Ո՛վ պատանիներ, իմաստուն որոշումներ կայացուցէք
«Երիտասարդներ եւ կոյս աղջիկներ. . . թող Տէրոջը անունը օրհնեն» (ՍԱՂ. 148։12, 13)։
1. Բազմաթիւ պատանի քրիստոնեաներ ի՞նչ գեղեցիկ պատեհութիւններ կը վայելեն։
ՆՇԱՆԱԿԱԼԻՑ ժամանակներու մէջ կ’ապրինք։ Որեւէ ժամանակէ աւելի, բոլոր ազգերէ միլիոնաւորներ ճշմարիտ պաշտամունքը կ’ընդունին (Յայտ. 7։9, 10)։ Բազմաթիւ պատանիներ շատ գեղեցիկ փորձառութիւններ կ’ունենան, մինչ ուրիշներուն կ’օգնեն Աստուածաշունչի կենսատու ճշմարտութիւնները հասկնալու (Յայտ. 22։17)։ Կարգ մը պատանիներ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ կը վարեն, ուրիշներուն օգնելով որ աւելի լաւ կեանք մը վարեն։ Իսկ ոմանք նախանձախնդրօրէն բարի լուրը կը քարոզեն օտարախօս թաղամասերու մէջ (Սաղ. 110։3. Եսա. 52։7)։ Դուն ի՞նչ կրնաս ընել, որպէսզի այս աշխատանքին մէջ աւելի գոհացուցիչ բաժին բերես։
2. Տիմոթէոսի օրինակը ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ, թէ Եհովան պատրաստ է պատանիներուն պատասխանատուութիւններ տալու (տե՛ս բացման պատկերը)։
2 Որպէս պատանի, կրնաս այնպիսի ընտրութիւններ ընել, որոնք կրնան յետագային Աստուծոյ ծառայութեան մէջ շատ մը հաճոյալի պատեհութիւններու դուռ բանալ։ Օրինակ, բացայայտ է որ Տիմոթէոս իմաստուն ընտրութիւններ ըրաւ, ինչ որ զինք որակեալ դարձուց որ շուրջ 20 տարեկանին միսիոնարական նշանակում ստանայ (Գործք 16։1-3)։ Այնպէս կը թուի թէ անկէ միայն քանի մը ամիս ետք, Պօղոս Տիմոթէոսէն խնդրեց որ Թեսաղոնիկէի նորակազմ ժողովքին այցելէ, ուր եղբայրները վայրագօրէն հալածուեցան։ Պօղոս ստիպուած Թեսաղոնիկէէն հեռացած էր, բայց եղբայրները զօրացնելու պատասխանատուութիւնը Տիմոթէոսի վստահեցաւ (Գործք 17։5-15. Ա. Թես. 3։1, 2, 6)։ Այս նշանակումը որքա՜ն ուրախացուցած ըլլալու էր Տիմոթէոսը։
ԱՄԷՆԷՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԴ
3. Ո՞րն է ամէնէն կարեւոր ընտրութիւնը որ կրնաս ընել, եւ ե՞րբ։
3 Պատանեկութիւնը կարեւոր ընտրութիւններ ընելու ժամանակն է։ Բայց մէկ ընտրութիւն աւելի կարեւոր է քան՝ մնացեալ բոլոր ընտրութիւնները. Եհովային ծառայելու որոշումդ։ Այդ ընտրութիւնը ընելու լաւագոյն ժամանակը ե՞րբ է։ Եհովան կ’ըսէ. «Քու Ստեղծիչդ երիտասարդութեանդ օրերուն մէջ յիշէ» (Ժող. 12։1)։ Եհովան ‘յիշելու’ միակ ընդունելի կերպն է՝ իրեն լիովին ծառայել (Բ. Օր. 10։12)։ Ամբողջ սրտով Աստուծոյ ծառայելու որոշումդ՝ ընելիք ամէնէն կարեւոր ընտրութիւնն է։ Անիկա ամբողջ ապագայիդ պիտի ազդէ (Սաղ. 71։5)։
4. Ի՞նչ կարեւոր որոշումներ Աստուծոյ ծառայութեանդ պիտի ազդեն։
4 Անշուշտ, Եհովային ծառայելու ընտրութիւնդ միակ ընտրութիւնը չէ որ ապագայիդ կ’ազդէ։ Օրինակ, թերեւս նաեւ մտածես ամուսնութեան եւ ինչպէ՛ս ապրուստ ճարելու մասին։ Ասոնք կարեւոր որոշումներ են, բայց իմաստութիւն է որ նա՛խ ընտրես թէ կ’ուզե՛ս Եհովային սրտանց ծառայել կամ ոչ (Բ. Օր. 30։19, 20)։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ այս ընտրութիւնները յարաբերակից են։ Ամուսնութեան եւ գործի վերաբերեալ ընտրութիւններդ պիտի ազդեն Աստուծոյ ծառայութեանդ (համեմատէ՛ Ղուկաս 14։16-20)։ Միւս կողմէ, Աստուծոյ ծառայելու փափաքդ պիտի ազդէ ամուսնութեան եւ գործի վերաբերեալ ըրած ընտրութիւններուդ։ Ուստի, նա՛խ որոշէ թէ կեանքիդ մէջ ի՛նչը ամէնէն կարեւոր բանը պիտի ըլլայ (Փլպ. 1։10)։
ՊԱՏԱՆԵԿՈՒԹԵԱՆԴ ԸՆԹԱՑՔԻՆ Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ԸՆԵՍ
5, 6. Լուսաբանէ, թէ ինչպէ՛ս շիտակ ընտրութիւններ ընելը յետագային ճոխ օրհնութիւններ կը բերէ (տե՛ս նաեւ այս թիւին մէջ «Որպէս երեխայ ընտրեցի քամպոտիացիներուն օգնել» յօդուածը)։
5 Մէյ մը որ ընտրես Աստուծոյ ծառայել, կրնաս գիտնալ թէ ան քեզմէ ի՛նչ կ’ուզէ, եւ ապա կրնաս որոշել ինչպէ՛ս իրեն ծառայել։ Ճափոնցի եղբայր մը գրեց. «Օր մը, երբ 14 տարեկան էի, երէցի մը հետ կը քարոզէի։ Ան նկատեց թէ ուրախութեամբ չէի ծառայեր։ Ազնուօրէն ինծի ըսաւ. ‘Եուիչիրօ, տո՛ւն գնա, նստէ եւ խորապէս մտածէ թէ Եհովան քեզի համար ի՛նչ ըրած է’։ Ըսածը ըրի։ Իրականութեան մէջ, շարունակեցի քանի մը օր մտածել եւ այս հարցին շուրջ աղօթել։ Կամաց–կամաց կեցուածքս փոխուեցաւ։ Շատ չանցած, նկատեցի թէ Եհովային ծառայելով կ’ուրախանայի։ Սկսայ միսիոնարներու մասին հաճոյքով կարդալ ու մտածել թէ ինչպէ՛ս կրնամ աւելի լիովին Աստուծոյ ծառայել»։
6 Եուիչիրօ կը շարունակէ պատմել. «Որոշեցի ընել այնպիսի ընտրութիւններ, որոնք օր մը զիս կարող պիտի դարձնէին արտասահման ծառայելու։ Օրինակ, որոշեցի անգլերէնի դասընթացք առնել։ Երբ բարձրագոյն վարժարանը աւարտեցի, ընտրեցի մասնակի ժամով անգլերէն սորվեցնել, որպէսզի ռահվիրայութեան ձեռնարկեմ։ Երբ 20 տարեկան էի, սկսայ մոնկոլերէն սորվիլ եւ առիթով մը մոնկոլերէն խօսող խումբի մը այցելեցի։ Երկու տարի ետք, 2007–ին, Մոնկոլիա գացի։ Երբ կարգ մը ռահվիրաներու հետ քարոզչութեան մասնակցեցայ եւ տեսայ թէ շատեր ճշմարտութեան կ’ընդառաջեն, ուզեցի հոն փոխադրուիլ եւ ձեռք տալ։ Ճափոն վերադարձայ եւ հարկ եղած ծրագիրներս ըրի։ Ապրիլ 2008–էն ի վեր Մոնկոլիայի մէջ ռահվիրայութիւն կ’ընեմ։ Հոս կեանքը դիւրին չէ, բայց մարդիկ բարի լուրին կ’ընդառաջեն եւ ես կարող եմ իրենց օգնել որ Եհովայի մօտենան։ Կը զգամ թէ լաւագոյն կենցաղակերպը ընտրած եմ»։
7. ա) Ի՞նչ ընտրութիւններ անձամբ պէտք է ընենք։ բ) Մովսէս ի՞նչ օրինակ հանդիսացաւ մեզի։
7 Իւրաքանչիւր անհատ անձամբ պէտք է ընտրէ թէ որպէս Եհովայի վկայ ինչպէ՛ս կ’ուզէ իր կեանքը վարել (Յես. 24։15)։ Մենք չենք կրնար քեզի ըսել՝ ամուսնանալ կամ ոչ, որո՛ւ հետ ամուսնանալ, կամ ինչպիսի գործ աշխատիլ։ Արդեօք պիտի ընտրե՞ս գործ մը, որ քիչ մարզում կը պահանջէ։ Ձեզմէ ոմանք կ’ապրին աղքատ գիւղերու մէջ, իսկ ուրիշներ՝ բարգաւաճ քաղաքներու մէջ։ Աշխարհի տարածքին, դուք տարբեր անձնաւորութիւններ, կարողութիւններ, փորձառութիւններ, հետաքրքրութիւններ եւ հոգեւոր նպատակակէտեր ունիք։ Ձեր կեանքերը կը տարբերին, ինչպէս որ Եգիպտոսի մէջ Մովսէսի կեանքը տարբեր էր միւս եբրայեցի պատանիներուն կեանքէն։ Փարաւոնին աղջկան որդին ըլլալով, պատանի Մովսէս հարուստ էր, մինչդեռ միւս եբրայեցիները ստրուկներ էին (Ել. 1։13, 14. Գործք 7։21, 22)։ Անոնք քեզի նման ապրեցան այնպիսի ժամանակի մը մէջ, երբ լուրջ որոշումներ պէտք էր կայացնէին (Ել. 19։4-6)։ Իւրաքանչիւրը պէտք էր ընտրէր իր կեանքը ինչպէ՛ս վարել։ Մովսէս ճիշդ ընտրութիւնը ըրաւ (կարդա՛ Եբրայեցիս 11։24-27)։
8. Իմաստուն որոշումներ կայացնելու համար, պատանիներուն ի՞նչ օգնութիւն մատչելի է։
8 Եհովան քեզի կ’օգնէ որ պատանեկութեան ընթացքին իմաստուն որոշումներ կայացնես։ Ան քեզ կը խրատէ՝ տալով սկզբունքներ, որոնք կրնաս ի գործ դնել իւրայատուկ պարագաներուդ մէջ (Սաղ. 32։8)։ Ասկէ զատ, հաւատացեալ ծնողքդ եւ ժողովքի երէցները կրնան քեզի օգնել որ գիտնաս ինչպէ՛ս զանոնք կիրարկել (Առ. 1։8, 9)։ Նկատի առնենք աստուածաշնչական երեք սկզբունքներ, որոնք կրնան քեզի օգնել իմաստուն ընտրութիւններ ընելու, որոնք ապագայիդ օգտակար կերպով պիտի ազդեն։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ԵՐԵՔ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐ, ՈՐՈՆՔ ԿՐՆԱՆ ՔԵԶ ԱՌԱՋՆՈՐԴԵԼ
9. ա) Ընտրելու ազատութիւն տալով՝ Եհովան մեզ ինչպէ՞ս կը պատուէ։ բ) ‘Թագաւորութիւնը առաջ խնդրելը’ ի՞նչ պատեհութիւններ կը ստեղծէ։
9 Առաջ խնդրել Աստուծոյ Թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը (կարդա՛ Մատթէոս 6։19-21, 24-26, 31-34)։ Ընտրելու ազատութիւն տալով՝ Եհովան քեզ կը պատուէ։ Ան չ’ըսեր թէ ամբողջ ժամանակդ քարոզելով պէտք է անցընես։ Բայց Յիսուս Թագաւորութիւնը առա՛ջ խնդրելու օգտակար սկզբունքը տուաւ։ Եւ երբ այդպէս ընես, առջեւդ բազմաթիւ դռներ պիտի բացուին։ Օրինակ, շատ պատեհութիւններ պիտի ունենաս Եհովային ու ընկեր արարածին հանդէպ սէրդ ցուցաբերելու, եւ ցոյց տալու թէ երախտապարտ ես որ յաւիտենական կեանքի յոյսը ունիս։ Ամուսնութեան եւ գործի վերաբերեալ որոշումներդ ի՞նչ ցոյց պիտի տան. նիւթական կարիքներդ գոհացնելու նկատմամբ մտահոգուա՞ծ ես, թէ ոչ Աստուծոյ Թագաւորութեան համար նախանձախնդիր ես։
10. Ի՞նչ բան Յիսուսը ուրախացուց, եւ ո՞ր ընտրութիւնները քեզ պիտի ուրախացնեն։
10 Ուրիշներուն ծառայելով ուրախութիւն գտնել (կարդա՛ Գործք 20։20, 21, 24, 35)։ Յիսուս ազնուօրէն կեանքի այս հիմնական սկզբունքը սորվեցուց մեզի։ Ան շատ ուրախ անհատ մըն էր, քանի որ իր կամքը ընելու փոխարէն, Եհովային կամքը կատարեց։ Ան ուրախացաւ տեսնելով թէ ինչպէ՛ս հեզերը բարի լուրին կ’ընդառաջէին (Ղուկ. 10։21. Յովհ. 4։34)։ Հաւանաբար դուն ալ ուրիշներուն ծառայելով ուրախացած ես։ Եթէ կեանքիդ գլխաւոր ընտրութիւնները հիմնես Յիսուսի սորվեցուցած սկզբունքներուն վրայ, վստահաբար թէ՛ դուն պիտի ուրախանաս եւ թէ Եհովան պիտի ուրախացնես (Առ. 27։11)։
11. Բարուք ինչո՞ւ իր ուրախութիւնը կորսնցուց, եւ Եհովան իրեն ի՞նչ խրատ տուաւ։
11 Եհովային ծառայելը մեծագոյն ուրախութիւնը կը պատճառէ (Առ. 16։20)։ Այնպէս կը թուի թէ Երեմիայի քարտուղարը՝ Բարուքը ասիկա մոռցաւ։ Ժամանակ մը, ան այլեւս Աստուծոյ ծառայելով ուրախ չէր։ Եհովան իրեն ըսաւ. «Դուն քեզի մեծ բանե՞ր կը փնտռես։ Մի՛ փնտռեր, քանզի ահա ես ամէն մարմնի վրայ չարիք պիտի բերեմ. . . բայց քու կեանքդ քեզի աւարի մը պէս պիտի տամ քու ամէն երթալու տեղերդ» (Եր. 45։3, 5)։ Ի՞նչ կը խորհիս։ Ի՞նչ բան Բարուքը պիտի ուրախացնէր. մեծ բաներ փնտռե՞լը, թէ ոչ Երուսաղէմի կործանումէն վերապրիլը որպէս Աստուծոյ հաւատարիմ ծառայ (Յակ. 1։12)։
12. Ո՞ր ընտրութիւնը Ռամիրոյին օգնեց որ ուրախ կեանք վայելէ։
12 Ռամիրոն եղբայր մըն է, որ ուրիշներուն ծառայելով ուրախութիւն գտած է։ Ան կը նշէ. «Կը պատկանիմ աղքատ ընտանիքի մը, որ Անտեան լեռներուն մէկ գիւղին մէջ կ’ապրի։ Ուստի երբ երիցագոյն եղբայրս առաջարկեց համալսարանի կրթաթոշակս վճարել, մեծ պատեհութեան դուռ մը առջեւս բացուեցաւ։ Բայց ես նոր մկրտուած էի որպէս Եհովայի վկայ եւ ուրիշ առաջարկ մը ինծի տրուած էր,– ռահվիրայ մը զիս հրաւիրեց որ իրեն հետ գիւղաքաղաքի մը մէջ ծառայեմ։ Հոն գացի, սափրիչութիւն սորվեցայ եւ խանութ մը բացի ծախսերս հոգալու համար։ Շատեր Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն ընդունեցին։ Յետագային, բնիկ լեզու մը գործածող նորակազմ ժողովքի մը միացայ։ Այժմ 10 տարի է որ լիաժամ ծառայութեան մէջ եմ։ Չկայ արհեստ մը, որ կրնայ ինծի այնքան ուրախութիւն տալ, որքան ուրիշներուն օգնելը որ իրենց մայրենի լեզուով Աստուածաշունչը ուսումնասիրեն»։
13. Պատանեկութիւնը ինչո՞ւ Եհովային սրտանց ծառայելու ընտիր ժամանակ մըն է։
13 Պատանեկութեա՛ն ընթացքին Եհովայի ծառայութիւնը վայելել (կարդա՛ Ժողովող 12։1)։ Հարկ չունիս խորհելու թէ պէտք է նա՛խ լաւ գործ մը գտնես, որպէսզի յետագային կարենաս Եհովային ծառայել։ Պատանեկութիւնը ընտիր ժամանակ մըն է որ սկսիս Եհովային լիովին ծառայել։ Բազմաթիւ պատանիներ ընտանեկան քիչ պատասխանատուութիւններ ունին, եւ իրենց առողջութիւնն ու կորովը թոյլ կու տայ, որ դժուար նշանակումներ ստանձնեն։ Պատանեկութեանդ ընթացքին ի՞նչ կ’ուզես ընել Եհովային համար։ Թերեւս նպատակակէտ ունիս ռահվիրայութիւն ընելու։ Թերեւս ուզես օտարախօս թաղամասի մէջ ծառայել։ Կամ թերեւս կը նկատես թէ կան կերպեր, որոնցմով կրնաս այժմու ժողովքիդ մէջ լիովին ծառայել։ Միւս կողմէ, Աստուծոյ ծառայութեան մէջ նպատակակէտդ ի՛նչ որ ալ ըլլայ, ծախսերդ գոցելու պէտք պիտի ունենաս։ Ուստի, դուն քեզի հարց տուր. ‘Ի՞նչ գործ պիտի աշխատիմ, եւ անոր համար որքա՞ն պէտք է մարզուիմ’։
ԻՄԱՍՏՈՒՆ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐ ԿԱՅԱՑՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ՝ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐԸ ԳՈՐԾԱԾԵԼ
14. Գործ ընտրելու ժամանակ, ի՞նչ բանէ պէտք է զգուշանալ։
14 Վերոնշեալ երեք սկզբունքները կրնան քեզի օգնել որոշելու թէ ինչպիսի՛ գործ ընտրես։ Անկասկած դպրոցի խրատատուներդ կամ կառավարական գործակալութիւններ գիտեն, թէ ի՛նչ գործեր մատչելի են շրջանիդ մէջ կամ այն շրջանը, ուր կը փափաքիս ծառայել։ Աշխարհիկ աղբիւրէն ստացած տեղեկութիւններդ կրնան օգտակար ըլլալ, բայց զգո՛յշ եղիր։ Եհովան չսիրող մարդիկ կրնան սրտիդ մէջ աշխարհին հանդէպ սէր ցանել (Ա. Յովհ. 2։15-17)։ Երբ աշխարհի հրամցուցած առաջարկներուն նայիս, սիրտդ կրնայ քեզ դիւրութեամբ խաբել (կարդա՛ Առակաց 14։15. Եր. 17։9)։
15, 16. Գործի նկատմամբ որո՞նք կրնան քեզի իմաստուն խրատներ տալ։
15 Անգամ մը որ գիտնաս թէ ի՛նչ գործեր մատչելի են, գործնական խրատի պէտք ունիս (Առ. 1։5)։ Ո՞վ կրնայ քեզի օգնել որ Աստուածաշունչի սկզբունքներուն լոյսին տակ գործի առաջարկները կշռադատես։ Մտիկ ըրէ անոնց, որոնք Եհովան կը սիրեն, քեզ կը սիրեն, եւ քեզ ու պարագաներդ շատ լաւ գիտեն։ Անոնք քեզի պիտի օգնեն վերլուծելու միտումներդ եւ շարժառիթներդ։ Թերեւս անոնց ըսածները պատճառ ըլլան որ նպատակակէտերդ վերաքննես։ Ի՜նչ օրհնութիւն է ունենալ Եհովան սիրող ծնողք։ Նաեւ, ժողովքիդ երէցները հոգեւորապէս որակեալ տղամարդիկ են, որոնք կրնան քեզ առաջնորդել։ Ասկէ զատ, խօսակցէ ռահվիրաներուն եւ շրջագայող տեսուչներուն հետ։ Անոնք ինչո՞ւ լիաժամ ծառայութիւնը ընտրեցին։ Անոնք ինչպէ՞ս սկսան ռահվիրայութիւն ընել եւ ինչպէ՞ս իրենց ծախսերը կը հոգան։ Ի՞նչ օրհնութիւններ ձեռք ձգած են (Առ. 15։22)։
16 Քեզ իրապէս ճանչցողները կրնան խորաթափանցութեամբ քեզ խրատել։ Օրինակ, ենթադրենք թէ կ’ուզես բարձրագոյն վարժարանը ձգել եւ ռահվիրայութեան ձեռնարկել, պարզապէս քանի որ չես սիրեր դպրոցին պահանջած ծանր աշխատանքը։ Քեզ սիրող անհատը շարժառիթներդ զատորոշելով ցոյց պիտի տայ, թէ դպրոցը կրնայ քեզի օգնել սորվելու դիւրաւ չյանձնուիլ. ինչ որ կարեւոր յատկութիւն մըն է, եթէ կ’ուզես Եհովային լիովին ծառայել (Սաղ. 141։5. Առ. 6։6-10)։
17. Ինչպիսի՞ որոշումներէ պէտք է խուսափինք։
17 Ամէն ով որ Եհովայի կը ծառայէ, պիտի դիմագրաւէ հոգեւոր վտանգներ, որոնք կրնան իր հաւատքը տկարացնել եւ զինք Եհովայէն հեռացնել (Ա. Կոր. 15։33. Կող. 2։8)։ Կարգ մը գործեր կրնան ուրիշ գործերէ աւելի հոգեւոր վտանգներ ներկայացնել։ Արդեօք շրջանիդ մէջ որոշ տեսակի գործի մը պատճառաւ, ոմանք ‘հաւատքի վերաբերեալ նաւակոծութիւն’ կրա՞ծ են (Ա. Տիմ. 1։19)։ Վստահաբար իմաստութիւն է որ խուսափիս այնպիսի որոշումներ կայացնելէ, որոնք կրնան Եհովայի հետ փոխյարաբերութիւնդ վտանգել (Առ. 22։3)։
ՊԱՏԱՆԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ԸԼԼԱԼՈՎ ՈՒՐԱԽԱՑԻՐ
18, 19. Ի՞նչ պէտք է ընես եթէ կը զգաս թէ մէջդ փափաք չկայ Եհովայի ծառայութեան մէջ աւելի՛ն ընելու։
18 Եթէ սրտիդ մէջ Եհովային ծառայելու փափաք մշակած ես, ուրեմն իր հայթայթած պատեհութիւնները օգտագործէ, մինչ տակաւին պատանի ես։ Պատանեկութիւնը յարմար ժամանակն է ընելու այնպիսի ընտրութիւններ, որոնք քեզ կարող պիտի դարձնեն Եհովային ուրախութեամբ ծառայելու (Սաղ. 148։12, 13)։
19 Միւս կողմէ, ի՞նչ պէտք է ընես, եթէ կը զգաս թէ մէջդ փափաք չկայ Եհովայի ծառայութեան մէջ աւելի՛ն ընելու։ Շարունակէ՛ հաւատքդ զօրացնել։ Պօղոս բացատրեց թէ ի՛նչ ըրաւ Եհովային օրհնութիւնը ունենալու համար, ապա ըսաւ. «Եթէ բան մը ուրիշ կերպով խորհելու ըլլաք, զայն ալ Աստուած ձեզի պիտի յայտնէ։ Միայն թէ ի՛նչ աստիճանի որ հասեր ենք նոյն կանոնին համեմատ քալենք, նոյն խորհուրդը ունենանք» (Փլպ. 3։15, 16)։ Յիշէ թէ Եհովան քեզ կը սիրէ։ Իր խրատը լաւագոյնն է։ Թոյլ տուր որ քեզի օգնէ լաւագոյն որոշումները կայացնելու, մինչ տակաւին պատանի ես։