Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Պաշտե՛նք Եհովան՝ յաւիտենականութեան Թագաւորը

Պաշտե՛նք Եհովան՝ յաւիտենականութեան Թագաւորը

«Յաւիտենականութեան Թագաւորին. . . փառք ու պատիւ յաւիտեանս յաւիտենից» (Ա. ՏԻՄ. 1։17, ՆԱ

1, 2. ա) «Յաւիտենականութեան Թագաւոր»ը ո՞վ է, եւ այս տիտղոսը ինչո՞ւ յարմար է (տե՛ս բացման պատկերը)։ բ) Ինչո՞ւ կ’ուզենք որ Եհովան մեր վրայ իշխէ։

ՍՈՒԱԶԻԼԱՆՏԻ Սոպուզա Բ. թագաւորը շուրջ 61 տարի իշխեց։ Թէեւ անոր երկարատեւ իշխանութիւնը տպաւորիչ կը թուի, բայց կա՛յ թագաւոր մը, որ մարդոց նման կարճատեւ կեանք չունի։ Իրականութեան մէջ, Աստուածաշունչը անոր կ’ակնարկէ որպէս «յաւիտենականութեան Թագաւոր» (Ա. Տիմ. 1։17, ՆԱ)։ Ան Եհովա Աստուածն է։ Սաղմոսերգուն կ’ըսէ. «Տէրը յաւիտեանս յաւիտենից թագաւոր է» (Սաղ. 10։16

2 Աստուծոյ իշխանութեան երկարութիւնը զինք իւրայատուկ Թագաւոր կը դարձնէ։ Բայց եւ այնպէս, իր իշխանութեան կե՛րպն է որ մեզ իրեն կը քաշէ։ Դաւիթ թագաւոր, որ վաղեմի Իսրայէլի վրայ 40 տարի իշխեց, հետեւեալ խօսքերով Աստուած փառաբանեց. «Բարեգութ ու ողորմած է Տէրը, երկայնամիտ ու առատ՝ ողորմութիւնով։ Տէրը իր աթոռը երկնքի մէջ հաստատեց։ Անոր թագաւորութիւնը ամենուն վրայ կը տիրէ» (Սաղ. 103։8, 19)։ Եհովան ո՛չ միայն մեր Թագաւորն է, այլեւ՝ մեր սիրալիր երկնաւոր Հայրը։ Ասիկա երկու հարցում կը յարուցանէ. Եհովան ի՞նչ կերպով որպէս Հայր գործած է։ Եդեմի ըմբոստութենէն ի վեր ինչպէ՞ս իր իշխանութիւնը ի գործ դրած է։ Այս հարցումներուն պատասխանները մեզ պիտի մղեն, որ իրեն աւելի մօտենանք եւ սրտանց զինք պաշտենք։

ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԹԱԳԱՒՈՐԸ ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔ ՄԸ ԿԸ ՍՏԵՂԾԷ

3. Եհովայի տիեզերական ընտանիքին առաջին անդամը ո՞վ էր, եւ որո՞նք եւս ստեղծուեցան որպէս Աստուծոյ «որդիներ»։

3 Եհովան իր միածին Որդին ստեղծելով որքա՜ն ուրախացած ըլլալու էր։ Ան իր անդրանիկը ստորադաս հպատակ մը չսեպեց, այլ՝ զինք սիրեց որպէս Որդի՛ եւ թոյլ տուաւ որ բաժին բերէ բիւրաւոր կատարեալ հրեշտակներ ստեղծելուն մէջ (Կող. 1։15-17)։ Հրեշտակները, որոնք նկարագրուած են որպէս «անոր կամքը կատարող պաշտօնեաներ», ուրախութեամբ Աստուծոյ կը ծառայեն։ Իսկ ան զիրենք կը պատուէ՝ «որդիներ» կոչելով։ Անոնք Եհովայի տիեզերական ընտանիքին մէկ մասը կը կազմեն (Սաղ. 103։20-22. Յոբ 38։7

4. Մարդ արարածը ինչպէ՞ս Եհովայի տիեզերական ընտանիքին մաս կազմեց։

4 Ֆիզիքական երկինքն ու երկիրը ստեղծելէ ետք, Աստուած իր տիեզերական ընտանիքը ընդարձակեց։ Երկրագունդը գեղեցիկ բնակավայր դարձնելէ ետք, Եհովան իր պատկերովը ստեղծեց առաջին մարդը՝ Ադամ,– երկրային ստեղծագործութեան գլուխ գործոցը (Ծն. 1։26-28)։ Ստեղծիչ ըլլալով, Եհովան ակնկալեց որ Ադամ իրեն հնազանդի։ Հայր ըլլալով, Եհովան սիրով եւ ազնուութեամբ իր ցուցմունքները հաղորդեց։ Այդ ուղղութիւնները ո՛չ մէկ կերպով մարդ արարածին ազատ կամքը կաշկանդեցին (կարդա՛ Ծննդոց 2։15-17

5. Երկրագունդը ինչպէ՞ս մարդկութեամբ պիտի լեցուէր։

5 Ա՛յլ թագաւորներու հակառակը, Եհովան իր ծառաները ընտանիքի անդամ կը սեպէ եւ այդ հանգամանքով անոնց հետ կը վարուի։ Ան անոնց ա՛յնքան կը վստահի, որ ուրախութեամբ կու տայ պատասխանատուութիւններ եւ իրենց աշխատանքը կատարելու հեղինակութիւն։ Օրինակ, ան Ադամին տուաւ հաճելի բայց դժուար նշանակում մը. անասունները անուանել (Ծն. 1։26. 2։19, 20)։ Աստուած անձամբ իւրաքանչիւր մարդ արարած չստեղծեց։ Այլ, ան Ադամին համար ստեղծեց մէկ կատարեալ կին՝ Եւան (Ծն. 2։21, 22)։ Ապա, անոնց պատեհութիւն տուաւ որ իրենց զաւակներով երկիրը լեցնեն։ Իտէալական վիճակներու մէջ, մարդիկ պիտի կարենային աստիճանաբար ամբողջ երկիրը Դրախտի վերածել։ Ուստի, բոլոր մարդիկն ու հրեշտակները,– որպէս մէկ ընտանիքի անդամներ,– կրնային Եհովան յաւիտեան պաշտել։ Այս գեղեցիկ հեռանկարը Ադամի եւ Եւայի տալով, Եհովան իսկապէս իր հայրական սէրը ցուցաբերեց։

ԸՄԲՈՍՏ ՈՐԴԻՆԵՐ ԿԸ ՄԵՐԺԵՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

6. ա) Աստուծոյ ընտանիքին մէջ ըմբոստութիւնը ինչպէ՞ս սկսաւ։ բ) Ինչպէ՞ս գիտենք թէ հարցերուն ղեկը տակաւի՛ն Եհովային ձեռքին մէջ է։

6 Ցաւօք սրտի, Ադամն ու Եւան Եհովան որպէս Գերիշխան ընդունելու փոխարէն նախընտրեցին հետեւիլ Աստուծոյ ըմբոստ հոգեղէն որդիին՝ Սատանային (Ծն. 3։1-6)։ Արդիւնքը եղաւ՝ ցաւ, տառապանք եւ մահ, թէ՛ իրենց եւ թէ իրենց սերունդին (Ծն. 3։16-19. Հռով. 5։12)։ Երկրի վրայ, Աստուած ա՛լ հնազանդ հպատակներ չունէր։ Ասիկա կը նշանակէ՞ր որ հարցերուն ղեկը ա՛լ իր ձեռքին մէջ չէր եւ թէ այլեւս երկրագունդի Գերիշխանը չէր։ Անշուշտ ո՛չ։ Աստուած իր հեղինակութիւնը ի գործ դրաւ՝ Ադամն ու Եւան Եդեմի պարտէզէն վռնտելով եւ քերովբէներ նշանակելով, որ պարտէզին մուտքը պահպանեն (Ծն. 3։23, 24)։ Միեւնոյն ժամանակ, Աստուած իր հայրական սէրը ցուցաբերեց, հաստատելով որ հաւատարիմ հրեշտակներէ եւ մարդոցմէ բաղկացած տիեզերական ընտանիք մը ունենալու իր նպատակը պիտի իրագործուէր, եւ խոստանալով թէ «սերունդ» մը Սատանան պիտի բնաջնջէր ու Ադամի մեղքին ազդեցութիւնները պիտի վերացնէր (կարդա՛ Ծննդոց 3։15

7, 8. ա) Նոյի օրերուն վիճակները ո՞ր աստիճան վատթարացած էին։ բ) Երկրագունդը մաքրելու եւ մարդկային ընտանիքը պահպանելու համար, Եհովան ի՞նչ կարգադրութիւններ ըրաւ։

7 Յաջորդող դարերուն ընթացքին, կարգ մը տղամարդիկ,– ինչպէս Աբէլ եւ Ենովք,– ընտրեցին Եհովային հաւատարիմ մնալ։ Բայց մարդոց մեծամասնութիւնը մերժեց Եհովան որպէս իր Հայրը եւ Թագաւորը։ Նոյին օրերուն, երկիրը ‘բռնութեամբ լեցուած էր’ (Ծն. 6։11, ԱԾ)։ Ասիկա կը նշանակէ՞ր թէ երկրագունդին վերաբերող հարցերուն ղեկը Եհովայի ձեռքին մէջ չէր։ Պատմական արձանագրութիւնը ի՞նչ կը յայտնէ։

8 Նկատի առ Նոյի պատմութիւնը։ Եհովան իրեն ճարտարապետական մանրամասն ծրագիրներ եւ ցուցմունքներ տուաւ, որպէսզի կառուցանէ հսկայ տապան մը, որ զինք եւ իր անմիջական ընտանիքը պիտի ազատէր։ Աստուած նաեւ խոր սէր ցուցաբերեց իր ամբողջ մարդկային ընտանիքին հանդէպ, երբ Նոյին յանձնարարեց որ «արդարութեան քարոզիչ» ըլլայ (Բ. Պետ. 2։5)։ Նոյի պատգամը անկասկած կը պարփակէր զղջումի կոչ եւ մօտալուտ կործանումէն զգուշացում, բայց մարդիկ անոր խուլ ականջ դարձուցին։ Տասնամեակներ շարունակ, Նոյ եւ իր ընտանիքը վայրագ ու չափազանց անբարոյ աշխարհի մը մէջ ապրեցան։ Որպէս հոգատար Հայր, Եհովան պաշտպանեց եւ օրհնեց այդ ութ հաւատարիմ անհատները։ Համաշխարհային Ջրհեղեղ բերելով, Եհովան իր հեղինակութիւնը ի գործ դրաւ ըմբոստ մարդոց ու չար հրեշտակներուն դէմ։ Արդարեւ, հարցերուն ղեկը Եհովային ձեռքին մէջ էր (Ծն. 7։17-24

Եհովան միշտ տիեզերքի Թագաւորը եղած է (տե՛ս պարբերութիւն 6, 8, 10, 12, 17)

ԵՀՈՎԱՅԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՋՐՀԵՂԵՂԷՆ ԵՏՔ

9. Ջրհեղեղէն ետք, Աստուած մարդկութեան ի՞նչ պատեհութիւն տուաւ։

9 Երբ տապանէն դուրս եկան, վստահաբար Նոյ եւ իր ընտանիքը Եհովայի հոգատարութեան եւ պաշտպանութեան համար երախտապարտ էին։ Անմիջապէս, Նոյ զոհասեղան մը շինելով՝ Եհովային զոհեր մատուցանեց։ Իսկ Աստուած Նոյը եւ իր ընտանիքը օրհնեց ու անոնց ըսաւ. «Աճեցէ՛ք ու շատցէ՛ք ու երկիրը լեցուցէ՛ք» (Ծն. 8։20–9։1)։ Անգամ մը եւս մարդկութիւնը պատեհութիւն ունէր պաշտամունքի մէջ միացած ըլլալու եւ երկիրը լեցնելու։

10. ա) Ջրհեղեղէն ետք, ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս մարդիկ սկսան Եհովայի դէմ ըմբոստանալ։ բ) Եհովան ի՞նչ քայլ առաւ, որպէսզի իր կամքը կատարուի։

10 Բայց Ջրհեղեղը անկատարութիւնը չվերացուց, եւ մարդիկ տակաւի՛ն Սատանային եւ ըմբոստ հրեշտակներուն անտեսանելի ազդեցութեան հետ պէտք էր գլուխ ելլէին։ Շատ չանցած, դարձեալ Եհովայի սիրալիր իշխանութեան դէմ ըմբոստներ եղան։ Անոնցմէ մէկն էր Նոյի թոռնորդին՝ Նեբրովթը, որուն մասին կ’ըսուի թէ «Տէրոջը առջեւ զօրաւոր որսորդ» էր։ Ան մեծ քաղաքներ շինեց, ինչպէս Բաբելոն, եւ ինքզինք թագաւոր ըրաւ «Սենաար երկրին մէջ» (Ծն. 10։8-12)։ Յաւիտենականութեան Թագաւորը ի՞նչ քայլ պիտի առնէր այս ըմբոստ թագաւորին դէմ, որ կը ջանար ‘երկիրը լեցնելու’ Իր նպատակը խափանել։ Աստուած մարդոց լեզուն խառնակեց. ինչ որ պատճառ դարձաւ որ Նեբրովթի յուսահատ հպատակները «երկրի երեսը» ցրուին։ Անոնք սուտ պաշտամունքը եւ մարդկային իշխանութեան կերպը իրենց հետ տարին (Ծն. 11։1-9

11. Եհովան իր բարեկամին հանդէպ ինչպէ՞ս հաւատարմութիւն ցուցաբերեց։

11 Թէեւ Ջրհեղեղէն ետք շատեր չաստուածներ պաշտեցին, բայց կարգ մը հաւատարիմ տղամարդիկ շարունակեցին Եհովան պատուել։ Անոնցմէ մէկն էր՝ Աբրահամ, որ հնազանդօրէն հանգստաւէտ Ուր քաղաքը ձգելով՝ երկար տարիներ վրաններու մէջ բնակեցաւ (Ծն. 11։31. Եբ. 11։8, 9)։ Իր թափառական կեանքին ընթացքին, Աբրահամ յաճախ շրջապատուած էր մարդկային թագաւորներով, որոնցմէ շատեր պարսպապատ քաղաքներու մէջ կը բնակէին։ Բայց Եհովան Աբրահամն ու անոր ընտանիքը պաշտպանեց։ Իր հայրական պաշտպանութեան մասին սաղմոսերգուն գրեց. «[Աստուած] մէկո՛ւն թող չտուաւ, որ զանոնք նեղէ. թագաւորներ ալ յանդիմանեց անոնց համար» (Սաղ. 105։13, 14)։ Հաւատարմութիւն յայտնելով, Եհովան իր բարեկամին խոստացաւ. «Քեզմէ թագաւորներ պիտի ելլեն» (Ծն. 17։6. Յակ. 2։23

12. Եհովան ինչպէ՞ս Եգիպտոսի վրայ իր գերիշխանութիւնը ցոյց տուաւ, եւ ասիկա ինչպէ՞ս ազդեց իր ժողովուրդին։

12 Աստուած Իսահակին եւ Յակոբին ալ խոստացաւ թէ զիրենք պիտի օրհնէր, եւ առ ի արդիւնք՝ անոնց սերունդէն թագաւորներ պիտի ելլէին (Ծն. 26։3-5. 35։11)։ Բայց թագաւորներ գոյանալէ առաջ, Յակոբի սերունդը Եգիպտոսի մէջ ստրուկ դարձաւ։ Ասիկա կը նշանակէ՞ր թէ Եհովան իր խոստումը պիտի չկատարէր կամ թէ երկրի վրայէն իր գերիշխանութիւնը քաշած էր։ Բնա՛ւ երբեք։ Իր որոշած ժամանակին, Եհովան յամառ փարաւոնին ցոյց տուաւ Իր աստուածային զօրութիւնն ու գերիշխանութիւնը։ Ստրկացած իսրայէլացիները հաւատացի՛ն Եհովային, եւ ինք զիրենք հոյակապ կերպով ազատեց ու Կարմիր ծովուն միւս կողմը անցուց։ Բացայայտ է որ Եհովան տակաւին տիեզերքի Գերիշխանն էր, եւ որպէս հոգատար Հայր իր մեծ զօրութիւնը գործածեց՝ իր ժողովուրդը պաշտպանելու (կարդա՛ Ելից 14։13, 14

ԵՀՈՎԱՆ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԹԱԳԱՒՈՐԸ Կ’ԸԼԼԱՅ

13, 14. ա) Երգին մէջ, իսրայէլացիները ի՞նչ ծանուցանեցին Եհովայի իշխանութեան մասին։ բ) Իշխանութեան նկատմամբ Աստուած ի՞նչ խոստացաւ Դաւիթին։

13 Իրենց հրաշալի ազատումէն անմիջապէս ետք, իսրայէլացիները Եհովան փառաբանեցին՝ երգելով յաղթանակի երգ մը, որ արձանագրուած է Ելից 15–րդ գլուխին մէջ։ 18–րդ համարը կ’ըսէ. «Տէրը պիտի թագաւորէ յաւիտեանս յաւիտենից»։ Իրապէս, Եհովան նոր ազգին վրայ Թագաւոր եղաւ (Բ. Օր. 33։5)։ Բայց իսրայէլացիները չգոհացան անտեսանելի Կառավարիչ ունենալով։ Եգիպտոսը ձգելէն շուրջ 400 տարի ետք, Աստուծմէ խնդրեցին որ մարդկային թագաւոր մը դնէ իրենց վրայ,– ճիշդ ինչպէս որ հեթանոս ազգերը կ’ընէին (Ա. Թագ. 8։5)։ Ասով հանդերձ, Եհովան տակաւի՛ն Թագաւոր էր,– իրողութիւն մը որ շատ յստակ դարձաւ Իսրայէլի երկրորդ մարդկային թագաւորին՝ Դաւիթի իշխանութեան ընթացքին։

14 Դաւիթ ուխտի տապանակը Երուսաղէմ բերաւ։ Այս ուրախ առիթին ընթացքին, ղեւտացիները գովերգեցին եւ հետեւեալ կարեւոր արտայայտութիւնը ըրին, որ արձանագրուած է Ա. Մնացորդաց 16։31–ի մէջ. «Ազգերուն մէջ թող ըսեն՝ ‘Տէրը կը թագաւորէ [«Թագաւոր եղաւ», ՆԱ]’»։ Մէկը կրնայ մտածել. ‘Եհովան արդէն յաւիտենականութեան Թագաւոր է, ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ որ այդ ժամանակ Թագաւոր եղաւ’։ Եհովան Թագաւոր կ’ըլլայ, երբ որոշ ժամանակի մը մէջ կամ մասնայատուկ պարագայ մը ձեռք առնելու համար, իր հեղինակութիւնը կը գործածէ կամ զինք ներկայացնող գործակալութիւն մը կը հաստատէ։ Այս գաղափարը հասկնալը շատ կարեւոր է։ Դաւիթ մեռնելէ առաջ, Եհովան իրեն խոստացաւ թէ իր իշխանութիւնը յաւիտեան պիտի գոյատեւէր, երբ ըսաւ. «Քեզմէ ետքը քու երանքէդ ելլող զաւակդ պիտի բարձրացնեմ ու անոր թագաւորութիւնը պիտի հաստատեմ» (Բ. Թագ. 7։12, 13)։ Այս խոստումը իրականացաւ, երբ Դաւիթի «զաւակ»ը աւելի քան հազար տարի ետք ի յայտ եկաւ։ Ո՞վ էր ան, եւ ե՞րբ Թագաւոր պիտի ըլլար։

ԵՀՈՎԱՆ ՆՈՐ ԹԱԳԱՒՈՐ ՄԸ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ

15, 16. ա) Յիսուս ե՞րբ օծուեցաւ որպէս ապագայ Թագաւոր։ բ) Մինչ երկրի վրայ էր, Յիսուս իր իշխանութեան համար ի՞նչ կարգադրութիւններ ըրաւ։

15 Ք.Ե. 29–ին, Յովհաննէս Մկրտիչ սկսաւ քարոզել, թէ «երկնքի թագաւորութիւնը մօտեցած է[ր]» (Մատ. 3։2)։ Երբ ան Յիսուսը մկրտեց, Եհովան Յիսուսը օծեց որպէս խոստացեալ Մեսիան եւ Իր Թագաւորութեան ապագայ Թագաւորը, ինչպէս նաեւ իր հայրական սէրը արտայայտեց՝ ըսելով. «Ասիկա է իմ սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ» (Մատ. 3։17

16 Իր ծառայութեան ընթացքին, Յիսուս իր Հայրը փառաւորեց (Յովհ. 17։4)։ Ինչպէ՞ս։ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին քարոզելով (Ղուկ. 4։44)։ Ան նոյնիսկ իր հետեւորդներուն սորվեցուց, որ աղօթեն որ այդ Թագաւորութիւնը գայ (Մատ. 6։10)։ Որպէս ապագայ Թագաւոր, Յիսուս կրցաւ իր հակառակորդներուն ըսել. «Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեր մէջ կը գտնուի» (Ղուկ. 17։21, Անթիլիաս)։ Իսկ իր երկրային կեանքին վերջին գիշերը, Յիսուս իր առաքեալներուն թագաւորութիւն մը տալ ուխտեց։ Ուստի, իր հաւատարիմ հետեւորդներէն ոմանք Աստուծոյ Թագաւորութեան մէջ իրեն հետ պիտի թագաւորէին (կարդա՛ Ղուկաս 22։28-30

17. Ք.Ե. 33–ին, Յիսուս ի՞նչ կերպով սկսաւ իշխել, բայց ի՞նչ բանի պէտք էր սպասէր։

17 Յիսուս ե՞րբ պիտի սկսէր իշխել որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը։ Ան անմիջապէս չիշխեց, քանի որ յետմիջօրէին մահուան մատնուեցաւ եւ իր հետեւորդները ցիրուցան եղան (Յովհ. 16։32)։ Բայց եւ այնպէս, այդ ատեն ալ հարցերուն ղեկը տակաւին Եհովային ձեռքին մէջ էր։ Երրորդ օրը, ան իր Որդին յարուցանեց, իսկ Ք.Ե. 33–ի Պէնտէկոստէին Յիսուս հոգեւոր թագաւորութիւն մը հաստատեց իր օծեալ եղբայրներէն բաղկացած քրիստոնէական ժողովքին վրայ (Կող. 1։13)։ Բայց Յիսուս որպէս Դաւիթի խոստացեալ «զաւակ»ը պէտք էր սպասէր, որպէսզի թագաւորական հեղինակութիւնը լիովին ստանձնէր։ Ուստի, Եհովան իր Որդիին ըսաւ. «Նստէ՛ իմ աջ կողմս, մինչեւ քու թշնամիներդ ոտքերուդ պատուանդան ընեմ» (Սաղ. 110։1

ՊԱՇՏԵՆՔ ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԹԱԳԱՒՈՐԸ

18, 19. Մենք կը մղուինք ի՞նչ ընելու, եւ ի՞նչ պիտի սորվինք յաջորդ յօդուածին մէջ։

18 Հազարաւոր տարիներէ ի վեր, թէ՛ երկնքի մէջ ու թէ երկրի վրայ Եհովայի իշխանութեան ասպարէզ կարդացուած է։ Եհովան իր գերիշխանութիւնը բնաւ զանց չէ ըրած. ան հարցերուն ղեկը միշտ ստանձնած է։ Սիրառատ Հայր ըլլալով, ան պաշտպանեց եւ հոգ տարաւ իր հաւատարիմ հպատակներուն, ինչպէս՝ Նոյի, Աբրահամի եւ Դաւիթի։ Ասիկա վստահաբար մեզ կը մղէ որ մեր Թագաւորին ենթարկուինք ու իրեն ա՛լ աւելի մօտենանք։

19 Բայց այժմ թերեւս հարց տանք. ներկայիս Եհովան ինչպէ՞ս Թագաւոր եղած է։ Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովայի Թագաւորութեան հաւատարիմ հպատակները եւ իր տիեզերական ընտանիքին կատարեալ որդիները ըլլալ։ Երբ կ’աղօթենք որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը գայ, ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ Այս հարցումները պիտի պատասխանուին յաջորդ յօդուածին մէջ։