Անձնուրաց ծառայողներ. Ռուսիա
ՌՈՒՍԻՈՅ Եհովայի վկաները 1991–ին շատ ուրախացան, երբ երկարատեւ արգիլումը վերցուեցաւ եւ պաշտօնական ճանաչում ստացան։ Այդ ատեն ո՞վ կ’ըսէր որ Վկաներուն թիւը պիտի տասնապատկուէր, հասնելով մօտ 170,000–ի այսօր։ Այդ Թագաւորութեան ժրաջան քարոզիչներուն մէջ կան ոմանք, որոնք օտար երկիրներէ փոխադրուած են՝ հոգեւոր հունձքին մէջ օգնութեան ձեռք տալու (Մատ. 9։37, 38)։ Նկատի առնենք անոնցմէ ոմանք։
ՅՕԺԱՐԱԿԱՄ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐ ԺՈՂՈՎՔՆԵՐԸ ԶՕՐԱՑՆԵԼՈՒ ՄԷՋ ԲԱԺԻՆ ԿԸ ԲԵՐԵՆ
Երբ Ռուսիոյ մէջ արգիլումը վերցուեցաւ, Մեթիու, որ Մեծն Բրիտանիայէն է, 28 տարեկան էր։ Սոյն տարին, նահանգային համաժողովի մէկ դասախօսութեան մէջ, շեշտուեցաւ որ Արեւելեան Եւրոպայի ժողովքները օգնութեան կարիք ունին։ Դասախօսը առ ի օրինակ նշեց Ռուսիոյ Սենթ Փեթերսպուրկի ժողովք մը, որ երէց չունէր, հապա՝ միայն մէկ օգնական ծառայ։ Ասով հանդերձ, հրատարակիչները Աստուածաշունչի հարիւրաւոր ուսումնասիրութիւններ կը վարէին։ Մեթիուն կ’ըսէ. «Դասախօսութենէն ետք, մտքիս մէջ միշտ Ռուսիան կը դառնար, այնպէս որ աղօթքներուս մէջ մասնայատուկ կերպով Եհովային ըսի, որ կը փափաքիմ հոն փոխադրուիլ»։ Ան քիչ մը դրամ շատցուց, իր ունեցուածքին մեծ մասը ծախեց եւ 1992–ին Ռուսիա փոխադրուեցաւ։ Անոր հետ ի՞նչ պատահեցաւ։
«Լեզուն սորվիլը դժուար էր», կը պատմէ ան։ «Չէի կրնար սահունութեամբ հոգեւոր զրոյցներ ունենալ»։ Իջեւան գտնելը նոյնպէս խնդիր էր։ «Շատ անգամներ կը ստիպուէի շուտով բնակարանէ բնակարան փոխադրուիլ»։ Այդ սկզբնական խոչընդոտներով հանդերձ, Մեթիուն կ’ըսէ. «Լաւագոյն որոշումը որ առած եմ՝ Ռուսիա փոխադրուիլն է»։ Ան կը բացատրէ. «Հոս ծառայելով ես սորվեցայ Եհովային ա՛լ աւելի ապաւինիլ եւ իր առաջնորդութիւնը զգացի շատ մը կերպերով»։ Մեթիուն յետագային երէց եւ մասնաւոր ռահվիրայ նշանակուեցաւ, եւ այժմ կը ծառայէ մասնաճիւղին մէջ, որ Սենթ Փեթերսպուրկի մօտ է։
1999–ին, Հերու 25 տարեկանին աւարտեց Ծառաներու մարզումի դպրոցը Ճափոնի մէջ։ Դասաւանդողներէն մէկը զինք քաջալերեց որ օտար երկրի մը մէջ ծառայէ։ Հերուն լսած էր որ Ռուսիոյ մէջ մեծ կարիք կայ.
հետեւաբար սկսաւ ռուսերէն սորվիլ։ Ան ուրիշ գործնական քայլ մը եւս առաւ։ «Վեց ամիս Ռուսիա գացի», կը պատմէ ան։ «Քանի՛ որ այդտեղի ձմեռը շատ ցուրտ է, ես նոյեմբերին գացի, որպէսզի գիտնամ թէ պիտի կրնա՛մ դիմանալ կամ ոչ»։ Ձմեռը հոն անցընելէ ետք, եղբայրը Ճափոն վերադարձաւ եւ շատ պարզ կեանք մը ապրելով՝ պէտք եղած գումարը հաւաքեց որպէսզի Ռուսիա վերադառնայ, բայց այս անգամ՝ հոն մնալու։Արդէն 12 տարի է, որ Հերուն Ռուսիոյ մէջ կ’ապրի եւ շատ մը ժողովքներու մէջ ծառայած է։ Ատեններ, ան աւելի քան 100 հրատարակիչներու միակ երէցն էր։ Ատեն մը, ժողովքի մը մէջ, ի՛նք ամէն շաբաթ Ծառայութեան ժողովի գրեթէ բոլոր բաժինները կը ներկայացնէր, կը վարէր Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցը, Դիտարան–ի ուսումնասիրութիւնը եւ հինգ անգամ Ժողովքի գրքի ուսումնասիրութիւնը։ Ասկէ զատ, ան բազմաթիւ հովուական այցելութիւններ կ’ընէր։ Այդ տարիները յիշելով, Հերուն կ’ըսէ. «Մեծապէս կ’ուրախանայի եղբայրներուն ու քոյրերուն օգնելով որ հոգեւորապէս զօրանան»։ Ռուսիոյ մէջ ծառայելը ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցած է իր վրայ։ Ան կ’ըսէ. «Ռուսիա գալէս առաջ, ես երէց եւ ռահվիրայ էի, բայց կը զգամ որ գալէս ետք, բոլորովին նոր փոխյարաբերութիւն մը զարգացուցած եմ Եհովային հետ։ Սորված եմ կեանքիս բոլոր մարզերուն մէջ Եհովային ա՛լ աւելի վստահիլ»։ Ան 2005–ին ամուսնացաւ Սվեթլանային հետ, եւ միասնաբար կը շարունակեն ռահվիրայութիւն ընել։
Մեթիու 34 տարեկան եւ իր եղբայրը՝ Մայքլ 28 տարեկան Քանատայէն են։ Երկուքն ալ Ռուսիա այցելեցին եւ ապշեցան, տեսնելով որ բազմաթիւ հետաքրքրուած անհատներ ժողովներու կու գային, բայց քիչ եղբայրներ կային, որոնք կրնային անոնց հետ սերտել։ Մեթիուն կ’ըսէ. «Այն ժողովքը որ այցելեցի, 200 ներկաներ ունէր, բայց բոլոր ժողովներն ալ կը վարուէին տարիքոտ երէցի մը եւ երիտասարդ օգնական ծառայի մը կողմէ։ Այդ վիճակը տեսնելէս ետք, ուզեցի հոն փոխադրուիլ այդ եղբայրներուն օգնելու համար»։ Ան 2002–ին Ռուսիա փոխադրուեցաւ։
Չորս տարի ետք, Մայքլն ալ Ռուսիա փոխադրուեցաւ եւ շուտով անդրադարձաւ, որ տակաւին եղբայրներու մեծ կարիք կայ։ Օգնական ծառայ ըլլալով, ան նշանակուեցաւ որ հաշիւներուն, հրատարակութիւններուն եւ թաղամասերուն հոգ տանի։ Իրմէ նաեւ խնդրուեցաւ որ ընէ այն ինչ որ սովորաբար ժողովքի քարտուղարը կ’ընէ, ինչպէս նաեւ հանրային դասախօսութիւններ տայ, եւ համաժողովներ կազմակերպելու ու Թագաւորութեան սրահներ շինելու մէջ օգնական ըլլայ։ Մինչեւ օրս տակաւին օգնութեան ձեռքերու կարիք կայ ժողովքներուն մէջ։ Հակառակ որ բազմաթիւ նշանակումներու հոգ տանիլը շատ ջանք կ’ուզէ, բայց Մայքլ, որ այժմ երէց մըն է, կ’ըսէ. «Եղբայրներուն օգնելով բաւական գոհունակ կը զգամ։ Ասիկա լաւագոյն կեանքն է ինծի համար»։
Մինչ այդ, Մեթիուն Մարինայի հետ ամուսնացաւ, իսկ Մայքլը՝ Օլկային հետ։ Այս երկու զոյգերը, շատ մը անձնուրաց ծառայողներու կողքին, կը շարունակեն ուռճացող ժողովքներուն աջակցիլ։
ՆԱԽԱՆՁԱԽՆԴԻՐ ՔՈՅՐԵՐ ՀՈՒՆՁՔԻ ԳՈՐԾԻՆ ՄԷՋ Կ’ՕԳՆԵՆ
1994–ին, երբ Թաթիանա 16 տարեկան էր, Չեխիայի Հանրապետութենէն, Լեհաստանէն եւ Սլովաքիայէն վեց մասնաւոր ռահվիրաներ եկան Ուքրանիա, իր ժողովքին մէջ ծառայելու։ Թաթիանան խանդաղատանքով կը մտաբերէ. «Անոնք նախանձախնդիր, մարդամօտ եւ ազնիւ ռահվիրաներ էին, որոնք Աստուածաշունչը լաւ գիտէին»։ Երբ քոյրը տեսաւ թէ Եհովան ինչպէ՛ս կ’օրհնէր անոնց անձնազոհ ոգին, մտածեց. «Կ’ուզեմ իրենց պէս ըլլալ»։
Ռահվիրաներէն քաջալերուելով, Թաթիանան իր դպրոցական արձակուրդները օգտագործեց, ուրիշներու հետ ճամբորդելով Ուքրանիոյ եւ Պիելոռուսիոյ այն հեռաւոր շրջանները, ուր Վկաները չէին քարոզած։ Քոյրը ա՛յնքան հաճոյք առաւ այդ քարոզչական ճամբորդութիւններէն, որ ծրագրեց իր ծառայութիւնը ընդարձակել՝ Ռուսիա փոխադրուելով։ Սկիզբը, ան կարճ կեցութեան
մը համար հոն գնաց, փոխադրուած քրոջ մը այցելելու եւ իր ռահվիրայութեան թիկունք կանգնող գործ մը ճարելու նպատակով։ Ետքը, 2000 թուականին, ան Ռուսիա փոխադրուեցաւ։ Արդեօք որեւէ դժուարութիւն գտա՞ւ։Թաթիանան կը պատմէ. «Քանի որ ի վիճակի չէի անձնական բնակարան մը ունենալու, ստիպուեցայ ուրիշներու տան մէկ սենեակը վարձել։ Ասիկա դիւրին ապրելակերպ մը չէր։ Եղան պահեր, երբ ուզեցի երկիրս վերադառնալ։ Բայց Եհովան միշտ ինծի օգնեց որ տեսնեմ, թէ ծառայութիւնս շարունակելով պիտի օրհնուիմ»։ Այսօր, Թաթիանան Ռուսիոյ մէջ միսիոնար է։ Ան կ’եզրակացնէ. «Երկրէս դուրս անցուցած բոլոր տարիներուս ընթացքին, ձեռք բերած եմ արժէքաւոր փորձառութիւններ եւ բազմաթիւ բարեկամութիւններ։ Ամէնէն կարեւորը, այս տարիները իմ հաւատքս զօրացուցած են»։
Մասաքօ, որ Ճափոնէն է եւ 50–ական տարիքի սկիզբն է, միշտ փափաքած է միսիոնար ըլլալ, բայց վատառողջութեան պատճառաւ չէ կրցած այդ մէկը ընել։ Բայց երբ իր առողջութիւնը որոշ չափով լաւացաւ, քոյրը որոշեց Ռուսիա փոխադրուիլ հունձքի գործին մասնակցելու։ Յարմար բնակարան եւ կայուն գործ ճարելը դժուար ըլլալով հանդերձ, ան որոշ չափով կրցաւ իր ռահվիրայութեան թիկունք կանգնող գործ մը գտնել՝ ճափոներէն սորվեցնելով եւ տան մաքրութիւն ընելով։ Ի՞նչ բան քրոջ օգնած է որ շարունակէ ծառայել։
Մասաքոն Ռուսիոյ մէջ իր 14 քարոզչական տարիներուն վրայ յետադարձ ակնարկ մը նետելով կ’ըսէ. «Ծառայութեան մէջ գտած ուրախութիւնս ունեցած դժուարութիւններուս տեղը կը հանէ։ Աշխոյժ եւ հետաքրքրական կեանք մը կ’ունենաս, երբ կը քարոզես հո՛ն, ուր Թագաւորութեան հրատարակիչներու մեծ կարիք կայ»։ Քոյրը կ’աւելցնէ. «Ուղղակի զգացած եմ թէ Եհովան ինչպէ՛ս այս տարիներուն ընթացքին ապահոված է ուտելիքս, հագուստս եւ պատսպարանս. ասիկա արդի հրաշք մըն է»։ Ռուսիոյ մէջ ծառայելէ զատ, Մասաքոն նաեւ քարոզած է Ղրղըզստանի մէջ, ինչպէս նաեւ կրցած է անգլիախօս, չինախօս եւ ուիղուրախօս խումբերու օգնել։ Ներկայիս ան Սենթ Փեթերսպուրկի մէջ ռահվիրայ մըն է։
ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐ Կ’ԱՋԱԿՑԻՆ ԵՒ Կ’ՕՐՀՆՈՒԻՆ
Ընտանիքներ յաճախ օտար երկիր կը փոխադրուին նիւթական գետնի վրայ բարելաւուելու համար։ Բայց որոշ ընտանիքներ, վաղեմի Աբրահամի եւ Սառայի նման, Ծն. 12։1-9)։ Նկատի առ ամուսնացած զոյգ մը՝ Միխայիլն ու Ինկան, որոնք 2003–ին Ուքրանիայէն Ռուսիա փոխադրուեցան։ Շատ չանցած, անոնք ճշմարտութեան ծարաւ անհատներ գտան։
արտասահման կը փոխադրուին հոգեւո՛ր նպատակներ հետապնդելու համար (Միխայիլ կը պատմէ. «Օր մը քարոզեցինք տեղ մը, ուր բնաւ չէր քարոզուած։ Տարեց մարդ մը դուռը բացաւ ու հարցուց. ‘Դուք քարոզիչնե՞ր էք’։ Երբ այո ըսինք, ան ըսաւ. ‘Գիտէի որ օրին մէկը պիտի գաք։ Անկարելի է որ Յիսուսի խօսքերը չկատարուին’։ Մարդը ապա Մատթէոս 24։14–էն մէջբերեց»։ Միխայիլ կ’աւելցնէ. «Այդ շրջանին մէջ նաեւ գտանք մօտ տասը մկրտչական կիներ, որոնք անկեղծօրէն ճշմարտութեան ծարաւ էին։ Անոնք Յաւիտեան ապրիլ գիրքը ունէին եւ ամէն շաբաթավերջին զայն կը գործածէին Աստուածաշունչը միասին սերտելու համար։ Մենք ժամերով իրենց հարցումներուն պատասխանեցինք, իրենց հետ Թագաւորութեան երգեր երգեցինք եւ միասին ընթրեցինք։ Այդ այցելութիւնը ամենագեղեցիկ յիշատակներէս մէկն է»։ Թէ՛ Միխայիլը եւ թէ Ինկան կ’ըսեն որ Թագաւորութեան հրատարակիչներու կարօտ թաղամասերու մէջ աշխատելուն շնորհիւ, Եհովային աւելի մօտեցած են, մարդոց հանդէպ իրենց սէրը խորացուցած են, ինչպէս նաեւ՝ շատ գոհացուցիչ կեանք մը ունենալով օրհնուած են։ Այսօր Միխայիլը կը ծառայէ որպէս շրջանային տեսուչ։
2007–ին, Ուքրանիայէն ամուսնացած զոյգ մը՝ Եուրի եւ Օքսանա, որոնք այժմ իրենց 30–ական տարիքի կիսուն են, իրենց տղուն՝ Ալեքսէյին հետ այժմ 13 տարեկան Ռուսիոյ մասնաճիւղը այցելեցին։ Հոն տեսան Ռուսիոյ քարտէս մը, որուն վրայ ահագին չնշանակուած թաղամասեր կային։ Օքսանան կ’ըսէ. «Քարտէսը տեսնելնէս ետք, աւելի անդրադարձանք որ Թագաւորութեան քարոզիչներու մեծ կարիք կայ։ Հետեւաբար, մտքերնիս դրինք Ռուսիա փոխադրուիլ»։ Ուրիշ ի՞նչ բան իրենց օգնեց։ Եուրի կ’ըսէ. «Օգտուեցանք մեր հրատարակութիւններէն կարդալով որոշ յօդուածներ, ինչպէս՝ ‘Օտար դաշտի մը մէջ կրնա՞ք ծառայել’ յօդուածը *։ Այցելեցինք Ռուսիոյ այն շրջանը, որ մասնաճիւղը առաջարկած էր որ փոխադրուինք, եւ հոն բնակարան ու գործ փնտռեցինք»։ Անոնք 2008–ին Ռուսիա փոխադրուեցան։
Սկիզբը դժուար էր գործ գտնել եւ շատ անգամ ստիպուեցան բնակարանէ բնակարան փոխադրուիլ։ Եուրին կ’ըսէ. «Յաճախ կ’աղօթէինք որ չվհատինք եւ ապա կը շարունակէինք քարոզչութեան մասնակցիլ՝ վստահելով որ Եհովան պիտի օգնէ։ Եւ տեսանք թէ ան ինչպէ՛ս մեզի հոգ կը տանի, երբ իր Թագաւորութիւնը առաջին տեղը կը դնենք։ Մեր ընտանիքը զօրացաւ այս ծառայութեան միջոցով» (Մատ. 6։22, 33)։ Իսկ պատանի Ալեքսէյը ինչպէ՞ս ազդուեցաւ այս տեսակ ծառայութենէն։ «Շատ օգտուած է», կ’ըսէ Օքսանան։ «Ան ինը տարեկանին Եհովային նուիրուեցաւ ու մկրտուեցաւ։ Թագաւորութեան քարոզիչներու մեծ կարիքը տեսնելով, տղաս կը մղուի դպրոցի արձակուրդներուն օժանդակ ռահվիրայութիւն ընելու։ Շա՛տ կ’ուրախանանք, մինչ ծառայութեան նկատմամբ իր սէրն ու եռանդը կը տեսնենք»։ Ներկայիս, Եուրին եւ Օքսանան մասնաւոր ռահվիրաներ են։
«ՄԻԱԿ ԲԱՆԸ ՈՐ ԿԸ ԶՂՋԱՄ»
Հունձքի այս մշակներուն արտայայտութիւններէն յստակ կը դառնայ, որ ծառայութիւնը ընդարձակելու նպատակաւ ուրիշ տեղ փոխադրուիլը կը պահանջէ, որ լիովին Եհովային վստահիս։ Ճիշդ է որ հրատարակիչներու կարօտ շրջաններու մէջ ծառայողները մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն, բայց միաժամանակ շատ կ’ուրախանան քարոզելով անոնց, որոնք Թագաւորութեան պատգամին ականջ կու տան։ Կրնա՞ս ծառայել հո՛ն, ուր տակաւին Թագաւորութեան հրատարակիչներու մեծ կարիք կայ։ Եթէ որոշես այդ մէկը ընել, թերեւս շատ չանցած զգաս ինչպէս որ Եուրին զգաց, որ իր այս որոշումին համար ըսաւ. «Միակ բանը որ կը զղջամ այն է, որ ասիկա աւելի կանուխ չըրի»։
^ պարբ. 20 Տե՛ս Դիտարան–ի 15 հոկտեմբեր 1999 թիւը, էջ 23-27։