«Անտեսանելին» կը տեսնե՞ս
«[Մովսէս] համբերեց՝ որպէս թէ Անտեսանելին կը տեսնէր» (ԵԲ. 11։27)։
1, 2. ա) Բացատրէ թէ ինչո՛ւ կը թուէր թէ Մովսէս վտանգի տակ էր (տե՛ս բացման պատկերը)։ բ) Մովսէս ինչո՞ւ փարաւոնին բարկութենէն չվախցաւ։
ՓԱՐԱՒՈՆ ահարկու կառավարիչ մըն էր եւ եգիպտացիները զինք ապրող աստուած կը նկատէին։ Ըստ գիրքի մը, ան իրենց աչքին «իմաստութեամբ ու զօրութեամբ բոլոր երկրային արարածները կը գերազանցէր» (When Egypt Ruled the East)։ Իր հպատակներուն վախ ներշնչելու համար, փարաւոնի թագին վրայ՝ յարձակելու պատրաստ կոպրայի տեսք կար,– յիշեցում մը թէ փարաւոնին թշնամիները շուտով պիտի բնաջնջուէին։ Ուստի երեւակայէ թէ Մովսէս ի՛նչ զգաց երբ Եհովան ըսաւ. «Եկո՛ւր, քեզ Փարաւոնին ղրկեմ, որ իմ ժողովուրդս՝ Իսրայէլի որդիները՝ Եգիպտոսէն հանես» (Ել. 3։10)։
2 Մովսէս Եգիպտոս գնաց, Աստուծոյ պատգամը ծանուցանեց եւ փարաւոնին բարկութիւնը գրգռեց։ Ինը պատուհաս երկիրը հարուածելէ ետք, փարաւոն Մովսէսը ազդարարեց. «Զգուշութիւն ըրէ անձիդ, անգամ մըն ալ իմ երեսս չտեսնես. քանզի այն օրը որ իմ երեսս տեսնես, պիտի մեռնիս» (Ել. 10։28)։ Առաջ որ Մովսէս փարաւոնէն հեռանայ, մարգարէացաւ թէ անոր անդրանիկ որդին պիտի մեռնէր (Ել. 11։4-8)։ Ի վերջոյ, Մովսէս իւրաքանչիւր իսրայէլացի ընտանիքի պատուիրեց մորթել այծ մը կամ խոյ մը (եգիպտական Ռա աստուծոյն երկրպագուներուն կողմէ սուրբ նկատուած) եւ արիւնը իրենց դրանդիքներուն վրայ քսել (Ել. 12։5-7)։ Փարաւոն ինչպէ՞ս պիտի հակազդէր։ Մովսէս վախ չունէր։ Ինչո՞ւ։ Հաւատքով ան Եհովային հնազանդեցաւ եւ «չվախցաւ թագաւորին բարկութենէն. վասն զի համբերեց՝ որպէս թէ Անտեսանելին կը տեսնէր» (կարդա՛ Եբրայեցիս 11։27, 28)։
3. «Անտեսանելի»ին հանդէպ Մովսէսի հաւատքին մասին ի՞նչ պիտի քննարկենք։
3 Հաւատքդ զօրաւո՞ր է այն աստիճան որ կարծես թէ ‘Աստուած կը տեսնես’ (Մատ. 5։8)։ Նկատի առնենք Մովսէսի օրինակը, որ պիտի օգնէ մեր հոգեւոր տեսողութիւնը սրելու, որպէսզի կարենանք «Անտեսանելին» տեսնել։ Մովսէսի հաւատքը ինչպէ՞ս զինք պաշտպանեց մարդոց հանդէպ վախ ունենալէն։ Ան ինչպէ՞ս Աստուծոյ խոստումներուն հանդէպ հաւատք ցուցաբերեց։ Եւ «Անտեսանելին» տեսնելու իր կարողութիւնը ինչպէ՞ս զինք զօրացուց, երբ ինք ու իր ժողովուրդը վտանգի առջեւ գտնուեցան։
ԱՆ «ՉՎԱԽՑԱՒ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ԲԱՐԿՈՒԹԵՆԷՆ»
4. Մարմնաւոր աչքով դիտուած, ի՞նչ էր Մովսէսի դիրքը՝ բաղդատած փարաւոնի դիրքին։
4 Բառացի աչքը կը տեսնէր թէ Մովսէս ոչինչ էր՝ բաղդատած փարաւոնին։ Այնպէս կը թուէր թէ Մովսէսի կեանքը, բարօրութիւնը եւ ապագան, փարաւոնի ձեռքերուն մէջ էին։ Մովսէս ի՛նք Եհովային ըսած էր. «Ես ո՞վ եմ, որ Փարաւոնին երթամ ու Իսրայէլին որդիները Եգիպտոսէն հանեմ» (Ել. 3։11)։ Շուրջ 40 տարի առաջ, ան Եգիպտոսէն փախած էր. ուստի, թերեւս մտածեց. «Արդեօք իրապէս իմաստութի՞ւն է որ Եգիպտոս վերադառնամ եւ փարաւոնը բարկացնեմ»։
5, 6. Ի՞նչ բան Մովսէսին օգնեց որ Եհովայէ՛ն վախնայ եւ ոչ թէ փարաւոնէն։
5 Առաջ որ Մովսէս Եգիպտոս վերադառնար, Աստուած իրեն սորվեցուց կարեւոր սկզբունք մը,– այդ նոյն սկզբունքը որ յետագային Մովսէս Յոբ գրքին մէջ արձանագրեց. «Տէրոջը վախն է իմաստութիւնը» (Յոբ 28։28)։ Իրեն օգնելու որ այսպիսի վախ մը ունենայ եւ իմաստութեամբ գործէ, Եհովան ինքզինք բաղդատեց մարդոց հետ՝ հարցնելով. «Ո՞վ տուաւ մարդուն բերան, կամ ո՞վ ըրաւ համրը կամ խուլը կամ աչք ունեցողը կամ կոյրը. չէ՞ որ ես՝ Տէրս» (Ել. 4։11)։
6 Դասը ի՞նչ էր։ Հարկ չկար որ Մովսէս վախնար։ Ան ղրկուած էր Եհովայի կողմէ, որ իրեն պիտի տար՝ պատգամը փարաւոնին հաղորդելու պէտք եղածը։ Ասկէ զատ, փարաւոն ոչինչ էր՝ բաղդատած Եհովային։ Վերջ ի վերջոյ, ասիկա առաջին անգամը չէր որ Աստուծոյ ծառաները եգիպտական իշխանութիւններու կողմէ վտանգի ենթարկուած էին։ Թերեւս Մովսէս խոկաց, թէ նախկին փարաւոններու իշխանութեան ընթացքին Եհովան ինչպէ՛ս պաշտպանեց Աբրահամը, Յովսէփը եւ նոյնիսկ զինք (Ծն. 12։17-19. 41։14, 39-41. Ել. 1։22–2։10)։ «Անտեսանելի»ին հանդէպ հաւատք ընծայելով, ան քաջաբար փարաւոնին առջեւ ներկայացաւ եւ Եհովայի պատուիրած բոլոր խօսքերը հաղորդեց։
7. Քոյր մը իր հաւատքին շնորհիւ ինչպէ՞ս պաշտպանուեցաւ։
7 Նոյնպէս, Եհովայի հանդէպ հաւատք ունենալը պաշտպանեց Էլլա անունով քոյր մը, որ մարդոց հանդէպ վախին տեղի չտայ։ 1949–ին, Էսթոնիայի մէջ, Դաշնութեան անվտանգութեան կոմիտէին (KGB) կողմէ ձերբակալուեցաւ, եւ երիտասարդ ոստիկաններու առջեւ զինք մերկացուցին։ Ան ըսաւ. «Նուաստացած զգացի, բայց երբ Եհովային աղօթեցի, սրտի խաղաղութիւն ու անդորրութիւն ունեցայ»։ Ապա Էլլան առանձնացած բանտարկութեան մէջ երեք օր անցուց։ Ան կը պատմէ. «Պատասխանատուները պոռացին. ‘Այնպէս պիտի ընենք որ նոյնիսկ «Եհովա» անունը ա՛լ Էսթոնիայի մէջ չյիշուի։ Դուն պիտի երթաս ճամբար, իսկ միւսները՝ Սիպերիա’։ Անոնք հեգնօրէն աւելցուցին. ‘Ո՞ւր է քու Եհովադ’»։ Էլլան մարդոցմէ պիտի վախնա՞ր, թէ ոչ Եհովային պիտի վստահէր։ Երբ հարցաքննուեցաւ, անվախօրէն խօսեցաւ ու զինք նախատողներուն ըսաւ. «Ես այս նիւթին շուրջ շատ մտածած եմ. կը նախընտրեմ բանտին մէջ ապրիլ եւ Աստուծոյ հետ փոխյարաբերութիւնս անվնաս պահել, քան ազատ ըլլալ
ու իր հաճութիւնը կորսնցնել»։ Էլլայի համար Եհովան նո՛յնքան իրական էր որքան իր դիմացի անհատները։ Իր հաւատքին շնորհիւ, ան իր ուղղամտութիւնը պահպանեց։8, 9. ա) Մարդոց հանդէպ վախ ունենալուն դեղը ի՞նչ է։ բ) Եթէ փորձուիս մարդոց հանդէպ վախին տեղի տալ, ուշադրութիւնդ որո՞ւ վրայ պէտք է կեդրոնացնես։
8 Եհովայի հանդէպ հաւատքդ քեզի պիտի օգնէ վախերդ յաղթահարելու։ Եթէ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ փորձեն Աստուած պաշտելու ազատութիւնդ սահմանափակել, թերեւս թուի թէ կեանքդ, բարօրութիւնդ եւ ապագադ մարդկային ձեռքերու մէջ են։ Թերեւս նոյնիսկ հարց տաս թէ արդեօք իմաստութի՛ւն է շարունակել Եհովային ծառայել եւ հեղինակութիւնները բարկացնել։ Յիշէ՛. մարդոց հանդէպ վախ ունենալուն դեղն է՝ Աստուծոյ հաւատք ընծայել (կարդա՛ Առակաց 29։25)։ Եհովան կ’ըսէ. «[«Ինչո՞ւ պիտի վախնաս», ՆԱ] մահկանացու մարդէն ու խոտի նմանող մարդու զաւակէն» (Եսա. 51։12, 13)։
9 Ուշադրութիւնդ կեդրոնացո՛ւր Ամենակալ Հօրդ վրայ։ Ան անարդար կառավարիչներու ձեռքով տառապողները կը տեսնէ, անոնց կը կարեկցի եւ ի նպաստ կը գործէ (Ել. 3։7-10)։ Նոյնիսկ եթէ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու առջեւ հաւատքդ պիտի պաշտպանես, ‘հոգ մի՛ ըներ թէ ինչպէ՛ս կամ ի՛նչ պիտի խօսիս, վասն զի քեզի պիտի տրուի այն ժամուն՝ ինչ որ պիտի խօսիս’ (Մատ. 10։18-20)։ Մարդկային կառավարիչները եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաները ոչինչ են՝ բաղդատած Եհովային։ Հի՛մա հաւատքդ զօրացնելով՝ պիտի կարենաս Եհովան տեսնել որպէս իրական Անձ, որ կը տենչայ քեզի օգնել։
ԱՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՈՍՏՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՀԱՒԱՏԱՑ
10. ա) Ք.Ա. 1513–ի նիսան ամսուն, Եհովան իսրայէլացիներուն ի՞նչ հրահանգներ տուաւ։ բ) Մովսէս ինչո՞ւ Աստուծոյ հրահանգներուն հետեւեցաւ։
10 Ք.Ա. 1513–ի նիսան ամիսը, Եհովան Մովսէսին եւ Ահարոնին ըսաւ, որ անսովոր հրահանգներ տան իսրայէլացիներուն. ընտրել անարատ խոյ մը կամ այծ մը, զայն մորթել եւ արիւնը իրենց դրանդիքներուն վրայ քսել (Ել. 12։3-7)։ Մովսէս ինչպէ՞ս ընդառաջեց։ Պօղոս առաքեալ կը պատասխանէ. «Հաւատքով ըրաւ զատիկը եւ արիւն սրսկելը, որպէս զի անդրանիկները սատկեցնողը իրեն [«իրենց», ԱԾ] չդպչի» (Եբ. 11։28)։ Մովսէս գիտէր թէ Եհովան արժանահաւատ է, եւ Եգիպտոսի մէջ անդրանիկ որդիները մեռցնելու Եհովայի խոստումին հաւատք ընծայեց։
11. Մովսէս ինչո՞ւ ուրիշները զգուշացուց։
11 Ըստ երեւոյթին, Մովսէսի որդիները Մադիամի երկիրն էին,– «սատկեցնող»էն շա՜տ հեռու (Ել. 18։1-6) *։ Բայց եւ այնպէս, ան հնազանդ գտնուելով հրահանգ տուաւ իսրայէլացի միւս ընտանիքներուն, որոնց անդրանիկները վտանգի տակ էին։ Ան իր ընկեր արարածը կը սիրէր։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ Մովսէս շուտով «կանչեց Իսրայէլին բոլոր ծերերը ու ըսաւ անոնց. ‘. . . Զատկին համար մորթեցէ՛ք’» (Ել. 12։21)։
12. Եհովան հրահանգ տուած է որ ի՞նչ կարեւոր պատգամ հաղորդենք։
12 Ներկայիս, Եհովայի ժողովուրդը հրեշտակային առաջնորդութեամբ կարեւոր պատգամ մը կը հաղորդէ. «Աստուծմէ վախցէ՛ք ու փա՛ռք տուէք անոր, վասն զի անոր դատաստանին ժամը եկաւ ու երկրպագութիւն ըրէ՛ք անոր՝ որ ստեղծեց երկինքը ու երկիրը եւ ծովը ու ջուրերուն աղբիւրները» (Յայտ. 14։7)։ Այս պատգամը ծանուցանելը հրատապ է։ Մեր դրացիները պէտք է զգուշացնենք որ Մեծ Բաբելոնէն դուրս ելլեն, որպէսզի «ատոր հարուածներէն բաժին չառն[են]» (Յայտ. 18։4)։ Օծեալները եւ «ուրիշ ոչխարներ»ը կ’աղաչեն Աստուծմէ օտարացած մարդոց, որ անոր հետ ‘հաշտուին’ (Յովհ. 10։16. Բ. Կոր. 5։20)։
13. Ի՞նչ բան բարի լուրը բաժնելու մեր փափաքը պիտի զօրացնէ։
13 Մենք համոզուած ենք թէ «դատաստանին ժամ»ուն մէջ կ’ապրինք։ Նաեւ կը հաւատանք թէ Եհովան մեր քարոզելու եւ Յայտ. 7։1)։ Հաւատքով կը տեսնե՞ս այդ հրեշտակները, որոնք պատրաստ են այս աշխարհի վրայ մեծ նեղութեան կործանիչ հովերը արձակելու։ Եթէ այո, պիտի կարենաս բարի լուրը վստահութեամբ բաժնել։
աշակերտելու գործին հրատապութիւնը չէ չափազանցած։ Տեսիլքի մը մէջ, Յովհաննէս առաքեալ «տեսա[ւ] չորս հրեշտակներ, որոնք երկրին չորս անկիւնը կեցեր էին ու երկրին չորս հովերը բռներ էին» (14. Ի՞նչ բան մեզ կը մղէ ‘ամբարիշտին ըսելու որ իր չար ճամբայէն զգուշանայ’։
14 Ճշմարիտ քրիստոնեաները արդէն իսկ Եհովայի հետ բարեկամութիւն կը վայելեն եւ յաւիտեան ապրելու յոյսը ունին։ Սակայն, կը գիտակցինք թէ մեր պատասխանատուութիւնն է ‘ամբարիշտին ըսել, որ ապրելու համար՝ իր չար ճամբայէն զգուշանայ’ (կարդա՛ Եզեկիէլ 3։17-19)։ Անշուշտ, չենք քարոզեր պարզապէս արիւնապարտութենէ խուսափելու համար։ Մենք թէ՛ Եհովան եւ թէ մեր ընկերը կը սիրենք։ Յիսուս բարի սամարացիին առակով լուսաբանեց սիրոյ եւ ողորմութեան իսկական նշանակութիւնը։ Կրնանք հարց տալ. «Սամարացիին պէս, մարդոց վրայ ‘խղճալով’ կը մղուի՞մ անոնց վկայութիւն տալու»։ Վերջ ի վերջոյ, երբե՛ք պիտի չուզէինք առակին մէջի քահանային եւ ղեւտացիին պէս ըլլալ, պատրուակ փնտռելով եւ ‘անդիի կողմէն անցնելով’ (Ղուկ. 10։25-37)։ Աստուծոյ խոստումներուն հաւատալը եւ մեր ընկերը սիրելը մեզ պիտի մղեն որ քարոզչութեան մէջ լիակատար բաժին բերենք, թոյլատրուած ժամանակը վերջ գտնելէ առաջ։
«ԿԱՐՄԻՐ ԾՈՎԷՆ ԱՆՑԱՆ»
15. Իսրայէլացիները ինչո՞ւ զգացին թէ ծուղակի մէջ ինկած էին։
15 «Անտեսանելի»ին հանդէպ Մովսէսի հաւատքը իրեն օգնեց, երբ Ել. 14։10-12)։ Արդեօք այս անելանելի վիճակը անսպասելի՞ էր։ Բնա՛ւ երբեք։ Եհովան նախագուշակած էր. «Փարաւոնին սիրտը պիտի կարծրացնեմ ու ձեր ետեւէն պիտի իյնայ ու ես Փարաւոնին վրայ եւ անոր բոլոր զօրքերուն վրայ պիտի փառաւորուիմ, Եգիպտացիները պիտի գիտնան թէ՝ ես եմ Տէրը» (Ել. 14։4)։ Այսուհանդերձ, իսրայէլացիները տեսան միայն այն ինչ որ իրենց բառացի աչքին կ’երեւնար,– իրենց առջեւ՝ անանցանելի Կարմիր ծովը, իրենց ետեւ՝ փարաւոնի սրընթաց մարտակառքերը, իսկ իրենց առաջնորդը՝ 80 տարեկան հովիւ մը։ Անոնք զգացին թէ ծուղակի մէջ ինկած էին։
Եգիպտոսը ձգելէ ետք իսրայէլացիները նեղ կացութեան մատնուեցան։ Աստուածաշունչը կը տեղեկագրէ. «Իսրայէլի որդիները իրենց աչքերը վերցուցին եւ տեսան Եգիպտացիները, որոնք իրենց ետեւէն կու գային։ Խիստ վախցան եւ Իսրայէլի որդիները աղաղակեցին Տէրոջը» (16. Կարմիր ծովուն քով, հաւատքը ինչպէ՞ս Մովսէսը զօրացուց։
16 Սակայն Մովսէս չվարանեցաւ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ իր հաւատքի աչքերով շա՜տ աւելի զօրաւոր բան մը կը տեսնէր, քան ծովը կամ բանակը։ Ան կը տեսնէր «Տէրոջը փրկութիւնը», եւ գիտէր թէ Եհովան իսրայէլացիներուն համար պիտի պատերազմէր (կարդա՛ Ելից 14։13, 14)։ Մովսէսի հաւատքը Աստուծոյ ժողովուրդը զօրացուց ու քաջալերեց։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Հաւատքով Կարմիր ծովէն անցան, որպէս թէ ցամաքէ. որուն փորձը ընելով Եգիպտացիները ընկղմեցան» (Եբ. 11։29)։ Անկէ ետք, «ժողովուրդը վախցաւ Տէրոջմէն ու հաւատաց Տէրոջը եւ անոր ծառային Մովսէսին» (Ել. 14։31)։
17. Ապագայ ո՞ր դէպքը մեր հաւատքը փորձի պիտի ենթարկէ։
17 Մօտ ատենէն, պիտի թուի թէ մեր կեանքը վտանգի մէջ է։ Մեծ նեղութեան գագաթնակէտին, այս աշխարհի կառավարութիւնները արդէն ամբողջովին կործանած պիտի ըլլան կրօնական կազմակերպութիւններ, որոնք մեր կազմակերպութենէն աւելի մեծ եւ աւելի բազմանդամ էին (Յայտ. 17։16)։ Մարգարէութեան մը մէջ, Եհովան կը նկարագրէ մեր անպաշտպան վիճակը որպէս «անպարիսպ գիւղերուն երկիրը» եւ կ’ըսէ թէ իր ծառաները «անպարիսպ տեղեր կը բնակին եւ նիգեր ու դռներ չունին» (Եզեկ. 38։10-12, 14-16)։ Մեր բառացի աչքերը պիտի տեսնեն թէ վերապրելու յոյս չունինք։ Ինչպէ՞ս պիտի հակազդես։
18. Բացատրէ թէ ինչո՛ւ կրնանք մեծ նեղութեան ընթացքին հաստատ մնալ։
18 Հարկ չկայ որ վախնալով վարանինք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Եհովան նախագուշակած է այդ յարձակումը իր ժողովուրդին վրայ։ Ան նաեւ նախագուշակած է անոր արդիւնքը։ «Այն օրը, Գոգին Իսրայէլի երկրին վրայ եկած օրը, կ’ըսէ Տէր Եհովան, իմ սրտմտութիւնս երեսս պիտի ելլէ։ Իմ նախանձովս, իմ բարկութեանս կրակովը խօսեցայ [«պիտի խօսիմ», ՆԱ]» (Եզեկ. 38։18-23)։ Այն ատեն Եհովան պիտի բնաջնջէ բոլոր անոնք, որոնք կ’ուզեն իր ժողովուրդին վնաս հասցնել։ «Տէրոջը մեծ ու ահեղ օր»ուան արդիւնքին հաւատք ընծայելդ, քեզի պիտի օգնէ որ ‘տեսնես Տէրոջը փրկութիւնը’ եւ ուղղամտութիւնդ պահպանես (Յվլ. 2։31, 32)։
19. ա) Եհովայի եւ Մովսէսի փոխյարաբերութիւնը որքա՞ն մտերիմ էր։ բ) Եթէ բոլոր ճամբաներուդ մէջ Եհովան ճանչնաս, ի՞նչ օրհնութիւն պիտի վայելես։
19 Հիմակուընէ պատրաստուէ՛ այդ զգայացունց դէպքերուն համար, շարունակելով ‘համբերել՝ որպէս թէ Անտեսանելին կը տեսնես’։ Եհովա Աստուծոյ հետ բարեկամութիւնդ զօրացուր՝ կանոնաւորաբար ուսումնասիրելով եւ աղօթելով։ Մովսէս Եհովայի հետ այնպիսի սերտ բարեկամութիւն ունէր եւ Իր կողմէ այնպիսի ազդու կերպով գործածուեցաւ, որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ Եհովան զինք «երես առ երես ճանչցաւ» (Բ. Օր. 34։10)։ Մովսէս արտասովոր մարգարէ մըն էր։ Հաւատքով դո՛ւն ալ կրնաս Եհովան այնքան մօտէն ճանչնալ, որքան որ պիտի ճանչնայիր եթէ իսկապէս զինք տեսնէիր։ Եթէ «բոլոր ճամբաներուդ մէջ» յարատեւ զանիկա ճանչնաս, ինչպէս Աստուծոյ Խօսքը քեզ կը քաջալերէ որ ընես, «անիկա քու շաւիղներդ պիտի ուղղէ» (Առ. 3։6)։
^ պարբ. 11 Բացայայտ է որ Եհովան [«աղէտ բերող», ՆԱ] հրեշտակներ ղրկեց, որպէսզի եգիպտացիներուն վրայ դատաստան ի գործ դնեն (Սաղ. 78։49-51)։