Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յաւիտենական կեանք խոստացող Աստուածը ընդօրինակէ

Յաւիտենական կեանք խոստացող Աստուածը ընդօրինակէ

«Աստուծոյ նմանող եղէք սիրելի զաւակներու պէս» (ԵՓ. 5։1

1. Ո՞ր կարողութիւնը մեզի կ’օգնէ Աստուծոյ յատկութիւնները ընդօրինակելու։

ԵՀՈՎԱ ԱՍՏՈՒԱԾ մեզի հետեւեալ կարողութիւնը տուած է. մեր անձը ուրիշներուն տեղը դնել։ Կրնանք որոշ պարագայ մը մօտաւորապէս ըմբռնել, նոյնիսկ եթէ անկէ անցած չըլլանք (կարդա՛ Եփեսացիս 5։1, 2)։ Այս կարողութիւնը մեզի ինչպէ՞ս կ’օգնէ Եհովան ընդօրինակելու։ Եւ այս աստուածատուր նուէրը ինչո՞ւ պէտք է իմաստութեամբ գործածենք։

2. Եհովան ինչպէ՞ս կը հակազդէ, երբ կը տառապինք։

2 Անկասկած կ’ուրախանանք, գիտնալով որ Աստուած օծեալներուն երկնային անմահ կեանք խոստացած է, իսկ Յիսուսի «ուրիշ ոչխարներ»ուն՝ յաւիտենական կեանք երկրի վրայ (Յովհ. 10։16. 17։3. Ա. Կոր. 15։53)։ Եւ անշուշտ, թէ՛ երկնային անմահ կեանքը եւ թէ երկրային յաւիտենական կեանքը զերծ պիտի ըլլան հիմակուան տառապանքներէն։ Եհովան մեր ցաւերը կը հասկնայ, ճիշդ ինչպէս որ հասկցաւ վաղեմի իսրայէլացիներուն տառապանքը, երբ Եգիպտոսի մէջ ստրուկներ էին։ Այո, Աստուած «անոնց բոլոր նեղութիւններուն ատենը նեղութիւն քաշեց» (Եսա. 63։9)։ Դարեր ետք, երբ հրեաները տաճարը վերաշինելու ատեն կը վախնային իրենց թշնամիներէն, Եհովան իրենց ըսաւ. ‘Ձեզի դպչողը իմ աչքիս բիբին կը դպչի’ (Զաք. 2։8)։ Ինչպէս մայր մը իր մանուկին վրայ կը գուրգուրայ, այնպէս ալ Եհովան կը սիրէ եւ կ’ուզէ օգնել իր ծառաներուն (Եսա. 49։15)։ Առումով մը, ան կրնայ ինքզինք ուրիշներու տեղը դնել. եւ այս կարողութիւնը շնորհած է մեզի (Սաղ. 103։13, 14

ՅԻՍՈՒՍ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԸՆԴՕՐԻՆԱԿԵՑ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՍԷՐԸ

3. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ որ Յիսուս կարեկից էր։

3 Յիսուս ուրիշներուն ցաւը զգաց, նոյնիսկ անոնց ցաւը, որոնց պարագաներէն չէր անցած։ Օրինակ, հասարակ ժողովուրդը կը վախնար կրօնական առաջնորդներէն, որոնք շատ մը կանոններ հնարելով՝ կը մոլորեցնէին ու կը ծանրաբեռնէին մարդիկը (Մատ. 23։4. Մար. 7։1-5. Յովհ. 7։13)։ Ճիշդ է որ Յիսուս բնաւ չվախցաւ կամ չխաբուեցաւ այդ առաջնորդներէն, բայց կրնար ժողովուրդին հետ զգալ։ Հետեւաբար, «ժողովուրդները տեսնելով, անոնց վրայ խղճաց, վասն զի յոգնած ու ցիրուցան եղած էին հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս» (Մատ. 9։36)։ Յիսուս իր Հօր պէս սիրալիր եւ ողորմած գտնուեցաւ (Սաղ. 103։8

4. Ուրիշներու տառապանքը տեսնելով, Յիսուս մղուեցաւ որ ի՞նչ ընէ։

4 Երբ Յիսուս մարդոց տառապանքը տեսաւ, սէրէ մղուած ուզեց օգնել անոնց, կատարելապէս ընդօրինակելով իր Հօր սէրը։ Ատեն մը, քարոզչական երկար շրջապտոյտ մը ընելէն ետք, Յիսուս իրեն սպասող բազմութեան վրայ խղճաց եւ «շատ բաներ սորվեցուց անոնց», հակառակ որ ինք եւ իր առաքեալները կը պատրաստուէին ամայի տեղ մը երթալու ու քիչ մը հանգստանալու (Մար. 6։30, 31, 34

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ԵՀՈՎԱՅԻ ՍԷՐԸ ԸՆԴՕՐԻՆԱԿԵԼ

5, 6. Աստուծոյ սէրը ընդօրինակելու համար, ինչպէ՞ս պէտք է վարուինք մարդոց հետ. լուսաբանէ (տե՛ս բացման պատկերը)։

5 Կրնանք Եհովայի սէրը ընդօրինակել մարդոց հետ մեր վարուելու կերպով։ Նկատի առ այս լուսաբանութիւնը։ Արսէն անունով երիտասարդ եղբայր մը կը մտածէ տարեց եղբօր մը մասին, որուն աչքերը տկարացած են եւ չի կրնար տունէ տուն ծառայութեան մէջ շատ քալել։ Արսէն կը մտաբերէ Յիսուսին այս խօսքը. «Ինչպէս կ’ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք» (Ղուկ. 6։31)։ Հետեւաբար, ինքն իրեն հարց կու տայ. «Ի՞նչ կ’ուզեմ որ մարդիկ ընեն ինծի»։ Իր անկեղծ պատասխանը կ’ըլլայ. «Կ’ուզեմ որ ինծի հետ գնդակ խաղան»։ Բայց տարեց եղբայրը պիտի կարենա՞յ այդ տարիքին գնդակ խաղալ։ Ո՛չ. ուրեմն բուն հարցումը որ Արսէն ինքն իրեն պէտք է հարցնէ, հետեւեալն է. «Եթէ ես այդ եղբօր տեղը ըլլայի, ի՞նչ պիտի ուզէի որ մարդիկ ընէին ինծի»։

6 Արսէն տարեց մը չէ, բայց եւ այնպէս՝ կրնա՛յ երեւակայել թէ ինչ պիտի ըլլար իր վիճակը եթէ տարեց մը ըլլար։ Ան տարեց եղբօր հետ ժամանակ կ’անցընէ եւ ուշադրութեամբ մտիկ կ’ընէ անոր։ Ան կամաց–կամաց կը հասկնայ թէ ի՛նչ ըսել է տարեց անհատ մը ըլլալ, որ դժուարութիւն կը քաշէ Սուրբ Գիրքը կարդալու եւ տունէ տուն քալելու։ Երբ Արսէն տարեց եղբօր նեղութիւնը կը զգայ, կ’ըմբռնէ թէ ի՛նչ բանի օգնութեան պէտք ունի եւ կը փափաքի օգտակար դառնալ։ Մենք ալ կրնանք նոյնը ընել։ Ուստի Աստուծոյ սէրը ընդօրինակելու համար, հարկ է որ մեր եղբօր պարագաները իր ակնոցով դիտենք (Ա. Կոր. 12։26

Եհովան ընդօրինակէ՝ սէր դրսեւորելով (տե՛ս պարբերութիւն 7)

7. Ինչպէ՞ս կրնանք ուրիշներուն ցաւը հասկնալ։

7 Ուրիշներուն ցաւը հասկնալը միշտ ալ դիւրին չէ, մանաւանդ եթէ անոնց պարագաներէն չենք անցած։ Ոմանք ֆիզիքական նեղութիւններ կը քաշեն, վնասուածքի, հիւանդութեան կամ ծերութեան պատճառով։ Ոմանք զգացական խանգարումներ ունին, ընկճուածութեան, ծայրայեղ մտահոգութեան կամ լլկումի հետեւանքներուն պատճառով։ Ոմանք ալ կրօնապէս բաժնուած կամ միածնող ընտանիքի մէջ կ’ապրին։ Արդ, ինչպէ՞ս կրնանք Աստուծոյ սէրը ընդօրինակելով օգնել անոնց, որոնց խնդիրներէն չենք անցած։ Ուշադրութեամբ մարդոց մտիկ ընելով, մինչեւ որ անոնց զգացումները որոշ չափով հասկնանք։ Այսպէս՝ ի վիճակի կ’ըլլանք անոնց լաւագոյն կերպով օգնելու։ Թէեւ ամէն անհատ նոյն կարիքը չունի, բայց կրնանք հոգեւորապէս քաջալերել եւ գործնական գետնի վրայ օգնել (կարդա՛ Հռովմայեցիս 12։15. Ա. Պետրոս 3։8

ԵՀՈՎԱՅԻ ԱԶՆՈՒՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԴՕՐԻՆԱԿԷ

8. Ի՞նչ բան Յիսուսին օգնեց ազնիւ գտնուելու։

8 Աստուծոյ Որդին դիտել տուաւ. «Բարձրեալ[ը]. . . բարերար է ապերախտներուն ու չարերուն» (Ղուկ. 6։35)։ Յիսուս ինչպէ՞ս կրցաւ Աստուծոյ ազնուութիւնը ընդօրինակել։ Ան երեւակայեց թէ իր խօսքերն ու արարքները ի՛նչ ազդեցութիւն կրնան ունենալ մարդոց վրայ։ Օրինակի համար, երբ մեղաւոր կին մը եկաւ եւ իր արցունքներով թրջեց Յիսուսին ոտքերը, Յիսուս հասկցաւ որ կինը զղջացեր էր, եւ գիտակցեցաւ որ եթէ անազնիւ կերպով վարուէր, անոր սիրտը պիտի կոտրէր։ Ուստի ան կինը գովեց եւ անոր մեղքերը ներեց։ Իսկ երբ փարիսեցի մը եղածէն չախորժեցաւ, Յիսուս անոր ալ ազնուութեամբ խօսեցաւ (Ղուկ. 7։36-48

9. Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել Աստուծոյ ազնուութիւնը ընդօրինակելու. օրինակ մը տուր։

9 Ինչպէ՞ս կրնանք Աստուծոյ ազնուութիւնը ընդօրինակել։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Տէրոջը ծառան պէտք չէ կռուի, հապա հեզահոգի ըլլայ ամենուն» (Բ. Տիմ. 2։24)։ Հեզահոգի անհատը գիտէ ինչպէ՛ս վարուիլ նուրբ հարցերու մէջ, որպէսզի ուրիշներուն զգացումները չվիրաւորէ։ Օրինակի համար, մտածէ թէ ինչպէ՛ս կրնաս ազնիւ գտնուիլ հետեւեալ վիճակներուն մէջ։ Վարպետդ իր աշխատանքը լաւ չի կատարեր։ Ինչպէ՞ս պիտի հակազդես։ Եղբայր մը ամիսներէ ժողովի չէ եկած եւ հիմա ժողովասրահ կը մտնէ։ Ի՞նչ պիտի ըսես իրեն։ Ծառայութեան մէջ տանտէր մը կ’ըսէ. «Ես հիմա շատ զբաղած եմ»։ Ինչպէ՞ս պիտի վարուիս։ Կողակիցդ քեզի կը հարցնէ. «Ինչո՞ւ ինծի չըսիր թէ ի՛նչ ծրագրած ես շաբաթ օրուան համար»։ Ի՞նչ պիտի պատասխանես։ Երբ մեր անձը ուրիշին տեղը կը դնենք եւ կը փորձենք երեւակայել թէ մեր խօսքերը ի՛նչ ազդեցութիւն կրնան ունենալ անոր վրայ, կը գիտնանք ինչպէ՛ս խօսիլ ու վարուիլ, որ Եհովայի ազնուութիւնը ընդօրինակած ըլլանք (կարդա՛ Առակաց 15։28

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԴՕՐԻՆԱԿԷ

10, 11. Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել Աստուծոյ իմաստութիւնը ընդօրինակելու. օրինակ մը տուր։

10 Իմաստութիւնը Եհովայի գլխաւոր յատկութիւններէն մէկն է։ Եթէ ան ուզէ, կրնայ ապագան կանխաւ տեսնել։ Մենք ալ կրնանք իմաստուն ըլլալ, հակառակ որ ապագան տեսնելու կարող չենք։ Ինչպէ՞ս։ Կրնանք երեւակայել, թէ մեր կայացնելիք որոշումը ինչպէ՛ս պիտի ազդէ մեզի կամ ուրիշներու։ Պէտք չէ նմանինք իսրայէլացիներուն, որոնք Աստուծոյ չհնազանդելուն հաւանական հետեւանքները նկատի չառին։ Աստուած անոնց համար շատ բաներ ըրած էր, բայց Մովսէս գիտէր, որ անոնք չարութիւն պիտի ընէին Աստուծոյ աչքին։ Ուստի ան ըսաւ. «Անոնք անխորհուրդ ազգ մըն են ու անոնց մէջ իմաստութիւն չկայ։ Երանի՜ թէ իմաստուն ըլլային ու այս բանը հասկնային եւ իրենց վախճանին վրայ մտածէին» (Բ. Օր. 31։29, 30. 32։28, 29

11 Աստուծոյ իմաստութիւնը ընդօրինակելու համար, լաւ կ’ըլլայ որ մտածենք կամ նոյնիսկ մտապատկերենք մեր արարքներուն հաւանական հետեւանքները։ Օրինակի համար, եթէ հակառակ սեռի մը հետ կը ժամադրուիս, յիշէ որ սեռային հրապուրանքը ղեկավարելը դժուար է։ Ուստի բնաւ մի՛ ըներ բան մը, որ Եհովայի հետ թանկագին փոխյարաբերութիւնդ կը վտանգէ։ Փոխարէնը, ականջ դիր այս ներշնչեալ խօսքերուն. «Խորագէտը չարիքը կը տեսնէ ու կը զգուշանայ, բայց միամիտները առաջ կ’անցնին ու կը վնասուին» (Առ. 22։3

ԽՈՒՍԱՓԷ ՎՆԱՍԱԿԱՐ ԳԱՂԱՓԱՐՆԵՐԷ

12. Խորհրդածելը ինչպէ՞ս կրնայ վնասակար ըլլալ։

12 Խորագէտը գիտէ որ խորհրդածելը կրակի պէս է։ Կրակը կրնայ օգտակար ըլլալ, երբ պատշաճ կերպով գործածուի, օրինակ՝ ճաշ եփելու համար։ Միւս կողմէ, կրակը կրնայ մահացու ըլլալ, երբ հակակշռէ դուրս ելլելով՝ տունը այրէ եւ բնակիչները սպաննէ։ Նոյնն է պարագան մեր յղացած գաղափարներուն։ Երբ կը մտածենք ինչպէ՛ս Եհովան ընդօրինակել, ասիկա օգտակար է մեզի։ Բայց երբ անբարոյ ցանկութիւններու մասին խորհրդածենք, ասիկա կրնայ վնասակար ըլլալ։ Օրինակի համար, եթէ մեղաւոր արարքներու մասին մտածելը կամ երեւակայելը սովորութիւն դարձնենք, ասիկա կրնայ պատճառ դառնալ որ զանոնք կատարենք։ Այո, անբարոյ երազանքները կրնան հոգեւորապէս մահացու ըլլալ (կարդա՛ Յակոբոս 1։14, 15

13. Եւան թերեւս ինչպիսի՞ կեանք մը մտապատկերեց իրեն համար։

13 Նկատի առ թէ ինչպէ՛ս առաջին կնոջ՝ Եւային մէջ ցանկութիւն յառաջացաւ «բարիի ու չարի գիտութեան ծառէն» ուտելու (Ծն. 2։16, 17)։ Օձը կնոջ ըսաւ. «Ո՛չ թէ անշուշտ պիտի մեռնիք. քանզի Աստուած գիտէ թէ այն օրը որ անկէ ուտէք, աչքերնիդ պիտի բացուին եւ աստուածներու պէս պիտի ըլլաք՝ բարին ու չարը գիտնալով»։ Իսկ Եւան «տես[աւ] որ ծառը աղէկ էր կերակուրի համար եւ հաճելի՝ աչքերուն»։ Առ ի արդիւնք, ան «առաւ անոր պտուղէն ու կերաւ եւ իր էրկանն ալ տուաւ եւ անիկա ալ կերաւ» (Ծն. 3։1-6)։ Ըստ երեւոյթին, Սատանայի ներկայացուցած գաղափարը հրապուրեց Եւան։ Եւ ի՜նչ վնասներ հասցուց Եւայի երազանքը, թէ այլեւս ի՛նք կրնար որոշել բարին ու չարը։ Իր մեղաւոր ամուսինին՝ Ադամին միջոցով, «մեղքը աշխարհ մտաւ եւ այն մեղքէն՝ մահը» (Հռով. 5։12

14. Աստուածաշունչը սեռային անբարոյութեան մասին ի՞նչ զգուշացումներ կու տայ։

14 Ճիշդ է որ Եւայի գործած մեղքը սեռային անբարոյութեան հետ կապ չունէր, բայց Յիսուս զգուշացուց մեզ, որ անբարոյ արարքներ չմտապատկերենք, ըսելով. «Ով որ կին մարդու կը նայի անոր ցանկալու համար, ալ անիկա իր սրտին մէջ շնութիւն ըրաւ անոր հետ» (Մատ. 5։28)։ Պօղոս առաքեալ ալ զգուշացուց. «Խնամք մի՛ տանիք մարմնին՝ ցանկութիւններու համար» (Հռով. 13։14

15. Ի՞նչ տեսակ գանձեր պէտք է դիզենք եւ ինչո՞ւ։

15 Աստուածաշունչը նաեւ կ’ըսէ որ հարստանալու մասին անընդհատ չմտածենք, հապա Աստուած հաճեցնելու վրայ կեդրոնանանք։ Իրականութեան մէջ, մեծահարուստի մը ստացուածքը «անոր երեւակայութեանը մէջ բարձր բերդի պէս է» (Առ. 18։11)։ Եւ Յիսուս առակ մը պատմեց, որ կը լուսաբանէ այն ցաւալի վիճակը որ մարդ կ’ունենայ, երբ «իր անձին համար գանձ կը դիզէ, բայց Աստուծոյ չի հարստանար» (Ղուկ. 12։16-21)։ Երբ ‘երկինքը գանձեր կը դիզենք’ եւ աստուածահաճոյ բաներ կ’ընենք, թէ՛ Աստուած կ’ուրախանայ, թէ ալ՝ մենք (Մատ. 6։20. Առ. 27։11)։ Իսկ Եհովայի հետ լաւ փոխյարաբերութիւն ունենալը անկասկած ամէնէն արժէքաւոր գանձն է, որ կրնանք ունենալ։

ՉԱՓԷ ԴՈՒՐՍ ՄԻ՛ ՄՏԱՀՈԳՈՒԻՐ

16. Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել որ չափէ դուրս չմտահոգուինք։

16 Եթէ փորձենք այս աշխարհին մէջ գանձեր դիզել, մեր մտահոգութիւնները պիտի բազմապատկուին (Մատ. 6։19)։ Յիսուս առակի մը միջոցով ցոյց տուաւ, որ «աշխարհիս զբաղմունքը եւ հարստութեան խաբէութիւնը» կրնան Թագաւորութեան խօսքը խեղդել (Մատ. 13։18, 19, 22)։ Ոմանք միշտ կ’երեւակայեն այն գէշ բաները, որոնք կրնան իրենց գլխուն գալ։ Սակայն անսանձ մտահոգութիւնը կրնայ թէ՛ ֆիզիքական եւ թէ հոգեւոր վնասներ հասցնել։ Ուստի Եհովայի՛ն վստահինք եւ յիշենք, որ «մարդուն սրտին մէջ եղող վիշտը զանիկա կը ճնշէ, բայց աղէկ խօսքը կ’ուրախացնէ զանիկա» (Առ. 12։25)։ Այո, մեզ հասկցող անհատի մը քաջալերական խօսքերը կրնան մեր սիրտը ուրախացնել։ Մեր ծնողքին, կողակիցին կամ հարցերը Եհովայի տեսանկիւնէն դիտող վստահելի բարեկամի մը դիմելը կրնայ մեզի օգնել, որ չափէ դուրս չմտահոգուինք։

17. Աստուած ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել, երբ մտահոգուինք։

17 Ո՛չ ոք կրնայ Եհովայի չափ հասկնալ մեր մտահոգութիւնները։ Պօղոս գրեց. «Բանի մը համար հոգ մի՛ ընէք, հապա ամէն բանի մէջ աղօթքով ու աղաչանքով, գոհութիւնով մէկտեղ, ձեր խնդրանքը Աստուծոյ յայտնի ըլլայ։ Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է, ձեր սրտերը ու մտքերը Յիսուս Քրիստոսով պիտի պահպանէ» (Փլպ. 4։6, 7)։ Ուստի երբ մտահոգուած կ’ըլլաս, մտածէ թէ ինչպէ՛ս հաւատակիցներդ, երէցները, հաւատարիմ ծառան, Յիսուս եւ նոյնինքն՝ Եհովան, քեզի կ’օգնեն հոգեւոր վտանգներէ պաշտպանուելու։

18. Մտապատկերելու մեր կարողութիւնը մեզի կ’օգնէ ի՞նչ ընելու։

18 Ինչպէս որ տեսանք, ուրիշներուն զգացումները հասկնալու մեր կարողութիւնը մեզի կ’օգնէ Եհովայի յատկութիւնները ընդօրինակելու, ինչպէս՝ իր սէրը (Ա. Տիմ. 1։11. Ա. Յովհ. 4։8)։ Արդարեւ պիտի ուրախանանք, եթէ անկեղծ սէր դրսեւորենք, մեր արարքներուն հետեւանքները հաշուի առնենք եւ չափէ դուրս չմտահոգուինք։ Ուստի մտապատկերենք նոր աշխարհը եւ կարելի եղածին չափ ընդօրինակենք Եհովայի սէրը, ազնուութիւնը, իմաստութիւնն ու ուրախութիւնը (Հռով. 12։12