Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հարցումներ ընթերցողներէն

Հարցումներ ընթերցողներէն

Սաղմոս 37։25–ի մէջ Դաւիթի նշումը եւ Մատթէոս 6։33–ի մէջ Յիսուսի խօսքը կը նշանակե՞ն թէ Եհովան բնա՛ւ թոյլ պիտի չտայ, որ քրիստոնեան ուտելիքի պակասութիւն ունենայ։

Դաւիթ գրեց. «Արդարը անտես եղած չտեսայ, կամ անոր զաւակը՝ հաց մուրացող»։ Այսպիսով ան ընդհանուր արտայայտութիւն մը ըրաւ, հիմնուելով իր անձնական փորձառութեան վրայ։ Ան Աստուծոյ հաստատ հոգատարութեան քաջատեղեակ էր (Սաղ. 37։25)։ Սակայն Դաւիթի խօսքերը չեն նշանակեր թէ ո՛չ մէկ երկրպագու երբեք կարօտեալ եղաւ կամ պիտի ըլլայ։

Դաւիթ ինք ատեններ շատ դժուար պարագաներէ անցաւ, ինչպէս՝ երբ Սաւուղէն կը փախչէր։ Դաւիթի պաշարը հատնելով, ան իրեն եւ իրեն հետ եղողներուն համար հաց խնդրեց (Ա. Թագ. 21։1-6)։ Ուրեմն այս պարագային, ան հաց կը փնտռէր. սակայն գիտէր թէ Եհովան զինք չէր լքած։ Իրականութեան մէջ, ո՛չ մէկ տեղ կը կարդանք թէ Դաւիթ ստիպուեցաւ մուրալ, որպէսզի կարենայ ողջ մնալու համար ուտելիք ստանալ։

Մատթէոս 6։33–ի մէջ Յիսուս կը հաւաստիացնէ, թէ Աստուած Թագաւորութեան շահերը առաջին տեղը դնող իր հաւատարիմ ծառաներուն կարիքները պիտի հոգայ։ Ան ըսաւ. «Առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը ու այդ բոլոր բաներն ալ [ներառեալ՝ ուտելիք, խմելիք եւ հագուելիք] ձեզի պիտի տրուին»։ Սակայն ան նաեւ նշեց որ հալածանքի պատճառաւ իր «եղբայրներ»ը թերեւս անօթենան (Մատ. 25։35, 37, 40)։ Ասիկա Պօղոս առաքեալի պատահեցաւ։ Ան ատեններ անօթի ու ծարաւ մնաց (Բ. Կոր. 11։27

Եհովան կ’ըսէ թէ զանազան կերպերով պիտի հալածուինք։ Ան թերեւս թոյլ տայ որ զրկանք կրենք, մինչ Սատանային կողմէ հրահրուած ամբաստանութիւններուն պատասխանելու կ’օգնենք (Յոբ 2։3-5)։ Օրինակ, մեր հաւատակիցներէն ոմանք, ինչպէս՝ անոնք որոնք նացի համակեդրոնացման ճամբարները դրուեցան, հալածանքի պատճառաւ իրենց կեանքը վտանգուեցաւ։ Վկաները ուտելիքէ զրկելը նենգամիտ մեթոտ մըն էր, իրենց ուղղամտութիւնը բեկանելու համար։ Հաւատարիմ Վկաները Եհովային հնազանդ մնացին. ան զիրենք չլքեց։ Ան թոյլ տուաւ որ այս փորձութենէն անցնին, ճիշդ ինչպէս որ թոյլ կու տայ որ բոլոր քրիստոնեաները զանազան փորձութիւններ դիմագրաւեն։ Սակայն, անկասկած Եհովան թիկունք կը կանգնի բոլոր անոնց՝ որոնք իր անուան համար կը չարչարուին (Ա. Կոր. 10։13)։ Կրնանք ի մտի ունենալ Փիլիպպեցիս 1։29–ի խօսքերը. «Ձեզի շնորհուեցաւ Քրիստոսին համար՝ ո՛չ թէ միայն անոր հաւատալ, հապա անոր համար չարչարուիլ ալ»։

Եհովան կը խոստանայ իր ծառաներուն հետ ըլլալ։ Օրինակ, Եսայի 54։17–ն կ’ըսէ. «Քեզի վնասող ոեւէ գործիք ամենեւին պիտի չյաջողի»։ Այս եւ նոյնանման խոստումներ կ’երաշխաւորեն թէ Աստուծոյ ժողովուրդը որպէս ամբողջութիւն ապահով պիտի մնայ։ Սակայն քրիստոնեան անհատապէս կրնայ փորձութիւններ դիմագրաւել, նոյնիսկ մեռնելու աստիճան։