Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Տէրը կը ճանչնայ անոնք՝ որոնք իրն են»

«Տէրը կը ճանչնայ անոնք՝ որոնք իրն են»

«Եթէ մէկը Աստուած կը սիրէ, ինք անկէ ճանչցուած է» (Ա. ԿՈՐ. 8։3

1. Պատմէ աստուածաշնչական արձանագրութիւն մը, որ կը շեշտէ թէ ինչպէս Աստուծոյ ժողովուրդէն ոմանք իրենք զիրենք խաբեցին (տե՛ս բացման պատկերը)։

ԱՌՏՈՒ մը, Ահարոն քահանայապետը Եհովայի խորանին դուռը կեցաւ, ձեռքը խունկ ծխելու բուրվառ մը ունենալով։ Իրեն մօտ կային Կորխ ու 250 տղամարդիկ, որոնք եւս Եհովային խունկ կը ծխէին, իւրաքանչիւրը ձեռքը բուրվառ մը ունենալով (Թուոց 16։16-18)։ Առաջին նայուածքով, բոլորը կը թուէին Եհովայի հաւատարիմ ծառայողներ ըլլալ։ Սակայն Ահարոնին հակառակը, անոնք ամբարտաւան դաւաճաններ էին, որոնք կը փորձէին քահանայութիւնը յափշտակել (Թուոց 16։1-11)։ Անոնք իրենք զիրենք խաբած էին, կարծելով թէ Աստուած իրենց պաշտամունքը պիտի ընդունէր։ Բայց այսպիսի բան մը ակնկալելը կը նախատէր Եհովան, որ սրտերը կարդալու կարողութիւնը ունենալով՝ կրնար անոնց կեղծաւորութիւնը նկատել (Եր. 17։10

2. Մովսէս ի՞նչ ըսած էր, եւ իր խօսքերը իրականացա՞ն։

2 Մէկ օր առաջ, Մովսէս ըսած էր. «Վաղը Տէրը պիտի ցուցնէ թէ ո՛րն է իրը» (Թուոց 16։5)։ Արդարեւ, Եհովան զանազանեց հարազատ երկրպագուները կեղծաւորներէն, երբ «[իրմէ] կրակ ելաւ ու խունկ մատուցանող [Կորխն ու] երկու հարիւր յիսուն հոգին սպառեց» (Թուոց 16։35. 26։10)։ Միեւնոյն ժամանակ, ան Ահարոնին խնայեց, այսպիսով նշելով թէ անոր կը հաճէր որպէս իսկական քահանայ եւ անկեղծ երկրպագու (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 8։3

3. ա) Պօղոս առաքեալի օրերուն ի՞նչ կացութիւն ծագեցաւ։ բ) Ըմբոստներու հետ ինչպէս վարուելու նկատմամբ, Եհովան ի՞նչ նախադէպ դրած էր։

3 Նոյնանման պարագայ մը ծագեցաւ շուրջ 1500 տարի ետք, Պօղոս առաքեալի օրերուն։ Կարգ մը անուանական քրիստոնեաներ սուտ ուսուցումներ որդեգրեցին. բայց եւ այնպէս շարունակեցին ժողովքին ընկերակցիլ։ Հարեւանցի դիտող մը տարբերութիւն պիտի չտեսնէր հաւատուրացներուն եւ ժողովքի միւս անդամներուն միջեւ։ Բայց անոնց հաւատուրացութիւնը հաւատարիմ քրիստոնեաներուն վտանգ կը հանդիսանար։ Ոչխարի կերպարանքով այս գայլերը սկսան «կործանե[լ] ոմանց հաւատքը» (Բ. Տիմ. 2։16-18)։ Սակայն Եհովան հարեւանցի դիտող մը չէ, եւ Պօղոս ասիկա գիտէր ըմբոստ Կորխի եւ անոր թիկունք կանգնողներուն պատմութենէն։ Այս առնչութեամբ, նկատի առնենք Աստուածաշունչէն հետաքրքրական հատուած մը, եւ տեսնենք թէ ի՛նչ գործնական դասեր կրնանք սորվիլ անկէ։

«ԵՍ ԵՀՈՎԱ ԵՄ, ՉԵՄ ՓՈԽՈՒԻՐ»

4. Պօղոս ի՞նչ համոզում ունէր, եւ զայն Տիմոթէոսի ինչպէ՞ս արտայայտեց։

4 Պօղոս համոզուած էր որ Եհովան կրնա՛ր կեղծ պաշտամունքը նկատել եւ Իրեն հնազանդ եղողները բնորոշել։ Ան իր զօրաւոր համոզումը արտայայտեց որոշ բառեր ընտրելով, երբ Տիմոթէոսի ուղղած իր ներշնչեալ նամակը գրեց։ Ժողովքին մէջ հաւատուրացներուն պատճառած հոգեւոր վնասին ակնարկելէ ետք, Պօղոս գրեց. «Բայց Աստուծոյ դրած հաստատուն հիմը կանգուն կը մնայ։ Անոր վրայ գրուած է. ‘Տէրը կը ճանչնայ անոնք՝ որոնք իրն են’, եւ ‘Ով որ Տիրոջ անունը կը կրէ՝ թող հեռու մնայ անիրաւ գործերէ’» (Բ. Տիմ. 2։18, 19, Նոր աշխարհաբար թարգմանութիւն [ՆԹ]

5, 6. «Աստուծոյ դրած հաստատուն հիմը» արտայայտութիւնը ինչո՞ւ յատկանշական է, եւ հաւանաբար Տիմոթէոսին ինչպէ՞ս ազդեց։

5 Այս համարին մէջ Պօղոսի ընտրած բառերուն նկատմամբ ի՞նչ բան յատկանշական է։ Աստուածաշունչին մէջ միայն հոս կը նշուի «Աստուծոյ դրած հաստատուն հիմը»։ Աստուածաշունչը «հիմ» բառը կը գործածէ որպէս փոխաբերութիւն զանազան բաներու, ներառեալ՝ բառացի Երուսաղէմը որպէս վաղեմի Իսրայէլի մայրաքաղաքը (Սաղ. 87։1, 2)։ Եհովայի նպատակին մէջ Յիսուսի ունեցած դերն ալ կը նմանցուի հիմի (Ա. Կոր. 3։11. Ա. Պետ. 2։6)։ Պօղոս ի՞նչ բան ի մտի ունէր, երբ «Աստուծոյ դրած հաստատուն հիմ»ին մասին գրեց։

6 Պօղոս «Աստուծոյ դրած հաստատուն հիմը» կը նշէ այն նոյն հատուածին մէջ, ուր կը մէջբերէ Թուոց 16։5–ի մէջ արձանագրուած՝ Կորխին ու անոր թիկունք կանգնողներուն առնչութեամբ Մովսէսի խօսքերը։ Բացայայտ է որ Պօղոս Մովսէսի օրուան դէպքերուն կ’ակնարկէր, ջանալով Տիմոթէոսը քաջալերել եւ յիշեցնել թէ Եհովան կրնայ ըմբոստ արարքները նկատել եւ անոնց դէմ քայլ առնել։ Ինչպէս որ դարեր առաջ Կորխ չէր կրցած Եհովայի նպատակին արգելք հանդիսանալ, նոյնպէս ալ ժողովքին մէջ հաւատուրացները պիտի չկարենային այս մէկը ընել։ Պօղոս մանրամասնօրէն չբացատրեց թէ «Աստուծոյ դրած հաստատուն հիմը» ի՛նչ կը ներկայացնէ։ Այսուհանդերձ, այս արտայայտութիւնը անկասկած Տիմոթէոսը մղեց որ Եհովայի ճամբաներուն նկատմամբ վստահութիւն ունենայ։

7. Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան արդարութեամբ եւ հաւատարմութեամբ պիտի գործէ։

7 Եհովայի վեհ սկզբունքները անխախտ են։ «Տէրոջը խորհուրդը յաւիտեան կը մնայ ու անոր սրտին դիտաւորութիւնները՝ ազգէ մինչեւ ազգ», կ’ըսէ Սաղմոս 33։11–ը։ Ուրիշ համարներ կը խօսին Եհովայի իշխանութեան, ողորմութեան, հաւատարմութեան եւ արդարութեան մասին, նշելով թէ անոնք յաւիտեան կը մնան (Ել. 15։18. Սաղ. 100։5. 112։9Մաղաքիա 3։6–ը կ’ըսէ. «Ես Եհովա եմ, չեմ փոխուիր»։ Նմանապէս, Յակոբոս 1։17–ն դիտել կու տայ թէ Եհովային մէջ «բնաւ փոփոխութիւն կամ դառնալու շուք մը չկայ»։

‘ԳՐՈՒԹԻՒՆ’ ՄԸ ՈՐ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՀԱՆԴԷՊ ՀԱՒԱՏՔ ԿԸ ԿԵՐՏԷ

8, 9. «Հաստատուն հիմ»ին գրութենէն ի՞նչ դաս կրնանք քաղել։

8 Բ. Տիմոթէոս 2։19–ի մէջ արձանագրուած Պօղոսի պատկերաւոր խօսքը կը նկարագրէ պատգամ կրող հիմ մը, կարծես թէ պատգամը կնիքով դրոշմուած է։ Վաղեմի ժամանակներուն, սովորական բան մըն էր շէնքի մը հիմին վրայ քանդակագրութիւն ընել, թերեւս ցոյց տալու թէ ո՛վ զայն շինած է կամ որո՛ւ կը պատկանի։ Պօղոս Աստուածաշունչի առաջին գրողն էր որ այս մասնայատուկ լուսաբանութիւնը գործածեց *։ «Աստուծոյ դրած հաստատուն հիմ»ին գրութիւնը երկու խօսք կը բովանդակէ։ Առաջին՝ «Տէրը կը ճանչնայ անոնք՝ որոնք իրն են», իսկ երկրորդ՝ «Ով որ Տիրոջ անունը կը կրէ՝ թող հեռու մնայ անիրաւ գործերէ»։ Ասիկա մեզի կը յիշեցնէ ինչ որ Թուոց 16։5–ի մէջ գրուած է (կարդա՛

9 «Հաստատուն հիմ»ին գրութենէն ի՞նչ դաս կրնանք քաղել։ Աստուծոյ պատկանողներուն համար, Եհովայի արժանիքներն ու սկզբունքները կարելի է ամփոփել երկու էական ճշմարտութիւններու մէջ. 1) Եհովան իրեն հաւատարիմ եղողները կը սիրէ, եւ 2) Եհովան անիրաւ գործերը կ’ատէ։ Այս դասը ինչպէ՞ս ժողովքէն ներս հաւատուրացութեան հարցին առնչուած է։

10. Հաւատուրացներուն արարքները Պօղոսի ժամանակակից հաւատարիմներուն ինչպէ՞ս ազդեցին։

10 Հաւատուրացներուն արարքները հաւանաբար անհանգստացուցած էին Տիմոթէոսը եւ այլ հաւատարիմներ։ Քրիստոնեաներէն ոմանք թերեւս հարց տուին թէ ինչո՛ւ այսպիսի անհատներու թոյլ կը տրուէր ժողովքին մէջ մնալ։ Հաւատարիմները թերեւս մտածեցին, թէ արդեօք Եհովան իրապէս կը զանազանէ՛ր իրեն հանդէպ իրենց վճռական հաւատարմութիւնը՝ հաւատուրացներուն կեղծ պաշտամունքէն (Գործք 20։29, 30

Տիմոթէոս հաւատուրացութեան հակում ունեցողներու արարքներէն պիտի չազդուէր (տե՛ս պարբերութիւն 10-12)

11, 12. Պօղոսի նամակը ինչպէ՞ս զօրացուց Տիմոթէոսի հաւատքը։

11 Պօղոսի նամակը անկասկած Տիմոթէոսի հաւատքը զօրացուց, իրեն յիշեցնելով թէ ի՛նչ պատահեցաւ երբ հաւատարիմ Ահարոն ջատագովուեցաւ, իսկ կեղծաւոր Կորխն ու անոր ընկերակիցները քօղազերծուեցան, մերժուեցան ու բնաջնջուեցան։ Պօղոս կարծես կ’ըսէր թէ հակառակ որ իրենց մէջ կեղծաւոր քրիստոնեաներ կային, Եհովան իսկապէս իրեն եղողները պիտի բնորոշէր, ճիշդ ինչպէս որ Մովսէսի օրերուն ըրաւ։

12 Եհովան բնաւ չի փոխուիր. ան վստահելի է։ Ան անիրաւ գործերը կ’ատէ, եւ յարմար ժամանակին՝ անզեղջ յանցագործներուն արդար դատաստան կը տեսնէ։ Տիմոթէոս որ ‘Տիրոջ անունը կը կրէր’, յիշեցում ստացաւ թէ անձամբ պատասխանատուութիւն ունէր կեղծաւոր քրիստոնեաներուն վնասակար ազդեցութիւնը մերժելու *։

ՀԱՐԱԶԱՏ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԸ ԲՆԱՒ ՓՈՒՃ ՉԷ

13. Ի՞նչ վստահութիւն կրնանք ունենալ։

13 Մենք եւս կրնանք Պօղոսի ներշնչեալ խօսքերով հոգեւորապէս զօրանալ։ Ամէն բանէ առաջ, վստահութիւն կը ներշնչէ գիտնալը որ Եհովան իրեն հանդէպ մեր հաւատարմութեան գիտակից է։ Ասիկա հարեւանցի գիտակցութիւն չէ. ան խորապէս հետաքրքրուած է անոնցմով, որոնք իրեն կը պատկանին։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Տէրոջը աչքերը բոլոր երկիրը կը դիտեն, որպէս զի իրեն ուղիղ սրտով յարողները ուժովցնէ» (Բ. Մն. 16։9)։ Ուստի կրնանք լիովին վստահ ըլլալ, թէ ինչ որ «սուրբ սրտով» Եհովային համար կ’ընենք, փուճ չէ (Ա. Տիմ. 1։5. Ա. Կոր. 15։58

14. Եհովան ինչպիսի՞ պաշտամունք չի հանդուրժեր։

14 Նաեւ զգաստացուցիչ է գիտնալ, թէ Եհովան կեղծ պաշտամունքը չի հանդուրժեր։ Մինչ իր «աչքերը բոլոր երկիրը կը դիտեն», կրնայ նկատել անոնք, որոնք իրեն «ուղիղ սրտով» չեն յարիր։ Առակաց 3։32–ը կ’ըսէ թէ «ծուռ մարդը Տէրոջը առջեւ պիղծ է», զոր օրինակ՝ ան որ կը ձեւացնէ հնազանդ ըլլալ, մինչ գաղտնաբար մեղք կը գործէ։ Թէեւ խարդախ անձը ատեն մը վարպետութեամբ խաբէ ուրիշները, սակայն Եհովային ամենակալութիւնն ու արդարութիւնը կ’երաշխաւորեն, թէ «իր յանցանքները ծածկողը յաջողութիւն չի գտներ» (Առ. 28։13. կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 5։24. Եբրայեցիս 4։13

15. Ի՞նչ բանէ պէտք է խուսափինք եւ ինչո՞ւ։

15 Եհովայի ժողովուրդին մեծամասնութիւնը անկեղծօրէն նուիրուած է։ Շատ անսովոր բան մը պիտի ըլլար, որ ժողովքին մէջ անհատ մը դիտումնաւոր կերպով կեղծ պաշտամունք որդեգրէ։ Սակայն, եթէ ասիկա պատահեցաւ Մովսէսի օրերուն ե՛ւ առաջին դարուն, այսօր ալ կրնայ պատահիլ (Բ. Տիմ. 3։1, 5)։ Արդեօք պէ՞տք է մեր հաւատակիցներուն վրայ կասկածինք, Եհովայի հանդէպ իրենց հաւատարմութիւնը հարցականի տակ դնելով։ Բնաւ երբեք։ Մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն հանդէպ անհիմն կասկածներ սնուցանելը սխալ է (կարդա՛ Հռովմայեցիս 14։10-12. Ա. Կորնթացիս 13։7)։ Ասկէ աւելին, ժողովքին մէջ ուրիշներուն ուղղամտութեան նկատմամբ անվստահութիւն ունենալու հակումը, մե՛ր հոգեւորութեան կը վնասէ։

16. ա) Իւրաքանչիւրս ի՞նչ կրնանք ընել որ կեղծաւորութիւնը մեր սրտին մէջ արմատ չկապէ։ բ) « Փորձեցէք. . . քննեցէք» շրջանակէն ի՞նչ դասեր կրնանք քաղել։

16 Իւրաքանչիւր քրիստոնեայ պէտք է ‘իր գործը կշռէ’ (Գաղ. 6։4)։ Քանի որ մեղաւոր հակումներ ունինք, միշտ հաւանականութիւն կայ որ անգիտակցաբար որդեգրենք նկարագրի գծեր, որոնք անկեղծութիւն չեն դրսեւորեր (Եբ. 3։12, 13)։ Ասոր համար, տեղին է որ ատեն–ատեն Եհովային ծառայելու մեր շարժառիթները քննենք։ Կրնանք մենք մեզի հարցնել. «Եհովան կը պաշտե՞մ քանի որ զինք կը սիրեմ եւ իր գերիշխանութիւնը կ’ընդունիմ, թէ ոչ աւելի շեշտ կը դնեմ Դրախտի ֆիզիքական օրհնութիւններուն վրայ» (Յայտ. 4։10բ)։ Վստահաբար բոլորս կ’օգտուինք մեր գործը կշռելով եւ մեր սրտէն կեղծաւորութեան որեւէ հետք հանելով։

ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆ ԲԵՐՈՂ ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ

17, 18. Եհովայի պաշտամունքին մէջ ինչո՞ւ պէտք է անկեղծ ըլլանք։

17 Մինչ կը ջանանք մեր պաշտամունքին մէջ անկեղծ ըլլալ, բազմաթիւ օգուտներ կը քաղենք։ «Երանի՜ այն մարդուն՝ որուն՝ Տէրը անօրէնութիւն չի սեպեր ու անոր հոգիին մէջ նենգութիւն չկայ», կ’ըսէ սաղմոսերգուն (Սաղ. 32։2)։ Այո, անոնք որոնք իրենց սիրտը կեղծաւորութենէ կը մաքրեն, աւելի ուրախ են, եւ ապագային կատարեալ երջանկութիւն պիտի վայելեն։

18 Յարմար ժամանակին, Եհովան պիտի քօղազերծէ չարութիւն գործողները կամ կրկնակի կեանք վարողները, յստակ տարբերութիւն դնելով «արդարին եւ ամբարիշտին, Աստուծոյ ծառայութիւն ընողին եւ անոր ծառայութիւն չընողին» միջեւ (Մաղ. 3։18)։ Մինչ այդ, հաւաստիացուցիչ է գիտնալ թէ «Տէրոջը աչքերը արդարներուն վրայ են ու իր ականջները՝ անոնց աղօթքին» (Ա. Պետ. 3։12

^ պարբ. 8 Յայտնութիւն 21։14–ը, որ Տիմոթէոսի ուղղուած Պօղոսի նամակներէն տասնամեակներ ետք գրուած է, կը նշէ 12 «հիմեր», որոնց վրայ 12 առաքեալներուն անունները փորագրուած են։

^ պարբ. 12 Յաջորդ յօդուածը նկատի կ’առնէ թէ ինչպէ՛ս կրնանք Եհովան ընդօրինակել, անիրաւ գործերէ հեռու մնալով։