Ծնողնե՛ր, ձեր զաւակները մանկութենէն մարզեցէք
«ԱՀԱ տղաքը Տէրոջը ժառանգութիւնն են. որովայնի պտուղը անոր պարգեւն է», կ’ըսէ Աստուածաշունչը (Սաղ. 127։3)։ Ուստի, զարմանալի չէ որ ծնողները մեծ ուրախութեամբ իրենց նորածին զաւակը կը դիմաւորեն։
Ուրախութեան կողքին, զաւակի մը ծնունդը իրեն հետ լուրջ պատասխանատուութիւններ կը բերէ։ Առողջ չափահաս դառնալու համար, զաւակը հարկ ունի սննդարար եւ կանոնաւոր ուտելիքի։ Իսկ ճշմարիտ պաշտամունքին կողքին հաստատ դիրք բռնելու համար, ան պէտք ունի հոգեւոր սնունդի եւ ծնողքին առաջնորդութեան, որոնք կը ջանան իրեն մէջ աստուածային սկզբունքներ քանդակել (Առ. 1։8)։ Այսպիսի մարզում ե՞րբ պէտք է սկսի եւ ի՞նչ պէտք է պարփակէ։
ԾՆՈՂՆԵՐԸ ՑՈՒՑՄՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՊԷՏՔ ՈՒՆԻՆ
Նկատի առ դանի ցեղին պատկանող Մանուէն, որ վաղեմի Իսրայէլի Սարաա քաղաքին մէջ կը բնակէր։ Եհովայի հրեշտակը Մանուէի ամուլ կնոջ ըսաւ թէ մանչ մը պիտի ծնանէր (Դատ. 13։2, 3)։ Հաւատարիմ Մանուէն եւ իր կինը անկասկած ուրախացան. բայց եւ այնպէս, նաեւ լուրջ մտահոգութիւններ ունեցան։ Ուստի, Մանուէ աղօթեց. «Կ’աղաչեմ, ո՛վ Տէր, այն Աստուծոյ մարդը, որ դուն ղրկեցիր, նորէն թող գայ ու մեզի սորվեցնէ թէ այն ծնանելու տղուն ի՛նչ ընենք» (Դատ. 13։8)։ Անոնք մտահոգուած էին թէ իրենց զաւակը ինչպէ՛ս մեծցնեն։ Վստահաբար, անոնք իրենց զաւակին՝ Սամփսոնի՝ սորվեցուցին Աստուծոյ օրէնքը, եւ իրենց ջանքը լաւ արդիւնք տուաւ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. ‘Տէրոջը հոգին Սամփսոնը զօրացուց’։ Առ ի արդիւնք, որպէս իսրայէլի մէկ դատաւորը, Սամփսոն բազմաթիւ հրաշալի գործեր կատարեց (Դատ. 13։25. 14։5, 6. 15։14, 15)։
Այս մարզումը որքա՞ն կանուխ պէտք է սկսի։ Տիմոթէոսի ‘մանկութենէն ի վեր’, իր մայրը՝ Եւնիկէ եւ իր մեծ մայրը՝ Լաւոդիա, զինք «սուրբ գրքեր»ուն ընտելացուցին (Բ. Տիմ. 1։5. 3։15)։ Արդարեւ, Տիմոթէոսի սուրբ գրային մարզումը իր մատղաշ տարիքէն սկսաւ։
Իմաստութիւն է որ ծնողներ ուղղութեան համար աղօթեն եւ առաջուընէ ծրագրեն, որպէսզի կարենան իրենց զաւակը «մանկութենէն» մարզել։ «Աշխատասէր մարդուն ծրագիրները իրաւամբ առատութիւն կը բերեն», կ’ըսէ Առակաց 21։5–ը։ Զաւակը աշխարհ գալէն առաջ, ծնողները անկասկած բծախնդրաբար պատրաստութիւններ կը տեսնեն։ Անոնք թերեւս նոյնիսկ ցանկ մը ընեն, որ կը թուէ մանուկին պէտք եղած բաները։ Նաեւ կարեւոր է որ հոգեւոր գործունէութիւններ ծրագրեն։ Անոնք նպատակակէտ պէտք է դնեն, որ այսպիսի մարզում մը կանուխէն սկսին։
Գիրք մը կը նշէ. «Ծնունդին յաջորդող ամիսներուն ընթացքին, ուղեղը հիմնական կերպով կը հասուննայ։ Այդ շրջանին, 20–պատիկ կ’աւելնայ ջղաբջիջներու միջեւ կապերու թիւը, որոնք թոյլ կու տան մանուկին որ սորվի» (Early Childhood Counts—A Programming Guide on Early Childhood Care for Development)։ Որքա՜ն իմաստութիւն է որ ծնողները այդ ժամանակը օգտագործեն, որպէսզի անոր մտքին մէջ հոգեւոր գաղափարներ եւ արժանիքներ ցանեն։
Իր աղջիկ զաւակին մասին խօսելով, ռահվիրայ մայր մը ըսաւ. «Երբ աղջիկս տակաւին մէկ ամսու էր, սկսայ զինք ինծի հետ ծառայութեան տանիլ։ Թէեւ ան չէր հասկնար ի՛նչ կը պատահէր, բայց կը հաւատամ որ ասիկա իրեն մեծապէս օգտեց։ Երբ երկու տարեկան եղաւ, ամենայն վստահութեամբ թերթիկներ կը ներկայացնէր անոնց, որոնց կը հանդիպէինք դաշտի ծառայութեան մէջ»։
Մանուկի մը մարզումը լաւ պտուղներ կ’արտադրէ։ Բայց եւ այնպէս, ծնողներ նկատած են թէ ասիկա ե՛ւս իր մարտահրաւէրները ունի։
«ԺԱՄԱՆԱԿԸ ԾԱԽՈՒ ԱՌԷՔ»
Զաւակին անհանդարտութիւնը կամ կեդրոնացումի պակասը կրնայ ծնողներուն մեծ մարտահրաւէր ըլլալ։ Մանուկները շուտով կրնան ցրուիլ եւ ա՛յլ բաներով տարուիլ։ Վերջ ի վերջոյ, անոնք հետաքրքիր են եւ կ’ուզեն իրենց շուրջը գտնուող բոլոր բաները հետազօտել։ Ծնողները ի՞նչ կրնան ընել, որպէսզի իրենց զաւակին օգնեն իրենց սորվեցուցածին վրայ կեդրոնանալու։
Նկատի առ Մովսէսի խօսքը Բ. Օրինաց 6։6, 7–ի մէջ. «Այս խօսքերը որոնք ես այսօր քեզի պատուիրեցի, քու սրտիդ մէջ թող ըլլան ու զանոնք քու որդիներուդ կրկին անգամ սորվեցուր։ Թէ՛ տանդ մէջ նստած ատենդ, թէ՛ ճամբայ քալած ատենդ եւ թէ՛ պառկելու ու ելլելու ատենդ՝ անոնց վրայ խօսիր»։ «Կրկին անգամ սորվեցուր» արտայայտութիւնը ցոյց կու տայ, թէ սորվեցնելը պէտք է ըլլայ կրկնում գործածելով։ Մանուկը կը նմանի նորատունկ ծառի մը, որ կանոնաւորաբար ջրուելու պէտք ունի։ Եթէ կրկնումը չափահասներուն կ’օգնէ որ կարեւոր հարցեր յիշեն, որքա՜ն աւելի մանուկներուն։
Աստուծոյ ճշմարտութիւնը զաւակներուն սորվեցնելու համար, անոնց հետ ժամանակ պէտք է անցընենք։ Ներկայ սրընթաց աշխարհին մէջ, այսպիսի ժամանակ տրամադրելը մարտահրաւէր է։ Բայց Պօղոս առաքեալ յանձնարարեց, որ քրիստոնէական կարեւոր գործունէութիւններու համար ‘ժամանակը ծախու առնենք’ (Եփ. 5։15, 16)։ Ասիկա ինչպէ՞ս կարելի է ընել։ Երէց եղբայր մը, որուն կինը կանոնաւոր ռահվիրայ է, կը ջանայ հաւասարակշռուած կերպով թէ՛ իր զաւակը մարզել, թէ՛ աստուածպետական պատասխանատուութիւններուն հոգ տանիլ եւ թէ աշխարհիկ գործով զբաղիլ։ Ան եւ իր կինը իրենց աղջնակը մարզելու համար, ինչպէ՞ս ժամանակը ծախու կ’առնեն։ Հայրը կ’ըսէ. ‘Ամէն առտու, առաջ որ գործի երթամ, ես ու կինս Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ գրքէն կամ Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր գրքոյկէն կը կարդանք իրեն։ Երեկոյեան, իր քնանալէն առաջ, իրեն բան մը կը կարդանք։ Իսկ երբ ծառայութեան կ’երթանք, զինք մեզի հետ կը տանինք։ Ամէն պատեհութիւն կ’ուզենք օգտագործել, զինք կանուխ տարիքէն մարզելու’։
‘ՏՂԱՔԸ ՆԵՏԵՐՈՒ ՊԷՍ ԵՆ’
Վստահաբար կ’ուզենք որ մեր զաւակները պատասխանատու չափահասներ դառնան։ Բայց զանոնք մարզելու մեր գլխաւոր պատճառն է՝ անոնց սրտին մէջ Աստուծոյ սէրը սերմանել (Մար. 12։28-30)։
Սաղմոս 127։4–ը կը նշէ. «Ինչպէս են նետերը զօրաւորին ձեռքին մէջ, այնպէս են երիտասարդներուն տղաքը»։ Ուրեմն, զաւակները կը նմանին նետերու, որոնք պէտք է այնպէս մը արձակուին որ նշանակէտին հասնին։ Մէյ մը որ նետը արձակուի, աղեղնաւորը ա՛լ չի կրնար զայն ետ ձեռք բերել։ Ծնողները ունին «նետեր»,– իրենց զաւակները,– յարաբերաբար կա՛րճ ժամանակուան մը համար։ Այդ ժամանակը պէտք է օգտագործուի զաւակներուն սրտին ու մտքին մէջ աստուածային սկզբունքներ քանդակելու։
Իր հոգեւոր որդիներուն առնչութեամբ, Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Ասկէ աւելի մեծ ուրախութիւն չունիմ, երբ կը լսեմ թէ իմ որդիներս ճշմարտութեան մէջ կը քալեն» (Գ. Յովհ. 4)։ Ծնողները կրնան համանման երախտագիտութիւն արտայայտել, երբ տեսնեն որ իրենց զաւակները «ճշմարտութեան մէջ կը քալեն»։