Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Կը ջանա՞ս Քրիստոսի հասակի չափին հասնիլ

Կը ջանա՞ս Քրիստոսի հասակի չափին հասնիլ

«Հասնինք. . . Քրիստոսի լման հասակին չափը ունենալու» (ԵՓ. 4։13

ԵՐԳԵՐ. 69, 70

1, 2. Իւրաքանչիւր քրիստոնեայ ի՞նչ նպատակակէտ պէտք է ունենայ. օրինակ մը տուր։

ԵՐԲ փորձառու տանտիկինը շուկայ երթայ թարմ պտուղ գնելու, միշտ մեծերը կամ աժանները չի զատեր, այլ՝ հասունները կը փնտռէ։ Ան կ’ուզէ այն պտուղը, որ աղուոր համ ու հոտ ունի եւ սննդարար է։ Ան կը զատէ այն պտուղը, որ լման աճած է, այսինքն հասուն է։

2 Նուիրումի եւ մկրտութեան հասնելէ ետք, քրիստոնեան կը շարունակէ աճիլ։ Իր նպատակն է՝ Աստուծոյ հասուն ծառայ ըլլալ։ Անշուշտ մենք կը խօսինք հոգեւոր հասունութեան մասին։ Պօղոս առաքեալ եփեսացիներուն գրեց որ պէտք է հոգեւորապէս հասուննան, քաջալերելով որ «հասն[ին] հաւատքին ու Աստուծոյ Որդին ճանչնալուն միաբանութեանը, կատարեալ մարդ ըլլալու, Քրիստոսի լման հասակին չափը ունենալու» (Եփ. 4։13

3. Ներկայիս Աստուծոյ ժողովուրդին պարագան ինչպէ՞ս կը նմանի Եփեսոսի ժողովքին պարագային։

3 Երբ Պօղոս իր նամակը գրեց, Եփեսոսի ժողովքը արդէն քանի մը տարիէ հաստատուած էր։ Հոն բազմաթիւ աշակերտներ հոգեւորապէս շատ աճած էին։ Սակայն ոմանք տակաւին պէտք ունէին հասունութեան դիմելու։ Ներկայիս Եհովայի վկաներուն պարագան նոյնն է։ Բազմաթիւ եղբայրներ ու քոյրեր երկար տարիներէ Աստուծոյ կը ծառայեն եւ հոգեւոր հասունութեան հասած են։ Բայց յստակ է որ ամէն անհատ այս մակարդակին չէ հասած։ Օրինակ՝ ամէն տարի հազարաւորներ կը մկրտուին. ուստի շատեր տակաւին պէտք ունին հասունութեան դիմելու։ Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ քու մասիդ (Կող. 2։6, 7

ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՅ ԱՃԻԼ

4, 5. Հասուն քրիստոնեաները իրարմէ ինչպէ՞ս կը տարբերին, բայց անոնք նոյնանման ի՞նչ բաներ ունին (տե՛ս բացման պատկերը)։

4 Երբ շուկան հասուն պտուղները կը քննես, կը տեսնես որ բոլորը իրարու չեն նմանիր։ Սակայն անոնք նոյնանման բաներ ունին, որոնք իրենց հասուն երեւոյթ կու տան։ Նմանապէս, հասուն քրիստոնեաները ունին տարբեր ազգութիւններ, ենթահողեր, առողջութիւն, տարիքներ եւ փորձառութիւններ։ Անոնք նոյնիսկ անձնաւորութեամբ կամ մշակոյթով իրարմէ կը տարբերին։ Սակայն, բոլոր հասուն քրիստոնեաները ունին նոյնանման յատկութիւններ, որոնք զիրենք իբրեւ հասուն կը բնորոշեն։ Ինչպէ՞ս։

5 Հասուն քրիստոնեան Յիսուսը կ’ընդօրինակէ եւ «իր շաւիղներուն [կը] հետեւի» (Ա. Պետ. 2։21)։ Յիսուս ի՞նչ բանի համար ըսաւ որ շատ կարեւոր է։ Եհովան սիրել ամբողջ սրտով, անձով ու մտքով, եւ ընկերը սիրել մեր անձին պէս (Մատ. 22։37-39)։ Հասուն քրիստոնեան այս պատուէրին հնազանդելու համար շատ ջանք կը թափէ։ Իր ապրելակերպը ցոյց կու տայ որ իրեն համար ամէնէն կարեւորը՝ Եհովային հետ իր փոխյարաբերութիւնն է եւ ուրիշներու հանդէպ անձնազոհ սէր ունի։

Տարեց քրիստոնեաներ Յիսուսին խոնարհութիւնը կ’ընդօրինակեն՝ թիկունք կանգնելով այն երիտասարդներուն, որոնք այժմ առաջնորդութիւնը կ’առնեն (տե՛ս պարբերութիւն 6)

 

6, 7. ա) Հասուն քրիստոնեան ի՞նչ յատկութիւններ ունի։ բ) Մենք մեզի ի՞նչ պէտք է հարցնենք։

6 Սէրը՝ հասուն քրիստոնեային ցուցաբերած յատկութիւններէն միայն մէկ հատն է (Գաղ. 5։22, 23)։ Ան նաեւ ցոյց կու տայ՝ հեզութիւն, ժուժկալութիւն եւ երկայնմտութիւն։ Այս յատկութիւնները իրեն կ’օգնեն դժուար պարագաներու հետ վարուելու առանց ջղայնանալու, եւ յուսախաբութիւններու տոկալու առանց յոյսը կորսնցնելու։ Անձնական ուսումնասիրութեան մէջ, ան միշտ աստուածաշնչական սկզբունքներ կը փնտռէ, որոնք իրեն կ’օգնեն ճիշդը սխալէն զանազանելու։ Անկէ ետք, իր որոշումները՝ Աստուածաշունչով մարզուած իր խիղճին վրայ հիմնուած ըլլալով, կը փաստեն թէ հոգեւորապէս հասուն է։ Հասուն քրիստոնեան խոնարհ է. ուստի Եհովայի ճամբաներն ու չափանիշները միշտ իրեններէն աւելի լաւ կը նկատէ *։ Ան նախանձախնդրօրէն բարի լուրը կը քարոզէ, եւ իր կարելին կ’ընէ ժողովքին միութիւնը պահելու համար։

7 Չնայած թէ քանի տարիէ Եհովային կը ծառայենք, կրնանք մենք մեզի հարցնել. «Արդեօք կա՞ն մարզեր, ուր տակաւին պէտք է փոփոխութիւններ ընելով Յիսուսին աւելի նմանիմ, եւ այսպէս շարունակեմ հոգեւորապէս աճիլ»։

«ՀԱՍՏԱՏՈՒՆ ԿԵՐԱԿՈՒՐԸ ՉԱՓԱՀԱՍՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ Է»

8. Յիսուս որքա՞ն լաւ գիտէր ու հասկցած էր Աստուծոյ Խօսքը։

8 Յիսուս Քրիստոս Աստուծոյ Խօսքը շատ լաւ գիտէր ու հասկցած էր։ Նոյնիսկ երբ միայն 12 տարեկան էր, ան կրցաւ տաճարին մէջ աստուածաշնչական նիւթեր խօսիլ վարդապետներու հետ։ «Անոր ականջ դնողները կը զարմանային անոր իմաստութեանը ու պատասխաններուն վրայ» (Ղուկ. 2։46, 47)։ Յետագային, իր երկրային ծառայութեան ընթացքին, Յիսուս Աստուծոյ Խօսքը վարպետութեամբ գործածելով, իր հակառակորդներուն բերանը գոցեց (Մատ. 22։41-46

9. ա) Հասուն քրիստոնեան սերտելու ի՞նչ սովորութիւններ ունի։ բ) Աստուածաշունչը սերտելու նպատակը ի՞նչ է։

9 Այն քրիստոնեան որ կ’ուզէ հոգեւորապէս աճիլ, Յիսուսին օրինակին կը հետեւի եւ Աստուածաշունչէն քիչ մը գիտութիւն առնելով չի գոհանար։ Ան կանոնաւորաբար անոր խորքերը կը թափանցէ, քանի որ գիտէ թէ «հաստատուն կերակուրը չափահասներուն համար է» (Եբ. 5։14)։ Հասուն քրիստոնեան կ’ուզէ «Աստուծոյ Որդին ճանչնալ» (Եփ. 4։13)։ Ուստի դուն քեզի հարցուր. «Ամէն օր Աստուածաշունչը կը կարդա՞մ։ Անձնական ուսումնասիրութեան յայտագիր ունի՞մ։ Ամէն ջանքս կ’ընե՞մ, որ իւրաքանչիւր շաբաթ ընտանեկան պաշտամունքին ժամանակ տրամադրեմ»։ Երբ Աստուածաշունչը կը սերտես, փնտռէ սկզբունքներ, որոնք քեզի կ’օգնեն աւելի յստակօրէն տեսնելու թէ Եհովան ինչպէ՛ս կը մտածէ եւ ի՛նչ կը զգայ։ Ետքը, ջանա՛ այդ սկզբունքները կիրարկել երբ որոշումներ կ’առնես։ Ասիկա քեզի պիտի օգնէ Եհովային ա՛լ աւելի մօտենալու։

10. Հասուն քրիստոնեային ստացած գիտութիւնը ինչպէ՞ս կ’ազդէ իր ամէնօրեայ կեանքին։

10 Հասուն քրիստոնեան կը հասկնայ թէ պարզապէս Աստուածաշունչին գիտութիւնը առնելը չի բաւեր։ Ան որքա՞ն կը սիրէ Աստուծոյ պատուէրներն ու սկզբունքները։ Ան այս սէրը ցոյց կու տայ, երբ փափաքի Եհովային կամքը կատարել, եւ ոչ թէ՝ իր կամքը։ Աւելին, ան վստահաբար կը ջանայ ‘իր վրայէն հանել’, այսինքն փոխել, իր մտածելու եւ վարուելու կերպը։ Մինչ այդ փոփոխութիւնները կ’ընէ, ան Քրիստոսը ընդօրինակելով՝ նոր անձնաւորութիւնը կը հագուի, որ «արդարութիւնով ու ճշմարիտ սրբութիւնով ստեղծուած է» (կարդա՛ Եփեսացիս 4։22-24)։ Չմոռնանք թէ Աստուած սուրբ հոգին գործածեց, որպէսզի Աստուածաշունչի գրողները առաջնորդէ։ Ուստի, մինչ քրիստոնեան Աստուածաշունչին չափանիշներուն առնչութեամբ իր գիտութիւնը եւ սէրը կ’աւելցնէ, թոյլ կու տայ որ սուրբ հոգին իր սրտին ու մտքին ազդէ։ Այսպիսով ան հոգեւորապէս կ’աճի։

ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՀԷ

11. Երկրի վրայ Յիսուս ինչպիսի՞ մարդոցմով շրջապատուած էր։

11 Երբ երկրի վրայ իբրեւ կատարեալ մարդ կ’ապրէր, Յիսուս անկատար մարդոցմով շրջապատուած էր։ Իր ծնողքը անկատար էին, եւ ինք տարիներ ապրեցաւ անկատար ազգականներու հետ։ Նոյնիսկ իր ամէնէն մտերիմ հետեւորդները հպարտութիւն եւ անձնասիրութիւն ունէին։ Օրինակ՝ Յիսուսի մահուան նախորդող գիշերը, «վէճ մըն ալ եղաւ անոնց մէջ՝ թէ իրենցմէ ո՞վ մեծ պիտի սեպուի» (Ղուկ. 22։24)։ Բայց Յիսուս վստահ էր, որ իր անկատար հետեւորդները կրնայի՛ն հոգեւորապէս աճիլ եւ միաբան ժողովք մը կազմել։ Նոյն գիշերը, Յիսուս աղօթեց որ իր առաքեալները միաբան ըլլան, եւ իր երկնաւոր Հօրմէն խնդրեց. «Ամէնքն ալ մէկ ըլլան, ինչպէս դո՛ւն, ո՛վ Հայր, իմ մէջս՝ ու ես քու մէջդ, որպէս զի անոնք ալ մեր մէջ մէկ ըլլան. . . որպէս զի մէկ ըլլան՝ ինչպէս մենք մէկ ենք» (Յովհ. 17։21, 22

12, 13. ա) Որպէս քրիստոնեաներ, ի՞նչ է մեր նպատակակէտը։ բ) Եղբայր մը ինչպէ՞ս սորվեցաւ միութիւնը պահպանել։

12 Հասուն քրիստոնեան ժողովքին միութիւնը կը պահպանէ (կարդա՛ Եփեսացիս 4։1-6, 15, 16)։ Մեր նպատակակէտն է որ Աստուծոյ ժողովուրդը «մէկտեղ կազմուած» ըլլայ եւ բոլոր անդամները իրարու հետ միութեամբ աշխատին։ Այս միութիւնը ունենալու համար, ըստ Աստուածաշունչին, պէտք է խոնարհութիւն ունենանք։ Հասուն քրիստոնեան խոնարհութեամբ ժողովքին միութիւնը կը պահպանէ, նոյնիսկ երբ ուրիշներուն թերութիւնները իրեն դպնան։ Ուստի դուն քեզի հարցուր. «Ինչպէ՞ս կը հակազդեմ, երբ եղբայր մը կամ քոյր մը ինծի հանդէպ սխալի։ Ի՞նչ կ’ընեմ, երբ ժողովքի անդամ մը զիս վիրաւորէ։ Սովորաբար իմ եւ իրեն միջեւ պա՞տ մը կը քաշեմ, թէ ոչ՝ կը փորձեմ մեր միջեւ եղած բացութեան վրայէն կամուրջ մը նետել»։ Հասուն քրիստոնեան կ’ուզէ եւ իրապէս մեծ ջանք կը թափէ կամուրջներ շինելու, փոխանակ՝ պատեր։

13 Ուվը անունով եղբօր մը օրինակը նկատի առ։ Անցեալին, ան հաւատակիցներուն անկատարութիւններով անհանգիստ կը դառնար։ Ետքը, ան որոշեց Աստուածաշունչը եւ Խորաթափանց ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն վրայ գիրքերը գործածել, որպէսզի Դաւիթին կեանքը սերտէ։ Ինչո՞ւ Դաւիթը։ Ուվը կը բացատրէ. «Դաւիթ կարգ մը հաւատակիցներուն անաստուածաշնչական վերաբերմունքը դիմագրաւեց։ Օրինակ՝ Սաւուղ թագաւորը փորձեց զինք սպաննել, ոմանք ուզեցին զինք քարկոծել, եւ նոյնիսկ ի՛ր կինը իրեն ծաղր ըրաւ (Ա. Թագ. 19։9-11. 30։1-6. Բ. Թագ. 6։14-22)։ Սակայն Դաւիթ բնա՛ւ թոյլ չտուաւ, որ ուրիշներուն վարքը տկարացնէ Եհովային հանդէպ իր սէրը։ Նաեւ, Դաւիթ ողորմած սիրտ ունէր, բան մը որ ես չունէի։ Աստուածաշունչէն սորվածներս փոխեցին հաւատակիցներուն թերութիւններուն նկատմամբ իմ տեսակէտս։ Այլեւս ուրիշներու սխալները տետրակի մէջ չեմ անցըներ։ Փոխարէն՝ կը ջանամ ժողովքին միութեան նպաստել»։ Քու նպատակակէ՞տդ ալ ժողովքին միութիւնը պահպանելն է։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿԱՄՔԸ ԿԱՏԱՐՈՂՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋԷՆ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐ ԶԱՏԷ

14. Յիսուս ինչպիսի՞ մարդիկ որպէս բարեկամ զատեց։

14 Յիսուս Քրիստոս ընդհանուր առմամբ մարդոց հետ ընկերային էր։ Ամէն տեսակի մարդիկ իրեն հետ հանգիստ կը զգային,– տղամարդիկ, կիներ, ծերեր, նոյնիսկ պզտիկներ։ Սակայն մտերիմ բարեկամներ զատելու մէջ Յիսուս ուշադիր էր։ Ան իր հաւատարիմ առաքեալներուն ըսաւ. «Դուք իմ բարեկամներս էք, եթէ ընելու ըլլաք ինչ որ ես ձեզի կը պատուիրեմ» (Յովհ. 15։14)։ Ան բարեկամներ զատեց անոնց մէջէն, որոնք հաւատարմօրէն իրեն կը հետեւէին եւ Եհովային սրտանց կը ծառայէին։ Դուն ալ մտերիմ բարեկամներդ կը զատե՞ս անոնց մէջէն, որոնք ամբողջ սրտով Եհովան կը սիրեն։ Ասիկա ինչո՞ւ կարեւոր է։

15. Հասուն քրիստոնեաներու հետ բարեկամանալով, պատանիները ինչպէ՞ս կ’օգտուին։

15 Բազմաթիւ պտուղներ ամէնէն շատ կը հասուննան արեւուն ջերմ լոյսին տակ։ Նմանապէս մեր եղբայրութեան ջերմութիւնը կրնայ քեզի օգնել հասունութեան դիմելու։ Թերեւս պատանի մըն ես եւ կը փորձես որոշել, թէ ի՛նչ պիտի ընես կեանքիդ մէջ։ Որքա՜ն իմաստուն կ’ըլլաս, եթէ ընկերակցիս հաւատակիցներու հետ, որոնք Եհովային ծառայութեան մէջ փորձառութիւն ունին եւ ժողովքին միութիւնը կը պահպանեն։ Տարիներու ընթացքին, անոնք թերեւս իրենց կեանքին մէջ թէ՛ լաւ եւ թէ գէշ ժամանակներ ունեցած են, կամ նոյնիսկ Եհովային ծառայութեան մէջ մարտահրաւէրներ դիմագրաւած են։ Այսպիսի անձեր քեզի կրնան օգնել կեանքի լաւագոյն ընթացքը զատելու։ Անոնց հետ ժամանակ անցընելը կրնայ քեզի օգնել որ իմաստուն որոշումներ առնես եւ հասունութեան դիմես (կարդա՛ Եբրայեցիս 5։14

16. Պատանի քոյր մը ժողովքին մէջ իրմէ մեծ եղողներէ ինչպէ՞ս օգնութիւն ստացաւ։

16 Հելկա անունով քոյր մը կը յիշէ, թէ դպրոցական վերջին տարուան ընթացքին, իր դասընկերները կը խօսէին իրենց նպատակակէտերուն մասին։ Անոնցմէ շատեր կ’ուզէին համալսարան երթալ, յուսալով յաջող ասպարէզ մը ունենալ։ Հելկան ժողովքէն եղող իր բարեկամներուն հետ խօսեցաւ այս նիւթին մասին։ Ան կ’ըսէ. «Անոնցմէ շատեր ինձմէ մեծ էին, եւ ինծի շատ օգտակար դարձան։ Անոնք զիս քաջալերեցին որ լիաժամ ծառայութեան ձեռնարկեմ։ Անկէ ետք, կրցայ հինգ տարի ռահվիրայութիւն ընել։ Հիմա որ տարիներ անցած են, ուրախ եմ որ պատանեկութեանս մեծ մասը կեդրոնացուցի Եհովայի ծառայութեան վրայ։ Ո՛չ մէկ պատճառ ունիմ ըրածիս համար զղջալու»։

17, 18. Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովային մեր լաւագոյնը տալ։

17 Յիսուսի օրինակին հետեւիլը մեզի պիտի օգնէ հասուն քրիստոնեաներ ըլլալու։ Եհովային աւելի պիտի մօտենանք եւ ա՛լ աւելի պիտի ուզենք իրեն կարելի եղածին չափ շատ ծառայել։ Երբ քրիստոնեան հոգեւորապէս հասուն դառնայ, կրնայ Եհովային իր լաւագոյնը տալ։ Յիսուս իր հետեւորդները քաջալերեց. «Թող լուսաւորուի ձեր լոյսը մարդոց առջեւ, որ տեսնեն ձեր բարի գործերը ու փառաւորեն ձեր Հայրը որ երկինքն է» (Մատ. 5։16

18 Նկատի առինք թէ հասուն քրիստոնեան կրնայ ժողովքին մէջ շատ լաւ ազդեցութիւն ունենալ։ Եւ ան իր խիղճը գործածելու կերպով յայտնի կ’ընէ իր հոգեւոր հասունութիւնը։ Մեր խիղճը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել իմաստուն որոշումներ առնելու։ Եւ ինչպէ՞ս կրնանք մեր հաւատակիցներուն խիղճը յարգել։ Այս կէտերը յաջորդ յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք։

^ պարբ. 6 Օրինակ՝ կրնայ տարեց եւ փորձառու եղբայրներէն խնդրուիլ որ որոշ պատասխանատուութիւններ ձգեն, եւ աջակցին երիտասարդ եղբայրներուն, որոնք այդ պատասխանատուութիւնները կը ստանան։