Մովսէսի հաւատքը ընդօրինակէ՛
«Հաւատքով Մովսէս, երբ մեծցաւ, չընդունեց Փարաւոնին աղջկան որդի կոչուիլ» (ԵԲ. 11։24)։
1, 2. ա) Մովսէս 40 տարեկանին ի՞նչ որոշում կայացուց (տե՛ս բացման պատկերը)։ բ) Մովսէս ինչո՞ւ ընտրեց Աստուծոյ ժողովուրդին հետ չարչարուիլ։
ՄՈՎՍԷՍ գիտէր թէ Եգիպտոս ի՛նչ ապագայ կը խոստանար իրեն։ Ան արքայական ընտանիքին կը պատկանէր եւ հարուստներուն շքեղ տուները կը տեսնէր։ Ան «Եգիպտացիներուն բոլոր իմաստութիւնովը վարժուեցաւ», հաւանաբար մէջը ըլլալով գեղարուեստք, աստղագիտութիւն, ուսողութիւն եւ ուրիշ գիտելիքներ (Գործք 7։22)։ Մովսէս պատեհութիւն ունէր ձեռք ձգելու հարստութիւն, իշխանութիւն եւ առանձնաշնորհումներ, որոնք սովորական եգիպտացիին համար լոկ երազ մըն էին։
2 Սակայն երբ ան 40 տարեկան էր, կայացուց որոշում մը որ զարմացուցած ըլլալու էր զինք որդեգրող արքայական ընտանիքը։ Ան ոչ թէ միայն չընտրեց սովորական եգիպտացիին «բնական» կեանքը, հապա նախընտրեց ստրուկներո՛ւ հետ ապրիլ։ Ինչո՞ւ։ Մովսէս հաւատք ունէր (կարդա՛ Եբրայեցիս 11։24-26)։ Հաւատքով ան իր շուրջը եղող ֆիզիքական աշխարհէն շա՜տ աւելին տեսաւ։ Հոգեւոր մտայնութիւն ունենալով, ան «Անտեսանելի[ի]ն»՝ Եհովային հաւատք ընծայեց եւ վստահ էր որ անոր խոստումները պիտի կատարուէին (Եբ. 11։27)։
3. Այս յօդուածին մէջ ո՞ր երեք հարցումները պիտի պատասխանուին։
3 Մենք ալ պէտք է մեր բառացի աչքին տեսանելի եղող բաներէն աւելին տեսնենք։ Հաւատքի տէր անհատներ պէտք է ըլլանք (Եբ. 10։38, 39)։ Մեր հաւատքը զօրացնելու համար, քննենք ինչ որ Եբրայեցիս 11։24-26–ը կ’ըսէ Մովսէսի մասին, ի մտի ունենալով հետեւեալ հարցումները. հաւատքը ինչպէ՞ս մղեց Մովսէսը որ մարմնաւոր ցանկութիւնները մերժէ։ Երբ ան նախատուեցաւ, հաւատքը ինչպէ՞ս օգնեց որ իր առանձնաշնորհումները գնահատէ։ Եւ ան ինչո՞ւ «դիտելով կը սպասէր վարձքին հատուցումին»։
ԱՆ ՄԱՐՄՆԱՒՈՐ ՑԱՆԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՄԵՐԺԵՑ
4. Մովսէս ‘մեղքին զուարճութեան’ մասին ի՞նչ գիտակցեցաւ։
4 Մովսէս հաւատքի աչքերով տեսաւ թէ ‘մեղքին զուարճութիւնը’ ժամանակաւոր է։ Ուրիշներ թերեւս պատճառաբանեցին, թէ կռապաշտութեան եւ ոգեհարցութեան մէջ մխրճուելով հանդերձ, Եգիպտոս աշխարհակալ ոյժ մը եղած էր, մինչդեռ Եհովայի ժողովուրդը որպէս ստրուկներ կը չարչարուէին։ Բայց Մովսէս գիտէր թէ Աստուած հարցերը կրնար յեղաշրջել։ Թէեւ թոյլատու կենցաղ վարողները ըստ երեւոյթին կը բարգաւաճէին, սակայն Մովսէս կը հաւատար թէ չարերը պիտի կորսուէին։ Առ ի արդիւնք, ան ‘մեղքին ժամանակաւոր զուարճութեամբ’ չհրապուրուեցաւ։
5. Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ «մեղքին ժամանակաւոր զուարճութիւնը» մերժենք։
5 Ինչպէ՞ս կրնաս ‘մեղքին ժամանակաւոր զուարճութեան’ դիմադրել։ Երբեք մի՛ մոռնար թէ մեղաւոր հաճոյքը անցողական է։ Հաւատքի աչքերով տե՛ս թէ «աշխարհս ալ կ’անցնի, անոր ցանկութիւնն ալ» (Ա. Յովհ. 2։15-17)։ Խոկա՛ թէ անզեղջ մեղաւորներուն ի՛նչ ապագայ կը սպասէ։ Անոնք «սահուն տեղեր» կը գտնուին եւ ‘վախերով պիտի կորսուին’ (Սաղ. 73։18, 19)։ Երբ փորձուիս մեղաւոր վարքի միջամուխ ըլլալ, դուն քեզի հարցուր. «Իմ անձիս ինչպիսի՞ ապագայ կ’ուզեմ»։
6. ա) Մովսէս ինչո՞ւ «չընդունեց Փարաւոնին աղջկան որդի կոչուիլ»։ բ) Ինչո՞ւ կը կարծես թէ Մովսէս ճիշդ որոշումը առաւ։
6 Մովսէսի հաւատքը նաեւ ազդեց ասպարէզի իր ընտրութեան։ «Հաւատքով Մովսէս, երբ մեծցաւ, չընդունեց Փարաւոնին աղջկան որդի կոչուիլ» (Եբ. 11։24)։ Ան չպատճառաբանեց թէ կրնար որպէս պալատական Աստուծոյ ծառայել եւ ապա իր հարստութիւնն ու առանձնաշնորհումը գործածել իսրայէլացիներուն օգնելու։ Ան վճռած էր Եհովան սիրել իր ամբողջ սրտով, հոգիով եւ զօրութեամբ (Բ. Օր. 6։5)։ Իր որոշումը զինք շատ մը սրտացաւերէ փրկեց։ Յետագային, իսրայէլացիները իրե՛նք կողոպտեցին Մովսէսի լքած շատ մը գանձերը (Ել. 12։35, 36)։ Փարաւոն նուաստացաւ եւ իր կեանքը կորսնցուց (Սաղ. 136։15)։ Իսկ Մովսէս ազատեցաւ եւ Աստուծոյ կողմէ գործածուեցաւ ամբողջ ազգը ապահով վայր առաջնորդելու։ Իր կեանքը իսկապէս իմաստալից էր։
7. ա) Ըստ Մատթէոս 6։19-21–ին, ինչո՞ւ անմիջական ապագայէն անդին պէտք է նայինք։ բ) Պատմէ փորձառութիւն մը, որ նիւթական եւ հոգեւոր գանձերու միջեւ եղած տարբերութիւնը կ’ընդգծէ։
7 Եթէ Եհովային ծառայող երիտասարդ մըն ես, ասպարէզ ընտրելու առնչութեամբ հաւատքը ինչպէ՞ս կրնայ քեզի օգնել։ Իմաստութիւն է ծրագրել ապագային համար։ Բայց Աստուծոյ խոստումներուն հաւատք ընծայելը քեզ պիտի մղէ որ գործես ժամանակաւո՞ր թէ ոչ յաւիտենական ապագայի մը համար (կարդա՛ Մատթէոս 6։19-21)։ Սոֆի անունով տաղանդաւոր պալէ պարուհի մը այս որոշումին առջեւ գտնուեցաւ։ Ան Միացեալ Նահանգներու պալէի ընկերութիւններու կողմէ թոշակներ ստացաւ եւ ցանկալի դիրքերու հասաւ։ «Սիրուած ըլլալս զիս կ’ոգեւորէր։ Իրականութեան մէջ, ինքզինքս հասակակիցներէս գերադաս կը նկատէի», կ’ըսէ ան։ «Բայց ուրախ չէի»։ Ապա Սոֆին դիտեց Պատանիները կը հարցնեն. կեանքս ի՞նչ կերպով գործածեմ տեսաերիզը։ Ան կ’ըսէ. «Անդրադարձայ թէ Եհովայի մատուցած սրտագին պաշտամունքիս հաշւո՛յն, աշխարհը ինծի տուած էր յաջողութիւն եւ համակիրներու մեծարանքը։ Ջերմեռանդօրէն իրեն աղօթեցի. ապա պարի ասպարէզս ձգեցի»։ Ան իր որոշումին նկատմամբ ինչպէ՞ս կը զգայ։ «Անցեալի կենցաղս չե՛մ կարօտնար։ Այժմ հարիւր տոկոսով ուրախ եմ։ Ամուսինիս հետ ռահվիրայութիւն կ’ընեմ։ Մենք համբաւաւոր չենք, եւ մեր նիւթականն ալ չնչին է. բայց ունինք Եհովան, Աստուածաշունչի աշակերտներ եւ հոգեւոր նպատակակէտեր։ Ես երբե՛ք չեմ զղջար»։
8. Աստուածաշնչական ո՞ր խրատը կրնայ երիտասարդի մը օգնել, որ որոշէ թէ իր կեանքը ի՛նչ կերպով գործածէ։
Բ. Օր. 10։12, 13)։ Մինչ երիտասարդ ես, ընտրէ ասպարէզ մը որ քեզ կարող պիտի դարձնէ Եհովան սիրելու եւ «բոլոր սրտովդ ու բոլոր հոգիովդ» անոր ծառայելու։ Կրնա՛ս վստահ ըլլալ որ այս ընթացքը ‘քեզի աղէկ պիտի ըլլայ’։
8 Եհովան գիտէ՛ թէ քեզի համար լաւագոյն բանը ինչ է։ Մովսէս ըսաւ. «Քու Տէր Աստուածդ քեզմէ ի՞նչ կը պահանջէ։ Միայն քու Տէր Աստուծմէդ վախնալ, իր ճամբաներուն մէջ քալել եւ զինք սիրել։ Նաեւ քու բոլոր սրտովդ ու բոլոր հոգիովդ քու Տէր Աստուածդ պաշտել եւ Տէրոջը պատուիրանքներն ու կանոնները պահել, որոնք ես այսօր քեզի կը յայտնեմ, որպէս զի քեզի աղէկ ըլլայ» (ԱՆ ԻՐ ԱՌԱՆՁՆԱՇՆՈՐՀՈՒՄՆԵՐԸ ԳՆԱՀԱՏԵՑ
9. Բացատրէ թէ ինչո՛ւ դիւրին չէր որ Մովսէս իր նշանակումը կատարէր։
9 Մովսէս «աւելի մեծ հարստութիւն սեպեց Քրիստոսին նախատինքը՝ քան թէ Եգիպտոսին գանձերը» (Եբ. 11։26)։ Ան յանձնարարուեցաւ որպէս «Քրիստոս» կամ «Օծեալ», այն առումով որ Եհովային կողմէ ընտրուեցաւ իսրայէլը Եգիպտոսէն դուրս առաջնորդելու համար։ Մովսէս գիտէ՛ր թէ այս յանձնարարութիւնը կատարելը դժուար պիտի ըլլար, նոյնիսկ՝ «նախատինք»։ Նախապէս իսրայէլացի մը ծաղրանքով իրեն ըսած էր. «Ո՞վ քեզ մեր վրայ իշխան ու դատաւոր դրաւ» (Ել. 2։13, 14)։ Նաեւ, Մովսէս Եհովային նշեց. «Ահա Իսրայէլի որդիները ինծի մտիկ չըրին, Փարաւո՞ն ինչպէս մտիկ պիտի ընէ» (Ել. 6։12)։ Որպէսզի կարենայ նախատինքին հետ գլուխ ելլել, Մովսէս իր վախերն ու մտահոգութիւնները Եհովայի յայտնեց։ Եհովան ինչպէ՞ս օգնեց Մովսէսին որ իր դժուար նշանակումը կատարէ։
10. Եհովան Մովսէսին ինչպէ՞ս օգնեց որ իր նշանակումը կատարէ։
10 Առաջին, Եհովան Մովսէսը հաւաստիացուց՝ ըսելով. «Անշուշտ ես քեզի հե՛տ պիտի ըլլամ» (Ել. 3։12)։ Երկրորդ, Եհովան վստահութիւն ներշնչեց՝ իր անուան նշանակութեան մէկ երեսակը բացատրելով. «Ես Պիտի Դառնամ Ինչ Որ Կը Կամենամ Դառնալ» (Ել. 3։14, ՆԱ) *։ Երրորդ, ան Մովսէսը օժտեց հրաշք գործելու կարողութեամբ, որ ապացուցանեց թէ Մովսէս իսկապէս Աստուծոյ կողմէ ղրկուած էր (Ել. 4։2-5)։ Չորրորդ, Եհովան Մովսէսին տուաւ ընկերակից եւ խօսնակ մը՝ Ահարոն, օգնելու որ իր նշանակումը կատարէ (Ել. 4։14-16)։ Իր կեանքին վերջաւորութեան, Մովսէս այնքա՛ն համոզուած էր որ Աստուած Իր ծառաներուն կ’օգնէ իրենց տրուած որեւէ նշանակում կատարելու, որ վստահութեամբ կրցաւ իր յաջորդին՝ Յեսուին ըսել. «Քու առջեւէդ գացողը նոյն ինքը Տէրն է. անիկա քեզի հետ պիտի ըլլայ. անիկա քեզ պիտի չթողու ու քեզ երեսէ պիտի չձգէ. մի՛ վախնար ու մի՛ զարհուրիր» (Բ. Օր. 31։8)։
11. Մովսէս ինչո՞ւ իր նշանակումը մեծապէս արժեւորեց։
11 Եհովայի աջակցութեամբ, Մովսէս իր ծանր նշանակումը մեծապէս արժեւորեց, զայն ‘աւելի մեծ հարստութիւն սեպելով քան Եգիպտոսին գանձերը’։ Ի վերջոյ, փարաւոնին ծառայելը ի՞նչ էր՝ բաղդատած Ամենակալ Աստուծոյ ծառայելուն։ Եգիպտոսի մէջ իշխան ըլլալը ի՞նչ արժէք ունէր՝ բաղդատած Եհովայի «Քրիստոսը» կամ օծեալը ըլլալուն։ Մովսէս իր ճիշդ կեցուածքին համար վարձատրուեցաւ։ Ան մասնայատուկ մտերմութիւն վայելեց Եհովային հետ, որ զինք կարող դարձուց մեծ ու ահարկու գործեր կատարելու, մինչ իսրայէլացիները դէպի Խոստացեալ երկիր կ’առաջնորդէր (Բ. Օր. 34։10-12)։
12. Եհովա մեզի ի՞նչ առանձնաշնորհումներ տուած է։
12 Մենք ալ յանձնարարութիւն մը ունինք։ Եհովան իր Որդւոյն միջոցով մեզի ծառայութիւն մը նշանակած է, ինչպէս որ Պօղոս առաքեալին եւ ուրիշներուն ըրաւ (կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 1։12-14)։ Բոլորս բարի լուրը ծանուցանելու առանձնաշնորհումը ունինք (Մատ. 24։14. 28։19, 20)։ Ոմանք լիաժամ ծառաներ են։ Ժողովքին մէջ հասուն եղբայրներ կը ծառայեն որպէս օգնական ծառաներ եւ երէցներ։ Սակայն, թերեւս անհաւատ ընտանիքդ եւ ուրիշներ այսպիսի առանձնաշնորհումներու արժէքը հարցականի տակ դնեն, կամ նոյնիսկ անձնազոհ հոգիիդ համար քեզ նախատեն (Մատ. 10։34-37)։ Եթէ անոնք յաջողին քեզ վհատեցնել, թերեւս սկսիս մտածել թէ արդեօք իրապէս կ’արժէ՛ զոհողութիւններ ընել կամ պիտի կարենա՛ս նշանակումդ կատարել։ Եթէ ասիկա պատահի, հաւատքը ինչպէ՞ս քեզի պիտի օգնէ որ յարատեւես։
13. Եհովան ինչպէ՞ս կ’օգնէ որ մեր աստուածպետական նշանակումները կատարենք։
13 Հաւատքով Եհովայի աղերսէ՛ որ քեզի թիկունք կանգնի։ Վախերդ ու մտահոգութիւններդ իրեն արտայայտէ։ Ի վերջոյ, քեզի յանձնարարութիւն տուողը Եհովա՛ն է, եւ պիտի օգնէ որ յաջողիս։ Ինչպէ՞ս։ Այն նոյն կերպերով որ Մովսէսին օգնեց։ Առաջին, Եհովան քեզ կը հաւաստիացնէ. «Քեզ պիտի զօրացնեմ ու քեզի օգնութիւն պիտի ընեմ ու իմ արդարութեանս աջովը քեզ պիտի բռնեմ» (Եսա. 41։10)։ Երկրորդ, ան քեզի կը յիշեցնէ թէ իր խոստումները վստահելի են՝ ըսելով. «Ես խօսեցայ ու ես պիտի կատարեմ։ Ես խորհեցայ ու ես պիտի գործադրեմ» (Եսա. 46։11)։ Երրորդ, Եհովան քեզի կու տայ «զօրութեան առաւելութիւնը», որպէսզի ծառայութիւնդ կատարես (Բ. Կոր. 4։7)։ Չորրորդ, նշանակումիդ մէջ յարատեւելու համար, մեր սիրալիր Հայրը քեզի կու տայ համաշխարհային եղբայրութիւն մը, բաղկացած ճշմարիտ երկրպագուներէ, որոնք շարունակ ‘մէկզմէկ կը մխիթարեն եւ իրարու կ’օգնեն’ (Ա. Թես. 5։11)։ Մինչ Եհովան նշանակումդ կատարելու պէտք եղած ամէն բան քեզի կու տայ, իրեն հանդէպ հաւատքդ պիտի աճի եւ առանձնաշնորհումներդ երկրային որեւէ գանձէ աւելի արժէքաւոր պիտի սեպես։
«ԴԻՏԵԼՈՎ ԿԸ ՍՊԱՍԷՐ ՎԱՐՁՔԻՆ ՀԱՏՈՒՑՈՒՄԻՆ»
14. Մովսէս ինչո՞ւ վստահ էր թէ պիտի վարձատրուէր։
14 Մովսէս «դիտելով կը սպասէր վարձքին հատուցումին» (Եբ. 11։26)։ Այո, Մովսէս թոյլ տուաւ որ ապագայի նկատմամբ իր գիտութիւնը իր հայեցակէտը կաղապարէ,– թէեւ այս գիտութիւնը այդ ժամանակ սահմանափակ էր։ Իր նախահօր՝ Աբրահամի նման, Մովսէս վստահ էր որ Եհովան կրնա՛յ մեռելները յարուցանել (Ղուկ. 20։37, 38. Եբ. 11։17-19)։ Ապագայ օրհնութիւններու հեռանկարը Մովսէսին օգնեց որ 40 տարի որպէս փախստական ապրիլը եւ 40 տարի անապատին մէջ մնալը վատնուած կեանք չնկատէ։ Թէեւ Աստուծոյ խոստումներուն կատարման նկատմամբ բոլոր մանրամասնութիւնները չէր գիտեր, բայց ան հաւատքի աչքերով կրցաւ անտեսանելի վարձատրութիւնը տեսնել։
15, 16. ա) Ինչո՞ւ պէտք է կեդրոնանանք մեր վարձատրութեան վրայ։ բ) Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ ո՞ր օրհնութիւնները կը տենչաս վայելել։
15 Դուն ալ դիտելով կը սպասե՞ս «վարձքին հատուցումին»։ Մովսէսի նման, մենք ալ Աստուծոյ խոստումներուն նկատմամբ տակաւին բոլոր մանրամասնութիւնները չունինք։ Օրինակ, չենք գիտեր մեծ նեղութեան «ատենը ե՞րբ է» (Մար. 13։32, 33)։ Սակայն, ապագայ Դրախտին մասին Մովսէսի գիտցածէն շա՜տ աւելին գիտենք։ Աստուծոյ տուած խոստումները կը յայտնեն թէ իր Թագաւորութեան ներքեւ ինչպիսի՛ կեանք մը պիտի ըլլայ, որուն կրնանք ‘դիտելով սպասել’։ Նոր աշխարհի յստակ պատկերը մեր մտքին մէջ ունենալը մեզ պիտի մղէ որ առաջ խնդրենք այդ Թագաւորութիւնը։ Ինչպէ՞ս։ Նկատի առ. պիտի գնէի՞ր տուն մը՝ որուն մասին չնչին տեղեկութիւն ունիս։ Վստահաբար ո՛չ։ Նմանապէս, մեր կեանքը անստոյգ յոյսի մը համար պիտի չգործածէինք։ Հաւատքով պէտք է տեսնենք Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ եղող կեանքին յստակ պատկերը։
16 Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին մտային պատկերացումդ սրելու համար, ‘դիտելով սպասէ’ դրախտային կեանքիդ։ Երեւակայութիւնդ գործածէ՛։ Օրինակ, երբ Աստուածաշունչի նախաքրիստոնէական անձնաւորութիւններուն մասին կը սերտես, մտածէ թէ իրենց ի՛նչ կրնաս հարցնել երբ յարութիւն առնեն։ Երեւակայէ թէ անո՛նք քեզի ինչ պիտի հարցնեն կեանքիդ մասին վերջին օրերուն ընթացքին։ Մտապատկերէ թէ որքա՛ն պիտի հրճուիս երբ նախահայրերուդ ծանօթանաս եւ անոնց սորվեցնես այն բոլոր բաները, որոնք Աստուած իրենց համար ըրած է։ Պատկերացուր ուրախութիւնդ երբ կը սորվիս խաղաղ միջավայրի մէջ եղող շատ մը վայրի կենդանիներու մասին։ Խոկա՛ թէ Եհովային որքա՜ն աւելի մօտիկ պիտի զգաս, մինչ կատարելութեան կը դիմես։
17. Մեր անտեսանելի վարձատրութիւնը յստակ կերպով պատկերացնելը ներկայիս մեզի ինչպէ՞ս կ’օգնէ։
17 Մեր անտեսանելի վարձատրութիւնը յստակ կերպով պատկերացնելը, մեզի կ’օգնէ որ յարատեւենք, ուրախ ըլլանք եւ մեր որոշումները կայացնենք՝ ապահով, յաւիտենական ապագայ մը ի մտի ունենալով։ Պօղոս օծեալ քրիստոնեաներուն գրեց. «Եթէ չտեսնուած բաներուն կը յուսանք, համբերութիւնով պիտի սպասենք անոր» (Հռով. 8։25)։ Ասիկա սկզբունքով կը կիրարկուի բոլոր քրիստոնեաներուն, որոնք յաւիտեան ապրելու յոյսը ունին։ Թէեւ տակաւին մեր վարձատրութիւնը չենք ստացած, սակայն այնքա՛ն զօրաւոր հաւատք ունինք որ կը շարունակենք համբերութեամբ սպասել «վարձքին հատուցումին»։ Մովսէսին նման, Եհովայի ծառայութեան մէջ մեր անցուցած տարիները երբեք վատնուած ժամանակ չենք նկատեր։ Հապա, համոզուած ենք թէ «երեւցած բաները ժամանակաւոր են, բայց չերեւցածները՝ յաւիտենական» (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 4։16-18)։
18, 19. ա) Մեր հաւատքը պահպանելու համար ինչո՞ւ պէտք է պայքարինք։ բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։
18 Հաւատքը թոյլ կու տայ որ «չերեւցած բաներուն ապացոյց»ը զատորոշենք (Եբ. 11։1)։ Մարմնաւոր մարդը Եհովային ծառայելու անգին արժէքը չի տեսներ, եւ հոգեւոր գանձերը «յիմարութիւն» կը սեպէ (Ա. Կոր. 2։14)։ Սակայն մենք կը տենչանք յաւիտենական կեանքը վայելել եւ յարութեան ականատես ըլլալ,– բաներ որոնք աշխարհի մարդիկը չեն տեսներ։ Պօղոսի օրուան փիլիսոփաներուն նման, որոնք զինք «սերմանաքաղ» կոչեցին, ներկայիս մարդոց մեծամասնութիւնը կը խորհի թէ մեր քարոզած յոյսը անիմաստ բան մըն է (Գործք 17։18)։
19 Քանի որ անհաւատ աշխարհի մը մէջ կ’ապրինք, մեր հաւատքը պահպանելու համար պէտք է պայքարինք։ Եհովայի աղերսէ՛ որ «հաւատքդ չպակսի» (Ղուկ. 22։32)։ Աչքիդ առջեւ ունեցիր մեղքին հետեւանքները, Եհովայի ծառայելուն մեծ արժէքը եւ յաւիտեան ապրելու յոյսդ։ Սակայն, Մովսէսի հաւատքը զինք կարող դարձուց որ այդ բաներէն շա՜տ աւելին տեսնէ։ Յաջորդ յօդուածին մէջ պիտի քննարկենք, թէ իր հաւատքը ինչպէ՛ս իրեն օգնեց որ «Անտեսանելին» տեսնէ (Եբ. 11։27)։
^ պարբ. 10 Ելից 3։14–ի մէջ արձանագրուած Աստուծոյ խօսքերուն նկատմամբ, աստուածաշնչագէտ մը գրեց. «Ո՛չ մէկ բան կրնայ արգելք հանդիսանալ որ ան իր կամքը կատարէ. . . Այս անունը [Եհովա] իսրայէլի ամրոցը պիտի ըլլար,– յոյսի ու մխիթարութեան յաւիտենական շտեմարան»։