ՄԵՐ ԱՐԽԻՒԷՆ
Լոյսը կը շողայ Ծագող արեւի երկիրին վրայ
6 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 1926–ին, ծնունդով ճափոնցի ուղեւոր մը (շրջագայող տեսուչ), Միացեալ Նահանգներէն Ճափոն վերադարձաւ որպէս միսիոնար ծառայելու։ Իրեն կը սպասէր Դիտարան պարբերաթերթի միակ բաժանորդը, որ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան խումբ մը կազմած էր Քոպէի մէջ։ 2 յունուար 1927–ին, Աստուածաշունչի Աշակերտները այդ քաղաքին մէջ իրենց առաջին համաժողովը ունեցան։ Ընդամէնը 36 անհատ ներկայ էր եւ 8 հոգի մկրտուեցաւ։ Լաւ սկիզբ մըն էր. բայց այս պզտիկ խումբը ինչպէ՞ս պիտի կարենար Ճափոնի 60 միլիոն բնակիչներուն հասնիլ, որոնք Աստուածաշունչի ճշմարտութեան լոյսին կը կարօտէին։
1927–ի մայիսին, Աստուածաշունչի Աշակերտներէն ոմանք հանրային վկայութեան արշաւ մը նախաձեռնեցին, որպէսզի շարք մը աստուածաշնչական դասախօսութիւններ ծանուցանեն։ Օսաքայի մէջ տրուելիք առաջին դասախօսութեան համար, եղբայրները մայթերու վրայ ցուցանշաններ դրին, ամբողջ քաղաքին մէջ խոշոր ազդատախտակներ կանգնեցուցին եւ հեղինակաւոր մարդոց 3000 հրաւիրագիր ղրկեցին։ Անոնք 150,000 յայտաթերթիկ բաշխեցին եւ դասախօսութիւնը ծանուցանեցին Օսաքայի գլխաւոր լրագիրներուն մէջ եւ շոգեկառքի 400,000 ուղետոմսերու վրայ։ Դասախօսութեան օրը, քաղաքին վրայ երկու օդանաւեր շրջեցան եւ 100,000 յայտաթերթիկ ցրուեցին։ «Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մօտալուտ է» խորագրով դասախօսութիւնը ունկնդրելու համար, Օսաքա Ասահի սրահը մօտ 2300 անհատներով լեցուեցաւ։ Բաւարար տեղ չըլլալուն պատճառաւ 1000 հոգի ալ տուն վերադարձաւ։ Դասախօսութենէն ետք, աւելի քան 600 հանդիսատես մնաց՝ հարց–պատասխանի նիստին մասնակցելու։ Յաջորդ ամիսներուն, Աստուածաշունչի հանրային դասախօսութիւններ տրուեցան նաեւ Քիօթոյի մէջ եւ Ճափոնի արեւմտեան այլ քաղաքներու մէջ։
1927–ի հոկտեմբերին, Աստուածաշունչի Աշակերտները կարգադրեցին որ Թոքիոյի մէջ դասախօսութիւններ տրուին։ Դարձեալ հրաւիրագիրներ բաշխուեցան հեղինակաւոր մարդոց, ինչպէս՝ վարչապետին, խորհրդարանի անդամներուն եւ կրօնական ու զինուորական առաջնորդներուն։ Որմազդներ, լրագրի ծանուցումներ եւ 710,000 յայտաթերթիկ գործածուեցան։ Առ ի արդիւնք, 4800 անհատ ներկայ գտնուեցաւ Ճափոնի մայրաքաղաքին մէջ տրուած երեք դասախօսութիւններուն։
ՆԱԽԱՆՁԱԽՆԴԻՐ ԲԱՇԽՈՂՆԵՐ
Աստուածաշնչական հրատարակութիւններ բաշխողները (ռահվիրաները) մեծ դեր խաղցան Թագաւորութեան պատգամը մարդոց տուները հասցնելուն մէջ։ Մաթսու Իշի, որ Ճափոնի մէջ աստուածաշնչական հրատարակութիւններ բաշխողներուն առաջիններէն էր, իր ամուսինին՝ Ճիզոյի հետ երկրին երեք քառորդը ծածկեց, հեռաւոր հիւսիսի Սափօրօ քաղաքէն մինչեւ Սենտայ, Թոքիօ, Եօքօհամա, Նակոյիա, Օսաքա, Քիօթօ, Օքաեամա եւ Թօքուշիմա։ Քոյր Իշի եւ աւելի մեծ քոյր մը՝ Սաքիքօ Թանաքա, պաշտօնական քիմօնօ (պարեգօտ) հագած, բարձրաստիճան պաշտօնեաներու այցելեցին, որոնցմէ մէկը խնդրեց որ Աստուծոյ քնարը գիրքէն եւ Ազատագրութիւն գիրքէն 300–ական օրինակ տրամադրուին բանտերու գրադարաններուն համար։
Քաձուօ եւ Հակինօ Միուրաները քոյր Իշիէն գիրքեր ընդունեցին եւ ճշմարտութիւնը անմիջապէս զատորոշեցին։ Անոնք 1931–ին մկրտուեցան եւ աստուածաշնչական հրատարակութիւններ բաշխողներ դարձան։ Հարուիչի եւ Թէյն Եամատաները եւ անոնց ազգականներէն շատեր, 1930–էն որոշ ժամանակ մը առաջ ընդունեցին Թագաւորութեան պատգամը։ Եամատա ընտանիքը բաշխողներուն շարքին մտաւ եւ անոնց աղջիկը՝ Եուքիքօ, Թոքիոյի Բեթէլը գնաց ծառայելու։
ՄԵԾ ՈՒ ՊԶՏԻԿ «ՅԷՈՒՆԵՐ»
Այդ օրերուն, ինքնաշարժները չափազանց սուղ էին եւ ճամբաներն ալ՝ անյարմար։ Ուստի Քազումի Մինոուրա եւ այլ երիտասարդ բաշխողներ շարժակ չունեցող կցասայլեր գործածեցին։ Անոնք այս կառքերը կառավար Յէուին անունով կոչեցին, որ Իսրայէլի մէկ թագաւորը եղաւ (Դ. Թագ. 10։15, 16)։ Երեք Մեծ Յէուներ կային,– երկարութիւնը 2,2 մեթր, լայնութիւնը 1,9 մեթր եւ բարձրութիւնը 1,9 մեթր,– իւրաքանչիւրը մինչեւ վեց ռահվիրաներ կրնար կրել։ Ասկէ զատ, Ճափոնի մասնաճիւղին մէջ շինուած՝ երկու հոգինոց 11 Պզտիկ Յէուներ կային, որոնք հեծանիւով կ’ընթանային։ Յէուները շինելու գործին մասնակցած՝ Քիիչի Իուասաքի կը մտաբերէ. «Իւրաքանչիւր Յէու ունէր վրան մը եւ լոյսերու համար՝ ինքնաշարժի մարտկոց մը»։ Ճշմարտութեան լոյսը Ճափոնի տարածքին կը շողար, մինչ աստուածաշնչական հրատարակութիւններ բաշխողները հիւսիսի Հօքայտոյէն մինչեւ հարաւի Քեուշու, Յէուները քաշելով եւ հրելով լեռներ ու ձորեր կը կտրէին։
Բաշխող եղբայր մը՝ Իքումաձու Օթա, ըսաւ. «Երբ գիւղաքաղաք մը հասնէինք, մեր Յէուն կը հաստատէինք գետափի կամ բաց դաշտի մը վրայ։ Նա՛խ գիւղաքաղաքին հեղինակաւոր մարդոց կ’այցելէինք, ինչպէս՝ քաղաքապետին. ապա տուները կ’այցելէինք մեր հրատարակութիւնները ներկայացնելու համար։ Թաղամասը ծածկելէ ետք, յաջորդ գիւղաքաղաքին կ’անցնէինք»։
«Պզտիկ բաներու օր» մըն էր, երբ այդ 36 Աստուածաշունչի Աշակերտները իրենց առաջին համաժողովը ունեցան Քոպէի մէջ (Զաք. 4։10)։ Միայն հինգ տարի ետք, 1932–ին, Ճափոնի մէջ 103 բաշխողներ եւ հրատարակիչներ իրենց գործունէութիւնը տեղեկագրեցին, աւելի քան 14,000 գիրք տեղաւորելով։ Այսօր, Ճափոնի մեծ քաղաքներուն մէջ լաւ կազմակերպուած հանրային վկայութիւններ կ’ըլլան եւ մօտաւորապէս 220,000 հրատարակիչներ թոյլ կու տան, որ իրենց լոյսը շողայ Ծագող արեւի երկիրին վրայ (Ճափոնի մեր արխիւէն)։