ որ զինք ամբողջ սրտով սիրենք։ Ան չի հաճիր եթէ ուրիշ անձ մը կամ բան մը իրմէ աւելի սիրենք։ Սակայն Եհովայի հանդէպ անկեղծ սէրը միմիայն զգացում պէտք չէ ըլլայ։ Ան մեզմէ կ’ակնկալէ որ նաեւ մեր ամբողջ մտքով եւ գործերով զինք սիրենք։ Ըստ Միքիա մարգարէին, Եհովան ասիկա՛ կ’ուզէ մեզմէ (կարդա՛ Միքիա 6։8

4 Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ, թէ իսկապէս կը սիրենք մեր երկնաւոր Հայրը։ Զինք մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը պէտք է դնենք։ Ինչպէս որ Յիսուս ցոյց տուաւ, մեր բոլոր զգացումները, միտքը եւ ֆիզիքական կարողութիւնները պէտք է պարփակուած ըլլան։ Նախորդ յօդուածին մէջ նկատի առինք չորս կերպեր, որոնցմով Եհովան ցոյց տուած է թէ մեզ շատ կը սիրէ։ Այժմ նկատի առնենք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք Եհովայի հանդէպ մեր սէրը ցոյց տալ եւ խորացնել։

ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՑՈՅՑ ՏՈՒՐ ԹԷ ԵՐԱԽՏԱՊԱՐՏ ԵՍ

5. Մեզի համար Եհովայի ըրած բոլոր բաներուն ի տես, ի՞նչ կը մղուինք ընելու։

5 Երբ նուէր մը ստանաս, ի՞նչ կ’ընես։ Շատ հաւանաբար ձեւով մը գնահատութիւնդ կ’արտայայտես։ Եւ քանի որ զայն կ’արժեւորես, կը գործածես։ Յակոբոս աշակերտ գրեց. «Ամէն բարի տուրք ու ամէն կատարեալ պարգեւ վերէն է եւ լոյսի Հօրմէն կ’իջնէ, որուն մէջ բնաւ փոփոխութիւն կամ դառնալու շուք մը չկայ» (Յակ. 1։17)։ Եհովան մեզի կու տայ ամէն բան, որուն պէտք ունինք ապրելու եւ ուրախ ըլլալու համար։ Ասիկա մեզ չի՞ մղեր որ մեր կարգին զինք սիրենք։

6. Իսրայէլացիները ի՞նչ պէտք էր ընէին, որպէսզի Եհովային օրհնութիւնը շարունակ ստանային։

6 Հարիւրաւոր տարիներ, Եհովան իսրայէլացիները սիրալիրօրէն հոգաց եւ մեծապէս օրհնեց, թէ՛ նիւթապէս եւ թէ հոգեւորապէս (Բ. Օր. 4։7, 8)։ Ան պիտի շարունակէր իրենց օգնել, պայմանաւ որ Իր Օրէնքին հնազանդ ըլլային։ Օրինակ՝ պէտք էր Եհովային կանոնաւորաբար նուիրէին իրենց հողին «առաջին [կամ՝ լաւագոյն] երախայրիները» (Ել. 23։19)։ Այսպիսով, իսրայէլացիները ցոյց պիտի տային թէ Եհովային սէրն ու օրհնութիւնները թեթեւի չէին առներ (կարդա՛ Բ. Օրինաց 8։7-11

7. Ինչպէ՞ս կրնանք մեր «ստացուածք»ը գործածել, որպէսզի Եհովային հանդէպ մեր սէրը ցոյց տանք։

7 Իսկ մենք՝ հակառակ որ բառացի զոհեր չենք մատուցաներ Եհովային, սակայն կրնանք մեր «ստացուածք»ը գործածելով ցոյց տալ թէ զինք կը սիրենք (Առ. 3։9)։ Ինչպէ՞ս։ Օրինակ՝ մեր նիւթական բաները կրնանք գործածել, որպէսզի Թագաւորութեան գործին թիկունք կանգնինք, թէ՛ մեր ժողովքին մէջ եւ թէ համաշխարհային գետնի վրայ։ Չնայած թէ նիւթապէս լաւ ենք կամ ոչ, վստահաբար ասիկա Եհովային հանդէպ մեր սէրը ցոյց տալու լաւ կերպ մըն է (Բ. Կոր. 8։12)։ Սակայն, կան ուրիշ կերպեր՝ Եհովային ցոյց տալու թէ զինք կը սիրենք։

8, 9. Եհովայի խոստումին վստահիլը ի՞նչ կապ ունի իրեն հանդէպ մեր սիրոյն հետ. օրինակ մը տուր։

8 Յիսուս իր հետեւորդներուն սորվեցուց, որ չմտահոգուին թէ ի՛նչ պիտի ուտեն կամ ի՛նչ պիտի հագուին, հապա՝ առաջ Թագաւորութիւնը փնտռեն։ Ան ըսաւ որ Հայրը գիտէ, թէ ի՛նչ բանի իրապէս պէտք ունինք (Մատ. 6։31-33)։ Այս խոստումին որքա՛ն աւելի վստահինք, այնքան աւելի ցոյց կու տանք թէ Եհովան կը սիրենք, քանի որ սէրն ու վստահութիւնը իրարու հետ կապուած են։ Չենք կրնար սիրել անձ մը, որուն չենք վստահիր (Սաղ. 143։8)։ Ուստի կրնանք մենք մեզի հարցնել. «Դրած նպատակակէտերս եւ ապրելակերպս ցոյց կու տա՞ն թէ Եհովան իսկապէս կը սիրեմ։ Ամէն օր իմ գործերս ցոյց կու տա՞ն, թէ վստահ եմ որ Եհովան պէտքերս պիտի հոգայ»։

9 Մայք անունով եղբայր մը Եհովայի հանդէպ իր սէրն ու վստահութիւնը ցոյց տուաւ։ Երբ պատանի էր, միշտ կ’ուզէր օտար երկրի մը մէջ ծառայել։ Ան ամուսնացաւ եւ երկու զաւակ ունեցաւ, սակայն իր այս փափաքը չփոխուեցաւ։ Երբ Մայքը եւ իր ընտանիքը կարդացին եղբայրներու եւ քոյրերու մասին, որոնք կը ծառայէին հրատարակիչներու կարիք ունեցող շրջաններու մէջ, քաջալերուեցան եւ որոշեցին իրենց կեանքը պարզացնել։ Իրենց տունը ծախեցին եւ աւելի պզտիկ բնակավայր մը փոխադրուեցան։ Ետքը, Մայք իր գործը պզտիկցուց եւ սորվեցաւ թէ ինչպէ՛ս երկրէն դուրս կրնայ համացանցին միջոցաւ իր գործին հոգ տանիլ։ Ընտանիքը փոխադրուեցաւ եւ արտասահման երկու տարի ուրախութեամբ ծառայելէ ետք, Մայք ըսաւ. «Տեսանք թէ Մատթէոս 6։33–ի մէջ Յիսուսի խօսքը որքա՜ն ճիշդ է»։

ԵՀՈՎԱՅԻՆ՝ ՔԵԶԻ ՍՈՐՎԵՑՈՒՑԱԾ ԲԱՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ ԽՈԿԱ՛

10. Ինչո՞ւ լաւ է որ Դաւիթ թագաւորի պէս խոկանք Եհովայի խօսքին եւ ստեղծագործութեան վրայ։

10 Շուրջ 3000 տարի առաջ, Դաւիթ թագաւոր երկնքին վրայ հիանալով ըսաւ. «Երկինք Աստուծոյ փառքը կը պատմէ ու երկնքի հաստատութիւնը անոր ձեռքերուն գործերը կը ցուցնէ»։ Ետքը, Աստուծոյ Օրէնքին իմաստութենէն ազդուելով ըսաւ. «Տէրոջը օրէնքը կատարեալ է, հոգին կը նորոգէ. Տէրոջը վկայութիւնը ճշմարիտ է, տգէտը իմաստուն կ’ընէ»։ Երբ Դաւիթ Եհովայի Օրէնքին եւ ստեղծագործութեան վրայ խոկաց, արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Ան շարունակեց. «Բերնիս խօսքերը ու սրտիս խորհուրդը քու առջեւդ ընդունելի ըլլան, ո՛վ Տէր, իմ վէ՛մս ու փրկի՛չս»։ Յստակօրէն, ան աւելի ջերմ զգացումներ ունեցաւ Եհովայի հանդէպ եւ աւելի մտերմացաւ իրեն հետ (Սաղ. 19։1, 7, 14

11. Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովայի տուած գիտութիւնը գործածել, որպէսզի իրեն հանդէպ մեր սէրը ցոյց տանք (տե՛ս բացման պատկերը)։

11 Ներկայիս, շատ բան գիտենք Եհովային, իր նպատակին, իր ստեղծագործութեան եւ իր Խօսքին մասին։ Աշխարհը բարձրագոյն ուսումը կը քաջալերէ, բայց ատիկա յաճախ պատճառ կը դառնայ որ մարդիկ Աստուծոյ հանդէպ իրենց հաւատքը եւ սէրը կորսնցնեն։ Սակայն, Աստուածաշունչը մեզ կը քաջալերէ որ ոչ միայն գիտութիւնը սիրենք, այլեւ իմաստութիւն եւ հասկացողութիւն ունենանք։ Այսինքն՝ Եհովան կ’ուզէ որ գիտութիւնը գործածենք թէ՛ մեր եւ թէ ուրիշներուն օգտին համար (Առ. 4։5-7)։ «Աստուած կ’ուզէ որ բոլոր մարդիկ փրկուին ու ճշմարտութիւնը ճանչնան» (Ա. Տիմ. 2։4)։ Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը ցոյց կու տանք, երբ ամէն մարդու կը քարոզենք Թագաւորութեան բարի լուրը, եւ անոնց կ’օգնենք որ հասկնան թէ ի՛նչ է Եհովային նպատակը մարդկութեան համար (կարդա՛ Սաղմոս 66։16, 17

12. Պատանուհի մը ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ որ հոգեւոր բաները կը գնահատէ։

12 Նոյնիսկ պատանիները կրնան Եհովային հանդէպ իրենց սէրը ցոյց տալ, հոգեւոր բաները գնահատելով։ Շէնըն անունով քոյր մը կը պատմէ, թէ երբ 11 տարեկան էր, ինք եւ իր 10 տարեկան քոյրը իրենց ծնողքին հետ ներկայ գտնուեցան «Աստուածպաշտութիւն» բնաբանով նահանգային համաժողովին։ Նիստի մը ընթացքին, պատանիներէն խնդրուեցաւ որ որոշ տեղ մը նստին։ Շէնընը քիչ մը ջղագրգիռ էր բայց փոխեց իր տեղը։ Ետքը՝ ան զարմացաւ երբ իւրաքանչիւր պատանիի որպէս նուէր տրուեցաւ Պատանիները կը հարցնեն. գործնական պատասխաններ գիրքը։ Այս գիրքը առնելէ ետք, Շէնըն ի՞նչ զգաց Եհովային հանդէպ։ Ան կ’ըսէ. «Այդ պահուն վերջապէս անդրադարձայ թէ Եհովան իրական է եւ թէ անձամբ զիս շատ շատ կը սիրէ։ Որքա՜ն ուրախ ենք որ մեր Աստուածը՝ Եհովան այսպիսի գեղեցիկ եւ հոյակապ նուէրներ ձրիօրէն կու տայ մեզի»։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՐԱՏՆ ՈՒ ԿՐԹՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԴՈՒՆԷ

13, 14. Եհովային խրատին ինչպէ՞ս պէտք է ընդառաջենք, եւ ինչո՞ւ։

13 Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Տէրը իր սիրածը կը խրատէ, ինչպէս հայր մը իր սիրական զաւկին կ’ընէ» (Առ. 3։12)։ Եհովայի կրթութեան ինչպէ՞ս պէտք է ընդառաջենք։ Ճիշդ է որ «ամէն խրատ նոյն ատեն ուրախարար չի թուիր, հապա տրտմարար», բայց երբ Եհովային կրթութիւնը ընդունինք եւ թոյլ տանք որ մեզ մարզէ, կը սորվինք ընել ինչ որ ճիշդ է եւ խաղաղութիւն կ’ունենանք (Եբ. 12։11)։ Եթէ Եհովան կը սիրենք, պէտք չէ իր խրատը մերժենք կամ անկէ դժգոհինք։ Ոմանց համար ասիկա ընելը շատ դժուար է, սակայն Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը մեծապէս կ’օգնէ մեզի։

14 Մաղաքիայի օրերուն, շատ մը հրեաներ Աստուծոյ խրատին ականջ չէին տար։ Անոնց հոգը չէր որ իրենց զոհերը Եհովան չէին հաճեցներ։ Ուստի ան խիստ խրատ մը տուաւ անոնց (կարդա՛ Մաղաքիա 1։12, 13)։ Պարագան որքա՞ն լուրջ էր։ Եհովային խօսքերը լսէ. «Ձեզի անէծք պիտի ղրկեմ, ձեր օրհնութիւնները պիտի անիծեմ։ Այո՛, զանոնք արդէն անիծեր եմ, քանզի դուք ձեր սրտին մէջ չէք դներ [պատուէրս]» (Մաղ. 2։1, 2)։ Յստակ է որ, եթէ Եհովայի խրատը մերժելը սովորութիւն դարձնենք կամ դիտմամբ մերժենք, լուրջ հետեւանքներ կրնանք կրել։

Աստուծոյ խրատին հետեւէ, քան թէ՝ աշխարհի չափանիշներուն (տե՛ս պարբերութիւն 15)

15. Ո՞ր մտածելակերպէն պէտք է զգոյշ ըլլանք։

15 Հիմակուան եսասէր եւ անձնակեդրոն սերունդը չի սիրեր խրատ կամ կրթութիւն ստանալ, չըսելու համար որ զայն չ’ընդունիր։ Իսկ անոնք որոնք խրատը կ’ընդունին, յաճախ չուզելով կ’ընդունին։ Սակայն քրիստոնեաները այդպէս պէտք չէ ըլլան։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Մի՛ կերպարանիք այս աշխարհին կերպարանքովը»։ Փոխարէն, պէտք է հասկնանք «Աստուծոյ կամքը» եւ կատարենք զայն (Հռով. 12։2)։ Իր կազմակերպութեան միջոցաւ, Եհովան շատ մը բաներու նկատմամբ ժամանակայարմար խրատներ կու տայ մեզի, օրինակ՝ հակառակ սեռի հետ ինչպէ՛ս վարուիլ, մեր ընկերակցութիւնները եւ մեր ժամանցը։ Երբ Եհովային ուղղութիւնները յօժարութեամբ կ’ընդունինք եւ պէտք եղած փոփոխութիւնները կ’ընենք, ցոյց կու տանք թէ երախտապարտ ենք եւ զինք սրտանց կը սիրենք (Յովհ. 14։31. Հռով. 6։17

ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԱՊԱՒԻՆԷ ՈՐՊԷՍԶԻ ՔԵԶ ՊԱՇՏՊԱՆԷ ՈՒ ՓՐԿԷ

16, 17. ա) Երբ որոշումներ կ’առնենք, ինչո՞ւ Եհովայի կամքը պէտք է նկատի առնենք։ բ) Իսրայէլացիները ինչպէ՞ս ցոյց տուին որ Եհովայի հանդէպ սիրոյ եւ վստահութեան պակաս ունէին։

16 Երբ մանուկները զգան թէ վտանգի մէջ են, շուտով իրենց ծնողքին կը վազեն։ Մինչ անոնք կը մեծնան, կը սկսին իրենց դատողութեան ա՛լ աւելի վստահիլ եւ իրենց անձնական որոշումները առնել, քանի որ ի վերջոյ չափահաս պիտի դառնան։ Սակայն անոնք որոնք իրենց ծնողքին հետ սերտ կապ ունին, առաջ որ որոշում առնեն՝ թերեւս անոնց կարծիքն ու խրատը խնդրեն։ Հոգեւոր գետնի վրայ պարագան նոյնն է։ Եհովան մեզի սուրբ հոգին կու տայ, որպէսզի կարող ըլլանք մեր անձնական որոշումները առնել։ Սակայն, եթէ առանց իր կամքը նկատի առնելու որոշումներ կայացնենք, ուրեմն իրեն հանդէպ սիրոյ եւ վստահութեան պակաս ունինք (Փլպ. 2։13

17 Անգամ մը Սամուէլի օրերուն, իսրայէլը մեծ պարտութիւն կրեց փղշտացիներուն ձեռքով։ Աստուծոյ ժողովուրդը շատ պէտք ունէր օգնութեան եւ պաշտպանութեան։ Անոնք ի՞նչ ըրին։ Անոնք որոշեցին. «Տէրոջը ուխտին տապանակը Սելովէն մեր քով բերենք, որ մեր մէջ գտնուի ու մեզ ազատէ մեր թշնամիներուն ձեռքէն»։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ «Շատ մեծ կոտորած եղաւ եւ Իսրայէլէն երեսուն հազար հետեւակ զօրք ինկաւ, նաեւ Աստուծոյ տապանակը գրաւուեցաւ» (Ա. Թագ. 4։2-4, 10, 11)։ Թերեւս կը թուէր, թէ Տապանակը առնելով՝ իսրայէլացիները Եհովային օգնութիւնը կը խնդրէին։ Սակայն իրականութեան մէջ, անոնք Աստուծոյ ուղղութիւնը չէին խնդրած եւ իրենց խելքով կը քալէին։ Ուստի, սոսկալի հետեւանք կրեցին (կարդա՛ Առակաց 14։12

18. Աստուածաշունչը քեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ Եհովային վստահելու մասին։

18 Սաղմոսերգուն ցուցուց թէ ի՛նչն է ճիշդ սրտավիճակը, երբ գրեց. «Աստուծո՛յ յուսա, վասն զի անգամ մըն ալ զանիկա պիտի գովեմ, իր երեսին փրկութեանը համար։ Ո՛վ իմ Աստուածս, հոգիս իմ ներսիդիս կը ցածնայ. անոր համար քեզ կը յիշեմ» (Սաղ. 42։5, 6)։ Եհովայի հանդէպ ի՜նչ խոր զգացում եւ սէր։ Դուն ալ այս աստիճան կը սիրե՞ս եւ կը վստահի՞ս մեր երկնաւոր Հօր։ Նոյնիսկ եթէ այո՛ է պատասխանդ, տակաւին կրնաս իրեն հանդէպ վստահութիւնդ աւելցնել, ճիշդ ինչպէս որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէ եւ քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր։ Քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ զանիկա ճանչցիր ու անիկա քու շաւիղներդ պիտի ուղղէ» (Առ. 3։5, 6

19. Ինչպէ՞ս կ’ուզես Եհովային ցոյց տալ, թէ զինք կը սիրես։

19 Առաջ ինք մեզ սիրելով, Եհովան մեզի ցոյց տուած է զինք սիրելու կերպը։ Թող որ միշտ մեր միտքը պահենք, թէ ան ինչե՜ր ըրած է մեզի համար եւ թէ մեզ որքա՜ն կը սիրէ։ Եւ թող որ երթալով աւելի ցոյց տանք իրեն, թէ ‘ամբողջ սրտով եւ ամբողջ անձով ու ամբողջ մտքով եւ ամբողջ զօրութիւնով’ կը սիրենք զինք (Մար. 12։30