Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Օրհնութիւններ՝ «նպաստաւոր ժամանակներուն եւ դժուար ժամանակներուն»

Օրհնութիւններ՝ «նպաստաւոր ժամանակներուն եւ դժուար ժամանակներուն»

ԵՐԲ մարտ 1930–ին ծնայ, շրջապատուած էի Եհովային հաւատարմաբար ծառայող ազգականներով ու բարեկամներով։ Ծնայ Նամքումպա գիւղին մէջ, որ այժմու Մալաուիի Լիլոնկուէյ քաղաքին մօտ կը գտնուի։ 1942–ին կեանքս Աստուծոյ նուիրեցի ու մեր գեղեցիկ մէկ գետին մէջ մկրտուեցայ։ Յաջորդ աւելի քան 70 տարիներուն ընթացքին, ջանացի ընել այն ինչ որ Պօղոս առաքեալ Տիմոթէոսի ըսաւ. ‘Խօսքը քարոզէ՛ հրատապութեան զգացումով նպաստաւոր ժամանակներուն եւ դժուար ժամանակներուն’ (Բ. Տիմ. 4։2, ՆԱ

1948–ի սկիզբը, Նաթան Հ. Նոր եւ Միլթըն Ճ. Հէնչըլ եղբայրներու տուած առաջին այցելութիւնը Մալաուիի, իմ մէջս արթնցուց Եհովային լիաժամ ծառայելու փափաքը։ Հաճոյքով կը մտաբերեմ անոնց քաջալերական մեկնաբանութիւնները։ Ցեխոտ դաշտին մէջ ոտքի կայնած՝ շուրջ 6000 հոգի էինք, եւ ուշի–ուշով մտիկ ըրինք եղբայր Նորին ոգեւորիչ դասախօսութիւնը՝ «Բոլոր ազգերուն մնայուն Կառավարիչը» վերնագիրով։

Երբ ծանօթացայ Լիտասիի,– գեղեցիկ քոյր մը, որ ինծի նման մեծցած էր Վկայ ընտանիքի մէջ,– իմացայ որ ինք ալ լիաժամ ծառայութեան նպատակակէտը ունէր։ 1950–ին ամուսնացանք, եւ 1953–ին երկու զաւակի տէր եղած էինք։ Անոնց հոգ տանելու յաւելեալ պատասխանատուութիւնը ունենալով հանդերձ, որոշեցինք որ ձեռնարկեմ կանոնաւոր ռահվիրայութեան։ Երկու տարի ետք, նշանակուեցայ մասնաւոր ռահվիրայ։

Շատ չանցած, ինծի տրուեցաւ որպէս շրջանային տեսուչ ժողովքներուն այցելելու առանձնաշնորհումը։ Լիտասիի հոյակապ աջակցութեան շնորհիւ, կրցայ նիւթական ու հոգեւոր գետնի վրայ մեր ընտանիքին հոգ տանիլ, մինչ այս ծառայութիւնը կը կատարէի *։ Բայց մեր սրտագին փափաքն էր, որ երկուքս ալ կարենայինք լիաժամ ծառայութեան մէջ ըլլալ։ Բծախնդրաբար ծրագրելով եւ մեր հինգ զաւակներուն համագործակցութեամբ, 1960–ին Լիտասին սկսաւ լիաժամ ծառայել։

Համաժողովները մեզ զօրացուցին՝ գալիք հալածանքը դիմագրաւելու

Այդ նպաստաւոր ժամանակները վայելեցինք, այլազան ժողովքներու մէջ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն ծառայելով։ Մեր նշանակումներուն շնորհիւ, ծառայեցինք հարաւը գտնուող գեղեցիկ Մըլանճի լեռնէն մինչեւ Մալաուիի լիճին խաղաղ ափերը, որ երկրին գրեթէ ամբողջ արեւելքը կը ծածկէ։ Յարատեւաբար յաւելում կ’արձանագրուէր հրատարակիչներու ե՛ւ ժողովքներու թիւին մէջ։

1962–ին վայելեցինք «Խիզախ քարոզիչներ» բնաբանով նահանգային համաժողովը։ Յետագային անդրադարձանք որ այսպիսի հոգեւոր առիթներ ճիշդ մեզի պէտք եղածն էին, առ ի պատրաստութիւն գալիք դժուար ժամանակներուն Մալաուիի մէջ։ Յաջորդ տարին, եղբայր Հէնչըլ դարձեալ այցելեց Մալաուի, եւ Պլանդայր քաղաքէն դուրս մասնաւոր համաժողով մը կայացուեցաւ, որուն շուրջ 10,000 հոգի ներկայ գտնուեցան։ Այդ քաջալերական համախմբումը մեզ զօրացուց գալիք փորձութիւնները դիմագրաւելու։

ԴԺՈՒԱՐ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐ ԿԸ ՏԻՐԵՆ

Կառավարութիւնը մեր գործունէութիւնը արգիլումի տակ դրաւ ու մասնաճիւղի շէնքերը գրաւեց

1964–ին Վկաները խիստ փորձութեան ենթարկուեցան, քանի որ կը մերժէին քաղաքական գործունէութիւններու մասնակցիլ։ Հալածանքի ալիք մը կործանեց աւելի քան 100 Թագաւորութեան սրահ եւ Վկաներու աւելի քան 1000 բնակարան։ Սակայն մենք կրցանք շրջագայական գործը շարունակել մինչեւ որ պետութիւնը Վկաներու գործունէութիւնը արգիլումի տակ դրաւ 1967–ին։ Պլանդայրի մէջ մասնաճիւղի շէնքերը գրաւուեցան, միսիոնարները երկրէն վռնտուեցան ու բազմաթիւ տեղացի Վկաներ, ներառեալ՝ ես եւ Լիտասին, բանտարկուեցան։ Ես ու կինս ազատ արձակուելէ ետք, զգուշութեամբ շարունակեցինք մեր շրջագայական գործը։

Օր մը հոկտեմբեր 1972–ին, «Մալաուիի Երիտասարդական լիկա»ի շուրջ 100 անդամ դէպի մեր տունը ուղղուեցան։ Անիկա զինուրական եւ քաղաքական շարժում մըն էր։ Անոնցմէ մէկը վազելով եկաւ ինծի ու ըսաւ որ պահուըտիմ, քանի որ ծրագրած են զիս սպաննել։ Շուտով կնոջս ու զաւակներուս ըսի, որ մօտակայ պանանի ծառերուն մէջ պահուըտին։ Իսկ ես վազեցի ու մագլցեցայ մանգի մեծ ծառ մը։ Հոնկէ դիտեցի ինչպէ՛ս մեր տունը եւ ունեցուածքը կործանեցին։

Որովհետեւ մեր եղբայրները քաղաքականութեան միջամուխ չեղան, իրենց տուները հրոյ ճարակ եղան

Երբ Մալաուիի մէջ հալածանքը սաստկացաւ, հազարաւոր Վկաներ երկրէն փախան։ Մենք ընտանեօք մնացինք գաղթակայանի մը մէջ՝ Մոզամպիկի արեւմուտքը, մինչեւ յունիս 1974։ Այդ ամիս նշանակուեցանք մասնաւոր ռահվիրաներ, որպէսզի ծառայենք Մոզամպիկի Տոմուէյ գիւղաքաղաքին մէջ, Մալաուիի սահմանին մօտ։ Այս մէկը ըրինք մինչեւ 1975, երբ Մոզամպիկ Փորթուգալէն իր անկախութիւնը ստացաւ։ Այն ատեն մեզ ու այլ Վկաներ ստիպեցին վերադառնալ Մալաուի եւ մեզ հալածողներուն։

Մալաուի վերադառնալէ ետք, իմ ու կնոջս նշանակումը եղաւ՝ Լիլոնկուէյ մայրաքաղաքին մէջ ժողովքներուն այցելել։ Հակառակ հալածանքին ու բոլոր դժուարութիւններուն, մեր ծառայած շրջաններուն մէջ նոր ժողովքներ կազմուեցան։

ԵՀՈՎԱՅԻ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՇՕՇԱՓԵԼ

Առիթով մը, մինչ կը ճամբորդէինք, մտանք գիւղ մը ու տեսանք որ քաղաքական հանդիպում մը տեղի կ’ունենար։ Կուսակցութեան համակիրներէն ոմանք գիտցան որ Եհովայի վկաներ ենք, ու մեզ նստեցուցին քաղաքական շարժումի մը անդամներուն հետ, որ կը կոչուէր «Մալաուիի Երիտասարդ ռահվիրաներ»։ Ջերմեռանդօրէն աղօթելով Եհովայի օգնութիւնն ու առաջնորդութիւնը խնդրեցինք այս լարուած կացութեան մէջ։ Ժողովին աւարտին, անոնք սկսան մեզ ծեծել։ Յանկարծ պառաւ մը վազելով եկաւ ու պոռաց. «Հաճեցէ՛ք զանոնք ձգել։ Այս տղամարդը եղբօրս որդին է։ Թոյլ տուէք որ իր ճամբորդութիւնը շարունակէ»։ Այն ատեն ժողովին ատենապետը ըսաւ. «Թող երթան»։ Վստահ չենք թէ կինը ինչ բան ի մտի ունէր. ան մեզի ազգական չէր։ Մեր համոզումն է որ Եհովան մեր աղօթքը լսեց։

Կուսակցական քարտ

1981–ին դարձեալ հանդիպեցանք «Մալաուիի Երիտասարդ ռահվիրաներ» շարժումի կարգ մը անդամներու։ Անոնք մեզմէ խլեցին մեր հեծանիւները, պայուսակները, բազմաթիւ գիրքեր եւ շրջանային գործունէութեան վերաբերող տեղեկագիրներ։ Սակայն կրցանք խոյս տալ ու երթալ երէցի մը տունը։ Այս անգամ ալ կացութեան շուրջ աղօթեցինք։ Մտահոգ էինք թէ անոնք իրենց ձեռք ձգած տեղեկութիւններով ինչ պիտի ընէին։ Տեղեկագիրներուն վրայ ակնարկ նետելով, անոնք նշմարեցին ամբողջ Մալաուիէն ինծի ուղարկուած նամակներ։ Այս մէկը զիրենք սարսափեցուց, քանի որ խորհեցան թէ կառավարական բարձրաստիճան պաշտօնեայ մըն եմ։ Ուստի, անմիջապէս տեղացի երէցներուն յանձնեցին բոլոր տեղեկագիրները ինչպէս որ են։

Ուրիշ առիթով, նաւով մը գետը կը կտրէինք։ Նաւուն սեփականատէրը շրջանին քաղաքական պատասխանատուն էր, եւ որոշեց ստուգել թէ արդեօք բոլոր ներկաները կուսակցական քարտը կը կրէի՛ն։ Մինչ մեզի կը մօտենար, ճանչցաւ գող մը, որ իշխանութիւններուն կողմէ կը հետապնդուէր։ Ասիկա իրարանցում պատճառեց ու վերջ դրաւ կուսակցական քարտի որոնման։ Դարձեալ շօշափեցինք Եհովայի սիրալիր աջակցութիւնը։

ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԻԼ ՈՒ ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԻԼ

Փետրուար 1984–ին, մինչ դէպի Լիլոնկուէյ կ’ուղղուէի, Զամպիոյ մէջ գտնուող մասնաճիւղին համար որոշ տեղեկագիրներ յանձնելու, ոստիկան մը զիս կեցուց ու պայուսակս խուզարկեց։ Սուրբգրային հրատարակութիւններ գտնելով, ան զիս ոստիկանատուն տարաւ ու սկսաւ ծեծել։ Ապա զիս չուանով կապեց ու սենեակի մը մէջ դրաւ այլ բանտարկեալներու հետ, որոնք գողութիւն ըրած էին։

Յաջորդ օրը, ոստիկանապետը զիս ուրիշ սենեակ մը տարաւ ու ինծի ներկայացուց փաստաթուղթ մը, որ կը նշէր. «Ես, Դրոֆիմ Ռ. Նսոմպա, այլեւս Եհովայի վկայ մը չեմ, այնպէս որ կրնամ ազատ արձակուիլ»։ Պատասխանեցի. «Ես պատրաստ եմ ոչ միայն կապանքի մէջ ըլլալու, այլեւ մեռնելու։ Ես տակաւի՛ն Եհովայի վկայ մըն եմ»։ Երբ մերժեցի փաստաթուղթը ստորագրել, ոստիկանապետը բարկացաւ եւ գրասեղանը իր բռունցքով այնքան ուժգին զարկաւ, որ քովի սենեակէն ոստիկան մը ներս վազեց տեսնելու համար թէ ինչ պատահեցաւ։ Ոստիկանապետը անոր ըսաւ. «Այս մարդը կը մերժէ ստորագրել, թէ վկայելը դադրեցուցած է։ Թող ստորագրէ որ Եհովայի վկայ մըն է, եւ զինք պիտի ուղարկենք Լիլոնկուէյ, որպէսզի հոն բանտարկուի»։ Այս միջոցին, սիրելի կինս հարց կու տար թէ ինծի ի՛նչ կը պատահէր։ Չորս օր ետք, եղբայրները կրցան իրեն իմացնել թէ ուր կը գտնուէի։

Լիլոնկուէյի ոստիկանատան մէջ, ինծի հետ ազնուօրէն վարուեցան։ Ոստիկանապետը ըսաւ. «Ահաւասիկ աման մը բրինձ, քանի որ Աստուծոյ Խօսքի՛ն համար կապուած ես։ Հոս միւսները գողեր են»։ Ապա զիս ուղարկեց Քաչիըրի բանտը, ուր հինգ ամիս մնացի։

Բանտապետը իմ գալովս ուրախացաւ. ան ուզեց որ բանտին «քահանան» ըլլամ։ Ան ընթացիկ քահանան պաշտօնազրկեց, իրեն ըսելով. «Չեմ ուզեր որ հոս անգամ մը եւս Աստուծոյ Խօսքը սորվեցնես, քանի որ եկեղեցիէդ գողութիւն ընելուդ համար բանտարկուած ես»։ Ուստի ինծի պատասխանատուութիւն տրուեցաւ, որ ամէն շաբաթ Աստուածաշունչը ուսուցանեմ բանտարկեալներու յատուկ ժողովներուն մէջ։

Ժամանակ մը ետք, պարագաները վատթարացան։ Բանտի պաշտօնեաները զիս հարցաքննութեան ենթարկեցին, գիտնալու համար թէ Մալաուիի մէջ քանի՛ Վկաներ կան։ Երբ գոհացուցիչ պատասխան չտուի, զիս ծեծեցին մինչեւ որ մարեցայ։ Ուրիշ անգամ, անոնք ուզեցին գիտնալ մեր կեդրոնատեղիին վայրը։ Ըսի. «Ձեր հարցումը պարզ է, եւ պատասխանս ալ պատրաստ է»։ Ոստիկանները ուրախացան եւ ձայնագրիչը աշխատցուցին։ Բացատրեցի թէ Եհովայի վկաներու կեդրոնատեղին նկարագրուած է Աստուածաշունչին մէջ։ Անակնկալի գալով՝ հարցուցին. «Աստուածաշունչին մէջ ո՞ւր»։

«Եսայի 43։12–ի մէջ», պատասխանեցի։ Աստուածաշունչը բացին եւ ուշադրութեամբ կարդացին. «Իմ վկաներս դո՛ւք էք, կ’ըսէ [Եհովան], որ ե՛ս եմ Աստուած»։ Անոնք համարը երեք անգամ կարդացին, ապա հարցուցին. «Ինչպէ՞ս կարելի է որ Եհովայի վկաներու կեդրոնատեղին հոս՝ Աստուածաշունչին մէջ ըլլայ եւ ոչ թէ Ամերիկայի մէջ»։ Անոնց ըսի. «Ամերիկայի մէջ ալ Եհովայի վկաները կը սեպեն որ այս համարը իրենց կեդրոնատեղին կը նկարագրէ»։ Ինձմէ իրենց ուզած պատասխանը չստանալով, զիս փոխադրեցին Ճալեքայի բանտը, Լիլոնկուէյի հիւսիսը։

ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ ՆՈՅՆԻՍԿ ԴԺՈՒԱՐ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒՆ

Յուլիս 1984–ին, երբ Ճալեքայի բանտը տարուեցայ, հոն 81 Վկաներ կային։ 300 բանտարկեալները միասին ըլլալով, գետինը քով–քովի կը պառկէին։ Ժամանակի ընթացքին, մենք մեզ պզտիկ խումբերու բաժնեցինք, որպէսզի իւրաքանչիւր օր համար մը քննարկենք։ Համարը կ’ընտրուէր ըստ առաջարկներու։ Այս կարգադրութիւնը մեզ մեծապէս քաջալերեց։

Բանտապետը մեզ միւս բանտարկեալներէն անջատեց։ Պահակ մը գաղտնաբար մեզի ըսաւ. «Կառավարութիւնը ձեզ չ’ատեր։ Ձեզ բանտին մէջ կը պահենք երկու պատճառով. կառավարութիւնը կը վախնայ որ ‘Երիտասարդ ռահվիրաներ’ շարժումին ձեռքով սպաննուիք, եւ քանի որ գալիք պատերազմի մը մասին կը քարոզէք, կառավարութիւնը կը վախնայ որ անոր ընթացքին իր զինուորները փախուստ տան»։

Դատավարութենէ ետք, եղբայրներ դէպի բանտ կ’ուղղուին

Հոկտեմբեր 1984–ին, բոլորս դատարան ներկայացանք, եւ իւրաքանչիւրս երկու տարուան բանտարկութեան դատապարտուեցանք։ Բանտին մէջ դարձեալ ոչ–Վկաներու հետ դրուեցանք, բայց բանտապետը բոլորին յայտարարեց. «Եհովայի վկաները չեն ծխեր։ Ուստի պահակնե՛ր, անոնց նեղութիւն մի՛ տաք խնդրելով ծխիկ մը, ոչ ալ զիրենք ղրկեցէք վառած փայտածուխ մը գտնելու, որ ձեր ծխիկը վառեն։ Անոնք Աստուծո՛յ ծառաներն են։ Բոլոր Եհովայի վկաներուն՝ օրը երկու անգամ ճաշ պիտի տրուի, քանի որ հոս են ոչ թէ գործուած ոճիրներու պատճառաւ, հապա իրենց սուրբգրային հաւատալիքներուն համար»։

Այլ կերպերով ալ մեր լաւ համբաւէն օգտուեցանք։ Երբ մութը կոխէր կամ երկինքը անձրեւէր, թոյլ չէր տրուեր որ բանտարկեալը շրջէր, բայց մեզի արտօնուած էր շէնքը ձգել ե՛րբ որ ուզէինք։ Անոնք գիտէին որ պիտի չփորձէինք փախչիլ։ Իրականութեան մէջ, անգամ մը երբ դաշտին մէջ կ’աշխատէինք, մեր պահակը հիւանդացաւ, ուստի զինք շալկելով բանտը վերադարձուցինք, որպէսզի դարմանուի։ Բանտի բարձրաստիճան պաշտօնեաները գիտէին որ վստահելի անհատներ ենք։ Այսպէս մեր ընտիր վարքը պահպանելով, օրհնութիւն էր տեսնել թէ ինչպէս Եհովայի անունը կը փառաւորուէր կալանողներուն կողմէ (Ա. Պետ. 2։12) *։

ՎԵՐՍՏԻՆ ՆՊԱՍՏԱՒՈՐ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐ

11 մայիս 1985–ին, Ճալեքայի բանտէն ազատ արձակուեցայ։ Ի՜նչ ուրախութիւն էր վերամիանալ ընտանիքիս։ Եհովային շնորհակալութիւն կը յայտնենք, որ մեզի օգնեց այդ դժուար ժամանակներուն մեր ուղղամտութիւնը պահելու։ Այդ ժամանակաշրջանին առնչութեամբ, Պօղոս առաքեալի նման կը զգանք, երբ գրեց. «Չենք ուզեր, եղբայրնե՛ր, որ անգիտանաք. . . մեզի պատահած տառապանքը. չափէն աւելի ծանրաբեռնուեցանք, մեր կարողութենէն աւելի, ա՛յնքան՝ որ նոյնիսկ յուսահատեցանք կեանքէն։ Բայց մահուան վճիռը ունէինք մեր վրայ, որպէսզի վստահինք ո՛չ թէ մենք մեզի, հապա Աստուծոյ՝ որ մեռելները կը յարուցանէ։ Ան այդպիսի մեծ մահէ մը ազատեց մեզ» (Բ. Կոր. 1։8-10, ԱԾ

Եղբայր Նսոմպա եւ իր կինը՝ Լիտասի, Թագաւորութեան սրահի մը առջեւ, 2004

Արդարեւ, երբեմն թուեցաւ որ պիտի չվերապրէինք։ Բայց միշտ Եհովայէն խնդրեցինք քաջութիւն եւ իմաստութիւն, որպէսզի խոնարհ ոգի պահպանելով կարենանք շարունակել իր մեծ անունին փառք բերել։

Եհովան իր ծառայութեան մէջ մեզ օրհնած է՝ թէ՛ նպաստաւոր ժամանակներուն եւ թէ դժուար ժամանակներուն։ 2000–ին Լիլոնկուէյի մէջ ամբողջացաւ մասնաճիւղին կառուցումը։ Մալաուիի տարածքին աւելի քան 1000 նոր Թագաւորութեան սրահներ կառուցուեցան։ Այս ամէնը մեր սիրտը ուրախութեամբ կը լեցնէ։ Եհովայի օրհնութիւնները այնքան հոգեւորապէս կը հարստացնեն, որ ինծի ու Լիտասիի կը թուին երազ մը ըլլալ *։

^ պարբ. 7 Տան մէջ փոքր զաւակներ ունեցող եղբայրները այլեւս չեն նշանակուիր որպէս շրջանային տեսուչ։

^ պարբ. 30 Մալաուիի մէջ տեղի ունեցած հալածանքին մասին մանրամասնութիւններ տրուած են 1999–ի Եհովայի վկաներու տարեգիրք–ին մէջ, էջ 171-223 (անգլերէնով)։

^ պարբ. 34 Մինչ այս յօդուածը հրատարակուելու կը պատրաստուէր, եղբայր Նսոմպա ննջեց 83 տարեկանին։