Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ան սիրեց մարդիկը

Ան սիրեց մարդիկը

«Իմ զուարճութիւնս մարդոց որդիներուն հետ էր» (ԱՌ. 8։31

1, 2. Յիսուս մարդկութեան հանդէպ իր մեծ սէրը ինչպէ՞ս փաստած է։

ՅԻՍՈՒՍ Եհովայի անըմբռնելի իմաստութեան առաջին եւ մեծագոյն օրինակն է։ Ան Աստուծոյ «ճարտարապետ»ն էր։ Երեւակայէ իր ուրախութիւնն ու գոհունակութիւնը, մինչ կը տեսնէր թէ Հայրը ինչպէ՛ս «երկինքները կը պատրաստէր» եւ «երկրի հիմերը կը ձգէր»։ Սակայն Աստուծոյ անդրանիկ Որդւոյն «զուարճութիւնը»,– անշունչ բաներէն աւելի,– «մարդոց որդիներուն հետ էր» (Առ. 8։22-31)։ Այո, Յիսուս իր նախամարդկային գոյութենէն ի վեր կը սիրէ մարդկութիւնը։

2 Յետագային, Յիսուս իր Հօր հանդէպ իր սէրն ու հաւատարմութիւնը փաստեց, ինչպէս նաեւ «մարդոց որդիներուն» հանդէպ իր մեծ սէրը ցուցուց, երբ կամովին իր «անձը ունայնացուց» մարդոց նման ըլլալով, որպէսզի «շատերու համար փրկանք» տայ (Փլպ. 2։5-8. Մատ. 20։28)։ Ան որքա՜ն կը սիրէ մարդկութիւնը։ Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, Աստուած իրեն ոյժ տուաւ որ հրաշքներ կատարէ,– հրաշքներ որոնք ցոյց տուին իր մեծ սէրը մարդոց հանդէպ։ Այդպիսով, Յիսուս ցուցադրեց թէ մօտ օրէն ի՜նչ հիանալի բաներ պիտի ընէ արար աշխարհի մէջ։

3. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։

3 Երկրի վրայ ըլլալով, Յիսուս նաեւ կրցաւ «Աստուծոյ թագաւորութիւնը քարոզե[լ]» (Ղուկ. 4։44)։ Ան գիտէր որ այս Թագաւորութիւնը պիտի սրբացնէր իր Հօր անունը եւ վերջնականապէս պիտի լուծէր մարդկութեան խնդիրները։ Յիսուս իր քարոզչութեան ընթացքին շատ մը հրաշքներ գործեց, որոնք ցոյց տուին իր անկեղծ հետաքրքրութիւնը մարդկութեան հանդէպ։ Ասիկա ինչո՞ւ կարեւոր է մեզի։ Որովհետեւ իր ըրածները, ապագային նկատմամբ մեզի վստահութիւն եւ յոյս կը ներշնչեն։ Ուստի նկատի առնենք իր գործած հրաշքներէն չորսը։

«Կ’ՈՒԶԵ՛Մ, ՄԱՔՐՈՒԷ՛»

4. Ի՞նչ պատահեցաւ, երբ Յիսուս բորոտի մը հանդիպեցաւ։

4 Երբ Յիսուս իր ծառայութեան ընթացքին Գալիլիայի շրջանը հասաւ, այդտեղի քաղաքներէն մէկուն մէջ խղճալի տեսարան մը տեսաւ (Մար. 1։39, 40)։ Հանդիպեցաւ մարդու մը, որ ահռելի հիւանդութիւն մը ունէր,– բորոտութիւն։ Հիւանդութիւնը ա՛յնքան յառաջացած էր, որ բժիշկ Ղուկաս ըսաւ որ ան «բորոտութիւնով լեցուն» էր (Ղուկ. 5։12)։ «Երբ [բորոտը] Յիսուսը տեսաւ, երեսի վրայ իյնալով աղաչեց անոր ու ըսաւ. ‘Տէ՛ր, եթէ ուզես՝ կրնաս զիս մաքրել’»։ Ան վստահ էր որ Յիսուս զօրութիւնը ունէր զինք բուժելու, բայց կ’ուզէր գիտնալ, որ ան փափաքը ունէ՛ր կամ ոչ. որովհետեւ ինք վարժուած էր փարիսեցիներու կեցուածքին, որոնք բորոտներու հանդէպ անսիրտ էին։ Յիսուս ի՞նչ կը մտածէր արդեօք։ Պիտի բուժէ՞ր այս մարդը, որուն տեսքը հաւանաբար այլանդակուած էր։ Դո՛ւն ի՞նչ պիտի ընէիր։

5. Ի՞նչ բան Յիսուսը մղեց որ «Կ’ուզե՛մ» ըսէ։

5 Ըստ երեւոյթին, այս բորոտը անտեսած էր այն օրէնքը, որուն համաձայն պէտք էր «Անմաքուր եմ, անմաքուր եմ» ըսէր։ Բայց Յիսուս այդ նիւթը չբացաւ, հապա մարդուն եւ անոր կարիքներուն վրայ կեդրոնացաւ (Ղեւ. 13։43-46)։ Չենք գիտեր թէ Յիսուս ճիշդ ի՛նչ կը մտածէր այդ պահուն, բայց գիտենք թէ ի՛նչ զգաց։ Կարեկցութենէ մղուած, ան հրաշք մը գործեց։ Իր ձեռքը երկնցուց, բորոտին դպաւ եւ ազդեցիկ ու քնքուշ ձայնով ըսաւ. «Կ’ուզե՛մ, մաքրուէ՛» (Ղուկ. 5։13)։ Արդարեւ, Յիսուս Աստուծմէ զօրութիւն ստացաւ, որ ոչ միայն հրաշքը գործէր, այլեւ՝ ցոյց տար թէ որչափ կը սիրէր մարդիկը (Ղուկ. 5։17

6. Յիսուսի հրաշքներուն նկատմամբ ի՞նչ բան աչքառու է, եւ անոնք ի՞նչ ցոյց կու տան։

6 Աստուծոյ զօրութեան շնորհիւ, Յիսուս Քրիստոս կրցաւ շատ մը ապշեցուցիչ հրաշքներ գործել։ Ան ոչ միայն բորոտներ բուժեց, այլեւ՝ ամէն տեսակի ախտ ու հիւանդութիւն։ Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ. «Ժողովուրդը զարմացաւ, տեսնելով որ համրերը կը խօսէին, հաշմանդամները կը բժշկուէին, կաղերը կը քալէին եւ կոյրերը կը տեսնէին» (Մատ. 15։31)։ Յիսուս մարմնի անդամներու պատուաստումներ չըրաւ, ինչպէս որ արդի վիրաբոյժներ կ’ընեն, հապա նոյնինքն՝ մարմնի վնասուած անդամնե՛րը բուժեց։ Ան վայրկեանական բուժումներ ըրաւ. երբեմն ալ՝ նոյնիսկ հեռուէն (Յովհ. 4։46-54)։ Այս զարմանալի օրինակները մեզի ցոյց կու տան, որ Յիսուս,– որ այժմ երկնային Թագաւոր է,– ոչ միայն զօրութիւն, այլեւ՝ փափաք ունի հիւանդութիւնները վերջնականապէս վերացնելու։ Մարդոց հետ Յիսուսի վարուելակերպը նկատի առնելով վստահ կ’ըլլանք, որ նոր աշխարհին մէջ Աստուածաշունչի հետեւեալ մարգարէութիւնը պիտի կատարուի. «Պիտի խղճայ աղքատին ու տնանկին» (Սաղ. 72։13)։ Այո, Յիսուս այդ ատեն հիւանդները բժշկելու իր սրտին փափաքը պիտի իրականացնէ։

«ԵԼԻ՛Ր, ՄԱՀԻՃԴ ԱՌ ՈՒ ՔԱԼԷ»

7, 8. Յիսուս ի՞նչ ըրաւ, երբ Գալիլիայէն Հրէաստան գնաց։

7 Բորոտը բուժելէն քանի մը ամիս ետք, Յիսուս Գալիլիայէն Հրէաստան գնաց՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը հռչակելու համար։ Իր պատգամէն եւ սիրալիր վարուելակերպէն ազդուող ունկնդիրներուն թիւը հազարներու հասած ըլլալու էր։ Յիսուս իրապէս կ’ուզէր աղքատներուն բարի լուր տալ, գերիներուն ազատութիւն քարոզել եւ կոտրած սիրտ ունեցողները բժշկել (Եսա. 61։1, 2. Ղուկ. 4։18-21

8 Նիսան ամսուն, Յիսուս Երուսաղէմ գնաց Պասեքը տօնելու։ Այս սուրբ տօնին համար ա՛յնքան ժողովուրդ եկած էր, որ քաղաքին մէջ եռուզեռ կար։ Տաճարին հիւսիսակողմը գտնուող Բեթհեզդա աւազանին քով, Յիսուս անդամալոյծի մը հանդիպեցաւ։

9, 10. ա) Մարդիկ ինչո՞ւ Բեթհեզդայի աւազանը կը հաւաքուէին։ բ) Աւազանին քով Յիսուս ի՞նչ ըրաւ, եւ ասիկա մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ։

9 Բեթհեզդայի մէջ մեծ թիւով հիւանդներ կը հաւաքուէին։ Ինչո՞ւ։ Անծանօթ պատճառով մը անոնք կը հաւատային, թէ եթէ հիւանդ մը ջուրերը խառնուած ատեն աւազանը մտնէր, կրնար հրաշալիօրէն բժշկուիլ։ Երեւակայէ հոն տիրած մթնոլորտը. վհատութիւն, մտահոգութիւն եւ յուսահատութիւն։ Յիսուս կատարեալ էր եւ ֆիզիքական թերութիւն չունէր. ուստի ինչո՞ւ այդ վայրը կը գտնուէր։ Գթասիրտ ըլլալով, Յիսուս մօտեցաւ մարդու մը, որ իր երկիր գալէն առաջ ան հիւանդ էր (կարդա՛ Յովհաննէս 5։5-9

10 Կրնա՞ս երեւակայել մարդուն յուսահատ նայուածքը, երբ Յիսուս հարցուց թէ արդեօք կ’ուզէ՛ առողջանալ։ Ան անմիջապէս պատասխանեց որ կ’ուզէ բժշկուիլ, բայց չի գիտեր թէ ինչպէ՛ս, քանի որ մէկը չունի որ զինք աւազանը մտցնէ։ Ապա Յիսուս հրամայեց որ ան անկարելի բան մը ընէ. մահիճը առնել ու քալել։ Յիսուսի հնազանդելով ան մահիճը վերցուց ու սկսաւ քալել։ Ի՜նչ սրտապնդիչ ապացոյց մը, թէ Յիսուս ի՛նչ պիտի ընէ նոր աշխարհին մէջ։ Այս հրաշքին մէջ նաեւ կը տեսնենք Յիսուսի կարեկցութիւնը. ան անձա՛մբ փնտռեց օգնութեան կարիք ունեցողները։ Իր օրինակը մեզ պէտք է մղէ, որ շարունակենք մեր թաղամասին մէջ փնտռել անհատներ, որոնք այժմու գէշ իրադարձութիւններուն պատճառով ընկճուած են։

«Ո՞Վ ԴՊԱՒ ԻՄ ՀԱՆԴԵՐՁՆԵՐՈՒՍ»

11. Մարկոս 5։25-34–ը ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ, որ Յիսուս հիւանդութենէ տառապողներուն կը կարեկցի։

11 Կարդա՛ Մարկոս 5։25-34։ Կինը 12 տարիէ ի վեր ամօթով կ’ապրէր։ Հիւանդութիւնը իր կեանքին բոլոր երեսակներուն կ’ազդէր, նոյնիսկ իր պաշտամունքին։ Ան «շատ նեղութիւն կրած էր շատ բժիշկներէ եւ իր բոլոր ունեցածը վատներ էր». այսուհանդերձ իր վիճակը վատթարացած էր։ Սակայն օր մը, ան բժշկուելու համար տարբեր ծրագիր մը դրաւ։ Ան բազմութեան մէջ մտնելով Յիսուսին մօտեցաւ եւ անոր հանդերձին դպաւ (Ղեւ. 15։19, 25)։ Յիսուս անդրադառնալով որ իրմէ զօրութիւն մը ելաւ, հարցուց թէ ո՛վ դպաւ իրեն։ Կինը «վախցաւ ու դողաց» եւ «անոր առջեւ ինկաւ ու բոլոր բաները շիտկէ շիտակ ըսաւ անոր»։ Ըմբռնելով որ Եհովա՛ն կինը բժշկեց, Յիսուս անոր հետ ազնուութեամբ վարուեցաւ, ըսելով. «Ա՛ղջիկ, քու հաւատքդ քեզ բժշկեց. գնա խաղաղութեամբ եւ բժշկուի՛ր քու տանջանքէդ»։

Յիսուս իր հրաշքներով փաստեց, թէ իսկապէս հետաքրքրուած է մեզմով եւ մեր խնդիրներով (տե՛ս պարբերութիւն 11, 12)

12. ա) Մինչեւ հիմա քննարկուած կէտերուն համաձայն, ինչպէ՞ս կը նկարագրես Յիսուսը։ բ) Յիսուս ի՞նչ օրինակ ձգեց մեզի։

12 Ի՜նչ ազնիւ է Յիսուս. իր սրտին մէջ յատուկ տեղ ունի հիւանդներուն համար։ Միւս կողմէ, Սատանան կ’ուզէ մեզ համոզել, թէ սիրուած չենք ու անարժէք ենք։ Յիսուս իր հրաշքներով յստակօրէն փաստեց, թէ իսկապէս հետաքրքրուած է մեզմով եւ մեր խնդիրներով։ Ի՜նչ կարեկից Թագաւոր ու Քահանայապետ մը ունինք (Եբ. 4։15)։ Ճիշդ է որ մեզի համար դիւրին չէ հասկնալ երկարատեւ հիւանդութիւն ունեցողներուն զգացումները, մանաւանդ եթէ այդպիսի հիւանդութիւն մը չենք ունեցած։ Բայց չմոռնանք որ Յիսուս կարեկցեցաւ հիւանդներուն, հակառակ որ երբե՛ք հիւանդ չէր եղած։ Ուստի մեր լաւագոյնը ընենք, որ իր սիրալիր օրինակը ընդօրինակենք (Ա. Պետ. 3։8

«ՅԻՍՈՒՍ ԼԱՑԱՒ»

13. Ղազարոսի յարութիւնը ի՞նչ կը յայտնէ Յիսուսի անձնաւորութեան մասին։

13 Յիսուս ուրիշին ցաւը տեսնելով կ’ազդուէր։ Օրինակ, ան «հառաչեց ու խռովեցաւ», երբ տեսաւ թէ ինչպէ՛ս անհատներ կ’ողբային իր բարեկամին՝ Ղազարոսին մահուան համար, հակառակ որ գիտէր թէ քիչ ետք զինք պիտի յարուցանէր (կարդա՛ Յովհաննէս 11։33-36)։ Ան չէր ամչնար իր խոր զգացումները դրսեւորելու, եւ ներկաները կրնային նկատել թէ որքա՜ն կը սիրէր Ղազարոսը եւ անոր քոյրերը։ Յիսուս ի՜նչ խոր կարեկցութիւն ցոյց տուաւ, երբ իր աստուածատուր զօրութիւնը գործածեց իր բարեկամը յարուցանելու (Յովհ. 11։43, 44

14, 15. ա) Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ, թէ Եհովան կ’ուզէ մարդկութեան տառապանքին վերջ դնել։ բ) «Յիշատակի դամբաններ» արտայայտութենէն ի՞նչ կը սորվինք։

14 Աստուածաշունչը Յիսուսը կը նկարագրէ որպէս «[Ստեղծիչին] էութեան բուն պատկերը» (Եբ. 1։3)։ Ուստի իր հրաշքներով Յիսուս փաստեց, թէ ինք եւ իր Հայրը կը փափաքին վերցնել հիւանդութիւնն ու մահը։ Մօտ օրէն անոնք անհամար մարդիկ պիտի վերակենդանացնեն։ Յիսուս ըսաւ. «Ժամանակ պիտի գայ՝ երբ բոլոր գերեզմաններուն [«յիշատակի դամբաններուն», ՆԱ] մէջ եղողները. . . դուրս պիտի գան» (Յովհ. 5։28, 29

15 Յիսուսի գործածած «յիշատակի դամբաններ» արտայայտութիւնը տեղին է, քանի որ Եհովայի յիշողութիւնը պարփակուած է։ Ընդարձակ տիեզերքը ստեղծող Ամենակալ Աստուածը կրնա՛յ իւրաքանչիւր ննջեցեալի մասին ամէն մանրամասնութիւն յիշել, մէջը ըլլալով բնածին եւ մշակուած յատկութիւնները (Եսա. 40։26)։ Ան ոչ միայն կրնայ զիրենք յիշել, այլեւ՝ կ’ուզէ յիշել։ Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած յարութիւնները ցոյց կու տան, թէ նոր աշխարհին մէջ համաշխարհային տարողութեամբ ի՛նչ տեղի պիտի ունենայ։

ՅԻՍՈՒՍԻ ՀՐԱՇՔՆԵՐԷՆ Ի՛ՆՉ ԿԸ ՍՈՐՎԻՆՔ

16. Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաները ի՞նչ առանձնաշնորհում պիտի վայելեն։

16 Եթէ հաւատարիմ մնանք, կրնանք մեծագոյն հրաշքներէն մէկը տեսնելու պատեհութիւնը ունենալ. մեծ նեղութենէն վերապրիլ։ Արմագեդոնէն քիչ ետք շատ աւելի հրաշքներ տեղի պիտի ունենան, մարդոց լաւ առողջութիւն տալով (Եսա. 33։24. 35։5, 6. Յայտ. 21։4)։ Երեւակայէ թէ մարդիկ ինչպէ՛ս իրենց ակնոցներէն, անթացուպերէն, անուաթոռէն եւ լսողութեան օժանդակող սարքերէն կը ձերբազատուին։ Արդարեւ, Եհովան գիտէ որ Արմագեդոնէն վերապրողները լաւ առողջութեան պէտք ունին, քանի որ շատ գործ պիտի ունենան կատարելիք։ Անո՛նք են որ այս գեղեցիկ մոլորակը համաշխարհային դրախտի պիտի վերածեն (Սաղ. 115։16

17, 18. ա) Յիսուս ինչո՞ւ հրաշքներ ըրաւ։ բ) Ինչո՞ւ պէտք է ջանաս նոր աշխարհը մտնել։

17 Ներկայիս Աստուծոյ ծառաները կը քաջալերուին երբ կը կարդան, թէ Յիսուս ինչպէ՛ս հիւանդները բժշկեց։ Այդ հրաշքները ամէն հիւանդութենէ բժշկուելու «մեծ բազմութեան» հոյակապ յոյսը կ’ամրապնդեն, ինչպէս նաեւ ցոյց կու տան թէ Յիսուս որքա՜ն կը սիրէ մարդկութիւնը (Յովհ. 10։11. 15։12, 13. Յայտ. 7։9)։ Եւ Յիսուսի կարեկցութիւնը կ’արտացոլէ Եհովայի խոր սէրը Իր իւրաքանչիւր ծառային հանդէպ (Յովհ. 5։19

18 Ներկայիս աշխարհը ցաւով, տառապանքով եւ մահով լեցուն է (Հռով. 8։22)։ Այս պատճառով մենք Աստուծոյ նոր աշխարհին պէտք ունինք, ուր իր խոստացած կատարեալ առողջութիւնը պիտի վայելենք։ Մաղաքիա 4։2–ը մեզի յոյս կու տայ, որ ‘գոմի պարարտ հորթերու պէս դուրս պիտի ելլենք ու ցատկենք’, խանդավառ ըլլալով որ անկատարութենէն ձերբազատուեցանք։ Ուստի Եհովայի հանդէպ երախտագիտութիւնը եւ իր խոստումներուն հանդէպ խոր հաւատքը թող մեզ մղեն, որ հիմա հարկ եղածը ընենք, որպէսզի նոր աշխարհը մտնելու արժանանանք։ Որքա՜ն կ’ոգեւորուինք գիտնալով որ Յիսուսի ըրած հրաշքները կը մատնանշէին այն մնայուն հանգստութիւնը, որ մարդկութիւնը մօտ ատենէն պիտի վայելէ իր մեսիական իշխանութեան ներքեւ։